ԱՅՑԵԼՈՒՆ

Կանաչ, օձի կանաչ շալով մը ծածկած գլուխն ու ճակատը, անոր միջոցավ վար կախած ու ամրացուցած դեղին մազերն այնպէս մը, որ աչքերը բացարձակապէս չերեւին, կը քալէ տիկինը։

Կը քալէ օրօրուելով. երկու քայլ ուղիղ կ՚առնէ, մէկ քայլ աջ, երկու քայլ ուղիղ, մէկ քայլ ձախ։ Հին, փոշոտած ու քերթուած կռունկաւոր կօշիկները հազիւ կը դիմադրեն դառնալու, շրջուելու, զինք գետին փռելու փորձութեան։ Ետեւէն գրեթէ հողին ու խճաքարերուն քսուելով կու գայ երկար վերարկուն, կեղծ մուշտակի ծայրամասովն իր յոգնած։ Աջ արմուկէն կաշիէ պայուսակ մը կախած է, բաց մնացած, հին նոյնքան ինչքան սրճագոյն կօշիկները կռունկաւոր ու սմքած։ Ձախ ձեռքին կերպընկալէ առեւտրային տոպրակ մը բռնած, մէջը կարծես հագուստեղէն է խցկեր։

Երկու քայլ ուղիղ, մէկ քայլ աջ, երկու քայլ ուղիղ, մէկ քայլ ձախ, ահա կը հասնի նստարանին այս այգու, պահ մը դադար կ՚առնէ, կ՚անշարժանայ, յետոյ կը նստի։ Պայուսակը կախուած պահելով արմուկէն, կը դնէ զայն կողքին. ձախ ձեռքի տոպրակը կը տեղադրէ վրան պայուսակին. գլուխը կը շտկէ, կը մնայ այդպէս։

Աչքերը ո՞ւր կը նային... Կը նայի՞ն ընդհանրապէս... Հարց կու տամ։

Շուրջս նստած ուրիշ բնակիչներ այս քաղաքի, կա՛մ զարմանքով, կա՛մ հեգնական, կամ կարեկից կը նային.

Խմա՞ն է կինը. անտո՞ւն պարզապէս. հիւա՞նդ. բոլորը միասի՞ն...

Հարցումներ են, որ կու գան կարծես շրջապատի կաղնիներէն, կը պոկուին անոնց կախ տերեւներէն, կ՚ իջնեն վար մեր՝ կեանքի բախտաւորներուս մտքերուն. կուլ կու տանք սուրճերը մեր, ու կը փորձենք զգուշօրէն, առանց նկատուելու, հետեւիլ տիկնոջ ու այս պահին։

Տիկինը ձեռքը կը մեկնէ տոպրակին, երկար ու համբերատար բան մը կը փնտռէ հոն։ Ի վերջոյ մատները, տակաւին առանց աչքերու օգնութեան, կը գտնեն բան մը, կը հանեն դուրս, կը տանին բերնին։

Փաթաթան մը լաւաշի, մէջը պանի՞ր, թէ ինչ։

Փոքր, շատ փոքր խածեր առնելով երկար կը սնանի տիկինը, յետոյ գրպանէն գործածուած թաշկինակ մը կը հանէ, կը սրբէ բերանը անով, կը վերադարձնէ զայն գրպանին։ Ձեռքերով կը մաքրէ գիրկը լաւաշի փշրանքներէն։

Թեթեւագոյն ժպիտ մը կու գայ սառելու բերնին, մնալու այնտեղ գրեթէ վայրկեան մը ամբողջ։ Եւ տոպրակն ու պայուսակը առնելով կը կանգնի տիկինը, ու յոգնած ու դժուար քայլերով, երկու քայլ ուղիղ, մէկ քայլ աջ, երկու քայլ ուղիղ, մէկ քայլ ձախ, օրօրուն մարմինը քարշ կը սկսի տալ դէպի փողոց։

Երկար կը նայիմ ետեւէն։

Զեփիւռ մը կը փչէ, ու հարցումներ կը թափին տերեւներուն հետ միասին։

Քանի՞ մարդ կայ աշխարհին մէջ այս ապրող. քանի՞ մարդ է այս աշխարհին մէջ ապրեր։ Քանի՞ կեանք կայ այս աշխարհէն անցնող. քանի՞ կեանք է արդէն անոր այցելեր։

ԵՐԱՄ

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2020