ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Ա.

Այժմ դառնանք մեր վարդապետներու խօսքերուն, որ կ՚ըսէ.

Խօսք. «Բանն էր ճշմարիտ Լոյսը» (Յհ 1.9):

Մեկնութիւն. Հինգ բան կը ցուցնէ. նախ կ՚ըսէ էր, այսինքն՝ անեղ, անսկիզբ, անժամանակ: Որովհետեւ, թէեւ ժամանակի ընթացքին Կոյսէն եղաւ, սակայն՝ անսկիզբ, անժամանակ եւ անեղ է: Եւ թէեւ ծառայի կերպարանքով եղաւ, սակայն՝ Տէր է, եւ միւս բոլոր բաները նոյնպէս:

Երկրորդ, կ՚ըսէ՝ Լոյսը, այսինքն՝ ո՛չ թէ շնորհքով լոյսը ունի, այլ՝ անեղ, անսկիզբ եւ անժամանակ: Եւ բնութեամբ Հօրմէ է ու մարմինին միացաւ:

Երրորդ, կ՚ըսէ՝ ճշմարիտ: Չորս կերպով կը հասկցուի. նախ, թէ անեղ լոյս, երկրորդ՝ իմանալի, երրորդ՝ անփոփոխ, չորրորդ՝ անստուեր: Իսկ արեգակին լոյսը այս չորսին հակառակ է:

Չորրորդ, կը լուսաւորէ կ՚ըսէ, եւ չորս կերպով. նախ՝ հաւատքով, երկրորդ՝ Աւետարանով, երրորդ՝ մկրտութեամբ, չորրորդ՝ սուրբ գործով, հինգերորդ՝ կ՚ըսէ. «կը լուսաւորէ ամբողջ մարդկութիւնը» (Յհ 1.9):

Եթէ ոեւէ մէկը ըսէ. «ահաւասիկ, մարդոցմէ շատերը կռապաշտներ ու անհաւատներ են», հինգ կերպով կը պատասխանենք. նախ, որ հինին (Հին ուխտին) մէջ միայն հրեաները լուսաւորեց, իսկ նորին մէջ՝ բոլոր ազգերը:

Երկրորդ, Քրիստոս բոլորը կը լուսաւորէ, սակայն ոմանք իրենց կամքով խաւարին մէջ կը մնան. ինչպէս արեգակը բոլորը կը լուսաւորէ, սակայն կոյրը չի՛ տեսներ, կամ ան որ աչքերը կը փակէ, իր կամքով կը խաւարի:

Երրորդ, այն կ՚ըսէ, որ [աշխարհի] կատարումին, ըստ Առաքեալին ըսածին՝ բոլոր լեզուները պիտի խոստովանին, եւ իւրաքանչիւր ոք՝ արդարներն ու մեղաւորները, Յիսուսը պիտի տեսնեն Հօր փառքով, թէեւ ո՛չ հաւասար տեսողութեամբ:

Չորրորդ, ճանաչումը կրկնակի է, ինչպէս երկիրի թագաւորները այլ ձեւով կը տեսնեն մօտիկները եւ այլ ձեւով կը լսեն հեռու եղողները, այնպէս ալ Քրիստոս շատերը աւելի գերագոյն կը կարծեն զԻնք քան մարգարէները եւ թէ Աստուծմէ եկած է, սակայն քրիստոնեաներս զԻնք միայն որպէս Աստուծոյ Որդի եւ բոլորին Տէրը կը հաւատանք [կը դաւանինք]:

Հինգերորդ, կ՚ըսեն, թէ Ան, որ ճշմարիտ Լոյսն էր, ստեղծեց արեգակին լոյսը, որ աշխարհը կը լուսաւորէ:

ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Աշխարհի մէջ էր Անիկա» (Յհ 1.10):

Մեկնութիւն. Նախ ըսաւ. «Բանը Աստուծոյ հետ էր» (Յհ 1.1), իսկ հիմա, թէ՝ աշխարհի մէջ էր: Այնտեղ անձնաւորութեան մասին ըսաւ, իսկ այստեղ՝ Աստուածութեան էութեան մասին, որ անսահման է: Դարձեալ, թէ՝ անձամբ Հօր հետ էակից է, իսկ բնութեամբ՝ մարմինին միաւորուած, շնորհքով բոլոր սուրբերուն մէջ կը բնակի, իսկ խնամքով՝ ամբողջ տիեզերքին մէջ, որ Իր խօսքին ամբողջ զօրութեամբ կը կրէ: Եւ ասոնք բնութեամբ Աստուծոյ մէջ են, սակայն Աստուծոյ պարզ բնութիւնը երեք անձերուն մէջ միայն կը տեսնուի եւ ո՛չ թէ քարի կամ փայտի մէջ: Ուրիշներ կ՚ըսեն, թէ բանի մը որեւէ մէկ տեղ ըլլալը երեք կերպով է. նախ՝ ըստ կարողութեան, ինչպէս թագաւորն է՝ ամբողջ թագաւորութեան մէջ: Երկրորդ՝ ըստ մերձաւորութեան, ինչպէս որ թագաւորը պալատին մէջ նստած կ՚ըլլայ եւ իր չորս կողմէ կը տեսնէ բոլորը, որոնք տան մէջ են: Երրորդ՝ ըստ էութեան, ինչպէս որ թագաւորը կը նստի պատշաճ տեղ մը, որ իր մարմինին կը ներդաշնակուի:

Իսկ այս երեք կերպերով Աստուած ամէն տեղ է. նախ՝ Անոր զօրութիւնը ամէն բանի վրայ կը տարածուի: Երկրորդ՝ ամէն բան Անոր առջեւ մերկ ու յայտնի է: Երրորդ՝ ըստ էութեան ամէն տեղ գոյ է Ան: Ասիկա այն բանէն կ՚երեւի, թէ Աստուած ո՛չ միայն բոլոր բաներուն գոյութիւն կու տայ, այլ՝ կը պահէ նաեւ այդ բոլոր բաներուն գոյութիւնը:

Խօսք. «Աշխարհը Իրմով ստեղծուեցաւ» (Յհ 1.10):

Մեկնութիւն. Նախ կ՚ըսէ՝ ստեղծուեցաւ, որպէսզի երկինքն ու երկիրը յարակից եւ յաւետակից չկարծես Աստուծոյ, այլ՝ ոչինչէն եղած: Երկրորդ՝ որպէսզի չկարծես, թէ Բանը ըստ ասոնց եղած ըլլայ, այլ՝ բոլորին Արարիչն է:

Խօսք. «Սակայն աշխարհը զԻնք չճանչցաւ» (Յհ 1.10):

Մեկնութիւն. Աշխարհասէր ու մարմնասէրը մարդիկը, որոնց մասին Առաքեալը կ՚ըսէ. «Աշխարհին հետ բարեկամութիւն ընել՝ Աստուծոյ թշնամութիւն ընել կը նշանակէ» (Յկ 4.4): Այս մասին կ՚ըսէ Տէրը. «Ահա կու գայ այս աշխարհին իշխանը, որ Իմ վրաս [ո՛չ մէկ իշխանութիւն ունի]» (Յհ 14.30):

ԹԷ ԱՇԽԱՐՀԸ ՔԱՆԻ՞ ՀԱՏ Է

Դարձեալ յայտնի է, թէ ըստ Հոմերոսի աշխարհը երեք է, այսինքն՝ Աստուած իմանալ աշխարհ, որ Աստուծոյ նախագաղափարն է, եւ զգալի աշխարհ, որ երկինքէն ու երկիրէն բաղկացած է՝ ըստ Պղատոնի, իսկ մարդը՝ իմանալի եւ զգալի աշխարհ, որովհետեւ երկինքի ու երկիրի նմանութիւնը ունի, իմանալիներուն եւ զգալիներուն:

Առաջինին մասին կ՚ըսէ՝ աշխարհի մէջ էր, երկրորդի մասին՝ աշխարհը Իրմով ստեղծուեցաւ, երրորդին մասին՝ սակայն աշխարհը զԻնք չճանչցաւ, այսինքն՝ մարդոց ո՛չ բոլոր սեռերը, այլ՝ աշխարհասէրները միայն, ինչպէս ըսուեցաւ:

ՏԻՐՈՋ ԳԱԼՈՒՍՏԻ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Իր իսկ ստեղծած աշխարհը եկաւ, [բայց Իր իսկ ստեղծած մարդիկը զԻնք չընդունեցին]» (Յհ 1.11):

Մեկնութիւն. Այս խօսքի պարագային երեք բան երեւցող է.

Առաջին, թէ ինչպէ՞ս եկաւ, որովհետեւ աշխարհի մէջ էր եւ ո՛չ մէկ տեղ Իրմէ թափուր է:

Կ՚ըսենք, թէ գալը՝ Աստուծոյ մարմինով երեւալուն համար կ՚ըսէ:

Երկրորդ՝ տեսանելի է, թէ ինչո՞ւ այս ժամանակին եկաւ եւ ո՛չ թէ աւելի առաջ կամ աւելի ուշ: Ոսկեբերանը կը պատասխանէ. «Ինչպէս որ հիւանդներուն բժիշկը, եթէ ժամանակէն առաջ դեղ տայ, ցաւի կը փոխուի եւ մաղձ կը դառնայ, ու օգուտ չէ, իսկ եթէ աւելի ուշ տայ, այդ ատեն ցաւը բնութեան կը յաղթէ եւ ոչինչով օգուտ կու տայ: Այլ՝ միջին ժամանակին կու տայ, որովհետեւ հիւանդը այդ ժամանակ դեղի կարօտ է, որով կ՚առողջանայ: Այդպէս ալ Քրիստոս, եթէ աւելի շուտ եկած ըլլար, մարդիկ երկու պատճառով չէին հաւատար. նախ, որովհետեւ Անոր գալուստին մասին չէին գիտեր, քանզի չէին փափաքեր, իսկ եթէ աւելի ուշ գար, այս ալ երկու պատճառով վնաս էր. նախ, որովհետեւ մարդիկ պիտի յուսահատէին Քրիստոսի գալուստէն: Երկրորդ, որովհետեւ մարդոց հսկայ բազմութիւն մը անհաւատութեամբ պիտի կորսուէին: Այլ՝ միջին ժամանակին եկաւ, երբ կը սպասէին ու կը փափաքէին Քրիստոսի գալուստին, այդ ատեն եկաւ եւ մեզի առողջութեան դեղը՝ Իր մարմինն ու արիւնը տուաւ՝ մեր անօթի եղած ժամանակ, եւ մենք հաւատքով ընդունեցինք փրկութիւնը»:

ՀՐԵԱՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Երրորդ. տեսանելի է, որ կ՚ըսէ՝ Իր: Եւ կ՚ըսեմ, թէ Իրը կ՚անուանէ հրեաները, տասը պատճառով. նախ, որպէսզի բոլոր ազգերը ընդունի եւ հաւաքէ զանոնք: Երկրորդ, Տիրոջ բաժինը Իր ժողովուրդը՝ Յակոբը եղաւ: Երրորդ, որովհետեւ անոնց ազգէն մարմնացաւ: Չորրորդ, անոնց մէջ քարոզեց ու սքանչելիքներ գործեց: Հինգերորդ, Հինին [Հին ուխտին] մէջ անդրանիկ Որդի կոչեց: Վեցերորդ, սիրեցեալին այգին եղաւ, կ՚ըսէ: Եօթներորդ, անոնք հայրերն ու մարգարէներն էին: Ութերորդ, անոնց տուաւ Օրէնքն ու օրինակը: Իններորդ, անոնց էր աւետիսն ու խոստումը: Տասներորդ, խաշն եւ ոչխար կոչեց զանոնք հովուելու համար, սակայն անոնք չընդուեցին զԻնք, այլ՝ խաչեցին: Իսկ հեթանոսները, ասոնցմէ ոչի՛նչ ունէին, սակայն հաւատացին:

ՀԱՒԱՏՔԻ ՄԱՍԻՆ

Աւետարանիչը երբ Փրկիչին գալուստին անհրաժեշտութեան մասին ճառեց, ատկէ ետք կը ճառէ Անոր գալուստի պտուղին մասին՝ երբ կ՚ըսէ.

Խօսք. «Իսկ զԻնք ընդունողներուն [եւ Իրեն հաւատացողներուն իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու]» (Յհ 1.12):

Մեկնութիւն. Այսինքն՝ հաւատքով եւ սիրով անոնց իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու: Յայտնի է, թէ հաւատքը մարդոց համար շնորհք է, եւ հաւատքով բազմաթիւ բաներ կը պարգեւուին. նախ՝ զՔրիստոս հաւատքով կ՚ընդունինք, երկրորդ՝ Աւետարանը, երրորդ՝ որդեգրութիւնը, չորրորդ՝ Ս. Հոգին, հինգերորդ՝ թողութիւնը, վեցերորդ՝ կեանքը, եւ միւս բարիքները հաւատքին, որ Առաքեալները Եբրայեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ կը թուէ:

Հարցում. Ի՞նչն է, որ հաւատքը կը կրկնէ. «Իսկ զԻնք ընդունողներուն -կ՚ըսէ-, եւ Իրեն [գրաբարով՝ որոց հաւատասցեն յանուն Նորա] հաւատացողներուն» (Յհ 1.12):

Պատասխան. Չորս միտք ունի, նախ՝ թէ հաւատքին լոյսը կրկին է, այսինքն՝ մեր միտքին բնական լոյսը եւ Աստուծոյ շնորհներուն լոյսը: Երկրորդ, սիրտով հաւատալ եւ բերանով խոստովանիլը: Երրորդ, գիտութեամբ հաւնիլն ու պարզապէս հաւատքը: Չորրորդ, անտեսակ եւ տեսակաւոր, որ է՝ մեռած եւ կենդանի հաւատքը:

Հարցում. Ի՞նչ է իւրաքանչիւրին համար անխտիրը:

Պատասխան. Նախ՝ հաւատան. ով որ հաւատայ, հաւատացեալ կը կոչուի: Երկրորդ, մկրտութիւն, եթէ ծեր է, եթէ տղայ է, անխտիր սրբութիւն: Երրորդ, մեղքերը խոստովանիլ, եթէ մեծ է կամ փոքր է: Չորրորդ, ճգնութիւն եւ արեան հեղում, եւ միւսները եւս նմանապէս:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 6

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յունիս 11, 2019