ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՆՈՐ ԴԵՐԸ

Մեր յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ են Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին կողմէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին յղուած պատգամները, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի հետ սահմանային հարցերուն։ Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովին մասնակցելէ եւ այնտեղի բարձր մակարդակի հանդիպումէն վերջ Ալիեւ փութացած էր Անգարա, ուր հանդիպում մը ունեցած էր Էրտողանին հետ։ Սա, ի հարկէ, սպասուած հանդիպում մըն էր՝ հաշուի առնելով երկու երկիրներու յարաբերութեանց առանձնայատկութիւնները եւ ընդգրկուն բնոյթը։

Ալիեւի տեսակէտէ Էրտողանին անձը, անոր քաղաքական կշիռն ու խօսքը սովորական տարողութենէն անդին է։ Այստեղ պարզապէս երկու ղեկավարի միջեւ հաւասարը հաւասարի յարաբերութիւններ չկան։ Պարագաները շատ աւելի խորքային են եւ անոնց տրամաբանական շարունակութիւնն է թելադրական ընկալումները։ Մինչեւ այստեղ զարմանալի ոչինչ կայ։ Ալիեւ՝ որպէս վերըն-տըրւած նախագահ կը հասնի Անգարա իր աւագ եղբօրմէն բարի աշխատութեան մաղթանք կամ նախագահական բարի ընթացքի մասին խօսք մը լսելու համար։ Այդ բոլորի կողքին երկու երկիրներուն միջեւ նոր ծրագիրներ կը մշակուին ու կը ներկայացուին։ Շատ պարզ, հասկնալի եւ ընկալելի դրոյթներ՝ միջպետական դաշնակցային բնոյթով եւ բարիդրացիական յարաբերութիւններով կողմերուն տեսակէտէ։ Եւ, բնականաբար, բուն ուշադրութեան առարկայ դրոյթները այսքանով չսահմանափակուեցան։ Այն ինչ որ լսուեցաւ Էրողանէն՝ կապուած Հայաստանի հետ սահմաններու խաղաղութեան, հետեւաբար նաեւ կայունութեան պահպանման վերաբերեալ, արտասովոր էր։

Արդարեւ, Էրտողան բառացիօրէն Ալիեւին կը յորդորէր հեռու մնալ որեւէ մակարդակի լարումէն։ Իր պատգամը կարծես կոչ մը ըլլար՝ խուսափելու համար Հայաստանի հետ սահմանին լար-ւածութենէ եւ ձգտելու կայուն խաղաղութեան։ Առաջին հայեացքով, թերեւս շատերու համար սա ըլլայ պարզ կամ բնական, բայց, տարածաշրջանի ծայր աստիճան կարեւոր իրադարձութիւնները հաշուի առնելով՝ կարելի է արձանագրել, որ Էրտողանի խօսքերուն մէջ կան խորքային մօտեցումներ։ Մասնաւորապէս սա կը խօսի տարածաշրջանին մէջ Անգարային վիճակած նոր որակով եւ նոր կշիռով դերի մը մասին։ Չի բացառուիր, որ այդ դերը յառաջիկային աւելի ծաւալի ու տարածաշրջանը տանի դէպի նոր համայնապատկերի մը։ Արեւելք-Արեւմուտք մեծ պայքարին մէջ Թուրքիա կարողացաւ առաւելագոյնս դրական խուսանաւել՝ հանդիսանալով այն քիչ երկիրներէն, որոնք իրենց յարաբերութիւնը բաւարար կերպով պահպանեցին թէ՛ Արեւմուտքին եւ թէ անոր պատժամիջոցներու բեռան տակ անհանգստացած Արեւելքի գլխաւորին՝ Ռուսաստանի հետ։

