ԻՆՉՊԷ՞Ս ԲԱՐԵԼԱՒԵԼ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Յիշողութիւնը իմացական գործընթաց է, որ կը կուտակէ, կը պահպանէ եւ կը վերարտադրէ ձեռք բերուած փորձը։ Յիշողութեան գործընթացներն են՝ մտապահումը, պահպանումը, վերարտադրումը եւ մոռացումը։

Ունինք յիշողութեան տարբեր բաժանմունքներ՝

ա.- Ըստ գործունէութեան նպատակի՝ կամովի եւ ակամայ։

բ.- Ըստ տեւողութեան՝ կարճատեւ եւ երկարատեւ։

Կարճատեւ յիշողութիւնը կը բնութագրուի ընկալուող տեղեկութեան շատ կարճաժամկէտ պահպանումով։ Կարճատեւ յիշողութեան ծաւալը կը տարբերի իւրաքանչիւր մարդու մօտ։ Առանց կարճատեւ յիշողութեան երկարատեւ յիշողութիւնը չ՚ունենար բնականոն գործընթաց։ Երկարատեւ յիշողութեան մէջ կրնայ ներթափանցել եւ երկար ժամանակ ամրապնդուիլ միայն այն, ինչ որ եղած է կարճատեւ յիշողութեան մէջ։ Այս պատճառով կարճատեւ յիշողութիւնը կը համարուի ինքնատիպ զտիչ, որ երկարատեւ յիշողութեան մէջ կ՚անցընէ միայն անհրաժեշտ, արդէն ընտրուած տեղեկութիւնը։

գ- Ըստ որակի՝

ՊԱՏԿԵՐԱՒՈՐ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ

Պատկերաւոր յիշողութիւնը զգացական տեղեկութիւններու պահպանումն է, յիշողութիւն՝ պատկերացումներու, կեանքի եւ բնութեան պատկերներու, ինչպէս նաեւ ձայներու, հոտերու եւ համերու։ Այն կ՚ըլլայ տեսողական, լսողական, շօշափելի գործողութիւններու, համի, հոտառութեան։ Ընդհանրապէս բոլորին մօտ տեսողական եւ լսողական յիշողութիւնը աւելի զարգացած եւ յառաջատար դեր կը կատարէ։

ԵՐԵՒԱԿԱՅԱԿԱՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ

Յիշողութեան յատուկ արտայայտութիւնն է, որ հիմնուած է արտաքին պատկերի տպաւորութիւններու վրայ, որոնք թոյլ կու տան պահպանել եւ վերարտադրել ընկալած առարկայի կամ երեւոյթի ընդհանուր պատկերը։ Երեւակայական պատկերները կրնան ամբողջանալ ընկալման այլ տեսակներու (լսողական, տեսողական, համի, հոտի եւ այլն) միջոցով։ Այս տեսակի յիշողութիւնը բնորոշ է իւրաքանչիւրին, յատկապէս մանկութեան, թերահասութեան շրջանին։ Երեւակայական յիշողութիւնը առարկայի վերարտադրումն է իր բոլոր մանրամասնութիւններով։

ԲԱՌԱՏՐԱՄԱԲԱՆԱԿԱՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ

Այս տեսակի յիշողութիւնը կ՚արտայայտուի մարդոց միտքերու մտապահման եւ վերարտադրման մէջ։ Մարդ կը յիշէ եւ կը վերարտադրէ միտքերը, որ յառաջացած են տրամաբանելու ընթացքին։ Ոմանք կը յիշեն իրենց կարդացած գիրքին, ընկերներուն հետ խօսակցութեան մանրամասնութիւնները։

ՇԱՐԺՈՂԱԿԱՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ

Տարբեր շարժումներու եւ անոնց համակարգերու մտապահումը, պահպանումն ու վերարտարդումն է։ Յիշողութեան այս տեսակը կարեւոր կը համարուի, որովհետեւ ան գործնական եւ աշխատանքային հմտութիւններու հիմք է՝ հաւասար քալելու, գրելու եւ այլ հմտութիւններու։ Սովորաբար շարժողական յիշողութեան չափանիշ կը հանդիսանայ մարդ արարածին ֆիզիքական ճկունութիւնն ու աշխատանքի ընթացքին արագ կողմնորոշուելու կարողութիւնը։

ՅՈՒԶԱԿԱՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ

Այս տեսակը կախեալ է զգացումներէ։ Մարդուն ապրած եւ յիշողութեան մէջ պահպանուած զգացումները երեւան կու գան զգացական որոշ պահերու ընթացքին։

Հինգ խորհուրդ՝ յիշողութիւնը բարելաւելու համար։

Օգտագործեցէք յիշողութիւնը բարելաւող սննդեղէն, օրինակ՝ ընկոյզ, արեւածաղիկի կուտ, հաւկիթ, սալոր, կանանչ ծաղկակաղամբ եւ սեւ տուրմ։

Քունը անփոխարինելի նշանակութիւն ունի օրկանիզմի զարգացման, յատկապէս՝ յիշողութեան կարգաւորման համար։

Յիշողութեան համար կարեւոր է մարզանքը։ Ֆիզիքական վարժութիւններու ընթացքին աւելի շատ թթուածին ու արիւն կը մատակարարուի ուղեղին։

Յիշողութիւնը մեր մկաններուն կը նմանի։ Եթէ լաւ մարզենք զայն լաւ արդիւնքներու կը հասնինք։ Անհրաժեշտ է խաչբառ լուծել, խաղալ այնպիսի խաղեր, որոնք յիշողութիւն կը պահանջեն։ Մարզեցէք ձեր ճանչնալու կարողութիւնը՝ տեսնել-նկատելու հմտութիւնը։ Որեւէ տեղ գտնուելու պարագային փորձեցէք յիշել՝ քանի անձ տեսաք, անոնցմէ քանին կին էին, քանին՝ տղամարդ եւ այլն։ Մարզեցէք (տեսողական)-տարածութեան ընկալումը։ Յաճախ ձեր միտքը ունեցէք, թէ տան կահոյքի ո՞ր մասը ո՞ւր եւ ի՞նչ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի։ Մարզեցէք բանաւոր յիշողութեան ձեր կարողութիւնը։

ՇԱՂԻԿ ՍՐՈՒՐԵԱՆ

«Ապագայ», Գանատա

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2017