ԵՈՒՃԻՆ ԷՔՄԷՔՃԻ. «ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ ԱՌԿԱՅ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԸ ՄԻՋԻՆԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԵՐԵՒՈՅԹ Է»

Խօսակիցս՝ Եուճին Էքմէքճին է, հալէպահայ համայնքային այն գործիչներէն, որ Սուրիոյ պատերազմի ամենաթէժ օրերուն չհեռացաւ իր ծննդավայր՝ Հալէպէն։

Հարցազրոյցին ընդմէջէն խօսակիցս փորձեց ներկայացնել Հալէպի այսօրուան իրավիճակը՝ միշտ շեշտը դնելով այդ պատամկերտ քաղաքի վերանորոգման մեծ յոյսերուն վրայ։

Նշեմ, որ սոյն հարցազրոյցին կը կցեմ վերջերս Հալէպի Էմմանուէլ հայ աւետարանական եկեղեցւոյ վերաբացման առթիւ պատրաստուած ամփոփ թղթակցութիւնը։

Ստորեւ հարցազրոյցը.

-Յաճախ տարբեր եւ իրերամերժ տեղեկութիւններ կը ստանանք Հալէպի մասին։ Շատեր չեն ուզեր արտայայտուիլ, շատեր չեն ուզեր խօսիլ, բայց յստակ է, որ հիմա Հալէպը նոր փուլ մը մտած է, նոր հանգրուան մը, նոր էջ մը բացուած է Հալէպի համար. ի՞նչ գոյներով կը նկարագրէք, ի՞նչ է այսօր Հալէպի իրավիճակը:

-Եթէ հալէպահայ ժողովուրդին մասին պիտի խօսինք, նախ պէտք է խօսինք աշխատանքի հնարաւորութեան եւ աշխատանք ունենալու մասին, որովհետեւ ներկայիս ամենէն կարեւոր հարցերէն մին՝ աշխատանք ունենալու հարցն է։ Հալէպ ապրող ոեւէ անհատ, եթէ դրամ չի կրնար շահիլ, ստիպ-ւած պիտի մտածէ երկրէն հեռանալու մասին. ըլլայ Լիբանան կամ Հայաստան եւ կամ այլուր: Իսկ եթէ խօսքը Գանատա, Աւստրալիա կամ Եւրոպա գաղթողներուն մասին է, ապա չեմ կարծեր, որ անոնք մտադիր ըլլան Հալէպ վերադառնալ։ Անոնք արդէն իրենց կեանքի ուղին գծած են եւ արդէն իրենց կեանքը բնականոն հունի մէջ մտած է։ Ներկայիս, ինչպէս նշեցի, ամենակարեւոր ազդակը օրուան հացը վաստակելն է:

-Այս հիմքով արդեօք համայնքները որոշ օգնութիւն կը ցուցաբերե՞ն հալէպահայերուն:

-Ինչպէս գիտէք, Հալէպի մէջ այսօր կը գործեն երեք հայկական համայնքներ՝ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական ու կրնամ վստահօրէն ըսել, որ մեր համայնքներու պատասխանատուները իրենց կարելին կ՚ընեն օգնելու համար պատերազմէն տուժած հալէպահայերուն։ Անշուշտ համայնքային մարմիններէն զատ կան նաեւ երեք աւանդական կուսակցութիւնները, որոնք բոլորն ալ ներկայացուած են պատերազմի օրերուն Հալէպի մէջ ստեղծուած ու ցարդ գործող «Հալէպի շտապ օգնութեան եւ վերականգնման մարմին»ին մէջ։

-5 յունուար 2016-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը հովուական այցելութիւն մը տուաւ Հալէպ։ Այդ այցի շրջանակներուն մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոսը հանդէս եկաւ յատուկ պատգամով եւ ազդարարեց Հալէպի վերականգնման սկիզբի մասին։ Որքանո՞վ ազդեցիկ էր այդ կոչը եւ այսօր Հալէպի վերականգնման աշխատանքները ի՞նչ հունի մէջ են։

-Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հալէպ կատարած այցէն ետք համայնքային մարմիններ սկսան նոր թափով գործել։ Անոնք սկսան գործնական առաջարկներով հանդէս գալ եւ ընդառաջել բոլոր անոնց, որոնք մտադիր են նոր աշխատանքի սկսիլ։ Այդ առաջարկներէն ետք շատ էր թիւը այն հայորդիներուն, որոնք օժանդակութիւն ստացան եւ վերանորոգեցին իրենց վաճառատուները, ինչպէս նաեւ անցան նոր աշխատանքներու։

-Մէկէ աւելի հարթակի վրայ քըն-նարկման թեմա սկսած է դառնալ այն, որ Հալէպը կ՚ապրի տնտեսական բաւական դժուար պայմաններ։ Ի՞նչ կրնաք ըսել այդ մասին։

-Այո՛, տնտեսական տագնապը կը շարունակի, նախ անոր համար, որ սուրիական դրամը բաւական արժեզրկուած է։ Քաղաքին մէջ կայ նաեւ չարաշահում: Հասկնալի է նաեւ, որ այսօրուան դրութեամբ Հալէպի մէջ իրենց կեանքը վաստակել փորձող միջին ձեռներէցները դժուար օրերու մէջ են։ Ծախսը մեծ է եւ շահը քիչ ու այս բոլորը կ՚ազդեն, որ Հալէպի տնտեսութեան անիւը կ՚աղայ։ Ի դէպ, նշեմ, որ տնտեսական իրավիճակի ծանր ըլլալը, միայն Սուրիոյ վերաբերող խնդիր մը չէ, այլ Միջին Արեւելեքի խնդիր է։ Տնտեսական տագնապ կայ նաեւ Յորդանանի, Լիբանանի, Իրաքի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ, հետեւաբար հասկնալի է, որ տնտեսական տագնապն ու սղաճը պատերազմէն ելած քաղաքի մը մէջ առաւել եւս ծանր պիտի ըլլայ:

-Ինչպիսի՞ վիճակի մէջ են այն շըր-ջանները, որոնք նախքան պատերազմը կը համարուէին ճարտարարուեստի կեդրոններ եւ ուր մեծ թիւով հայեր գործարաններ ունէին։

-Այդ շրջաններու ամենէն յայտնին կը համարուէր Շէյխ Նաճճար շրջանը, որ պատերազմէն առաջ կը համարուէր հալէպեան ճարտարարուեստի ամենէն աչքառու եւ յառաջադէմ շրջանը։ Այստեղ պէտք չէ մոռնալ, որ նախապատերազմեան շրջանին Հալէպի մէջ ստեղծուող ճարտարարուեստը սկսած էր դառնալ յառաջատար, ոչ միայն Սուրիոյ համար, այլեւ ամբողջ շրջանին համար։ Շատ մը երկիրներ այդ զարգացումը հաշտ աչքով չէին ընկալեր։ Այդ շրջաններուն մէջ ալ մեծ էր թիւը այն հայորդիներուն, որոնք սեփականատէրն էին մեծ գործարաններու։ Ըսեմ նաեւ, որ Հալէպի մէջ ստեղծուած ծանր հաստոցները, արտադրանքը եւ ամենատարբեր տեսակի արտադրութիւնները սկսած էին մրցակցութեան մէջ մտնել հեռաւոր արեւելքի արտադրութեանց հետ, թէ՛ գնային եւ թէ որակային առումով։ Սակայն ինչպէս գիտէք, պատերազմը վրայ հասաւ եւ քարուքանդ ըրաւ ամէն բան։ Ներկայիս իրավիճակը բաւական տխուր է եւ հայ ու տեղացի գործարարներուն մեծ տոկոսը լքած են երկիրը։ Շատեր կ՚ըսեն, որ շուտով պիտի վերադառնան, սակայն այդ առումով տակաւին երեւելի քայլեր չկան։ Գաղտնիք ալ չէ, որ Հալէպի վերականգնումին համար անհրաժեշտ հիմնական քայլը քաղաքի միջազգային օդակայանին բացումն է, որ կ՚ուշանայ յատկապէս ապահովական պատճառներու բերումով։ Չմոռնանք, որ այսօր Հալէպի միակ ցամաքային ճամբան ալ շատ նեղ եւ դժուար ճամբայ մըն է եւ այդ մէկն ալ բնականաբար իր ժխտական ազդեցութիւնները կ՚ունենայ։

