Պատ­ճառ­նե­րը, Ո­րոնք Թոյլ Չեն Տար Այ­լեւս Ա­նա­նուն Ըլ­լա­լու

Այսօրուան աշխոյժ, գերարագ եւ լայնատարած հաղորդակցութեան աշխարհին մէջ հետզհետէ աւելի եւ աւելի դժուար կը դառնայ ոեւէ անձի համար իր մտերմիկ առանձնութիւնը պահպանելը: Արդեօք այժմ ժամանա՞կն է ընդհանրապէս հրաժարելու այդ գաղափարէն:

Երեւակայէ՛, որ կը մտնես անծանօթներով լեցուն սենեակ մը: Թերեւս ճամբորդած ես նոր քաղաք մը: Ոչ ոք կը ճանչնաս, եւ ոչ ոք քեզ կը ճանչնայ: Ազատ ես ընելու այն, ինչ որ կ՚ուզես, կամ՝ որեւէ տեղ երթալու, կամ՝ խօսելու մէկու մը հետ: Ի՞նչ կը զգաս:

Թերեւս ձերբազատած կը զգաս ազգականներու կամ բարեկամներու դատողութենէն եւ նկատողութիւններէն: Թերեւս աշխոյժ կը զգաս՝ այս առիթը ըմբոշխնելու, կեանքը ապրելու համար քո՛ւ ուզած ձեւովդ, քո՛ւ արագութեամբդ: Բայց ինչ որ ալ ըլլան քու զգացումներդ, դուն կրնաս ապահով կերպով ենթադրել, որ կրնաս մտնել այս մեկուսացած կացութեան մէջ,  առանց հեռաւոր հաւաքականութեան կամ անձի մը հսկողութեան կամ հետապնդումին: Ճի՞շդ է:

Սխա՛լ: Այդ սենեակը երբ մտնես, կը կարծես, թէ անանուն մէկն ես: Ընկերամը-շակութային երեւոյթ մը, որ կ՚ապահովէ մտերմիկ առանձնութիւն եւ ազատութիւն: Բայց 2017 թուականին ատիկա գրեթէ մեռած է: Մեր դարու ամենէն հիմնական մար-տահրաւէրներէն մէկն այն է, թէ ինչպէ՛ս կրնանք ապահովել ազգային անվտանգութիւնը եւ մեր կեանքերը բարելաւել արհեստագիտութեան միջոցով, նոյն ժամանակ՝ պահպանելով առանձնութեան հիմնական իրաւունքը, որ կը թուի, թէ գոյութիւն ունեցած է մարդկութեան պատմութեան սկիզբէն: Սակայն բազմաթիւ միջոցներով իրարու կապուած մեր թուայնացած մարդկային ընկերութեան մէջ գրեթէ անկարելի է անանուն մնալը:

ՀԱՄԱՑԱՆՑԸ ՄԵԶ ԴԱԴՐԵՑՈՒՑ ՀՈԳ ԸՆԵԼԷ

Անանուն, անյայտ մնալը մարդկային իւրայատուկ փորձառութիւն մըն է: Ատիկա այն գաղափարն է, որ մենք բոլորս ունինք աշխարհին ներկայացնելիք ինքնութիւններ, բայց որոշ պարագաներու բերումով կրնանք անջատել, քօղարկել այդ ինքնութիւնը եւ գործել բացարձակ գաղտնութեան մէջ:

«Մենք կարիքը ունինք հանրային ինքնութեան՝ նաւարկելու համար ընտանիքի, բարեկամներու, գործընկերներու, մեր նմաններու ընկերային աշխարհին մէջ: Բայց մենք նոյնպէս կարիքը ունինք առանձին, մտերմիկ ինքնութեան, ներքին տարածութեան մը, ուր անկախ արտաքին ազդեցութիւններէ՝ մենք կրնանք առանձին մնալ մեր մտածումներուն եւ զգացումներուն հետ, ըլլալ՝ մեր հոգեկան աշխարհին հետ: Մեր ինքնութիւնը երկուքին խառնուրդով կազմուած է: Առանց մէկուն, կամ միւսին, մեր բարօրութիւնը դիւրաւ կը խանգարուի», կ՚ըսէ Նիւ Ճըրզիի Ռայտըր համալսարանի հոգեբանութեան դասախօս, «Սայքոլոճի օֆ սիպերըսփէյս»  գիրքի հեղինակ Ճոն Սիւլըր:

Անանուն ըլլալը մեզի թոյլ կու տայ փորձել նորութիւններ կամ արտայայտել միտքեր՝ առանց քննադատուելու: Փենսիլվանիոյ Քառնեկի Մելոն համալսարանէն հետազօտողներ հրատարակեցին ուսումնասիրութիւն մը, որուն մէջ կատարեցին ման-րակրկիտ հարցազրոյցներ՝ չորս ցամաքամասներէ տասնեակ մը համացանց օգտագործողներու հետ: Օրինակ, մասնակից մը ստեղծած է անանուն առցանց համայնք մը՝ անգլերէն սորվողներու համար, որպէսզի գործնականի վերածեն իրենց լեզուական հմտութիւնները: Անանուն մնալը իրենց օգնած է աւելի լաւ դասաւորելու իրենց կեանքի որոշ ասպարէզները: Այլ մասնակից մը ըսաւ, որ ինք յաճախ կը յառաջացնէ հաղորդագիրներու էջ մը (message board)՝ օգնելու համար մարդոց լուծելու իրենց թեքնիկ հարցերը, բայց կը ցանկայ մերժել անբաղձալի յանձնառութիւններ, համացանցի անջատուած բնոյթին պատճառով:

Աւելի՛ն. համացանցի նման միջավայրի մը մէջ անանուն մնալը կրնայ օգնել ապահով պահելու անձնական անվտանգութիւնը:

«Մեր արդիւնքները ցոյց կու տան, որ տարբեր տարիքի մարդիկ երբեմն իրաւունք ունին անանուն մնալու», կը գրեն հետազօտողները 44 հարցազրոյցներ վարելէ ետք:

Բայց, ըստ այլ հետազօտական կեդրոնի մը, մինչ համացանցը օգտագործողներուն մեծ մասը կ՚ուզէ անանուն մնալ, սակայն անոնց մեծ մասը չի կարծեր, որ ատիկա ամբողջովին կարելի է: Ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ ամերիկացի համացանց օգտագործողներուն 59 առ հարիւրը կը հաւատայ, որ անկարելի է ամբողջովին ինքնութիւնդ առցանց գաղտնի պահել:

Մինչ կարգ մը մարդիկ կ՚առնեն հիմնական քայլեր, որպէսզի անանուն մնան՝ համակարգիչին մէջ ջնջելով փնտռտուքի պատմութիւնը (browsing history), բազմաթիւ օգտագործողներ, որոնք կ՚ըսեն, թէ կ՚ուզեն անանուն մնալ, այս քայլը չեն առներ:

Այս տարուան սկիզբը հրապարակուած ուսումնասիրութեան մը արդիւնքը բացայայտեց «մտերմիկ առանձնութեան յարակարծութիւն» (Privacy Paradox) կոչուածը. գաղափարը, որ մինչ մարդիկ կ՚արժեւորեն առանձնութիւնը, սակայն գործնականին մէջ ատիկա պահպանելու համար գրեթէ ոչինչ կ՚ընեն:

Մտածեցէ՛ք ատոր մասին. վերջին անգամ ե՞րբ կարդացիք այդ բազմաթիւ եւ երկար առանձնութեան քաղաքականութեան թարմացումները՝ նախքան «համաձայն եմ»ը հաստատելը: Առանձնութեան հանդէպ մեր վերաբերմունքը հետզհետէ աւելի անտարբեր եղած է:

Նոյնիսկ ոմանք կը պնդեն, որ նոյնիսկ վնասակար է քանի մը տեղեկութիւններ չհրապարակելը:

