ՍԱԱՏ ՀԱՐԻՐԻ ԿԱԼԱՆՔԻ ՏԱ՞Կ. ՏԱԳՆԱՊԸ ԿԸ ԹԷԺԱՆԱՅ

Վերջին օրերուն Լիբանանի մէջ արձանագրուած զարգացումները ցոյց կու տան, թէ երկրէն ներս անցեալ Շաբաթ օր ծագած քաղաքական տագնապը տակաւին երկար կրնայ շարունակուիլ:

Պաապտայի նախագահական պալատի մօտիկ աղբիւրներ ալ կը յայտնեն, որ վարչապետ Հարիրիի հրաժարականով ընթացք առած քաղաքական տագնապը պիտի շարունակուի:

Հոս տեղին է յիշեցնել, որ Լիբանանի նախագահ զօրավար Միշէլ Աուն մինչեւ այս պահը կը շարունակէ չընդունիլ կամ «օրինական» չդարձնել Սաատ Հարիրիի հրաժարականը:

Աուն, որ յայտնի է իր «կտրուկ» կեցուածքներով՝ թերեւս առաջին անգամն է, որ նման անկիւնադարձային վիճակի մը առջեւ կը շարունակէ պահել իր «սառնութիւն»ը եւ կը նախընտրէ կեցուածք մը յայտնելու փոխարէն բազմակողմանի հանդիպումներ ունենալ լիբանանցի քաղաքական գործիչներու հետ:

Տակաւին կը խօսուի այն մասին, թէ յառաջիկայ օրերուն ալ չի բացառուիր, որ նախագահ Աուն իր մօտ հրաւիրէ ազդեցիկ երկիրներու դեսպանները՝ անոնց հետ եւս խորհրդակցութիւններ ունենալու համար:

Անշուշտ այս բոլորը մամուլին մէջ երեւցող լուրերն են, որոնք յաճախ «աչք կը ծակեն» իրենց ազդեցիկութեամբ եւ գայթակղեցուցիչ բնոյթով:

Իրօք իրավիճակը ծանր է:

Երկրի վարչապետը 12 օրէ ի վեր հեռու է Լիբանանէն, եւ այս միջոցին ալ ոչ միայն բաւարարուած է «չանկեղծանալու» իր ժողովուրդին հետ, այլ նաեւ յայտարարելու իր «անսպասելի» համարուած հրաժարականը:

ՀԱՐԻՐԻ ԿԱԼԱՆՔԻ ՏԱ՞Կ

Վերջին 48 ժամերուն ամենաուշագրաւ հաղորդումը «Ռէօյթըրզ» լրատուական գործակալութեան կողմէ տարածուած լուրն էր, որ յղում ընելով լիբանանցի բարձրաստիճան պատասխանատուի մը՝ կը յայտնէր, թէ Հարիրի «կալանքի տակ է»: Պէյրութի սիւննի պաշտօնական մարմինները իրենց կարգին կը շեշտէին, որ ինչպէս անցեալ հանգրուանին, այսօր ալ Սաատ Հարիրի կը շարունակէ մնալ Լիբանանի սիւննի համայնքի գլխաւոր առաջնորդը, հետեւաբար ինք է նաեւ, որ արժանիօրէն պէտք է վերստանձնէ երկրի վարչապետի պաշտօնը:

Սաատ Հարիրիի հօր՝ Ռաֆիք Հարիրիի հիմնած «Ալ Մուսթապքալ»ի ղեկավար եւ նախկին վարչապետ Ֆուատ ալ Սինիորա իր կարգին բաւական ինքնա-վըստահութեամբ կը յայտարարէր, որ իրենց համար Սաատ Հարիրի լիբանանեան ներքին եւ արտաքին ընդհանուր ազդակները հաւասարակշռող անձնաւորութիւն մըն է ու, ինչպէս երէկ, ան այսօր ալ «անփոխարինելի» է: Պէյրութէն լսելի դարձած Հարիրիի կալանքի տակ ըլլալուն մասին «ահազանգային» լուրէն ետք յստակ էր նաեւ, որ աս պատահարներուն դիմաց լիբանանցիք ձեռնածալ պիտի չմնային: Լրատուական մէկէ աւելի աղբիւրներ կ՚արձագանգէին այն մասին, թէ նախագահ Աուն «աչք առած է ամէն ինչ» եւ ան կը պատրաստուի բացի իրերը իրենց անունով կոչելէ, Հարիրիի հարցով մեղադրանքներ բարձրաձայնել ազդեցիկ կարգ մը երկիրներու հասցէին:

Խորքին մէջ Լիբանանի քաղաքական բոլոր կողմերուն ունեցած միահամուռ կեցուածքը եւ Հարիրին ամէն գնով պաշտպանելու ու անոր երկիր «վերադարձը» պահանջող դիրքորոշումը՝ Ռիատի մէջ ստեղծած է շփոթութիւն մը. որովհետեւ գահագառանգ Մուհամմէտ եւ իր համախոհները շատ հաւանաբար վարչապետին հրաժարականը մէջտեղ հանելով կը հետապնդէին մի քանի նպատակներ, որոնց գլխաւորագոյնը երկրին մէջ ստեղծելն էր սուր տարակարծութիւն եւ բաժանում, որ այսօր կը համարուի տապալուած:

Այս բոլորէն անդին յստակ է նաեւ, որ Հարիրիի հարցով տեղի կ՚ունենան մէկէ աւելի միջնորդական փորձեր, որոնց գլխաւորներէն պէտք է համարել Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի նախաձեռնութիւնը: Մաքրոն, որ անձամբ կը հասնէր Ռիատ, նպատակ ունէր Ռիատ-Լիբանան տագնապը լուծումի մը առաջնորդել, նաեւ իր կալանքէն «փրկել» վարչապետ Հարիրին:

Կայ նաեւ նախաձեռնութիւնը Մարոնիներու Պատրիարք Մար Պըշարա Ռահիի, որ նոյնպէս Ռիատ պիտի հասնի յառաջիկայ Երկուշաբթի օր, իր հետ ունենալով նախագահ Աունի «յատուկ պատգամներ»ը՝ ուղղուած սէուտցի բարձրաստիճան ղեկավարներուն:

Խորքին մէջ յստակ չէ, թէ ի՛նչ արդիւնք կրնան տալ այս միջնորդական առաքելութիւնները։ Բայց եւ այնպէս, անոնք կարեւոր ցուցանիշ են, թէ ինչպիսի բարդ դրութեան մը մատնուած է այս տագնապը:

ՊԱՀԱԱ ՀԱՐԻՐԻ «ՎԵՐԱԴԱՐՁ»Ը

Հինգշաբթի առաւօտ զգայացունց լուրեր կը փոխանցէր լիբանանեան «Ալ Ախպար» պարբերականը: Թերթը, որ կը համարուի Լիբանանի շիի թեւի գլխաւոր բանբերը, կը գրէր, որ Ռիատ վճռած է Լիբանանի հրաժարեալ վարչապետին փոխարէն իշխանութեան բերել անոր աւագ եղբայրը՝ Պահաա Հարիրին: Լրատուամիջոցին խմբագիրը՝ Իպրահիմ ալ Ամին, որ այս նիւթին վերաբերեալ կարճ գրութիւն մը կը ստորագրէր, կը յայտնէր, թէ իր տեղեկութիւնները ստացած է Պէյրութի Աշրաֆիյէի շրջանին մէջ ապրող «յայտնի» տիկինէ մը, որ հարեւանն էր երկրի նախկին արդարադատութեան նախարար զօրավար Աշրաֆ Ռիֆիի:

Եթէ նոյնիսկ պահ մը համարենք, թէ նման լուր մը կրնայ տեղադրուիլ «ասէկօսէ»ներու ցուցակին վրայ, ապա Ռիատի մէջ կատարուած արագ զարգացումները կը խօսին այն մասին, թէ Հարիրիի հրաժարականը «պատահական» քաղաքական արարք մը չէր, այլ աւելին: Յիշեցնեմ, որ Հարիրի արդէն իր երկրորդ (բացի այն վարչապետութեան փորձէն, երբ ան վարչապետ նշանակուելով հանդերձ չէր յաջողած կառավարութիւն մը կազմել) վարչապետութիւնը կը ստանձնէր քաղաքական  բարդագոյն համաձայնութեան մը քօղին տակ:

Տարի մը առաջ Լիբանան կը գտնուէր փակուղիի մէջ: Երկու տարի եւ ութ ամիսներ առանց նախագահի մնալէ ետք լիբանանցիները կ՚ընտրէին իրենց 14-րդ նախագահը՝ զօրավար Միշէլ Աունը, որուն ընտրութեան գործընթացին մէջ կարեւոր դեր կ՚ունենար Սաատ Հարիրին: Այդ օրերուն էր նաեւ, որ Սէուտական Արաբիոյ մէջ կը տիրէր ներքին աղօտ իրավիճակ: Աղօտ, որովհետեւ գահաժառանգներուն միջեւ առկայ պայքարը նոր սկսած էր ծլիլ: Նախկին գահաժառանգ՝ Մուհամմէտ պին Նայէֆ կը շարունակէր մնալ իշխանութեան վրայ եւ ան իր կեցուածքներով կը համարուէր աւելի «մեղմ» քաղաքական դէմք մը:

Սուրիոյ զարգացումները, ապա թագաւորութեան Եմէնի մէջ շղթայազերծած պատերազմը, որ չէր հասներ իր նպատակին, ծանր հետեւանքներ կ՚ունենային թագաւորական ներիշխանական օղակներուն մէջ: Այդ փուլէն ետք էր նաեւ, որ սկիզբ կ՚առնէր Մուհամմէտ պին Սելման գահաժառանգ իշխանին «վերելք»ի փուլը, որ նոյնպէս կ՚ամրացուէր անոր Ուաշինկթըն ու ապա իր թագաւոր հօր հետ Մոսկուա տուած այցելութիւններով. այդ ազդեցիկ մայրաքաղաքներուն մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններով:

Սէուտական Արաբիոյ ներիշխանական օղակներուն մէջ կատարուող գործընթացները անպայմանօրէն իրենց ազդեցութիւնը կ՚ունենան Լիբանանի վրայ: Բայց եւ այնպէս, այս փուլը բաւականին տարբեր, իւրօրինակ եւ նոյնիսկ վտանգաւոր է:

Վտանագաւոր է, որովհետեւ Լիբանանի մէջ ուրուագծուած իրավիճակը Ռիատի «սրտովը եղած» փուլ մը չէ։ Իբր այդ ալ Ռիատ բաւարար առիթներ չունի իր ջղայնութիւնը «պարպելու» կամ նոյնիսկ հանգստանալու համար:

Պատկերացուցէք, որ Լիբանանի սիւննիներու ամենաազդեցիկ գործիչներէն մին՝ երկրի ներքին գործոց նախարար Նուհատ ալ Մաշնուք Ռիատի Պահաա Հարիրին իշխանութեան բերելու բաւական աղօտ առաջարկին պատասխանելով՝ ըսած է. «Լիբանանցիք ոչխար չեն եւ մեր մօտ ամէն բան ընտրութեամբ կը կատարուի»։ Այլեւս ըսելու բան չի մնար միւս կողմերուն, որոնց համար Ռիատը լաւագոյն պարագային կը համարուի «թշնամութիւն հրահրող կողմ» մը:

Այս բոլոր տուեալները նկատի առնելով պէտք է հաստատել, թէ Հարիրիի հրաժարականով «ծագած» այս տագնապը կրնայ տակաւին երկար շարունակուիլ ու վտանգաւորն ալ այն է, որ Ռիատի շրջանակներուն մօտ առայժմ զիջելու ու այս ճանապարհէն «ետդարձի» տրամադրութիւններ չեն երեւիր:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Նոյեմբեր 11, 2017