ՏՔԹ. ՅԱՐՈՒԹ ՆԱԶԱՐԵԱՆ. «ՀԱԼԷՊ ՄՆԱՑՈՂՆԵՐՈՒՆ ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆԸ ՇՈՒԱՐԱԾ Է, ՍԱԿԱՅՆ ՅՈՒՍԱՀԱՏ ՉԷ…»

Շատեր հարց պիտի տան, թէ ի՞նչ է այն խորհրդաւոր պատճառը, որ հակառակ բազում դժուարութիւններուն ու գեհէնին, բազմաթիւ հալէպահայեր կը շարունակեն կառչած մնալ իրենց ծննդավայրին։ Ի վերջոյ կրնան նոյնիսկ առարկել, որ Հալէպը եւ, առհասարակ, Սուրիան հայկական հող չէ ու այդ հանգամանքը արդէն բաւարար է, որ հոն ապրող հայերը լքեն զայն ու հեռանան...

Սակայն իրականութեան մէջ ամէն ինչ այդքան պարզ ու պարզեցուած չէ։ Մեր հասարակական կեանքի, մեր էութեան, պատմական հանգրուաններուն ու, առհասարակ, ամբողջ դրուածքին մէջ կան խորհուրդներ, որոնք տրամաբանութեան կանոններով չեն շարժիր։ Ճիշդ է, որ Հալէպը հայկական հող չէ, սակայն տեղւոյն համայնքին՝ հոն ծնածներուն, հոն հասակ առածներուն եւ, յատկապէս, հոն պատերազմի ամբողջ դժոխքը «ապրածներուն» համար Հալէպն ու Սուրիան աւելին են, քան ինչ որ մենք կը պատկերացնենք։

Անշուշտ բառային կուտակումները չեն, որ իրական բնութագրումը պիտի կատարեն այդ վայրերուն, որոնք վերջին հարիւր տարուան ընթացքին հայութեան ու յատկապէս արեւմտահայութեան համար դարձան վերապրումի օրրաններ։

Հիմա շատեր հրապարակ կրնան հանել նաեւ այն մօտեցումը, թէ Սուրիա մնացող հալէպահայերուն համար այդ երկրին, այդ քաղաքին մէջ ապրիլ շարունակելու քաջութիւնը շնորհակալական պատգամ մըն է ուղղուած Սուրիոյ արաբ ժողովուրդին, սակայն անկասկած միայն այդ չէ։

Ի դէպ, այս բոլորին առընթեր ամենաուշագրաւ դէպքերը կարելի է համարել մինչեւ Ամերիկաներ եւ Գանատաներ հասած հալէպահայերու պարագան, որոնք հակառակ իրենց ձեռք ձգած «տաք» պայմաններուն, յանկարծ կ՚որոշեն մէկդի նետել ամէն բան ու դարձեալ Հալէպ կը վերադառնան։ Ճիշդ է, որ այդ վերադարձողներուն թիւը մեծ չէ, բայց մի քանի առումներով ուսանելի է այս պարագան, որուն ամենէն ուղենշայինը «Հալէպէն դուրս կեանք չկայ» մօտեցումն է, որ ստայօդ արտայայտութիւն մը չէ։

Մարդիկ կը մաքառին, կը պայքարին, քրտինք կը թափեն, կ՚ուզեն յարմարիլ իրենց նոր պայմաններուն ու կեանքին, սակայն չեն կրնար։ Չեն կրնար, որովհետեւ այդ գեղեցիկ քաղաքները, աւաններն ու շէները, լուսաւոր փողոցներն ու զբօսայգիները իրենցը չեն։

Օտար են այդ տեղերը եւ իրենք ալ օտարներ են այդ քաղաքին համար…

Այս «պատմութիւն»ը նորութիւն մը չէ. շատ հաւանական է, որ օրինակ՝ Սպանիա ծնած, Սպանիոյ ջուրէն ու արեւէն սնած, Սպանիոյ լեզուն ու մշակոյթը իրենց երակներուն մէջ կրող սպանացիներէն շատ-շատերուն համար ալ հեռաւոր Ամերիկաները օտար վայրեր են։ Արդեօք անոնք եւս տառապանք կը զգա՞ն, իրենց ծննդավայրէն դուրս ապրելով։ Կը զգան, անշուշտ կը զգան… բայց կարեւոր տարբերութիւն մը կայ անոնց եւ հալէպահայերուն միջեւ, որովհետեւ սպանացիք արիւններու մէջ չլքեցին իրենց քաղաքը, մահուան եւ մոխիրի մէջ չհեռացան իրենց ծնըն-դավայրէն... այլ գացին աւելի լաւ կեանք մը որոնելու համար. մինչդեռ հալէպահայերուն մեծ մասը ստիպուած էր հեռանալու որոշում առնել... Իբր այդ ալ, անոնց աչքերն ու սիրտը շարունակեցին մնալ Հալէպի մէջ. ամէն գիշեր թափառիլ ու «ճամբորդել» այդ պատմակերտ քաղաքի ամենէն մութ եւ ամայի թաղերուն մէջ...։

