ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ինչպէ՞ս պէտք է հասկնանք Առակացին հետեւեալ նախադասութիւնը. «Իր անարատութեանը մէջ քալողը արդար է, ուստի անոր որդիները իր ետեւէն երջանիկ պիտի ըլլան» (Առ 20.7):

Պատասխան. Անարատութիւն հոգեւոր առումով կը նշանակէ մաքրութիւն, սրբութիւն, առաքինութիւն: Այսինքն, այն մարդը որ առաքինի կեանքով կ՚ապրի, ինքզինք մաքուր կը պահէ աշխարհին իրեն առաջարկող կեղտերէն ու իր հոգին Աստուծոյ Հոգիով կը սրբէ, այդպիսին արդար է, աւելին Աստուածավախ:

Իսկ ի՞նչ են արդար մարդու մը յատկութիւնները: Արդար մարդը ո՛չ միայն ինք մաքրութեամբ, առաքինութեամբ եւ Աստուածավախութեամբ կ՚ապրի, այլ՝ իր զաւակներուն ալ եւս այդպէս կը դաստիարակէ: Անոնց կը սորվեցնէ, որ մարդուն համար առաջնայինը ո՛չ թէ աշխարհիկ զբաղումներն ու հարստութիւնները պէտք է ըլլան, այլ՝ Աստուած Ի՛նք: Երբ մարդուն համար առաջնային Աստուած ըլլայ, ապա մնացած բոլոր բաները իրենց տեղը կը գտնեն:

Առակագիրը կ՚ըսէ նաեւ, թէ արդար մարդուն որդիները իր ետեւէն երջանիկ պիտի ըլլան, ինչո՞ւ, որովհետեւ իրենց հայրը այս աշխարհէն մեկնելէն առաջ ո՛չ միայն իրենց սորվեցուցած է, թէ իրենց կեանքի Այբն ու Ֆէն Աստուած Ի՛նք է, այլեւ՝ այս կեանքէն մեկնելէ առաջ, զանոնք յանձնած է իրեն Երկնաւոր Հօր խնամքին, որով իր մեկնումէն ետք անոնք Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ ապրելով երջանիկ կ՚ըլլան:

Վերը հիմնականին մէջ խօսեցանք ֆիզիքական հայրերուն մասին, նոյնը եւ աւելին կը վերաբերի նաեւ հոգեւոր հայրերուն, խոստովանահայրերուն, որոնք բազմաթիւ հոգեւոր զաւակներ ունին:

Սուրբ Կիպրինաոսը այստեղ հայրութիւնը աւելի հոգեւոր հայրութեան վերագրելով, այսպէս կը բացատրէ այս համարը.

Փոփոխամիտ եւ թոյլ մէկը զաւակներուդ հայր մի՛ համարեր, այլ՝ քեզի վայել է որ հոգեւոր զաւակներուդ հայր դարձնես յաւիտենական Աստուածը, Ով անփոփոխ է: Անոր տուէք ձեր հարստութիւնը, որ կը փափաքիք ձգել ձեր ժառանգներուն: ԶԻնք ժամանակի բոլոր փորձութիւններուն դէմ պահակ դարձուր անոնց վրայ, ինչպէս նաեւ պաշտպան ու երաշխաւոր՝ Իր աստուածային զօրութեամբ: Եթէ դուն զայն [ժառանգութիւնդ] Աստուծոյ վստահիս, ո՛չ ոք կրնայ ատոր սեփականութիւնը առնել, կամ գանձանակը յափշտակել, դատական անարդարութիւն ալ չի՛ հասնիր անոր, այլ՝ ժառանգութիւնդ ապահով կ՚ըլլայ, այնքան ատեն որ Աստուծոյ պահպանութեան տակ կը պահուի:

Այսպիսով, դուք ձեր ժառանգորդներուն ապագայ երանութիւններով կ՚ապահովէք:

Այս կը պահանջէ քեզմէ հայրական խնամքը՝ քու ժառանգներուդ հոգ տանելուն պահով, ապաւինելով Գիրքի ըսածին. «Տղայ էի եւ ծերացայ, բայց արդարը անտես եղած չտեսայ, կամ անոր զաւակը՝ հաց մուրացող» [Սղ 37.25]. ինչպէս նաեւ. «Իր անարատութեանը մէջ քալողը արդար է, ուստի անոր որդիները իր ետեւէն երջանիկ պիտի ըլլան» (Առ 20.7):

Հետեւաբար, եթէ դուն չես մտածեր երեխաներդ առաջնորդել եւ զանոնք հաւատքով ու բարեպաշտութեամբ պահպանել, ապա արժանի չես հայր կոչուելու, այլ՝ դաւաճան հայր մը կ՚ըլլաս, դո՜ւն, որ աւելի ուշադրութիւն կը դարձնես անոնց երկրաւոր ունեցուածքներով, քան երկնային ունեցուածքներով, որով զանոնք կը յանձնես սատանային եւ ո՛չ թէ Յիսուսին: Այդպիսով, դուն երկու մեղք կը գործես եւ կրկնակի ոճրագործութիւն կը կատարես.

