ՀՐԱ՞ՇՔ

-Ես չեմ հաւատար, ո՞ւր կը տանիս զիս:

Ըսաւ Հայկան ընկերուհիին, սակայն հետաքրքրութիւն մը կ՚աճէր ներսը. կ՚ուզէր երթալ, տեսնել, լսածներուն իրական կամ երեւակայական ըլլալը դատել...:

Հաւատքի տարբեր երեւոյթներուն կարելի է հանդիպիլ Լիբանանի մէջ: Ոմանք Մար (արաբ. սուրբ) Շարպէլի հրաշագործ զօրութեան կը հաւատան, ուրիշներ՝ Մարմարուն Մար Իլիասի, Ս. Ռիթայի...: Սուրբի մը արձանիկին կցուած զարդարուն կամարներ, պատերուն վրայ զետեղուած խորաններ ամէնուրեք կ՚երեւին. անոնք անցորդներուն խաչակնքումով օրհնանք կը սփռեն չորս դին: Բոլոր դաւանանքներու պատկանող լիբանանցիք կը հաւատան զօրութեանն անոնց:

Տարիներ առաջ, Պէյրութի մէջ Հայկան կը լսէ ճգնաւորի մը մասին, որ Խնշար անունով գիւղի կաթոլիկ եկեղեցիներէն մէկուն մէջ հրաշքներ կը կատարէր: Եկեղեցին շաբթուան որոշեալ երկու օրերը՝ կիրակի եւ հինգշաբթի, մինչեւ մուտքը խճողուած կ՚ըլլար: Երկրին տարբեր անկիւններէն ժամանող այցելուները կ՚ուզէին տեսնել օրհնեալ ձէթին յայտնութիւնը աղօթքներու ուղեկցութեամբ:

Հայկանի լսածը տասնմէկ տարեկան պատանիի մը քաղցկեղէ բուժուիլն էր: Պատանիին մօտ, բժշկական քննութիւններու հետեւանքով, յայտնուած էր աղիքային քաղցկեղ, որուն բուժման համար չունեւոր ընտանիքը կարգի կը սպասէր, որպէսզի առողջապահութեան նախարարութենէն նիւթական օգնութիւն ստանար եւ ըստ այնմ կարենար վիրահատել հիւանդ պատանին: Այս ընթացքին, մայրը որդին տարած էր ճգնաւորին մօտ, անոր աղօթքով յայտնուած ձէթը հաւատքով քսած պատանիին ճակտին, իսկ երբ հասած էր պահը բժիշկին այցելութեան եւ որոշեալ վիրահատութեան թուականին՝ հիւանդը ներկայացած էր եւ բժշկական անհրաժեշտ վերաքննութիւններու հետեւանքով բացայայտուած էր ուռեցքին անհետանալը: Բժիշկը հեգնանքով դիմած էր ծնողին՝ թէ ինչու ժամավաճառ կ՚ընէ զայն եւ ուրիշ հիւանդներու ժամանակը կը խլէ: Ծնողը հաւատքով բուժուած պատանին երջանկութեամբ տուն տարած էր:

Ճգնաւորը խորանին կանգնած նախ սկիհը մաքուր թաշկինակով մը կը սրբէր, ցոյց կու տար ժողովուրդին, ապա կը սկսէր աղօթել. ընթացքին սկիհը կը հանգչեցնէր արծաթեայ ափսէի մը մէջ, ապա վրան սպիտակ թաշկինակ մը կը ծածկէր եւ երբ աղօթքը աւարտէր՝ թաշկինակը կը վերցնէր եւ հրաշքով լեցուած վարդագոյն ձէթը կը պարպէր ափսէին մէջ. նախապէս պատրաստուած բամպակեայ գունդերը կը թաթխէր ձէթին ու մէկ առ մէկ ժողովուրդին կը բաժնէր: Ոմանք կուլ կու տային ձէթին թաթխուած բամպակը, ոմանք հաւատքով զայն կը պահէին ու կը տանէին հարազատներէն մէկուն. հրմշտուք, իրարանցում, մինչեւ որ վերջանային բամպակները ու պարպուէր եկեղեցին:

Հայկան, այդ օր, մասնակցեցաւ այս արարողութեան, տեղ մը գտած, նստած, ուշադրութեամբ կը հետեւէր ու աչքը սկիհին ու ափսէին տակ բաներ մը կ՚որոնէր, թերեւս լար մը, բարակ թափանցիկ խողովակ մը...:

«Այսօր մեր մէջ թերահաւատներ կան», յանկարծ նկատել կու տայ ճգնաւորը Հայկանի ուղղութեամբ նայելով: Հայկան իսկոյն կ՚անդրադառնայ ու դուրս կը սպրդի բազմութեան մէջէն՝ «Ես հոս ի՞նչ գործ ունիմ, այս աճպարարութիւնը տեսնելո՞ւ եկայ», կը խորհի ինքնիրեն:

Արարողութիւնը վերջ կը գտնէ, Հայկանի ընկերուհիները բամպակի կտորները երկիւղածութեամբ թաշկինակներու մէջ զետեղելով, պայուսակներուն մէջ կը տեղաւորեն: Հայկան ընկերուհիները տեսնելով կը պատրաստուի հոնկէ հեռանալ, երբ անոնցմէ մէկը՝

-Դուն առի՞ր,- կը հարցնէ բամպակի կտորին ակնարկելով:

-Չէ՛, չեմ ուզեր,- կը պատասխանէ Հայկան:

-Մինչեւ հոս եկար ու պիտի չառնե՞ս. քալէ՛, հիմա կը վերջանայ,- կը քաշքշէ զայն ընկերուհին ստիպողաբար:

Հայկան կ՚ենթարկուի ու բազմութեան մէջ կարգի կը մտնէ, աջէն ձախէն բացագանչութիւններ կու գան ականչին՝ «Կլլէ՛, հիմա՛ կլլէ, միտքդ փափաք մը դի՛ր ու կլլէ՛»...: Հայկան հասած է արդէն ու հնչիւններու ազդեցութեան ենթարկուելով բամպակի կտոր մը կուլ կու տայ եւ պարտականութիւնը աւարտածի մը հոգեբանութեամբ դուրս կ՚ելլէ բազմութիւնը նօսրանալ սկսող եկեղեցիէն:

Վերադարձի ճամբուն ինքնիրեն կը խորհի՝ «Երանի հատ մըն ալ տղուս համար առնէի»...

Օրեր անց, լաւ մաշկային բժիշկի մը մասին խօսք կը դառնայ Հայկանի բարեկամական շրջանակին մէջ: Հայկան իսկոյն բժիշկին հեռաձայնի թիւը կը ճարէ ու տղան կը կանչէ, որ ստուգէ թեւերուն վրայ ահագնացող գորտնուկներուն ճիշդ տեղը: Տղուն աջ թեւի արմուկին վրայ, մեծ կլոր գորտնուկ մը կար, այդքան մեծ, որ սկսած էր անտանելի երեւոյթ մը ունենալ ու անհանգստացնել տասնհինգամեայ պատանին: Իսկ ձախ դաստակին վերի հատուածին վրայ տասնեակ մը մանր գորտնուկներ աճած էին ու կը բազմանային հետզհետէ: Ամիսներէ ի վեր, Հայկան մի քանի բժիշկի այցելած էր արդէն եւ կը փնտռէր լաւագոյնը, որպէսզի տղան վստահելի ձեռքերու յանձնէր: Ահա, կարծես գտնուած էր բժիշկը եւ՝

-Տղա՛ս, եկո՛ւր, հանէ վերնաշապիկդ, նայիմ ճիշդ ո՞ւր են գորտնուկները, որ բացատրեմ բժիշկին. նոր բժիշկ մը գտայ, լաւ կ՚երեւի:

Ըսաւ ու վերնաշապիկը հանելուն պէս տղուն ձեռքերուն վրայ գորտնուկ որոնեց, երկար-երկար նայեցաւ. շօշափեց աջ ձեռքը, ձախը, անգամ մը եւս նայեցաւ... աչքերուն չէր հաւատար, գորտնուկները անհետացած էին..., իսկոյն յիշեց բամպակը, յիշեց իր միտքէն անցած խնդրանքը տղուն համար, յիշեց իր թերահաւատութիւնը, բայց տեսաւ զօրութիւն մը շօշափելի, տեսանելի, փաստ մը՝ իր ներսը բոյն դրած հաւատքին գոյութեան:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Յուլիս 12, 2019