-Տեղեակ ենք, որ Հալէպը հարուածած պատերազմին հետեւանքով շարք մը հայկական կառոյցներ՝ եկեղեցի, ակումբ, դպրոց ծանր վնասներու ենթարկուեցան։ Ինչպիսի՞ վիճակի մէջ են այն վնասուած կառոյցները, որոնք խորհրդանշական են հալէպահայ համայնքին համար եւ կը գտնուին քաղաքի կեդրոնական հատուածին մէջ։

-Ուրեմն Հալէպի մէջ հին շրջան մը կար, որ կը կոչուէր «Հալէպ Ալ Ատիմէ» («Հին Հալէպ») եւ անոր չորս կողմը ցանկապատ մը կար, անկէ քիչ մը անդին, Ճտայտէ շրջանին մէջ, 1800 թուականէն առաջ ալ հայեր ապրած են եւ իրենց տուներուն վրայ փորագրած են հայերէնով գրութիւններ: Այս նոյն շրջանին մէջ է Սուրբ Քառասուն Մանուկ եկեղեցին, որ ամբողջ հայութեան համար արժէքաւոր եւ պատմակերտ եկեղեցի մըն է: Յատկապէս այդ եկեղեցին բաւական մեծ վնասներ կրեց: Ներկայիս ընթացք առած են այդ եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները, սակայն վերանորոգումը շատ մեծ աշխատանք եւ ժամանակ կը պահանջէ։ Այս բոլորի կողքին ալ մասնագէտ նորոգողներու խիստ կարիք կայ, որովհետեւ հալէպցի յայտնի եւ ճարտար ճարտարապետներէն ու վարպետներէն շատերը հեռացած են։

Ու հակառակ այս տիպի դժուարութիւններուն՝ քաղաքին մէջ զգալի է, որ վերանորոգման աշխատանքները արդէն իսկ սկսած են, ճիշդ է, որ այդ մէկը տեղի կ՚ունենայ բաւական դանդաղ ընթացքով, սակայն ակներեւ է, որ քաղաքը մտած է վերանորոգման կարեւոր փուլ մը։

-Վերակառուցման աշխատանքները պետութեան կողմէ կ՚իրականացուի՞ն:

-Կայ պետական վերահսկողութիւն, սակայն յայտնի է, որ պետական մարմիններուն համար այսօր կան լուծման արժանի առաջնահերթ խնդիրներ։ Այս առումով ալ պէտք է նշել, որ Հալէպի հայկական մարմինները վերանորոգումներ իրականցնելու համար կ՚ակնկալեն սփիւռքով մէկ տարածուած հայութեան աջակցութիւնն ու նիւթական նեցուկը։

Ներկայիս կայ նաեւ Հալէպի «Թէքէեան» ակումբը վերականգնելու ծրագիր մը, որուն համար պէտք է լաւ ճարտարապետ: Մենք չենք կրնար փոխել կառուցուածքային ոճը, որովհետեւ այդ շրջանը պատմական արժէք կը ներկայացնէ եւ նոյնութեամբ պէտք է վերականգնել: Հալէպահայութիւնը իր տարբեր շերտերով կ՚աշխատի, որպէսզի կարելի ըլլայ վերականգնել քաղաքը։ Ի վերջոյ մեր բոլորին նպատակն է, որ հայութեան համար խորհրդանշական եւ պատմական արժէք ունեցող կառոյցները վերականգնուին։ Այստեղ կ՚ուզեմ նշել, որ պատերազմին հետեւանքով մեծ վնասներու ենթարկուած «Թէքէեան» ակումբը մշակութային կարեւոր կեդրոն էր բոլորիս համար։ Երբ ակումբը վնասներու ենթարկուեցաւ, համայնքի ղեկավարութիւնը յատուկ կարգադրութիւն մը ընելով շրջանի երիտասարդութեան համար բացաւ Հայ աւետարանական «Բեթէլ» եկեղեցւոյ սրահը։ Հալէպի երիտասարդութիւնը հոն կու գայ եւ այդ սրահին մէջ ձեռնարկներ կ՚իրականացէ։ Շատ ուշագրաւ է, որ Հալէպի հայկական մարմիններն ու կառոյցները երբեք խտիր չեն դներ, մեզի համար բոլորը մէկ են, ու այդ մօտեցումը բնականաբար իր դրական ազդեցութիւնը կ՚ունենայ։

