ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ

Տարօրինակ զուգադիպութեամբ մը, ստորեւ նշուած երկու պատմութիւններն ալ՝ թէեւ տարբեր երկիրներէ եկած, առընչութիւն ունին օդանաւի հետ։ Խնդրեմ հետեւեցէք։

ՕԴԱՆԱՒԻ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ՃԱՄԲՈՐԴԸ…

Այս դէպքը պատահած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Ապրէա Հենսլի կը ճամբորդէր Շիքակոյէն դէպի Նեպրասքա նահանգի Օմահա քաղաքը։ Մինչեւ հոս՝ տարօրինակ ոչ մէկ դէպք։ Սակայն եկուր տես որ տիկին Հենսլիի հետ կը ճամբորդէր նաեւ իրեն ընկերակից փոքր հասակի ձի մը (miniature horse), Flirty (տես նկարը) անունով։

Flirty՝ եօթ տարեկան ծառայողական ձի (service horse) մըն է, որ 2017-էն ի վեր կ՚ընկերակցի տիկին Հենսլիի՝ զգուշացնելու անոր առողջապահական կարիքներուն եւ օժանդակելու անոր, երբ ան հարկադրուի քալել։ Անոնք կ՚երթային այցելելու տիկին Հենսլիի մօրաքրոջը։

Հիմա ինծի համար հարցականը հետեւեալն է։ Մենք գիտենք, որ կան ծառայողական շուներ, որոնք կ՚օգնեն իրենց հոգածութեան յանձուած մարդկանց։ Անոնք դաստիարակուած են այդ պարտականութեան համար եւ պէտք է ըսել, որ շատ լաւ գործ կը տեսնեն։

Ինչո՞ւ չօգտուիլ մարզուած շուներու ծառայութենէ եւ նախընտրել փոքր ձի մը՝ այդ նոյն պարտականութեան համար։ Միտքս կու գայ ամերիկեան ասացուածք մը, որ կ՚ըսէ. «To each, his own»։

Իսկ ամենահետաքրքրական երեւոյթը հետեւեալն է։ Ի՞նչ պիտի ընէ այդ ձին՝ երբ իր միզելը գայ։ Մենք գիտենք, որ շուները մարզուած կ՚ըլլան այդ ուղղութեամբ եւ կրնան ինքզինքնին զսպել ժամեր շարունակ։ Բայց ձիե՞րը, չեմ գիտեր…

Հոս պէտք է աւելցնեմ որ տիկին Հենսլի առանձին չէ, որ ընտանի ձի մը ունի իրեն ընկերացող։ Արդարեւ՝ հեռատեսիլի նշանաւոր աստղերէն Քելի Քուաքոն (The Big Bang Theory) ալ ունի ընտանի ձի մը, որուն համար ան կ՚ըսէ, թէ իր «հոգեհատոր»ն (soul mate) է։ 

ՎԱՐՏԱԼԱՊՕՆՊԱ…

Այս դէպքը պատահած է Միացեալ Թագաւորութեան (United Kingdom), այսինքն Բրիտանիոյ մէջ։ Գիտենք, որ Միացեալ Թագաւորութիւնը կը բաղկանայ չորս երկիրներէ՝ Անգլիա, Սկովտիա, Ուէյլս եւ Հիւսիսային Իրլանտա։

Ուրեմն երգիչ մը՝ Ճէյմս Մըքէլվըր անունով, կը ճամբորդէր Լոնտոնէն Սկովտիոյ Կլասքոյ քաղաքը։ Հետը առած պայուսակին համար Easy Jet ընկերութիւնը իրմէ պահանջած է 45 բաունտ։ Ճէյմս՝ որպէսզի չվճառէ պայուսակին գինը, մէջի բոլոր հագուստները վրան հագած է եւ պայուսակն ալ մէկ կողմ նետած։

Իսկ ի՞նչ է վրան հագածը՝ վեց շապիկ, երեք ճինս տեսակի տաբատ, չորս մարզական հագուստ (jumpers), երկու վազքի տաբատ (jogging bottoms) եւ երկու բաճկոն… (Կցուած նկարը կը բացատրէ ամէն ինչ։)

Հոս փակագիծ մը բանալով պէտք է բացատրեմ, թէ ինչո՞ւ այս յօդուածին վերնագիրը «Վարտալապօնպա» կոչեցի։ Յիշեցի «Վարտալապօնպա» կամ «Դդումի վաճառականը», որ մէկ արարնոց զաւեշտ մըն է եւ որուն հեղինակն է Անայիս Եալտըզճեան։

Վերոյիշեալ զաւեշտին հերոսն է՝ ինչպէս կռահեցիք, դդումի վաճառական մը, որ գիւղէն Պոլիս կու գայ առեւտուր ընելու։ Ան երբ պանդոկ կ՚երթայ՝ կը սկսի հանուիլ եւ մեր դէպքին երգիչին նման ան հագած էր մի քանի տաբատներ, շապիկներ, բաճկոններ եւ անշուշտ հաստ վերարկու մը…

Վերադառնալով մեր պատմութեան, մեր երգիչին մարմնի տաքութիւնը այնքան կը բարձրանայ, որ ան ուշակորոյս կ՚ըլլայ եւ կ՚իյնայ։ Օդանաւի սպասարկուները զինք անմիջապէս կը փոխադրեն օդանաւի յետսամասը եւ կ՚օգնեն, որ ան հանէ բոլոր «աւելորդ» հագուստները։ Այսպէսով՝ ան կը վերագտնէ իր առողջութիւնը։

Կրնա՞ք երեւակայել, թէ մարդիկ ի՜նչ խոտոր միջոցներու կը դիմեն՝ որպէսզի դրամ խնայեն։ Ըստ իս, այդ խնայողութիւնը պէտք չէ ըլլայ ի գին առողջութեան վատթարացման, չէ՞ք խորհիր!

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2019