Աշխարհի տարածքին ասպարէզներու խորհրդատուներ կը շեփորահարեն արհեստավարժ անհրաժեշտութիւնը ունենալու բացայայտ հանրային ԼինքըտԻն նկար ամբողջական անունով, բոլոր մանրամասնութիւններով, աշխատանքի ամբողջական պատմութեամբ եւ աւելի…

Թերեւս ասիկա աւելի շատ մշակութային մեղմացում է՝ նախկին կաշկանդուած, ջղային վերաբերմունքի նկատմամբ:

Ես կը յիշեմ առաջին անգամ համացանցը օգտագործելս: 1990-ական թուականներուն էր, իմ հօրս համակարգիչին վրայ: Այդ օրերուն համացանցի ծառայութիւն հայթայթողները շատ հեռու կ՚երթային, ծայրայեղական աստիճանի, օգտագործողները համոզելով, որ  չհրապարակեն նոյնիսկ տարրական տուեալներ իրենց հանրային դիմագիծներէն՝ անուն, քաղաք, նոյնիսկ սեռ, ազգային պատկանելութիւն:

Այսօ՞ր: Անձնական տեղեկութիւնները ազատօրէն կը շրջագային ամբողջ ցանցին մէջ, յաճախ՝ մեր կամքով. Ինսթակրամի մէջ հրապարակուած մեր եւ մեր սիրելիներուն ինքնանկարները (սելֆի), ամբողջացած՝ աշխարհագրական վայրի նկարներով: Ընկերային լրատու ցանցեր օգտագործողներ, որոնք մասնակից կը դառնան քաղաքական կռուըտուքի, ցեխարձակումներու եւ վիրաւորանքներու, հակառակ այն իրողութեան, որ իրենց յարձակումներուն թիրախը կրնայ դիւրաւ գիտնալ իրենց անուններն ու իսկական ինքնութիւնը:

«Մարդիկ հակում ունին կարծելու, թէ համացանցային տարածքը տեսակ մը երեւակայական տարածք է, առանց իսկական սահմաններու, տարածք մը, որ շատ լուրջի պէտք չէ առնել, եւ որ՝ ենթակայ չէ «իրական» աշխարհի օրէնքներուն եւ չափանիշներուն», կ՚ըսէ Սիւլըր:

Ընդամէնը քանի մը տարիներու ընթացքին համացանցին հետ ժողովուրդին յարմարաւէտութեան մակարդակը բարձրացած եւ հասած է այն կէտին, ուր տեղեկատուութեան փոխանակումը կրնայ ըլլալ անփոյթ, կամ անխոհեմ:

Անուանեցէ՛ք ատիկա մտերմիկ առանձնութեան յոգնութիւն, բայց մեր արհեստագիտական սարքերէն (բջիջային, համակարգիչ եւ այլն) եւ ընկերային ցանցերէն  մեր աճող կախուածութիւնը մեզմէ ոմանց տուած է ծոյլ վերաբերում՝ ամբողջովին անանուն մնալու հանդէպ:

Բայց ի՞նչ կը պատահի, եթէ դուն մէկն ես այն մարդոցմէ, որոնք  կը զգուշանան, կը խուսափին Ֆէյսպուքէն, ընկերային ցանցի մէջ ներկայութիւն չունի, եւ ծայրայեղութեան կ՚երթայ թուայնացած հետք ձգելու մէջ: Ներեցէ՛ք, ձեր անանուն մնալը եւս վտանգուած է:

ՑԱՆՑԷՆ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼԸ ԱՄՐԱՆԱԼ ՉԷ

Մինչ Ֆէյսպուքը շրջանցելը լաւ միջոց մըն է անջատուելու, սակայն տակաւին կան միջոցներ, որոնցմով  մարդիկ կրնան հետախուզել ձեր ինքնութիւնը:

Փոլ Օհմ՝ Ուաշինկթընի Ճորճթաուն համալսարանի իրաւաբանութեան դասախօս, կ՚ըսէ, որ կայ «միջազգային անանունութիւն» եւ «մակաբերական անանունութիւն». առաջինը մեր ընտրածն է՝ ապահով ըլլալու, երկրորդը կը վերաբերի տուեալներուն, որոնց միջոցով Կուկըլ խուզարկելով՝ ձեր մասին կրնայ առցանց «եզրակացնել», այսինքն միայն տուեալ մը օգտագործելով՝ անձնական տեղեկութիւններու կոյտ մը կը կազմէ ձեր մասին:

Արհեստագիտական սարքերէն (բջիջային, համակարգիչ եւ այլն) եւ ընկերային ցանցերէն  մեր աճող կախուածութիւնը, կը մաշեցնէ մեր անանուն մնալը: Եթէ նոյնիսկ դուք ընկերային ցանցեր չէք օգտագործեր, ծանուցողներ կրնան ձեր առցանց հետքերը գտնել:

2017-ին ամբողջովին անանուն ըլլալու մասին խօսելով՝ Օհմ կ՚ըսէ. «Հետզհետէ աւելի յստակ կը դառնայ, որ ասիկա պարտուելու խաղ է: Մինչեւ այն ատեն որ մէկը բան մը գիտէ ձեր մասին, անոնք հաւանաբար նաեւ այլ բաներ պիտի գտնեն ձեր մասին, եւ ատիկա՝ անցեալէն աւելի յաջող ընելով»:

Եթէ դուք ընկերային ցանցի մէջ աշխոյժ էք, ատիկա կրնայ նշանակել հին բոցեր, կամ երկար ատենէ ձեր կորսնցուցած դասընկերները չեն կրնար գտնել ձեր հետքը: Բայց ատիկա չի նշանակեր, որ դուք անանուն մնացած էք խոշոր ընկերութիւններու, կառոյցներու, կամ  կառավարութեան համար:

«Այժմ շատ աւելի դժուար է ըլլալ անանուն, քան ատիկա եղած է քսան տարի առաջ», կ՚ըսէ Փիթըր Սուայր՝ իրաւաբանութեան դասախօս, որ  Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի խորհրդականներէն եղած է:

Ծանուցումի ասպարէզի մարդիկը ձեր համացանցային սովորութիւնները կը յայտնաբերեն ձեր սարքերուն (բջիջային, թապլեթ եւ լեփթոփ)  միջոցով՝  գիտնալով սովորաբար ձեր գտնուած վայրերը, գնում-ներու շուկաները, օգտագործած կայքերը, եւ աճող տարակարծութիւններ կան այն մասին, թէ համացանցի ընկերութիւններուն պէ՞տք է արտօնուի  հետեւելու եւ վաճառելու երրորդ անձերու:

Այս տարեսկիզբին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ստորագրեց օրէնք մը, որ կը ջնջէ համացանցային ընկերութիւններու պարտադրուած  պահանջները՝ արտօնութիւն ստանալու  յաճախորդներէն, նախքան անոնց անձնական տուեալները (նոյնպէս օգտագործած սարքերն ու կայքերը) մատչելի դարձնելը:

Սուայր կ՚ըսէ, որ մենք կ՚ապրինք «հսկողութեան ոսկեդարուն մէջ»: Եթէ դուք հետաքննուող անձ մըն էք, ձեր մասին դրամական եւ այլ տուեալներ, ձեր օգտագործած կայքերը յայտնաբերելը շատ դիւրին է: Եւ ատիկա կ՚ակնարկէ աւելի մեծ, լուրջ առանձնութեան, գաղտնութեան մտահոգիչ խախտումներու՝ համացանցային անվտանգութեան եւ թուայնացած ծառայութիւններու, որոնք կը պահեն ձեր դրամատնային տուեալները, հաշիւները եւ տան  հասցէները:

Այս օրերուն դժուար է անյայտ մնալը:

