Աշխարհի Տարօրինակութիւններէն
Ռիօ Տէ Ժանէյրօ, Պրազիլ Ընտանիքի Կազմութեան Նոր Հասկացողութիւն…
Ֆութպոլի նախկին աստղ Ռոնալտինօ (տես նկարը) պիտի ամուսնանայ յառաջիկայ Օգոստոս ամսուան մէջ։ Մինչեւ հոս արտակարգ ոչ մէկ դէպք, սակայն եկո՛ւր, տե՛ս, որ ան երկու աղջկան հետ միեւնոյն ժամանակ պիտի կնքէ այդ պսակադրութիւնը…
Ռոնալտինօ 2013 թուականին ծանօթացած է Քօէլհոյի (Coelho) հետ եւ 2016 թուականին՝ Սաուզայի (Souza) հետ եւ 2017 թուականի Դեկտեմբեր ամիսէն սկսեալ, անոնք շատ համերաշխութեամբ արդէն կ՚ապրին միասին։
Ուստի, երբ Ռոնալտինօ հանգստեան կը կոչուի 2018 թուականի Յունուար ամսուն վերջաւորութեան, անմիջապէս ամուսնութիւն կ՚առաջարկէ վերոյիշեալ իր երկու ընկերուհիներուն՝ նշանտուքի մատանի անցընելով անոնց աջ միջնամատերուն վրայ։
Թէեւ երկու կնկան հետ առանձին-առանձին ամուսնանալը ապօրինի է Պրազիլի մէջ, սակայն երբ պսակադրութիւնը կը կատարուի միեւնոյն ժամանակ, այդ պարագային արտօնուած է, հետեւեալ բացատրութեամբ։ Սա կը նկատուի պարզ քաղաքային միութիւն մը, այսինքն՝ կենակցութիւն, երեք անձերու միջեւ (a three-person civil union), որ արտօնուած է Պրազիլի մէջ։
Ես այս դրութիւնը պիտի որակէի «նրբացուցիչ դէպք յանցանաց», ճիշդ չե՞մ։ Տարբեր ժամանակ կամ միեւնոյն ժամանակ ամուսնանալը ի՜նչ կը փոխէ կացութենէն, չեմ հասկնար: Ան հիմա երկու կին ունի եւ վե՛րջ։
Առ ի հետաքրքրութիւն ըսեմ, որ 2012 թուականին նմանօրինակ կենակցութիւն մը երկու կնկան եւ մէկ մարդու միջեւ տեղի ունեցած եւ արտօնուած է Պրազիլի մէջ։ Իսկ 2015 թուականին ալ նմանօրինակ կենակցութիւն մը երեք կիներու միջեւ դարձեալ տեղի ունեցած եւ արտօնուած է։ Այդ կիներու արտօնութիւնը շնորհուած է այն հիման վրայ, որ անոնք միասնաբար զաւակ մը պիտի որդեգրեն եւ մեծցնեն։ Որո՞ւն վրայ կը խնդան ասոնք, չեմ հասկնար…
Սիրաքոյզ, Նիւ Եորք Զաւակի մը Ոդիսականը…
Մայքըլ Ռոթոնտօ (տես նկարը) 30 տարեկան է, անգործ եւ կը բնակի իր ծնողքին տան գետնայարկը (basement)։ Ան ամուսնալուծուած է եւ ունի 8 տարեկան մանչ զաւակ մը։
Ամերիկայի մէջ կար ժամանակ, երբ զաւակը 18 տարիքը թեւակոխելէ ետք պէտք էր հեռանար իր ծնողաց տունէն։ Իսկ հիմա կացութիւնը բոլորովին փոխուած է։ Զաւակներ համալսարանական ուսումը ստանալէ եւ գործի սկսելէ ետք կը վերադառնան իրենց հօրենական տունը, որովհետեւ առանձին ապրիլը սուղ է։ Առաւել, անոնք պէտք է նախ իրենց ուսման համար փոխ առած գումարը (loan) վերադարձնեն…
Վերադառնալով Մայքըլին՝ ծնողքը կը պահանջէ, որ ան տունէն հեռանայ։ Բայց Մայքըլ, առարկելով, որ անգործ է, չ՚անսար ծնողաց պահանջին։ Եւ ահա կը ծագի վէճ, վիճաբանութիւն եւ արդիւնքը կ՚ըլլայ՝ հաւատաք կամ ոչ, դիմել դատարան։
Եւ ի՞նչ կը խորհիք, որ դատաւորը վճռէ։ Ան կը վճռէ ի նպաստ Մայքըլի ծնողաց եւ կը պահանջէ, որ Մայքըլը շուտով հեռանայ իր բնակած գետնայարկէն։ Մայքըլ կը խնդրէ, որ գոնէ վեց ամիս ժամանակ տան իրեն, որպէսզի կարողանայ յարմար տուն մը գտնել եւ պարպել գետնայարկը։
Կրնա՞ք երեւակայել, որ ծնողք մը դատարան դիմէ՝ զաւակը տունէն հեռացնելու համար։ Ես կը կարծեմ, որ ոեւէ հայ ծնողք չի կրնար նման քայլ մը առնել իր զաւկին նկատմամբ։ Օրինակ վերցնենք իմ ընտանիքէս՝ երկու զաւակներս 30-ը անց են, կ՚աշխատին եւ մեզի հետ կ՚ապրին։ Միթէ՞ պէտք է վռնտեմ զիրենք, քաւ լիցի:
Սակայն հոս Ամերիկա է եւ ամէն ինչ կրնայ պատահիլ, գէթ ամերիկեան ընտանիքներէն ներս։ Հազար ափսո՜ս…
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