Ի հարկէ, երկուստեք կան խորքային կապեր, շահակցութիւններ եւ ուժանիւթի կամ պարէնի ոլորտին վերաբերեալ ոչ միշտ հրապարակային յարաբերակցութիւններ։ Սա արդէն յստակ է, սակայն Թուրքիոյ դիւանագիտական մօտեցումներն ու քայլերը ստեղծեցին որոշ հարթակ մը, ուր հակամարտող երկու մեծերը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսաստանը կրնան երկխօսիլ, ի հարկէ, եթէ պատրաստ ըլլան։ Թերեւս այս մօտեցումներուն բերումով Թուրքիա այսօր դէպի Արեւմուտք նոր քայլեր կ՚առնէ։ Անգարա բոլորին կը յիշեցնէ, որ կը շարունակէ մշտական դաշնակիցը մնալ ԱՄՆ-ի, հետեւաբար նաեւ ՆԱԹՕ-ի։ Այս կէտին վրայ կը ծագի նաեւ կարեւոր հարցում մը։ Արդեօք Թուրքիա նո՞ր դերի մը առջեւ կանգնած է։ Եթէ այդպէս է, ապա անոր հիմնական տինամիզմը կրնայ ըլլալ Հարաւային Կովկասի մէջ նոր հաւասակշռութեան մը ձեւաւորումը։ Անշուշտ, այստեղ առանցքը Հայաստան-Ատրպէյճան բաւական երկարատեւ բանակցութիւններու ուղեծիրն է։ Թուրքիա արդեօք կոչուա՞ծ է հաւասակշռութեան նոր որակ մը բերելու տարածաշրջանին, ուր Հայաստան ամէն օր քիչ մը եւս կը հեռանայ իր ռազմաքաղաքական հիմնական դաշնակիցէն՝ Ռուսաստանէն, ուր տակաւին Ատրպէյճանն ալ ամէն օր աւելիով կը մերձենայ Ռուսաստանին։

Այս բոլորի լոյսին ներքոյ, ի՞նչ կրնայ փոխել, օրինակ, Թուրքիա-Հայաստան սահմանին բացումը։ Եթէ Արեւմուտքի դերն ու մանաւանդ նախաձեռնութիւնը նոր որակի մը հասնի, ապա Ատրպէյճանն ու Ռուսաստանը պիտի դադրին վճռորոշ դեր մը ունենալէ յառաջիկայ իրադարձութիւններուն գծով կամ ալ ստիպուած պիտի ըլլան ընթանալ Արեւմուտքի գաղտնաբառերով։ Այս կտրուածքէն անդին կայ, անշուշտ, Իրանի պարագան, որուն համար ալ այդքան դիւրին եւ տանելի պիտի չըլլայ այս բոլորը կուլ տալը, ապա մարսելը, սակայն միեւնոյն ժամանակ, Իրանի տեսակէտէ բոլոր առումներով մերժելի պիտի ըլլայ տարածաշրջանը նոր ռազմական փորձութիւններու մէջ տեսնելը։ Հետեւաբար, այս բոլորը իրարու մօտեցնելով ու փորձելով նոր համապատկեր մը տեսնել՝ հարկ է սպասել յառաջիկայի իրադարձութիւններուն, անշուշտ, միշտ ի մտի ունենալով Էրտողանի ընդգը-ծումները, որոնք հետամուտ էին տարածաշրջանը նոր լարումներէ, հետեւաբար նաեւ նոր արհաւիրքներէ հեռու պահելու։

Ամէն պարագայի, Թուրքիոյ մեծ հարթակի իրադարձութիւնները կը շարունակեն մնալ հայ վերլուծաբաններու ուշադրութեան կիզակէտին։ Այս առումով առանձնացաւ վերլուծաբան Յակոբ Պատալեանի մէկ նշմարը, որ կը վերաբերի Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումի շրջանակին մէջ հնչած յայտարարութիւններուն։ Այս նշմարը հաշուի կ՚առնէ նաեւ նախագահին ու անոր անմիջական շրջանակէն դէմքերուն, դէպի Ուաշինկթըն վերջին այցերուն ու հաւանական քայլերուն։