-Քաղաքին մէջ կային շրջաններ, ուր ամբողջութեամբ հայեր կը բնակէին, այսինքն այլ խօսքով՝ այդ թաղամասերը հայահոծ կը համարուէին, իսկ ներկայիս կը լսենք, որ այդ պատկերը յեղաշրջուած է. որքանո՞վ ճիշդ է այդ մէկը:

-Այո, իրականութիւն է: Շատ նշանաւոր տեղեր կար, օրինակ՝ Նոր Գիւղի շրջանը, ուր բնակչութեան մեծամասնութիւնը հայեր էին, նոյնպէս Սուլէյմանիէ շրջանը, իսկ Ազիզիէն կը բաղկանար հայերէ եւ արաբ քրիստոնեաներէ: Ներկայիս շատեր զանազան պատճառներով հեռացած են քաղաքէն: Ոմանց տուները քանդուեցան, շատեր իրենց զաւակները կորսնցուցին, հետեւաբար անոնց մէջ վախ յառաջացաւ ու հեռացան երկրէն: Իրապէս շատ մը շրջաններու մէջ զգալի է հայերու թիւի նուազումը, սակայն միւս կողմէ ալ ժողովուրդը ամէն գնով կ՚աշխատի, որպէսզի քաղաքը վերակենդանանայ։ Կրնամ ըսել նաեւ, թէ բոլորովին ամայի շրջաններ ալ կան, սակայն այն որ Հալէպի ծայրամասային հատուածներուն մէջ վաճառատուն մը ունի, ստիպուած կ՚ըլլայ ամէն տեսակի վտանգները անտեսել եւ ամէնօրեայ դրութեամբ իր վաճառատունը այցելել։ Այդ շրջաններուն մէջ աւերուածութիւնը ահռելի է, իսկ ես զանազան առիթներով անձամբ եղած եմ հոն ու ականատես եղած՝ թէ ինչպիսի վիճակի մատնուած են ծայրամասային թաղամասերը։

-Վերեւ կարեւորութեամբ շեշտեցիք Հալէպի օդակայանի վերաբացման պարագան, սակայն ցայսօր յստակ տուեալներ կամ տեղեկութիւններ չկան այդ մասին։ Ձեր կարծիքով՝ ե՞րբ պիտի բացուի օդակայանը, ի՞նչ կրնաք ըսել այդ մասին ու ամենակարեւորը՝ ի՞նչ տուեալ ունիք այդ մասին:

-Հալէպի միջազգային օդակայանի վերաբացման ամենէն առաջնային պայմանը այդ հատուածներուն մէջ անվտանգութեան պայմաններու ապահովումն է։ Այդ գործը անշուշտ պետութիւնը պիտի կատարէ։ Եթէ այդ շրջանները ամբողջութեամբ չմաքրուին զինեալներէ, պետութիւնը չի կրնար ժողովուրդը վտանգի ենթարկել: Իմ կարծիքով՝ Իտլիպի հարցը շատ կարեւոր է եւ սերտօրէն առընչուած է։ Ըստ իս, եթէ Իտլիպի հարցը լուծուի, Հալէպի օդակայանի հարցն ալ շատ արագ կը լուծուի:

