ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
Գարնանային ծաղկուն բնութեան մէջ մայրը կը մեծարենք: Մա՜յր քաղցրահնչիւն բառ, հրաշալի, հոգեգրաւ էութիւն է, որուն առջեւ կու գանք խոնարհիլ անխտիր բոլորս՝ մեծ թէ փոքրիկ, անոր ամէն ձեւով մեր երախտագիտական զգացումները արտայայտելու պարտքը նոր չէ մեր ժողովուրդին համար:
Մեր ժողովուրդի գոյատեւման հիմնական խարիսխը հանդիսացած է ընտանիքը, իսկ անոր հիմնական սիւնը՝ մայրը:
Քրիստոնէութեան պատմութեան մէջ անհաշուելի է համրանքը հայ մայրերուն թէ կիներուն, սկսեալ Սանդուխտէն ու Խոսրովիդուխտէն ու Աշխէնէն մինչեւ Շուշանիկ եւ «փափկասուն տիկինները» հայոց աշխարհի, մինչեւ Զապէլը, Կիռան ու Սօսէն, մինչեւ այն մայրերը, որոնք Տէր Զօրի անապատներուն մէջ նահատակուեցան:
Հայ մայրը ընտանիքին համար կեանքի ծառն է, տիպար ունենալով Աստուածամայրը: Զուր տեղ չէ, որ մեր բանաստեղծները հինէն ի վեր յատուկ տեղ տուած են հայ մօր իրենց արուեստի գործերուն մէջ, որովհետեւ հայ մօր դերը չէ սահմանափակուած միայն ընտանիքի ծիրին մէջ, այլ մեծ նշանակութիւն ունեցած է մեր ազգային կեանքին մէջ:
Անոնք են մեր ազգային նկարագրին երգիչներն ու մղիչները:
Իւրաքանչիւր հայ մայր այսօր պէտք է գիտակցի, որ պատասխանատու դեր ունի ու կրնայ շէնցնել եւ նոյն ատեն քանդել մեր ազգային կառոյցը, ինչ որ դարերու ընթացքին թշնամիի ամենէն բիրտ ուժերը ձախողեցան ընել:
Սակայն դժուարին օրեր տեսած ու ապրած մեր ժողովուրդի այսօրուան մայրերը վստահաբար կը գիտակցին ազգային այն ծանր բեռին, որ դրուած է իւրաքանչիւր հայ կնոջ ուսին եւ մանաւանդ ամէն տարի գարնանային այս օրերուն մեր մատուցած յարգանքին ընդմէջէն քիչ մը եւս կը ծանրանայ՝ միշտ յուսադրիչ եւ խանդավառ հեռանկարով….:
Ինչպէս ըսած է Խորէն Ա. Կաթողիկոս.
«Հայ կինը պատուաւոր տեղ մը շինած է իրեն համար, ոչ միայն ընտանեկան կեանքին մէջ իր ունեցած մեծ դերով, այլ նաեւ հայ կեանքի կրթական ու բարեսիրական մարզերու մէջ իր բերած սրտանուէր գործունէութեամբ»։
Փունջ մը ծաղիկ, խունկ ու մոմ եւ ուրիշ ոչինչ կրնանք տալ այն մայրերուն, որոնք բաժնուած են իրենց ընտանիքէն:
Բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանի խօսքերով.
«Մայր իմ՝ արեւ եւ հեռանուշ լուսնկայ
Դարձար նշխար ու միացար մեր հողին
Եւ հողն անուշ հայրենիքին հնամեայ
Քիչ՝ աւելի քաղցրացաւ…
Մայր իմ՝ երկինք եւ առաւօտ սրբալոյս
Դուն մեր հողին տուիր հոգիդ խնկաբոյր
Եւ հողը սուրբ՝ լուսապսակ պապերուս՝
Քիչ՝ աւելի սրբացաւ…
Մայր իմ, Դու գանձ եւ անսպառ ոսկեհանք
Դարձար խորհուրդ եւ հողակոյտ աննշան,
Բայց գանձն անխոյզ մեր հողերու լանջին տակ՝
Քիչ՝ աւելի աճեցաւ…
Մայր իմ աղբիւր սիրոյ անհաս հրաշքի
Գացիր ննջել Լուսաւորչի աստղի տակ
Եւ սիրտն անհուն Հայաստանի մայր հողի
Քիչ՝ աւելի մայրացաւ…
Մայր իմ՝ երդիք, մայր իմ՝ սեղան տոհմական,
Հարազատ բառ եւ սուրբ բարբառ մայրենի,
Քեզնով հիմա աշխարհն Հայոց աննման
Քիչ՝ աւելի հայացաւ…»:
ՍՈՆԱ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ-ՏԱՐԱՔՃԵԱՆ