Այս բոլորէն անդին եւ իրազեկուելու համար, թէ այս օրերուն ինչպիսի՞ իրավիճակ կը տիրէ Հալէպի մէջ, յաջողեցայ կարճ զրոյց մ՚ունենալ Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին Հալէպը երբեք չլքած Տքթ. Յարութ Նազարեանին հետ։

*

-Ծանօթ է, որ Հալէպի մէջ զինուորական գործողութիւնները երկար ժամանակէ ի վեր դադրած են, ներկայիս ի՞նչ իրավիճակ կը տիրէ, ի՞նչ կրնաք ըսել այդ առումով:

-Հալէպը, երբ շուրջ երկուքուկէս տարի առաջ յայտարարուեցաւ ազատագրուած, այն ժամանակ ալ արեւմտեան կողմերը, որոնք Իտլիպի գաւառներուն մօտ են, տակաւին լարուած վիճակի մէջ էին: Եւ մինչեւ հիմա այդ շրջանները, յատկապէս «Հալապ Ժատիտէ»ի, «Ռաշիտին»ի, «Ժամհիյէթ Ալ-Զահրաա»ի կողմերը հանդարտած չեն: Վերջերս, դեռ երկու շաբաթ առաջ, այս շրջաններուն մէջ դարձեալ հրթիռներ ինկան, դիպուկահարի փամփուշտի զոհ գացին քաղաքացիներ, որոնց շարքին մանուկներ: Հրթիռներ ինկան նաեւ «Մոքամպօ» շրջանին վրայ, որ կը նկատուի մարդաշատ, սրճարաններով լեցուն շրջան, ուր երբեմն մենք ալ կը յաճախենք:

Այս բոլորը նկատի ունենալով՝ չենք կրնար ըսել, որ Հալէպի մէջ զինուորական գործողութիւնները վերջնականապէս աւարտած են, քաղաքը հանդարտած է, քանի որ միշտ երբ այդ արեւմտեան կողմի վիճակը վատթարանայ, ռմբակոծումներ ըլլան, բնականաբար Հալէպի ժողովուրդի տրամադրութիւնը նոյնպէս կը վատանայ:

-Ներկայիս հալէպահայերուն համար որո՞նք են գլխաւոր դժուարութիւնները, ի՞նչ տեղեկութիւններ կրնաք տալ մեզի, ի՞նչ տեսակի դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ հալէպահայութիւնը:

-Հալէպահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները բազմաթիւ են, բայց այս շրջանին հիմնականը տնտեսական հարցն է. սղութիւնը, տոլարի սակին բարձրացումը, գործի տագնապը: Վերջերս յատկապէս արհեստաւորերու եւ վաճառականներու պարագային մեծ դժուարութիւններ յառաջացան, ոլորտը կարգաւորելու համար պետութեան կողմէ ձեռնարկուած միջոցառումները առաւել բարդութիւններ ստեղծեցին։ Պետական մարմիններ խիստ միջոցառումներ կը գործադրեն մաքսանենգութեան դէմ պայքարելու, ստուգումներ կատարելու եւ փախստական ապրանքներու դէմ ընթացող պայքարի ծիրէն ներս եւ նոյնիսկ հին ապրանքներուն համար օրինական ստացագրեր կը պահանջուին. բան մը, որ բաւական դժուարութիւններ ստեղծեց քաղաքացիներուն եւ յատկապէս առեւտուրի ոլորտին մէջ եղողներուն համար։

-Մարդկային առումով արդեօք տեղաշարժ կա՞յ. այսինքն հեռացածները դարձեալ կը վերադառնա՞ն Հալէպ: Իսկ մինչեւ հիմա Հալէպ ապրողները մտադի՞ր են արդեօք հեռանալ՝ յոգնած ըլլալով այս իրավիճակէն:

-Հալէպ վերադարձողներ չկան, շատ հազուագիւտ է այդ պարագան: Առաւելաբար կը լսենք վերադարձի մասին Լիբանան կամ Հայաստան հաստատուած հալէպահայերու, որոնք կու գան, քանի դեռ գործ ունին Հալէպի մէջ։ Անոնցմէ շատեր, որոնք Հայաստանի մէջ չկարողացան լաւ գործ մը հիմնել, փափաք կ՚ունենան ետ վերադառնալ, սակայն յաճախ երբ կը տեսնեն Հալէպի դժուարութիւնները, կը ձգեն եւ ետ կ՚երթան:

Ինչ կը վերաբերի մինչեւ հիմա Հալէպ մնացողներուն, անոնց մեծամասնութիւնը շուարած է։ Ու անոնք չեն գիտեր, որ լաւ ըրի՞ն Հալէպ մնալով, թէ՝ ոչ։ Այս հարցման նշանը հալէպցիին, մանաւանդ հալէպահայուն մտքին մէջ միշտ կայ: Շատեր զղջացած են հարցերը ծայր առած ժամանակ Հալէպէն չհեռանալնուն համար։ Անոնք ալ գաղթողներուն երանի կու տան, որ ճիշդ ժամանակին հեռացան Հալէպէն։ Ներկայիս ալ բազմաթիւներ կը փափաքին գաղթել, առկայ է այդ ձգտումը։ Թէեւ դժուարացած է գաղթի գործընթացը, սակայն կ՚ուզեն փորձել, քանի որ ժողովուրդը յոգնած է այլեւս:

-Բժշկական առումով ի՞նչ նորութիւններ կան։ Արդեօք բժշկական ոլորտը դէպի դարմանում կ՚ընթանա՞յ, դրական տեղաշարժ կա՞յ այդ առումով, կամ պատերազմական շրջանի վիճակը կը տիրէ՞:

-Բժշկական առումով մասնաւոր մեծ փոփոխութիւն չկայ, բայց քիչ մը աւելի բարելաւուած է վիճակը: Այն շտապի պարագաները, որոնց կը հանդիպէինք մանաւանդ կառավարական հիւանդանոցներուն մէջ, վերացան. այս առումով բեռը քիչ մը թեթեւցած է: Դեղօրայքի նախկին տագնապն ալ գրեթէ չկայ։ Վերջերս կը նկատենք նաեւ, որ աշխուժացած են բժշկական համագումարները, դասախօսութիւնները, ձեռնարկները, որոնք պատերազմի ընթացքին բոլորովին դադրած էին:

Բայց բուժում ստանալը, մանաւանդ հիւանդանոցներէն ներս, բաւական «թանկ հաճոյք» դարձած է քաղաքացիներուն համար, յատկապէս, որ տնտեսական տագնապը կը շարունակուի, իսկ ժողովուրդին տրամադրուող նպաստի, օգնութեան աղբիւրները կը նուազին: Այն հաստատութիւնները, որոնք բժշկական հարցեր ունեցողներուն նիւթապէս կ՚աջակցէին, սկսած են սահմանափակել իրենց օժանդակութիւնները, եւ հեռու չէ, որ երբ կամաց-կամաց վիճակը աւելի հանդարտի, վերջնականապէս դադրեցնեն իրենց օժանդակութիւնները. բան մը որ ծանր դրութեան պիտի մատնէ անապահով քաղաքացիները, որոնց թիւը քիչ չէ:

-Ի՞նչ է ձեր տեսակէտը. արդեօք հայութիւնը ապագայ պիտի ունենա՞յ պատերազմէն վիրաւոր դարձած Հալէպի մէջ:

-Մենք՝ հալէպահայերս միշտ յոյսով էինք եւ կ՚ուզենք յոյսով մնալ, որ գաղութը պիտի գոյատեւէ, քանի որ Հալէպը ոչ միայն մեզի, այլեւ ամբողջ հայութեան համար մեծ արժէք ունի եւ ամենակարեւոր օճախը եղած է։ Եթէ «հայկական քարտէս»ը քննենք, ապա պիտի նկատենք, որ աշխարհի չորս ծագերուն ապրող ծանօթ ու յայտնի հայերուն մէջ քիչ չէ թիւը հալէպահայերուն։

Այո՛, ճիշդ է, որ մենք յոգնեցանք, ճիշդ է, որ հայութեան թիւը նօսրացաւ, ճիշդ է, որ շատ ատեն մենք մեզի հարց կու տանք. արդեօք ճիշդ ըրի՞նք հոս մնալով, արդեօք մեր եօթ-ութ տարուան համբերութեան արդիւնքը լաւ պիտի ըլլա՞յ, բայց այդուհանդերձ, միշտ յոյսով ենք, որ այս օճախը պիտի չմարի, պիտի պահպանենք զայն, որովհետեւ չենք ուզեր, որ այդ յոյսը մարի, գոնէ մեր երեխաներուն ապագային համար:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան 

Երեքշաբթի, Յունիս 11, 2019