ՄԵՆՔ ՀԻՒԱՆԴ ԵՆՔ ԱԶԳՈՎԻՆ

Կիսագրագէտներս ու անարժաններս՝ մեր ազգը կը կործանենք: Հերիք է անարժանին պաշտօն տալ... Ու... մնացած գործը (հակահայ գործը) կ՚ընեն իրենք իրենցմով հիացած անբան հայանուն մարդիկ միայն ու միայն իրենց անձը պաշտամունք դարձնելու համար, միայն ու միայն իրենց գրպանի ու ժամանակաւոր շահի համար ու ԿԸ ԿՈՐԾԱՆԵՆ ԱՄԷՆ ԻՆՉ: Բայց նոյնիսկ պզտիկ պաշտօն ունեցող հիւանդ հայը չի գիտեր շատ կարեւոր բան մը... (ատոր մասին՝ թերեւս յետոյ՝ ուրիշ առիթով):

Հերիք է անարժան հայուն հասցնել որեւէ պաշտօնի, մնացածի համար պէտք չէ թշնամիի զօրքն ու զրահը: Այդ սեւ գործը կ՚ընեն նոյն իրենք (մենք)՝ կիսագրագէտները (կիսագրագէտներս): Հայոց պատմութիւնը՝ վկայ:

(…)

Կիսագրագէտ, անարժան մարդիկ, որ կարեւոր պաշտօններ ունին յաճախ, ԱՆՊԱՅՄԱՆ կ՚ընեն իրենց սեւ գործը՝ թշնամիէն աւելի լաւ ու կազմակերպուած: Ահա հիւանդ հայէ մը ուրիշ պատկեր:

Բայց մենք՝ կիսագրագէտներս ու ժամանակաւոր փառքի հասածներս, չենք գիտեր ուրիշ ճշմարտութիւն: Մտածեցէ՛ք քիչ մը, թերեւս գիտնաք:

***

Պատասխանելու համար հարցումի մը ըսեմ, որ հոգեկան հիւանդ հայը ուրիշ մոլորակի վրայ չ՚ապրիր: Ան ամէնուր է, հո՛ն, ուր հայութիւն կայ: Բացառութիւն չկայ: Այդ հիւանդ հայը մենք ենք՝ բոլորս: Մենք ենք, ես եմ, դուն ես, եթէ կ՚ուզես ճիշդը գիտնալ: Հիւանդ ենք ես եւ դուն, ու այդ հիւանդութիւնը անցողիկ չէ, ծանր է: Իսկ բուժումը... Այդ ալ հայու գործ չէ: Գոնէ հայկական ներկայ միջավայրերուն մէջ «փայլող» հայերու գործը չէ: Եւ նոյն իրենք ամենամեծ հիւանդներն են, եթէ կ՚ուզէք ճիշդը գիտնալ: Հիւանդ հայը ունակ չէ ոչ մէկ բանի: Ունակ չէ: Եղածն ալ կը կործանէ ուշ կամ կանուխ: Սուտ ու պատիր փառքը, կեղծ շքանշաններու փայլը կը կ՚ուրացնէ մեզ: Այնքան տկար ենք եւ կոյր, որ նոյնիսկ չենք տեսներ մեր ներկայ իրականութիւնը: Չենք տեսներ: Կ՚ապրինք երեւակայական մեր աշխարհին մէջ ու յաճախ կը սաւառնինք հեռուները՝ իրականութենէն կտրուած, մտացածին ու շինծու մեր մեծութեամբ հիացած: Հիւանդութիւնը խորունկ է եւ բուժումը՝ մասնագիտական հարց: Բայց ատիկա չի նշանակեր, որ տեսնողներ ու իրավիճակը ճիշդ ընկալողներ չկան: Ատոր համար (իրավիճակները զգալու համար) մասնագիտական կրթութիւն պէտք չէ ունենալ: Հերիք է խորանանք մեր շրջապատի մարդոց էութեան ու հոգեմտաւոր աշխարհին մէջ, գիտնալ անոնց նախասիրութիւնները ու հասկնալ անոնց մտաւոր մակարդակը, որ շատ ցած է ու խղճալի: Մեր մտաւոր մակարդակը ցած է, ու մենք՝ ես եւ դուն, թշուառականներ ենք միայն՝ մեր ժամ առ ժամ զարգացող դարուն ու ներկայ աշխարհին մէջ: Թշուառ, հիւանդ հայը ունակ չէ՝ դրական տեղաշարժեր ստեղծելու: Հայրենաշինութիւնը խօսք եւ լոզունգ չէ: Այդ Սփիւռքահայ եւ Հայրենաբնակ Հայու քրտնաջան, ամէնօրեայ նուիրուած աշխատանք է, որմէ հեռու են, շատ հեռու են մեր երեւելիները՝ բոլոր մակարդակներուն վրայ: Հայրենաշինութիւնը խօսք ու ճառ չէ: Ատիկա աշխատանք է: Յաճախ անխօս, լուռ ու մունջ աշխատանք է: Մեղուի նման աշխատելով միայն՝ կը կարենանք հերթաբար ծրագիրներ իրականացնել ու քայլ առ քայլ յաջողիլ: Իսկ աշխատելու համար ՊԷՏՔ է օգտուիլ ազգի մէջ թաքնուած ներքին զօրութենէն:

Մեծամիտներն ու իրենցմով հիացածները ունա՞կ են իրենցմէ բացի տեսնել ուրիշին եւ օգտուիլ ազգի ամբողջ ներուժէն: Հարցը շատ շատ պարզ է: Ո՛Չ: ԵՐԲԵՔ: Անոնք ունակ չեն ատիկա ընելու, հետեւաբար պէտք չէ շատ խանդավառուիլ իրենց աշխատանքներով եւ մեծ յոյսեր դնել այդ աշխատանքներուն վրայ, քանի որ ատոնք լաւագոյն պարագային պիտի ունենան ժամանակաւոր արդիւնքներ, իսկ իրենք իրենցմով հիացածները, ասուպի պէս կը յայտնը-ւին հայոց երկնակամարին վրայ, ու նոյն արագութեամբ ալ կը մարին: Ուրեմն ճիշդ է լրիւ անտեսել ժամանակաւոր ու անձի պաշտամունքին միտող բոլոր ծրագիրները ու կեդրոնանալ երկարատեւ, ազգօգուտ ու հայրենաշէն գործերուն վրայ: Ուրիշ ճամբայ չկայ:

Հոգեկան հիւանդ հայու աշխատանքը կը միտի անձի պաշտամունքին, ու իրենց գործի ազդեցութիւնն ալ անցողիկ է, սահմանափակ եւ անկարեւոր:

Մտածենք հիւանդ հայը բուժելու յոյժ կարեւոր հարցին մասին (մեր մասին, բոլորիս մասին): Մենք հիւանդ ենք ազգովին: Թերեւս հարցի արծարծումը ինքնին կը նպաստէ այս կարեւոր ու անյետաձգելի բուժման սկիզբը դնելուն, ու գործը նոր սկիզբ կ՚ունենայ: Կարելի չէ յապաղիլ:

ՌՈՒԲԻՆԱ ՄԱՀՏԵՍԻ ՕՀԱՆԵԱՆ

«Զարթոնք», Լիբանան

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2017