ՄԻԱՅՆ ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԵԱՄԲ. ԱՅՆ ՄԱՍԻՆ, ԹԷ ԻՆՉՊԻՍԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԸ ՀԱՍՆԻՆ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅԵՐԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Երբ Սուրիոյ պատերազմը ընթացք առաւ, ոչ ոք կը մտածէր, թէ այդքան մեծ թիւով հալէպահայեր Երեւան պիտի հաստատուին։ Դէպքերը շատ արագ զարգացան եւ երբ ռազմական գործողութիւնները հասան Հալէպ, մեծ թիւով հալէպահայեր իրենց շունչը քաշեցին Երեւանի մէջ։ Ժամանակ մը սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն հարցերով զբաղեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութիւնը, որուն կողմէ ալ հրապարակուած կարգ մը տեղեկագիրներու մէջ կը նշուի, թէ Հայաստան ժամանած սուրիահայերու թիւը հասած է 25 հազարի։ Անշուշտ այս տուեալը տարուբերուեցաւ, որովհետեւ մեծ եղաւ թիւն անոնց, որոնք զանազան պատճառներով Երեւանէն ընդմիշտ հեռացան։ Մեր հայրենակիցներու Երեւանէն հեռանալու գլխաւոր պատճառը անշուշտ աշխատանքային դժուարութիւններու եւ առօրեայ ապրուստը լիարժէք կերպով շահիլ չկարենալու հարցն էր։ Այլ հարց է, թէ անոնք ինչ պայմաններու տակ կ՚ապրին այսօր Շուէտի, Գանատայի, Գերմանիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ, սակայն յստակ կը դառնար, որ հեռացողներու մեծ տոկոսը կը պատկանէր, ինչպէս ընդունուած է ըսել՝ սուրիահայերու միջին խաւին։

Անոնք՝ այդ հատուածը ամենէն աւելի ունակ էր նոր աշխատանք ստեղծելու, նոր գործի սկսելու, զանազան նախաձեռնութիւններու… Տխուրն այն է, որ անոնց նոր աշխատանք մը ձեռնարկելու նախաձեռնութիւնն ու ոգին, այսօր մօտաւորապէս հալեցաւ վերոյիշեալ երկիրներու մեծ հալոցներուն մէջ։

Ի դէպ, այդ միջին խաւի անդամներէն շատեր, շնորհիւ իրենց ձեռներէցութեան ու նոր գործի մը մէջ նետուելու նախանձախնդրութեան, կարողացան հաստատ հիմերու վրայ կերտել իրենց նոր աշխատանքը, այս անգամ Երեւանի մէջ։ Բոլորս գիտենք, որ հալէպահայերը աշխատասէր, գործը սիրող, արդար քրտինքով աշխատող եւ իրենց գործին հանդէպ նուիրում ունեցող մարդիկ են։ Այս մօտեցումին լաւագոյն ապացոյցը անոնց ձեռք ձգած յաջողութիւնն է. յատկապէս եթէ հաշուի առնենք Երեւանի ընդհանուր պայմաններն ու նոր աշխատանքի մը սկսելու դժուարութիւններն ու առհասարակ տնտեսական միջավայրին մէջ այսօր առկայ մեծ ու փոքր խնդիրները։ Այդ երիտասարդներէն է Հալէպի մէջ գործող եւ բաւական մեծ յաջողութեան հասած «Ճաշարան Յակոբ»ի սեփանականատէրերէն Ճորճ Քիլիսլեանը։

Ինչպէս սփիւռքի հայութեան կարեւոր մէկ հատուածը, Ճորճ կը շարունակէ իր հօր հիմնած գործը, որ ընթացք առած է Հալէպի մէջ եւ այսօր արդէն մեծ թափով կը շարունակուի Երեւանի մէջ։ Վերջերս հանդիպեցայ Ճորճին եւ իրականացուցինք հետեւեալ հարցազրոյցը։

-Ի՞նչ պայմաններու տակ հեռացաք Հալէպէն: Եթէ պատերազմը չըլլար, արդեօք կը մտածէի՞ք Հայաստան տեղափոխուիլ:

-Մենք պատերազմի պատճառով Հայաստան փոխադրուեցանք, իսկ եթէ պատերազմը չըլլար, կը մնայինք Հալէպ, քանի որ հոն մեր կեանքը բոլոր իմաստներով դասաւորուած էր:

