ՀԵՏԱԶՕՏՈՂԻ ԴԻՐՔԻ ՄԱՍԻՆ (Դ.)
Այս յօդուածաշարքիս առաջին երեք մասերուն վրայ հիմնուելով թերեւս կարելի է այնպիսի տպաւորութիւն ունենալ, որ Թուրքիոյ մէջ հայերն ու հայկականութիւնը հետազօտողիս հայ ըլլալը սոսկ բարդութիւններ յառաջացուցած է, եւ որ, ըստ այնմ, ոչ հայու մը համար աւելի արդիւնաւէտ պիտի ըլլար այսպիսի ուսումնասիրութիւն մը։ Բացարձակապէս այդ չէ պարագան։ Թէեւ ես ինքս ալ ինծի յաճախ, յատկապէս ուսումնասիրութեան նիւթի ընտրութեան ժամանակ, հարցուցած եմ, թէ արդեօք սխալ կ՚ընե՞մ, արդեօք հայ ըլլալս կը թուլացնէ՞ հայոց մասին հետազօտութիւն մը, այդ ալ Թուրքիոյ մէջ։ Այսքան տարուայ փորձառութենէ ետք, ահա, ինքզինքիս թոյլ կու տամ պնդելու հակառակը. մեծ հաշուով հայ ըլլալս առաւելութիւն էր, նոյնիսկ բախտաւորութիւն։ Անշուշտ նախորդիւ հաշուած անպատեհութիւններս իրականութեան մաս կը կազմեն, բայց անոր մէկ երեսակն են միայն։ Անոնց զուգահեռ կան նաեւ հետազօտողիս հայկական դիրքաւորման բերած դրական ազդեցութիւնները նաեւ, նոյնինքն հետազօտութեան վրայ։ Այս սիւնակով կ՚անդրադառնամ անոնց, այսպէսով փակելով յետահայեաց ակնարկի եւ մտորումներու այս շարքս։
Նախ՝ անձնական, ենթակայական, ինչու չէ նաեւ զգացական առընչուածութեան պարագան։ Այն, որ հետազօտութիւնս նաեւ այս կամ այն չափով ինծի՛ կը վերաբերի, որպէս իմ հաւաքական ինքնութեան ճիւղերէն ու մասամբ բախտակիցներէն մէկը ուսումնասիրող աշխատանք, երկարատեւ պեղումը կը դարձնէր իրաւամբ հետաքըրք-
րական, գրաւիչ ու բաւարարող։ Զուտ մասնագիտական եւ տեսական հետաքրքրութեան վրայ կու գար աւելնալ խանդավառութեան յաւելեալ շերտ մը, օրինակ, երբ կը հանդիպէի Սասուն ծնած, Սասնայ բառբար խօսող մարդոց, կամ տակաւին պիթլիսաբնակ, մուշաբնակ հայերու, կամ, աւելին, այս կամ այն առումներով գաղափարակից պոլսահայ երիտասարդներու։ Այս բոլորը, համոզուած եմ, երկարատեւ աշխատութեանս տուին անհրաժեշտ յաւելեալ հետաքրքրաշարժութիւն մը, առանց որուն ամէն ինչ տարբեր, հաւանաբար աւելի տափակ ու յոգնեցնող կրնար ըլլալ։
Երկրորդ, նաե՛ւ գործնական գետնի վրայ, հայ կամ նոյնի՛սկ լիբանանահայ ըլլալս եթէ մէկ կողմէն խոչընդոտած է հետազօտութեանս այս կամ այն առումով (տես նախորդ թիւերը), ապա այլ առումներով ուղղակի օգնած է նաեւ աւելի խո՛րը թափանցել կարենալու համար։ Ամէն բանէ առաջ երեւի պէտք է նշեմ հայկականութեան մասին ընդհանուր գիտելիքներու այն պաշարը, որ առանց յատուկ ջանքի, պարզապէս քսան-քանի տարի հայկական կեանքիս ընթացքին հաւաքած եմ, ինչպէս հայերու մեծ մասը, եւ որ բնական առաւելութիւն մը կու տար ուսումնասիրողիս։ Վարդանանցի մասին երբ նշուէր, օրինակ, կարիք չունէի ո՛չ գիրքեր բանալու, ո՛չ ալ նոյնիսկ զրուցակիցիս հարցնելու այդ մասին, թէեւ սպանացի կամ արաբ ուսումնասիրող մը թերեւս, կամ հաւանաբար, ունենար։ Ալ չեմ խօսիր շատ աւելի նուրբ հասարակաց գիտելիքներու մասին, մշակութային գաղտնաբառերու եւ ընդհանրութիւններու մասին...
