ՏՕՆԵՐՈՒՆ ԳԵՂԵՑԻԿԸ՝ «ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ»

Այս տարի, ամբողջ Ամերիկայի տարածքին, «Մայրերու օր» տօնը կը զուգադիպի կիրակի, մայիս 12-ին:

Պարզապէս յիշեցնելու միտումով, ըսեմ որ այս տօնը մեծ անցեալ մը չունի: Ան սկիզբ առած է Միացեալ Նահանգներու մէջ 1908-ին, եւ ապա տարածուած ամբողջ քաղաքակիրթ երկիրներէն ներս: Նաեւ աւելցնեմ, որ «Մայրերու օր»ը ազգային տօն մըն ալ չէ, այլ՝ ընկերային բնոյթ կրող եւ, մանաւանդ, երախտագիտութեան եւ գնահատանքի արտայայտութիւն ունեցող «օր» մը, որ ամէն տարի, հո՛ս, մեր մօտ կը նշուի վարդերու ամիս՝ մայիսի մէջ:

Բայց, ինչ որ ալ ըսուի կամ որակուի, «Մայրերու օր» տօնը գեղեցիկ ու բարի աւանդութեան մը հարազատ արդիւքն է: Այսպէս, մայիս ամսուան ընթացքին կը կազմակերպուին զանազան ձեռնարկներ, դասախօսութիւններ, ելոյթներ, որոնց ընթացքին կը փառաբանուի եւ կը գնահատուի մայրը, անոր նուիրումն ու անզուգական դերը, իր տան սիւները ամուր պահելու մնայուն ճիգին համար:

Այս բոլորը անոր համար, որ մայրը ունի յատուկ եւ մեծ դեր աշխարհի բոլոր ժողովուրդներու կեանքին մէջ: Ան է, որ կ՚ապահովէ ազգերու յարատեւումը: Այլ խօսքով, մարդկային շղթային յաւերժականութեան ոսկի եւ ստեղծագործ օղակը նկատուած է, եւ որուն շնորհիւ ընտանիքի անդամներ իրար կը կապուին, իրարմով կ՚ամբողջանան: Անկասկած:

Ազգային դէմքեր, քաղաքական հերոսներ, գիտնականներ եւ շատ-շատեր, ընդհանրապէս իրենց մօր գուրգուրանքով եւ անմիջական հսկողութեամբ եւ քաջալերանքով են որ յառաջացած են, «տեղ հասած» են ու լաւագոյնս յայտնաբերած:

Անուրանալի է.- այս աշխարհի մէջ, սարսափով եւ ամէնօրեայ նորութիւններով ու վախերով լեցուն մեր կեանքէն ներս, մեր առաջին քայլերը իրմով առած ենք: Կարելի չէ մոռնալ եւ անտեսել: Երբեք: Իր գութն ու հոգատարութիւնը լեցուցած են մեր տարիները:

Իսկ, իբրեւ հայեր, մեր մօտ...: Պարզեմ:

Հայ մայրը միշտ եղած է հայուն սրբութեան յատկանիշը: Դարերու ընթացքին, մշակոյթի մեր հանճարները, իրենց անխոնջ գրիչներով, բանաստեղծութիւններով, յօդուածներով, երգերով, եւ քանդակներով միշտ յիշած, պատուած եւ մեծարած են իրենց մայրը:

Իբրեւ հին ժողովուրդ եւ ազգ, մենք՝ հայերս, մեծ յարգանք եւ երախտիք ցուցաբերած ենք մեր մայրերուն, եւ կը կարծենք, որ աշխարհի մայրերուն մէջ, հայ մայրը ամենէն տառապածն է իր ընտանիքին, իր հարազատներուն եւ հայրենիքին համար:

Վկայ՝ երկար դարերու մեր պատմութիւնը: Աստուծմէ ետք, մենք մեր մայրն ենք պաշտած: Որովհետեւ մեր մօր մէջ, մենք գտած ենք գութ եւ սէր, անսահման բարութիւն, մեծ նուիրում եւ հոգածութիւն ու աստուածային բոլոր սրբազան արժանիքներ:

Մեր ժողովուրդի ճակատագիրը՝ պանդխտութիւն, բաժանում, ջարդ, եղեռն, կարծէ՛ք հայ մօր ճակտին գրուած ըլլային:

Հայ մայրը, իր ամուսնոյն կողքին միշտ կանգնած է, իբրեւ ամուր վահան եւ պատնէշ, ամբողջ իր կեանքի ընթացքին:

Հայ մայրն է, որ զէնքը ձեռքին լեռ բարձրացած է, պաշտպանելու համար հայրենի հողը: Նոյն ինքն է, որ իր զաւակներուն քաջալերած է, յոյս եւ կորով տուած է, որպէսզի անոնք դիմադրեն կեանքի բազմաշերտ եւ բազմազան բոլոր հարուածներուն:

Տակաւին հայ մայրն է, որ Տէր Զօրի անապատի աւազներուն վրայ, նոյնիսկ իր մահամերձ վիճակով, իր երեխային «այբ-բեն-գիմ»ը սորվեցուցած է:

Այլ խօսքով՝ հայ մայրը եղած է հայակերտուպմի առաջին ուսուցիչը իր հայ մանուկին: Ան է, որ իր մէջ կը պարփակէ կեանքի ամենէն գեղեցիկ զգացումները ու զանոնք եւ ատենին ու պատճաշօրէն կը փոխանցէ իր զաւակներուն: Որովհետեւ, հայ կեանքը վկայ, հայ մայրն է որ իբրեւ յանձնառու իր սրբազան դերին, իր գիտակցութեամբ, համբերութեամբ, իր սիրով, գուրգուրանքով, զոհաբերութեամբ, իր օրինակով եւ իր խրատականներով, մեծցուցած է եւ տակաւին կը շարունակէ մեծցնել իր զաւակները:

Անոր համար, մեր մօտ լաւին, բարիին, հաւատացեալին քաջութեան եւ վեհանձնութեան օրինակելի խորհրդանիշն է՛ ան:

Եւ հաւատացէ՛ք, մեր ընտանիքները կը փլին, եթէ մեր մայրերը այս անգիր պատասխանատուութեան տէրերը չդառնան:

Հայ մայրն է իր տղուն կամ աղջկան հոգիին մէջ հայ ինքնութիւն կերտողը, դաստիարակողը, փայլուն ապագայի ճամբան ցոյց տուողը: Բոլորս ալ վկաներն ենք այս իրականութիւններուն: Կասկած չկայ:

Բայց երբեք չենք ուզեր, որ հայ մայրը փոխէ իր հայեցի իւրայատուկ նկարագիրը: Չենք ուզեր, որ հայ մայրը կորսնցնէ իր ազգային մաքուր գիծերը, իր գեղեցիկ բարենիշները:

Կը մաղթենք ամենէն բարին, հոգեկան արիութիւն եւ կորով, դիմագրաւելու եւ շարունակելու համար սրբազան իր առաքելութիւնը, յանուն հայ ընտանիքին, հայրենիքին եւ ազգին:

Մեր կարգին, իր այս աղուոր եւ գեղեցիկ տօնին, առ ի գնահատանք եւ երախտագիտութիւն, ի սրտէ բխող մեր որդիական սէրն ու յարգանքը կու գանք հրապարակել բոլոր մայրերուն:

Շնորհաւոր ըլլայ «Մայրերու օր» տօնը: Փառք ու պատիւ մեր բոլոր մայրերուն:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Շաբաթ, Մայիս 11, 2024