-Հալէպի ծանր պատերազմի օրերուն մեծ վնասներու ենթարկուեցաւ Հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցին։ Ինչ տուեալներ ունի՞ք այդ մասին։

-Այո՛, Հայ աւետարնական Էմմանուէլ եկեղեցին ալ մեծ աւերուածութիւններու ենթարկուեցաւ եւ շրջանի մը համար դարձաւ անգործածելի։ Սակայն շնորհիւ Հայ աւետարանական համայնքի ղեկավարութեան եւ յատկապէս Սուրիոյ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ նախագահ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի գործադրած ճիգերուն, կարելի եղաւ եկեղեցին վերանորոգել ու վերաբանալ անցեալ դեկտեմբերին։ Նշեմ, որ հայ աւետարանական եկեղեցիներու շարքին Էմմանուէլ եկեղեցին, որ կը գտնուի քաղաքի կեդրոնը՝ Մանշիէ շրջանի Ապպարա թաղամասի մէջ, կը համարուի ամենահինը։ Եկեղեցիի չորս կողմը պարտէզ կար, անշուշտ խօսքը վաթսուն տարի առաջուան մասին է, եւ բազմաթիւ հայեր կը բնակէին այդ շրջանին մէջ: Կ՚ըսուի, որ նոյնիսկ շրջանի այլազգիներ եկեղեցի կ՚այցելէին։ Անշուշտ վերապատուելին աշխատեցաւ, որպէսզի օղակներ որոնէ, ճամբաներ գտնէ, օգնութեան համար, քանի որ ծախսը մեծ է: Մինչեւ պատերազմի սկիզբը մեր եկեղեցին կը հովուէր պատուելի Սերոբ Մկրտիչեանը, որ պայմաններու բերումով ստիպուած եղաւ հեռանալ Հալէպէն։ Ներկայիս կան քանի մը վերապատուելիներ, որոնք իբր հիւր կու գան եւ ամենէն գլխաւորը վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանն է, որ շատ աջակցութիւն ցուցաբերեց եւ երբեք չզգացուց, որ մենք նօսրացանք կամ տկարացանք։ Ունինք նաեւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին, որ կը գտնուի Բեթէլէն ոչ հեռու, կը գործէ բնականոն ձեւով եւ ուր կը գործէ Սիմոն վերապատուելին:

-Վերադառնանք Հալէպին, ինչպիսի՞ն է քաղաքի ապահովական վիճակը։ Արդեօք Հալէպը հեռո՞ւ է վտանգներէ։

-Կը կարծեմ, որ Հալէպը ապահովական առումով հեռու է վտանգներէ։ Ժողովուրդի վստահութիւնը մեծ է մեր կառավարութեան հանդէպ եւ այդ մէկը յաւելեալ խթան կը դառնայ, որ պետութիւնն ու բանակը ամէն գնով պաշտպան կանգնին Հալէպին։ Մի՛ մոռնաք, որ անցնող ութ տարիներու փորձառութիւնը մեծ խթան հանդիսացաւ Հալէպին ու հալէպցիներուն ու բոլորին համար այսօր բացայայտ դարձած է, որ Հալէպը անպարտելի է։

-Ութ տարուան պատերազմի ընթացքին ի՞նչ կորսնցուցիք Հալէպի մէջ, ի՞նչ կար երէկ, որ այսօր չկայ...

-Մենք լաւ երիտասարդները կորսունցուցինք, լաւ բժիշկներ կորսնցուցինք, կորսնցուցինք մեր լաւ ընկերներէն շատերը եւ շատ հարազատներ։ Յոյս ունիմ, որ օր մը բոլորն ալ պիտի վերադառնան եւ շատեր այդ ուղղութեամբ կ՚աշխատին։ Կողք-կողքի էինք, ներկայիս թափառական ենք, տարածուեցանք աշխարհով մէկ: Եւ ասկէ ետք չեմ կարծեր, որ իմ հայրենակիցներս Եւրոպայի ափերուն, պիտի կարողանան իբրեւ հայ ապրիլ, ինչպէս որ կ՚ապրէին Հալէպի մէջ։ Իմ համեստ կարծիքով՝ եթէ հայը Հալէպէն դուրս պիտի գայ, ապա իրեն յարմար միակ տեղը Հայաստանն է։ Այո՛, շատ բաներ կորսնցուցինք, սակայն յոյս ունինք, որ բոլորը կրկին պիտի վերականգնուին։ Մի՛ մոռնաք, որ մեր ժողովուրդը ծոյլ չէ։ Հալէպի հայ ժողովուրդը ծոյլ չէ եւ կը կարծեմ, որ կը վերագտնէ ինքզինքը… այդպէս պէտք է ըլլայ...: 

ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄԸ

17 յունուար 2016-ին, հրթիռակոծման հետեւանքով նիւթական մեծ վնասներու կ՚ենթարկուէր Հալէպի Հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցին եւ փուլ կու գար կղմինտրածածկ առաստաղը: Եկեղեցիի բարեպաշտ ժողովուրդը ստիպուած, երկու տարիներ իրենց կիրակնօրեայ պաշտամունքը կ՚ունենար եկեղեցիի ներքնասրահին մէջ: Հալէպն ու շրջակայքը իրենց ապահովութիւնը արդէն վերագտած են, իսկ ժողովուրդը կը փորձէ թօթափել պատերազմի հետքերն ու վերացնել սպիները:

Փառք կու տանք Աստուծոյ, որ կարելի եղաւ վերականգնել Էմմանուէլ եկեղեցին, ներդրումով Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան եւ զանազան նուիրատու կողմերու, հովանաւորութեամբ ՄԱՀԱԵ միութեան Կեդրոնական մարմնին, ջանքերով Հալէպի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու տեղական մարմիններուն եւ անխոնջ նուիրումով Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ՝ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի:

Եկեղեցիի նաւակատիքը տեղի ունեցաւ ներկայութեամբ Լիբանանէն ժամանած պատուիրակութեան՝ գլխաւորութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանի, ՄԱՀԱԵ միութեան կեդրոնական մարմինի ատենապետ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեանի, սուրիական կրօնական եւ պետական մարմիններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի, Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի Հայ աւետարանական համայնքի հոգեւոր հովիւներու, քրիստոնեայ համայնքներու պետերու, իսլամ կրօնաւորներու, հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան:

Պաշտամունքը սկիզբ առաւ պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեանի 100-րդ Սաղմոսի ընթերցանութեամբ: Ապա հակիրճ կերպով ներկայացուց «Նաւակատիքի պաշտամունք»ին նուիրուած խորհուրդը, որմէ ետք ժողովուրդին հետ միասնաբար ընթերցեցին Հաւատոյ հանգանակը: Միացեալ երգչախումբն ալ իր մասնակցութիւնը բերաւ հոգեւոր երգերով՝ առաջնորդութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Պեթի Նագգաշեան-Հաթէմի: Ապա Յարութիւն Սելիմեան արաբերէնով երախտագիտական խօսք մը արտասանեց:

Տեսերիզի ցուցադրութեամբ ներկայացուեցաւ Էմմանուէլ եկեղեցիի կեանքի հակիրճ պատմականը, զոր պատրաստեց եւ ներկայացուց Ալին Բանոյեան:

Գեղարուեստական յայտագիրին մէջ մեներգեց Արամ Խաչատուրեան, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ժագ Պոզեաքալեանի:

Իր կարգին, Փոլ Հայտոսթեան փառք տուաւ Աստուծոյ Իր Եկեղեցիին, ընդհանրական եկեղեցիներուն եւ յատկապէս Էմմանուէլ եկեղեցիին վերանորոգման համար։ Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ժողովուրդին եւ բոլոր աջակիցներուն:

Նաւակատիքի Պաշտամունքը եզրափակուեցաւ վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանի աղօթքով, որմէ ետք շնորհաւորանքներն ու կարկանդակի հատումը տեղի ունեցան եկեղեցիի վերանորոգուած ներքնասրահէն ներս:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2019