Աւելի՛ն սակայն. ժամանակի ընթացքին կարողացայ իմ հայու ինքնութիւնս վերածել հետազօտական խաղաքարտի, ուղղակիօրէն գործածելով զայն հետազօտութեանս ընթացքին՝ տեղեկութեան եւ գիտելիքի նոր շերտեր բանալու նպատակով։ Մէջի հայս, օրինակի համար, երբեմն կը վերածէի գաղափարական մարտահրաւէրներ կարդալու գործիքի. «հայ»ուն այսպէս կամ այնպէս ըլլալը շեշտողին, ըսենք, երբեմն կը յաջողէի բերել իմ անձնական օրինակս որպէս հակասական պատկեր («ես ինքզինքս քրիստոնեայ չեմ համարեր, գործնապէս ալ քրիստոնեայ չեմ, ուրեմն հայ չե՞մ… Խնդրե՛մ…»), ինչ որ յաւելեալ զրոյցի եւ խորացման դռներ պիտի բանար։ Տակաւին, որոշ ժամանակ ետք պիտի նկատէի, որ թուրքիացի հայերէն շատերուն համար իմ արմատներով ակնցի, տէօրթեոլցի, ուրֆացի եւ քիլիսցի ըլլալս հետաքրքրաշարժ երեւոյթ էր, կարծես զիս ու զիրենք նոյնացնող, նոյն հարթակի վրայ դնող իրականութիւն… Ուստի, բնականաբար, պիտի սկսէի աշխուժօրէն շահագործել այդ հանգամանքը (նախնիներուս ականջը խօսի՛), երբեմն ամենէն սկիզբէն այդ մասին նշելով, հաղորդակիցներուս հետ մտրեմութիւն մը հաստատելու, սառոյցը հալեցնելու նպատակով. ու կը յաջողէր ընդհանրապէս։
Հայաստանէն ժամանած հայերու մօտ, հետաքրքրականօրէն, ակնցի-ուրֆացի-տէօրթեոլցի-քիլիսցիի ինքնութեանս հետազօտական դերակատարութիւնը իր վրայ կը վերցնէր «բեյրութի հայ»ը, որուն մէջ այդ մարդիկ կը տեսնէին խօսակից մը, Հայաստանի եւ հայկականութեան առումով իրենց պատկերացումներուն շատ աւելի մօտ քան պոլսահայերը. եւ զրոյցի (ու բամբասանքի…) դռներ էին, որ կը բացուէին. ինծի կը մնար, ուրեմն, դարձեալ գիտակցաբար խաղարկել ինքնութեանս այդ երեսակը։
Վերջապէս, թերեւս ամենէն աւելի քիչ շօշափելի բայց այնքան կարեւոր առաւելութիւնը կը կայանար նոյն Թուրքիոյ մէջ հայու պիտակը կրող մը ըլլալուս փաստին մէջ։ Ինչպիսի՜ առաւելութիւն… այն, որ ամէն հակահայ հայհոյախառն յայտարարութիւն կամ սպառնալիք կը զգայի նաեւ իմ մաշկիս վրայ անձնապէ՛ս, զիս առնուազն մասամբ կը մօտեցնէր Թուրքիոյ հայերուն, ու կ՚օգնէր մօտէն, ձեւով մը ներսէն հասկնալ զանոնք…
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
- վերջ -