Միջազգային Ահաբեկչութիւն Եւ Կենսոլորտի Ջերմացում

Անցեալ շաբաթ երկու իրադարձութիւններ գրաւեցին միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը. առաջինը՝ նախագահ Թրամփի որոշումն էր, որով ետ կը քաշէր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ստորագրութիւնը կենսոլորտի ջերմացման դէմ պայքարի՝ Փարիզի պատմական համաձայնութենէն, եւ երկրորդը՝ շաբաթավերջին Լոնտոնի ոճրափորձերու շարքը՝ ծայրայեղ իսլամապաշտներու կողմէ:

Երկու երեւոյթները կը խտացնեն ներկայիս մարդկութեան ապրած մեծագոյն երկու ողբերգութիւնները՝ միջազգային ահաբեկչութիւնը եւ երկրագունդի ապականումը՝ ճարտարարուեստական անպատասխանատու շահագործումներու պատճառով: Այս երկու երեւոյթները կը խնդրականացնեն մարդկութեան ընկերային ապրելակերպի այն բնատիպերը, որոնք զարգացած երկիրներու հպարտութիւնը կը հանդիսանան՝ ազատութիւն, ժողովրդավարութիւն, բազմազանութիւն եւ աշխարհասփիւռ շուկայական ազատականութիւն… հիմա բոլորն ալ հարցական կը դառնան:

Որքա՛ն ալ ազատականութեան կամ միջազգայնացման յանկերգը ջատագովեն, պետութիւնները ընդհանրապէս եւ մեծ պետութիւնները մասնաւորապէս, վերջ ի վերջոյ, կը հետապնդեն իրենց ազգային պետական պզտիկ շահերը: Կը մրցակցին իրարու հետ յաճախ ոտնակոխելով բարոյական եւ մարդկային ամենէն տարրական սկըզ-բունքները, կ՚անտեսեն մարդկութեան համայնական կենսական շահերը, այսինքն՝ կը զոհեն ընդհանուրին շահը, իսկ երկրորդ ու աւելի ծանրակշիռ խնդիրը՝ անխնայ կերպով կը շահագործեն երկրագունդի բնական պաշարներն ու կ՚ապականեն կենսոլորտը, որ կը սպառնայ գալիք սերունդներու ապագային, անոնցմէ խլելով բնական ու առողջ պայմաններու մէջ ապրելու կարելիութիւնը:

Միջազգային ահաբեկչութիւնը կարեւոր դեր ունէր Անգլիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նման երկու մեծ պետութիւններու դէպի պահպանողականութիւն առաջնորդուելուն, իրենց պատմականօրէն ազատական դիրքորոշումներէն հեռանալուն եւ ծայրայեղօրէն ինքնապաշտպանողական քաղաքականութեան դիմելուն մէջ:

Նոյնպէս, ապականութեան դէմ Միացեալ Նահանգներու նախագահին որոշումը ցոյց կու տայ ժողովրդավարական կառավարման համակարգին խանգարուած վիճակը, սահմանափակ էութիւնը, երբ ան կ՚ընտրէ նախագահ մը, որ կը զոհէ ընդհանրական շահը՝ յանուն նեղ ազգայինին, հակառակ միջազգային հանրութեան եւ գիտական լայն շրջանակներու յառաջ քշած փաստերուն:

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

«Նոր Յառաջ», Փարիզ

Երկուշաբթի, Յունիս 12, 2017