«ՈՒՍՈՒՄՆ ՊԱՐՏՈՒՑ»
ՏԱՍՆԱԲԱՆԵԱՅ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՕՐԷՆՔՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԱՌ ՀԱՍԱՐԱԿ
«Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանները պահէ՛,
Որովհետեւ մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է» (Ժղ 12.13)
Բարոյական օրէնքը գործողութեան կանոնն է, որու հետ պարտաւոր ենք համաձայնեցնել մեր կամքը եւ գործերը, որպէսզի յաւիտենական երջանկութենէն չզրկուինք: Աստուած կ՚ուզէ, որ մենք այս բարոյական օրէնքը կատարենք՝ շարժուած ըլլալով հնազանդութենէ եւ Իր նկատմամբ ունեցած մեր սէրէն: Եւ, որովհետեւ բարոյական օրէնքը իւրաքանչիւր մարդու անհրաժեշտ եւ ընդհանուր պարտաւորութիւնն է, ուստի պէտք է, որ հետեւեալ չորս նշանները կամ պայմանները ունենայ.
ա) Օրէնսդիրը պէտք է մեզմէ բարձր ըլլայ, որպէսզի իրաւունք ունենայ հրամայելու եւ օրէնք տալու:
բ) Օրէնքը պէտք է պարզ կերպով տրուած ըլլայ, որպէսզի կատարողները կարողանան իմանալ, թէ օրէնքը ի՞նչ կը պահանջէ:
գ) Պէտք է մեզի այն բանը պատուիրէ, ինչ որ արդար է եւ մեր բնութեան համաձայն է:
դ) Օրէնքը պէտք է վարձք եւ պատիժ ունենայ, որպէսզի մեր վրայ ազդէ եւ մեր կամքը նուաճէ:
Այս նշանները ամբողջութեամբ Աստուծոյ օրէնքներուն մէջ կը գտնուին:
Աստուած Իր կամքը Իր խօսքով եւ մեր խղճմտանքով յայտնած է: Այս խղճմտանքի օրէնքներու մասին է, որ Պօղոս առաքեալ կը խօսի. «Հեթանոսները Աստուծոյ Օրէնքը չունին, բայց երբ բնականօրէն Օրէնքին պահանջները կը գործադրեն, Օրէնքը չունենալով՝ նոյնինքն իրենք են իրենց Օրէնքը: Անոնք ցոյց կու տան, որ իրենց սիրտերուն մէջ գրուած ունին պահանջները Աստուծոյ Օրէնքին, որուն կը վկայէ նաեւ իրենց խիղճը, երբ իրենց դատողութիւնները զիրենք կը յանդիմանեն կամ կ՚արդարացնեն: Այո՛, իւրաքանչիւրը իր ունեցած օրէնքով պիտի դատուի, այն օրը՝ երբ Աստուծոյ մարդոց ծածուկ գործերը պիտի դատէ Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով, ինչպէս որ աւետարանեցի ձեզի» (Հռ 2.14-16):
Այս օրէնքը, որ Բնական կը կոչուի, այնպիսի միջոց մըն է, որ կրնայ մեզ չարութենէն հեռացնել եւ Աստուծոյ մօտ տանիլ: Սակայն, ինքն ըստ ինքեան այս օրէնքը անզօր է, ինչպէս կը տեսնենք, որ բազմաթիւ մարդիկ կը մոլորեցնեն եւ կամ կը քնացնեն իրենց խիղճը, ուստի Աստուած Իր խօսքով մեզի ուրիշ օրէնք ալ տուած է, Հին եւ Նոր Կտակարաններու կամ Աստուածաշունչին մէջ, որ ամէն բան կը պարունակէ, ինչ որ մեր փրկութեան համար կարեւոր է: Աստուածաշունչին մէջ կը պարունակուին աստուածային օրէնքներ, որոնց մէջ կրնանք մեզի պատուիրուած բոլոր պարտաւորութիւնները գտնել:
Եբրայեցիներուն այն օրէնքները, որոնք իրենց քաղաքական վիճակին եւ պատմական ժամանակաւոր հանգամանքներուն կը վերաբերէին, դադրեցան: Սակայն, այն օրէնքը, որ բնական կապակցութեան վրայ հիմնուած է, որ մարդը Աստուծոյ եւ միւս մարդոց հետ կը կապէ, այդ բարոյական օրէնքը ընդհանուր է եւ մշտնջենաւոր, որ պարտաւոր ենք գործադրել մեր երկրաւոր եւ երկնաւոր կենաց երջանկութեան համար: Տասնաբանեայ պատուիրանները այս բարոյական օրէնքներուն մէկ մասն է: Այս բարոյական օրէնքն է, որ մեր բարի գործերուն համար կանոն պէտք է ըլլայ: Այս օրէնքներու մասին է, որ կը խօսի Քրիստոս. «Մի՛ կարծէք թէ եկայ Մովսէսի Օրէնքը կամ մարգարէներու ուսուցումները ջնջելու. չեկայ ջնջելու, այլ՝ ամբողջացնելու» (Մտ 5.17):
Տասնաբանեայ պատգամները մեկնաբանելու համար պարտաւոր ենք հետեւելու այն կանոններուն, որոնք Փրկիչը ցոյց տուած է մեզի Մատթէոսի Աւետարանին հինգերորդ գլուխին մէջ, ուր անկատար օրէնքները կ՚ամբողջացնէ եւ կը հերքէ այն սխալ մեկնաբանութիւնները, որով եբրայեցիներու ուսեալներն ու օրինականները կը մեկնէին Աստուծոյ Օրէնքը: Այս բարոյական օրէնքները ճշմարտապէս մեկնելու կամ բացատրելու համար, պարտաւոր ենք իմանալ.