ա. Այն, որ զաւակներդ իրենց Հօր՝ Աստուծոյ օգնականութեամբ չե՛ս ամրացներ:

բ. Այն, որ անոնց կը սորվեցնես իրենց ունեցուածքները աւելի սիրել՝ քան զՔրիստոս:

***

Որովհետեւ խօսեցանք, հոգեւոր հայրերու, խոստովանահայրերու մասին, մեր սիրելի ընթերցողներուն ներկայացնենք մի քանի մտածումներ այդ մասին:

Այսպէս, Եկեղեցւոյ Հայրերէն Որոգինէս, խոստովանահայր ընտրելու համար, հետեւեալ ուսուցումը կու տայ.

- Ուշադրութեամբ քննէ՛, թէ որո՞ւն մօտ մեղքերդ պիտի խոստովանիս: Առաջին հերթին պէտք է փորձես բժիշկին, որպէսզի գիտնաս թէ արդեօք կարողութիւնը ունի՞ տկարներուն հետ տկար ըլլալու եւ լացողներուն հետ՝ լալու: Ինչպէս նաեւ նայէ՛, եթէ կը կարծէ որ ցաւդ (մեղքդ) այնպիսին է, որ պէտք է իմացուի եւ բժշկուի խմբուածներուն ներկայութեամբ (այսինքն՝ հաւաքական խոստովանութեամբ եկեղեցիէն ներս): Ապա, հետեւէ՛ խրատին, եթէ բժիշկը փորձուած ու մասնագէտ է:

Սուրբ Օգոստինոս Երանելին կը գրէ.

- Մենք քահանային չէ որ կը խոստովանինք, այլ՝ Աստուծոյ, քահանային ներկայութեան, եւ քահանային բերանէն Աստուծոյ ձայնը կը լսենք՝ ուղղուած մեզի. «Հիմա մենք բոլորս Աստուծոյ ներկայութեան կանգնած՝ պատրաստ ենք լսելու ինչ որ Տէրը հրամայած է քեզի»:

[Այսինքն, խոստովանահայրերը Աստուծոյ խօսնակներն են, որոնք հաւատացեալներուն կը փոխանցեց Աստուծոյ թելադրութիւնները, երբեմն նոյնիսկ յանդիմանութիւնները: Ահա թէ ինչու, մարդ երբ խոստովանահայր պիտի ընտրէ, զգոյշ պէտք է ըլլայ եւ աղօթքով Աստուծմէ խնդրէ, որպէսզի իրեն ցոյց տայ ճիշդ անձը (Վ. Ք.)]:

Էմմանուէլ Քահանայ Նազարեանը կը գրէ.

Անկեղծութեամբ խոստովանելու համար ոչինչ պէտք է ծածկես քահանայէն, որովհետեւ ինչ որ այստեղ ծածկելու ըլլաս մէկ քահանայի առջեւ, դատաստանին օրը ստիպուած կ՚ըլլաս զայն ողջ աշխարհին առջեւ մերկացնելու:

[Վերը նշեցինք, թէ խոստովանահայրը Աստուծոյ խօսնակն է, այլ խօսքով Աստուծոյ ներկայացուցիչն է, հետեւաբար եթէ համարձակութիւն ձեռք ձգած ենք ու գացած խոստովանութեան, ապա ամէն ինչ անկեղծութեամբ պէտք է խոստովանինք քահանային առջեւ, գիտնալով թէ քահանային միջոցով Աստուծոյ է, որ կը ներկայացնենք մեր ներքին նեղութիւնը: Նազարեան Քահանային ըսածը, թէ՝ դատաստանին օրը ստիպուած կ՚ըլլաս զայն ողջ աշխարհին առջեւ մերկացնելու, լաւ հասկնալու համար, կարդանք Յովհաննէս Երզնկացիին հետեւեալ տողերը. «Քահանային ներկայութեան ձեր ունեցած փոքր վախով ու ամօթով կը փրկուիք այն մեծ ամօթէն, որ տիեզերական ահեղ հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ, այն մեծ կիրակին որ անփոխարինելի է՝ երբ մարդոց բոլոր ծածուկ ու գաղտնի գործերը պիտի յայտնուին։ Այդ վախը եւ ամօթը շատ աւելի սաստիկ է, երբ երկինքն ու երկիրը ի մի պիտի գան եւ ոչ ոք պիտի կարենայ ծածկել իր մեղքերը, այլ պիտի յանդիմանուի, ամչնայ ու դողայ մեծ հրապարակին վրայ։ Ամօթէն ետք գեհենի հուրին եւ յաւիտենական տանջանքին պիտի մատնուի սատանային հետ, որ մեղքերու առաջնորդ եւ ուսուցիչ է, եւ ուր աչքերը պիտի լան եւ ակռաները կրճտեն» (Վ. Ք.)]:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 85

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մարտ 12, 2024