Ըստ վերլուծաբանին, Անգարան Երեւանին կ՚առաջարկէ յատուկ ներկայացուցիչներու արագ հանդիպում մը կազմակերպել Երեւանի մէջ: Այս մասին Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին յայտնած է Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչ՝ ըսելով, որ առաջարկը կը հասցէագրէ իր հայ պաշտօնակցին՝ Ռուբէն Ռուբինեանին, որ եւս կը մասնակցէր Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումի նոյն քըն-նարկման։ Ռուբինեան արագ պատասխան մը չէ տուած՝ ըսելով, որ յաջորդ հանդիպման հարցը պիտի քննարկուի: Այստեղ ուշագրաւ է, որ Քըլըչ Երեւանի մէջ հանդիպման առաջարկ կ՚ընէ գրեթէ երկամեայ դադարէ մը յետոյ: 2022 թուականի յուլիսի 1-ի հանդիպումէն ի վեր յատուկ ներկայացուցիչները չեն հանդիպած։ Այժմ յանկարծ կը հնչէ առաջարկ մը՝ այդ ալ Երեւանի մէջ հանդիպելու մասին եւ առաջարկը Թուրքիան կը յղանայ: Ի հարկէ, նոր չէ, որ Անգարա կ՚առաջարկէ հանդիպիլ ոչ թէ երրորդ երկիրներու, այլ՝ ուղղակի Հայաստանի կամ Թուրքիոյ մէջ: Երեւան ցարդ ձեռնպահ մնացած է այդ ձեւաչափով հանդիպումներէ, ինչ որ ունի իր տրամաբանութիւնը։ Արդարեւ, Անգարայի համար, անկասկած, աւելի նախընտրելի է Երեւանի հետ միս-մինակ մնալը՝ հաշուի առնելով կշիռներու մեծ տարբերութիւնը, հետեւաբար այդ տարբերութեան Անգարային ապահովելիք մեծ առաւելութիւնը:

Հետեւաբար, վերլուծաբանին համոզմամբ, թրքական առաջարկը կրնայ պարունակել որոշ դիւանագիտական նրբութիւն: Չի բացառուիր, որ սա նաեւ պայման ըլլայ հանդիպումները շարունակելու համար։ Այսինքն, Երեւան չէ բաւարարած այդ պայմանը, իսկ Անգարան հրաժարած է հանդիպումներէ: Բայց ինչո՞ւ Քըլըչ որոշած է Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին բարձրաձայնել այս առաջարկը: Բա՞ն մը կ՚որսայ, երբ Երեւանի համար բաւական դժուար ըլլայ մերժելը, երբ առաջարկը հնչէ Հարաւային Կովկասի ընդհանուր խաղաղութեան վերաբերեալ քննարկման մը մթնոլորտի մէջ։ Եւ կամ բոլորովին այլ հաւանականութիւն մը՝ Թուրքիա մտահոգուած է ուրիշ հարցով եւ Հայաստանին ուղղուած առաջարկին պատճառը Ֆրանսան է: Վերլուծաբանը բաւական ուշագրաւ կը նկատէ, որ առաջարկը հնչած է Հայաստան-Ֆրանսա աշխոյժ շփումներէ յետոյ, երբ խօսք եղաւ յարաբերութեան նոր որակի մասին: Աւելին, այս փուլէն յետոյ Հայաստան բարձր մակարդակի վրայ շփումներ ունեցաւ Վրաստանի, Յունաստանի եւ Իրաքի հետ: Երեւանին կատարուած առաջարկով Անգարա, ըստ ամենայնի, կը փորձէ մրցակցիլ Փարիզի առաջարկներուն հետ՝ հաշուի առնելով, որ դէպի Հարաւային Կովկաս Ֆրանսայի աշխուժութեան եւ ամուր դիրքեր ունենալու ուղղեալ ջանքերու առանցքային շարժառիթներէն մին է՝ Թուրքիայէն բխած ռազմավարական մարտահրաւէրներուն հակազդելը:

Եւ այս կէտին վրայ կը ծագի կարեւորագոյն հարցադրումը. ի՞նչ պիտի ընէ Երեւան…

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մարտ 11, 2024