1) Որ Աստուծոյ Օրէնքը հոգեւոր է, այսինքն՝ ոչ միայն արտաքին գործեր կը պահանջէ, այլեւ՝ մեր միտքը, մեր սիրտը, մեր զգացմունքը եւ մեր կամքը, ինչպէս որ եօթներորդ պատուիրանը բացատրելու ժամանակ Քրիստոս պարզապէս կը հասկցնէ մեզի՝ ըսելով. «Լսեր էք որ ըսուած է. «Մի՛ շնար»։ Իսկ ես կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ո՛վ որ ցանկութեամբ նայի ոեւէ կնոջ՝ արդէն իսկ իր սիրտին մէջ շնութիւն ըրած կ՚ըլլայ անոր հետ» (Մտ 5.27-28): Նոյնիսկ տասներորդ պատուիրանը՝ ցանկալը կամ ցանկութիւնը արգիլելով, պարզապէս կը յայտնէ, որ աստուածային օրէնքը հոգեւոր է:
2) Աստուած, որեւէ գլխաւոր յանցնաք արգիլելով, միաժամանակ կ՚արգիլէ նաեւ նոյն յանցանքներուն հետ կապ ունեցող բոլոր մեղքերը: Օրինակի համար, շնութիւնը արգիլելով՝ կ՚արգիլէ ամենէն փոքրիկ միտումները, ցանկութիւններն ու վարմունքները, որոնք շնութեան կ՚առաջնորդեն: Սուտ վկայութիւնը արգիլելով, կ՚արգիլէ բոլոր ի զուր եւ անմիտ երդումները (Տե՛ս Մտ 5.33-37):
3) Երբ Աստուած յանցանքը կ՚արգիլէ, անոր դիմաց առաքինութիւն կը պատուիրէ: Օրինակի համար, շնութիւնը արգիլելով՝ ողջախոհութիւն կը պատուիրէ: Վրէժխնդրութիւնը արգիլելով՝ անձնազոհութիւն կը պատուիրէ, որով կը պահուի եւ կը հաստատուի խաղաղութիւնը (Տե՛ս Մտ 5.38-41): Աստուած ատելութիւնը արգիլելով՝ թշնամիին նկատմամբ սէ՛ր կը պատուիրէ (Տե՛ս Մտ 5.43-47): Արարածին աստուածային պաշտամունք ընծայելը արգիլելով՝ կը պատուիրէ միա՛յն Աստուծոյ պաշտամունք ընծայել:
4) Որեւէ մեղք արգիլելով, Աստուած ամէն բան կ՚արգիլէ, ինչ որ կրնայ դէպի արգիլուած մեղքը տանիլ: Այսպէս, սպանութիւնը արգիլելով, անոր հետ միաշամանակ կ՚արգիլէ ատելութիւնը, նախանձը, բարկութիւնը, վրէժխնդրութիւնը, ցանկութիւնը, անարգ եւ նախատական խօսքերը, վէճը եւ վատ վարմունքը (Տե՛ս Մտ 5.21-22): Նմանապէս, որեւէ պարտաւորութիւն պատուիրելով՝ կը պատուիրէ ամէն բան, ինչ որ կը դիւրացնէ նոյն պարտաւորութեան կատարումը:
Հետեւաբար, այս կանոններուն հետեւելով, Տասնաբանեայ պատգամները կրնանք համաձայնեցնել Աստուծոյ բոլոր պատուիրաններուն հետ եւ միաժամանակ հասկնալ, որ Տասնաբանեայ պատուիրանները մեր պարտաւորութիւններուն ամփոփումն է:
Տասնաբանեայ պատուիրաններուն գլխաւոր հիմքը այս է, որ կայ մէկ Գերագոյն, Յաւիտենական, Արարիչ, Բարերար, Աստուած, ամենակարող եւ նախանձաւոր Աստուած, վարձահատոյց Աստուած. հետեւաբար, Աստուած՝ մարդուն գերագոյն բարութիւնը: Այս գլխաւոր վարդապետութեան վրայ հիմնուած է ամբողջ բարոյականութիւնը, որուն պատուանդանն է Աստուծոյ հանդէպ սէր՝ հնազանդութեամբ միասին, որ մեր բոլոր պարտաւորութիւններուն սկիզբն է: Աստուած ողորմած է այն մարդոց նկատմամբ, որոնք կը սիրեն զԱստուած եւ կը պահեն ու կը կատարեն Անոր պատուիրանները: Այս գլխաւոր պարտաւորութեան մէջ կը պարունակուին Աստուծոյ նկատմամբ բոլոր պարտաւորութիւնները, որոնք գրուած են պատգամներու առաջին տախտակին վրայ, իսկ երկրոդ տախտակին վրայ գրուած պատգամները կը պարունակեն նաեւ ընկերոջ նկատմամբ պարտաւորութիւնները: Մեր Աստուծոյ նկատմամբ ունեցած հնազանդութիւնը եւ սէրը կը բանայ մեր սիրտը ամէն բանի համար, ինչ որ մեզմէ հասարակութիւնը կամ մարդկութիւնը կը պահանջէ եւ կը բանայ անոնց պահանջածէն աւելի:
Տասնաբանեայ պատուիրանները կ՚արգիլեն նաեւ չար ցանկութիւնը, որ բոլոր չար գործերուն հիմքն է: Իր մէջ կը պարունակէ անձին նկատմամբ պարտաւորութիւններ, որ է մերժողութիւն կամ ինշխանութիւն անձին նկատմամբ: Արդարեւ, աստուածային օրէնքներուն բոլոր պարտաւորութիւնները շղթայի նման կապուած են իրարու հետ, որով կրնանք հետեւեալ ճշմարտութիւնները իմանալ.
ա) Տասնաբանեայ պատուիրանները ընդհանուր արդարութեան օրէնք է, որ կը հրամայէ բոլորին հատուցել, ինչ որ պարտաւոր ենք:
բ) Այն բնական իրաւունքներու գեղեցիկ համառօտութիւնն է, որ հինուած է մարդոց՝ Աստուծոյ եւ նմանին հանդէպ ունեցած անփոփոխ յարաբերութիւններուն վրայ:
գ) Այն, աստուածային ուխտ է, որու հետ կապուած են մարմնաւոր կամ ժամանակաւոր եւ հոգեւոր կամ յաւիտենական օրհնութիւնները: «Իր ուխտը, տասը պատուիրանները ձեզի իմացուց ու պատուիրեց, որ զանոնք ընէք եւ զանոնք երկու քարէ տախտակներու վրայ գրեց» (Բ.Օր 4.13):
դ) Այն, ճշմարիտ հիմքն է -գլխաւոր օրէնք- ամբողջ մարդկային միաբանութեան կամ ընկերականութեան, որով ազգերը կը կազմուին ու կը հաստատուին: Ան իրաւունքներ եւ պարտաւորութիւններ կը հաստատէ ընկերականութեան իւրաքանչիւր անդամին համար: Ան կը ծանուցէ եւ կը հաւաստիացնէ, որ Աստուած է գլուխը մարդկային ամբողջ միաբանութեան. ուստի, կը պատուիրէ զԻնք ճանչնալ որպէս ամենակարող եւ յաւերժական պաշտպան օրէնքներու:
ե) Տասնաբանեայ պատուիրանները կանոնաւոր Աստուածպաշտութեան հիմքն է: Անով կրնանք արժանաւոր կերպով պաշտամունք ընծայել Աստուծոյ եւ պահել արդարութեան ոգին, որովհետեւ Ան է, որ մեզի կը յիշեցնէ մեր պարտաւորութիւնները եւ մեր միտքը կ՚արթնցնէ՝ չմոռնալու մեր կոչումը եւ մեր մեծ նպատակը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 2
Վաղարշապատ