Մեր ընտանիքէն առաջինը ես ուզեցի Հալէպէն դուրս գալ, իմ հետ պատահած միջադէպին պատճառով: 2012 թուականի սկիզբն էր, ցոյցերը արդէն Տարհայէն Հալէպ հասած էին, ելեկտրականութիւնը սկսած էին կտրել երկար ժամերով, հրասանդեր սկսած էին իյնալ։ Այդ շրջանին, ես սովորականին պէս, աշխատանքային օրուան աւարտին ճաշարանը փակեցի, տուն պիտի երթայի (դէպի Ճալաա թաղամասը), ճանապարհին, հայկական գերեզմանոցին մօտերը ընդդիմադիրներ ճամբաս կտրեցին, զիս ինքնաշարժէն իջեցուցին, գրպաններս պարպեցին, ինքնաշարժս առին, գացին... Այդ դէպքը շատ ազդեց իմ վրայ, տեսայ որ այլեւս կեանքի ապահովութին չկայ, որովհետեւ շատ հանգիստ կրնային նաեւ ինծի վնաս հասցնել։ Իբր այդ ալ որոշում առի եւ ընտանիքիս ըսի, որ այլեւս չեմ ուզեր Սուրիա մնալ։ Ես փափաքեցայ, որ ընտանեօք հեռանանք, բայց իրենք ճիշդ նկատեցին քիչ մըն ալ համբերելը: Այսպէսով 2012-ին գացի Պէյրութ, ուր մնացի մինչեւ 2014-ի սկիզբը։ Յետոյ որոշ գործերու համար ստիպուեցայ Հալէպ վերադառնալ, բայց տեսայ, որ կեանքը առաւել վատթարացած է։ Ընտանիքս այդ վատ պայմաններու ներքեւ դեռ բաց կը պահէր «Ապու Յակոբ» ճաշարանը, ուր սկսած էին գալ «շապիհններ»։ Անոնք իրենց մէջքին զէքը, կու գային, գաւաթ մը կը խմէին, պատառ մը կ՚ուտէին եւ առանց հաշիւ փակելու կ՚երթային։ Հալէպի մէջ անտանելի դարձած էր վիճակը։ Այս պայմաններուն ներքեւ յաջողեցայ համոզել ընտանիքս, որպէսզի այլեւս գաղթենք Հալէպէն։ 2014-ի ապրիլին ընտանեօք հասանք Հայաստան։

-Դուք արդէն հաստատուած էք Երեւանի մէջ: Գո՞հ էք ձեր կեանքէն, ձեր աշխատանքէն, ձեր միջավայրէն: Ի՞նչ կրնաք ըսել այդ մասին:

-Այո՛, կրնամ ըսել, որ հաստատուած ենք, սեփական գործ ունինք, կ՚աշխատինք: Հաստատ, որ այլեւս հոս պիտի մնանք. ետդարձ չկայ, մանաւանդ իմ պարագային, որովհետեւ ես զինուորութիւն ըրած եմ եւ հիմա զիս ետ կանչած են որպէս պահուստային զինուոր, հետեւաբար ես Սուրիա չեմ կրնար վերադառնալ: Արդէն ամուսնացած եմ, կինս լիբանանահայ է, հոս հաստատուած ենք, մեր գործը լաւ հունի մէջ է։ Իսկ «Ապու Յակոբ»ը 60 տարուան պատմութիւն ունի, 1957-էն սկսեալ, կը փորձենք ամէն ինչ նոյն ձեւով շարունակել, նոյն անունը պահել եւ զայն ծանօթացնել բոլորին անխտիր։

-Ձեր գործունէութեան առընթեր զատողութիւններու հանդիպեցա՞ք Հայաստանի մէջ: Ի՞նչ խնդիրներ ունիք այսօր:

-Ո՛չ, ընդհանրապէս զատողութիւն չեղաւ, չհանդիպեցանք այդպիսի վերաբերմունքի, ընդհակառակը, մենք մեզի համար աշխատեցանք, ծանօթացանք շատ մարդոց, լաւ յաճախորդներ ունեցանք, միշտ քաջալերեցին մեզ ու ըսին. «Ապրիք, հոս մնացէք, մի՛ երթաք, ասիկա ձեր քաղաքն է»:

Իսկ թէ ի՞նչ խնդիր ունինք. մեզի համար գլխաւոր խնդիր կը մնայ այլեւս սեփական տուն, տարածք ունենալը։ Մեր վարձակալական վճարումները բարձր են. տունի վարձք, խանութի վարձք, ճաշարանի վարձք։ Այս մէկը մեզի համար մեծ հարց է, որովհետեւ մեր շահու, յոգնութեան մեծ բաժինը վարձքերու կ՚երթայ։ Եթէ մեր սեփական կալուածը ունենանք, այդ վարձքի համար ծախսուած գումարը որպէս շահ, մեր կեանքի բարելաւման, մեր զաւակներու ապագային պիտի ծառայէ: Մեր այս խոչընդոտները պէտք է հարթենք։ Անշուշտ չեմ գիտեր ինչպէս։ Թէեւ երկու ճաշարան ունինք Հալէպի մէջ, պէտք է զանոնք վաճառենք, սակայն ներկայիս դժբախտաբար կալուածներու առուծախը գրեթէ դադրած է այդ քաղաքին մէջ։