Աւելին կա՞յ:

Օհմ կ՚ըսէ. «Մենք կը մօտենանք ծանուցումի յաջորդ խոշոր սահմանին. ձեր գտնուած վայրին»:

Անշուշտ կայքերը կրնան ոչ մէկ ծանուցում արտօնել ձեր հետաքրքրութիւններու հիման վրայ համացանցին մէջ ձեր այցելած վայրերուն վրայ: Բայց ընկերութիւնները եւ ծանուցողները, որոնք կը հետա-պընդեն  ճարտարագիտական եւ առեւտրական գործարքներ, կրնան գտնել ձեր այցելած ճշգրիտ կայքը եւ նոյն պահուն ծանուցում հրապարակել հոն: Օրինակ, ծանուցումը կրնայ առկայծիլ ձեր բջջային հեռաձայնի պաստառին վրայ՝ ձեզի  ներկայացնելով  սակերը վաճառատան մը, որ կը գտնուի  ձեզմէ մէկ քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ:

Գործնականօրէն անկարելի է ապրիլ ամբողջովին առանց համացանցի կամ հաղորդակցութեան որեւէ սարքի:

«Այժմ վատ ժամանակ է լրտես ըլլալու», կ՚ըսէ Սուայր:

Այլ խօսքով, նոյնիսկ այն մարդոց համար, որոնց գործը պէտք է ըլլայ անանուն, դժուար է անանուն մնալ:

Այդուհանդերձ, կան բազմաթիւ դէպքեր, որոնց անանուն մնալը խնդրայարոյց է, նոյնիսկ՝ վտանգաւոր: Արդեօք ատոր մահը իրականութեան մէջ օրհնութի՞ւն է հանրութեան համար:

Վերջին ուսումնասիրութիւններու արդիւնքները ցոյց կու տան, որ բազմաթիւ մարդոց հոգը չէ համացանցային որոշ մակարդակի գաղտնութեան զոհաբերումը՝ առցանց հսկողութեամբ պայքարելու համար ահաբեկչութեան դէմ:

Անանունութեան Վախճանը Լա՞ւ Է

Սուայր կ՚ըսէ, որ անանունութիւնը յարաբերաբար նոր կառոյց է, եւ թէ՝ քաղաքներու աճը ատիկա զարգացուց: Ուրեմն մենք առանց ատոր ապրելու աւելի շատ ժամանակ սպառած ենք, քան՝ ատոր հետ ապրելու:

«Անանունութիւնը գոյութիւն չէ ունեցած հին ժամանակներուն մէջ, երբ ամէն ոք գիտէր միւսին գործը: Որոշ չափով քաղաքային կենցաղը ստեղծած է անանունութիւնը: Տարբերութիւնը այսօր այն է, որ նոյնիսկ մեծ  քաղաքի մը մէջ, մեզմէ իւրաքանչիւրը կը ձգէ հացի պատառներ, հետքեր, որոնց հետախոյզ մը կրնայ հետեւիլ», կ՚ըսէ Սուայր:

Ամէն պարագայի, ամբողջովին անանուն մնալու մեր գործունէութիւնը առաւել կամ նուազ չափով անպտուղ է: Համացանցին մէջ նոր զարգացումներու աճը, աւելի եւ աւելի սարքերու առօրեայ օգտագործումը, մեր անձնական տուեալները  գործուն պիտի դարձնեն, եւ ատոնք աւելի պիտի համարկուին մեր կեանքերուն:

«Այս մեծ անջատումը կայ: Արդեօք մենք կը հաւատա՞նք, հարցազրոյցի մը ատեն առանձնութեան մասին հարցումին մարդոց տուած պատասխաններուն, թէ համացանցին մէջ անոնց ունեցած սովորութիւններուն»:

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Օգ­տա­գոր­ծուած աղ­բիւր ՝ «­Պի.Պի.Սի.»
«Ազդակ», Լիբանան

Երկուշաբթի, Յունիս 12, 2017