Երեւոյթներ, Որոնք Կը Զարմացնեն Երեւան Այցելող Զբօսաշրջիկները
Այս տարի Հայաստանի մայրաքաղաքը՝ Երեւանը դարձաւ 2798 տարեկան:
«Վարդագոյն քաղաք»ը բոլորս կը դիւթէ իր ճարտարապետական կոթողներով, սառնորակ ջուրով, հիւրընկալ բնակիչներով եւ մանաւանդ՝ դէպի Արարատ իր զարմանալի դիրքով:
Եթէ մենք զգացական կը մօտենանք մեր սիրելի մայրաքաղաքին, տեսնենք, թէ Երեւանը ի՛նչ երեւոյթներով կը զարմացնէ եւ կը գրաւէ օտար զբօսաշրջիկները:
ՀԱՆԳԻՍՏ ԵՒ ԱՆՎՏԱՆԳ ԳԻՇԵՐՆԵՐ
Մինչեւ ուշ գիշեր Երեւանի փողոցներուն մէջ կարելի է հանդիպիլ ժպտերես օտարերկրացիներու: Անոնք կը զարմանան, որ Երեւանի մէջ գիշերային ժամերուն կարելի է անվախ եւ անվտանգ պտըտիլ: Անոնց համար հետաքրքրական է նաեւ այն, որ Երեւանի կեդրոնը գտնուող խանութները եւ ծառայողական կեդրոնները կը գործեն գիշերուան ուշ ժամերուն:
ՊՈՒԼՊՈՒԼԱԿՆԵՐ
Երբ ճարտարապետ Թամանեան զբաղած էր Երեւան քաղաքի նախագիծը պատրաստելով, ան ստիպուած անընդհատ փոքրիկ կուժերով ջուր կը գնէր երիտասարդ վաճառողներէն, եւ կ՚ըսեն, թէ այդ պատճառով ալ իր նախագիծին մէջ նկատի առած է ցայտաղբիւրներու անհրաժեշտութիւնը:
Այսօր իւրաքանչիւր զբօսաշրջիկ կրնայ անվճար ծարաւը հագեցնել, երբ կ՚անցնի Երեւանի տարբեր փողոցներէն:
ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
Եւրոպացիին համար կրնայ անընդունելի թուիլ անծանօթ մարդու մը հիւր ընդունիլը: Փորձեցէք եւրոպացի մը ծանօթի ծանօթին տանիլ, որ հայ է, եւ տեսէք, թէ ի՛նչ զարմանք կ՚ապրի ան… Անոր առջեւ վայրկենական կը բացուի մեծ սեղան, կը հաւաքուին ընտանիքին բոլոր անդամները, երկար կենացներ կը հնչեն եւ կը սկսին աւանդական «սա կեր, թէ չէ կը նեղանամ» արտայայտութիւնները:
ԵՐԹԵՒԵԿԻ «ՄՇԱԿՈՅԹ»
Շատեր կ՚ըսեն, որ Երեւանի փոքրիկ հանրաշարժներն ու թաքսիները բազմաթիւ բացասական կողմեր ունին, բայց օտար զբօսաշրջիկները շատ կը զարմանան, որ բոլորը բոլորին տեղ կը զիջին, յատկապէս՝ կիներուն եւ տարեցներուն: Զբօսաշրջիկները նաեւ կը զարմանան, որ թաքսիները շատ մատչելի են իրենց գիներով եւ շահագործումներ չեն պատահիր…
ԳԻՆՈՎՆԵՐՈՒ ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆ
Զբօսաշրջիկները նաեւ շատ կը զարմանան, որ Երեւանի փողոցներուն մէջ գրեթէ չեն հանդիպիր ծայր աստիճան գինով մարդոց, որոնք կը խանգարեն անցորդներուն հանգիստը: Նաեւ կը զարմանան, որ փողոցը պտըտող երիտասարդներուն ձեռքը երբեք չեն տեսներ գարեջուրի շիշեր:
ՄԱՏՉԵԼԻ ԳԻՆԵՐ
Երեւան այցելող զբօսաշրջիկները տարուէ տարի աւելի եւս կ՚օգտուին անտամնաբոյժներու, գեղեցկագիտական սրահներու, մարձումի կեդրոններու, վարսայարդարներու ծառայութիւններէն, անոնք զարմացած են այդ ծառայութիւններու որակէն, բայց մանաւանդ՝ մատչելի գիներէն:
ԵՐԵՒԱՆԸ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ՝ ԱՍԻՈՅ ԵՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԻՋԵՒ
Վերջին տասնամեակին Երեւանի մէջ անընդհատ տարբեր ոճի շինարարութիւններ կը կատարուին ժամանակակից շէնքեր, խանութներ, սրճարաններ… Օտարերկրացիներուն համար զարմանալին այն է, որ Երեւանի կեդրոնը գտնուող ճոխ սրճարաններէն եւ ճաշարաններէն ոչ շատ հեռու ներկայ է եւ կ՚ապրին ասիական հոգին, աւանդութիւնները. տղամարդիկ նարտ կը խաղան, կիներ բուրդ «կը ծեծեն», աղջիկներ գորգ կը հիւսեն…
ՄԵԹՐՈՅԻ ՄԱՔՈՒՐ ԿԱՅԱՐԱՆՆԵՐ
Առանց բացառութեան՝ բոլոր զբօսաշրջիկները կը հիացնեն մեթրոներու եւ մեթրոյի կայարաններու մաքրութիւնը: Երեւանցին ինքզինքին չ՚արտօներ կայարանէն ներս աղբ թափել, ծխել կամ ծխախոտի մնացորդներ նետել գետինը:
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
«Ազդակ», Պէյրութ