-Դուք յաջողեցաք ստեղծել սնունդի կէտ մը, ճաշարան մը, որ նաեւ մշակութային նորութիւն էր Հայաստանի ժողովուրդին համար՝ համի, հոտի, տեսակի, որակի առումով, ինչպէ՞ս կը գնահատուի ձեր աշխատանքը:

-Մենք մեր գործին մէջ կը փորձենք ամենալաւը ընել, որակը պահել։ Անշուշտ կը քաջալերեն մեզ եւ մեր մօտ յաճախորդներուն 70 տոկոսը Հայաստանի հայեր են, իսկ 30 տոկոսը՝ սփիւռքահայեր։ Ի դէպ, մեր գործի ոլորտի պարագային այն յաճախորդը, որ մեզի կ՚այցելէ եւ գոհ կը մնայ, իր ընկերոջ եւ բարեկամին խորհուրդ կու տայ, որ այսինչ տեղը համով պատառ կայ, կրնաք փորձել...: Անշուշտ մենք ալ միշտ որակը կը պահենք, հինգ տարի է մեր մօտ կու գան եւ միշտ նոյն որակը կը տեսնեն։ Այսպէսով եղած վըս-տահութիւնն ալ կը մեծնայ ու կ՚աճի։

-Ի՞նչ արժէք ունի ձեզի համար Հալէպը: Հիմա եթէ ետեւ նայիք, ի՞նչ կրնաք ըսել անոր անցեալին մասին, ձեր մէջ ի՞նչ յիշատակներ մնացին այդ քաղաքէն։

-Հալէպէն շատ լաւ յիշատակներ ունիմ։ Հոն շատ բան սորված եմ. հայկական դպրոց, եկեղեցի, ակումբ յաճախած եմ։ Իմ հայ ինքնութեան մասին ամէն ինչ Հալէպի մէջ սորված եմ։ Շատ ուրախ եմ, որ այդպիսի՝ հայկական մշակոյթով հարուստ միջավայրի մը մէջ մեծցած եմ։ Երկրի մը մէջ, ուր հայութիւնը պահպանուած է, որովհետեւ հիմա կը հանդիպիմ ուրիշ երկիրներէ հայերու, որոնք չեն գիտեր, թէ ի՛նչ ըսել է հայ ըլլալ եւ ինչ է հայութիւնը։ Անձնական, ընկերային, միութենական կեանքի բոլոր ապրումները մեզի համար մնացին յուշեր: Անշուշտ կը ցանկամ, որ Սուրիան աւելի լաւ ըլլայ, որպէսզի հոն մնացող հայերը քիչ մը աւելի հանգիստ կեանք ունենան. խաղաղութիւն կը ցանկամ մեր երկրին:

-Հալէպի մէջ ի՞նչ վերաբերմունք կար հալէպահայութեան հանդէպ. դուք տեղացիներու հետ շփում կ՚ունենայի՞ք:

-Հալէպի մէջ հայութեան հանդէպ միշտ յարգանք տեսած ենք, միշտ լաւ խօսած են մեր մասին։ Անշուշտ շաղուըւած ենք իրենց հետ, մանաւանդ բանակի մէջ ծառայելու ընթացքին։ Բանակի բոլոր ընկերներս արաբ էին. սիւննին ալ կար, տիւրզին ալ, ալեւին ալ. բոլորէն ալ միշտ յարգանք տեսած եմ մեզի հանդէպ: Նախքան պատերազմը այդպէս էր, բայց հիմա շատ բան փոխուեցաւ, այս մասին ես կրնամ շեշտել, որ ներկայիս՝ պատերազմէն վերջ վիճակը քիչ մը տարբեր է. ինչպէս կ՚ըսեն՝ «ակռանին աւելի զօրացաւ»։ Կրնամ ըսել, որ բաղդատմամբ նախկինին, ներկայիս քիչ մը տարբերութիւն կայ վերաբերմունքին մէջ:

-Ի՞նչ ըսելիք ունիք հալէպահայ երիտասարդներուն, որոնք պայմաններու բերումով ձգեցին իրենց ծննդավայրը եւ հեռացան՝ Լիբանան, Շուէտ, Գանատա եւ այլուր:

-Հալէպէն գաղթող ամէն երիտասարդ իր պարագաները ունի. ինչպէս ես հեռացայ քաղաքէն ու եկայ Հայաստան, ուր յաջողութեան հասայ։ Ինծի համար Հայաստանը ապահով եւ դէպի յառաջ ընթացող երկիր մըն է։ Իմ նման ուրիշներ ալ տեղափոխուեցան Հայաստան, ուր բախեցան դժուարութիւններու։ Անշուշտ անոնք որոշեցին Շուէտ, Գանատա կամ Լիբանան հաստատուիլ։ Ամէն մէկը իր պարագային համեմատ կը փորձէ կերտել իր ապագան։ Բոլորին յաջողութիւն կը մաղթեմ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունիս 12, 2019