ՄԱՅՔԻՆ ԱՂՕԹՔԸ

Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանն ենք: Շուրջ երկու ամիս հայրենիքը «վայելելէ» ետք, տէր եւ տիկին Ամերիկա կը վերադառնանք: Առաւօտ շատ կանուխ էր: Այդպէս էր մեր թռիչքի ժամը: Ճամբորդներու յատուկ շարքին մէջ, մենք առաջինն ենք օդանաւային ընկերութեան յատուկ պատուհանին դիմաց  եւ մեր մեծ պայուսակներով կեցած՝ կը սպասենք, որ պաշտօնեան մեզ իր մօտ կանչէ:

Ու երբ էրիկ-կնիկ ցած ձայնով սարէն ձորէն կը խօսէինք, յանկարծ լեցուն պայուսակներով, Նիւ Եորքի պէյզպոլի խումբի ազդանիշի գլխարկով, քիչ մը ճերմկած մօրուքով եւ քիչ մըն ալ լեցուն մարմնով բարձրահասակ մարդը ճիշդ մեր ետեւի շարքը բռնեց՝ հեւալով: Նախ կանգ առաւ եւ ապա մեզի յարգալից՝ «կուտ մոռնինկ» բարի լոյսով մըն ալ բարեւեց: Բարի սովորութիւն: Ինքնաբերաբար փոխադարձեցինք: Եւ ահա «գնդակը խաղացողներուն դիմաց նետուածի նը-ման»՝ մեր խօսակցութիւնը սկսաւ:

Անկեղծ ըսած, մեկնելով իր ճամբորդական մեծ ու երկար պայուսակներէն, նախ կարծեցի, որ կոլֆ խաղացող մըն էր այս մարդը, որ եկած էր մեր երկիրը խաղալու: Կինս պնդեց, որ լեռնագնաց մը ըլլալու էր: Հարցուցինք, նոյնքան ալ քաղաքավար: Կողակիցս ճիշդ էր: Եւ ահա արդէն սկսած էր մեր յարաբերութեան «հանգոյցը» քակուիլ:

Ու երկու կողմէ՝ հարցումներու տարափներ: Անուն, երկիր եւ ասոնց յաջորդող ինչո՞ւներու շարքեր: Նոր բարեկամութեան մը սկզբնաւորութիւնը յիշեցնող մթնոլորտ:

Անունը Մայք էր, Նիւ Եորքէն եւ արուեստագէտ:

-Ո՞ր լեռը բարձրացաք,- ըսի առաջին իսկ առիթով, արագ բառերով եւ հետաքրքիր աչքերով աշակերտի նման,- Արագա՞ծ:

-«Նօ՛, նօ՛, ո՛չ, ո՛չ, «օնլի «Էյրէրէտ», միայն՝ Արարատ:

Դէմքիս վրայ վայրկեանին զարմանք մը բռնեց: Բառերը զիս խոր մտածումներու մէջ նետեցին: Կարծես ինքնածին ու անհանգիստ բան մը կար մթնոլորտին մէջ: Հետաքրքրութիւն: Եւ ահա ինքնաբերաբար զինք երկար եւ աւելի մօտէն սկսած էի դիտել: Աչքերս մնացած էին չոր ու անհամբեր: Իսկ իր աչքերուն մէջ կարծես անմեղութեան կաթի անբծութիւնը կար: Այլ խօսքով, աչքերուն մէջ կարելի էր կարդալ գաղտնիք մը: Ու պատմեց:

Համալսարանի տարիներուն հայ դասընկեր մը ունեցած էր: Անոր պնդումով այս տարի իր արձակուրդը եկած էր անցընելու «Արմենիա»ի մէջ: Եւ որովհետեւ կիթառ նուագելու կողքին, իր «հապի»ներէն մէկն ալ լեռնագնացութիւնն էր, ուստի երկուքով որոշած էին բարձրանալ Արարատ: Քիւրտ «կայտ» առաջնորդի մը հետեւելով, փոքրիկ խումբ մը կազմած, ձիով, ջորիով ոտքերնին ձիւնին վրայ շատ զգոյշ քսելով եւ հազիւ քալել սորվող երեխայի մը քայլերով բարձրացած էին լեռը: Վտանգաւոր եւ նոյնքան ալ՝ հաճելի փորձառութիւն:

-Բայց ինչո՞ւ Արարատը,- ընդմիջեցի դէմքիս վրայ բռնելով կրկնակի հետաքրքիրի մը նայուածքը:

Բացատրեց: Կը պատկանէր Նիւ Եորքի մեծ եկեղեցիներէն մէկուն եւ անոր ալ խմբավարն էր, կիթառահար ու երգահան ըլլալու կողքին: Աւետարանէն սորված էր «պիպլիական» այս լերան մասին եւ միշտ ցանկացած էր տեսնել: Հիմա առիթը ներկայացած էր: Իր հայ դասընկերը առաջարկած էր բարձրանալ: Իր ուխտը կատարելու համար համաձայնած էր:

-Երբ լերան գագաթը եւ կամ մեր վերջին կայքը հասանք, մեր ընկերակիցներէն շատեր իրենց երկիրներու դրօշակները պարզեցին եւ նկարուեցան:

-Իսկ դո՞ւն, դո՛ւն ի՞նչ ըրիր,- հարցուցի նոյնքան ալ համարձակ:

Սանկ թեթեւ մը ժպտաց ու քանի մը անգամ մօրուքը շփեց ու շատ հանդարտ պատասխանեց.

-Ես ալ կիթառս հանեցի ու աղօթեցի, երգեցի (…),- ըսաւ ու երկար ժպտեցաւ գոհունակ:

Էրիկ-կնիկ կրկնակի ապշահար իրարու երես նայեցանք երկար եւ շուարած: Արդ, ինչպէ՞ս վստահիլ այս խօսքերուն: Մայքը քանի մը անգամ կրկնեց իր վերջին նախադասութիւնը.

«Ես,  այ փրէյտ, էնտ այ պեկտ» այո՛, ես աղօթեցի եւ խնդրեցի…

Այսքան: Ինքն ալ յուզուած կ՚երեւէր: Մեզի նման եւ կարծես՝ մեզի չափ: Ինծի համար այդ վայրկեանին խորհրդաւորը բառն էր, պատումն էր, յուշը եւ իր պատմելու ձեւը, որ լեցուցած էր մեր միտքն ու մեր հոգին եւ սրած՝ մեր երեւակայութիւնը: Անոր համար մեր գիտակցութեամբ, կարծես, խորացած էինք մեր ճակատագրի պատմութեան մէջ:

Այս բոլորը պատմեց անուշ ժպիտով մը, որ ողողած էր նայուածքս: Տաղանդ եւ քաջութիւն: Պատումը իջած էր ցած, մտքիս մէջ եւ զայն պեղած՝ խորունկ: Ու մենք երկուքով կապուած էինք ձայնին ու բառերուն, որոնք հալած էին իր բերանին մէջ:

«Աղօթեցի», ըսած էր ու՝ կրկնած: Մայքը իր քաջագործութիւն-սխրանքը պատմած էր լուսաւոր երաժշտութեան նման, անմիջական եւ մտերիմ: Պատմելէն ետք մեզի երկար նայեցաւ՝ հպարտ: Արդէն նայուածքն ու ձայնը թեթեւ ժպիտով մը ինկած էին սրտիս մէջ: Յուզուած ալ էինք ու՝ շշմած: Իսկ ինք կը ժպտէր: Իր ժպիտը կարծես յաղթական հով մը ունէր, վճիտ եւ անկեղծ:

Ի՞նչ մարդ էր այս մարդը: Ո՞վ կրնայ նկարագրել զայն: Ուրկէ՞ յանկարծ «բուսած էր» մեր դիմաց եւ այսքան վաղ առաւօտ եւ ան ալ՝ օդակայանին մէջ: Այս ի՜նչ զուգադիպութիւն: Ինչպէ՞ս մոռնալ այս մարդը: Արդեօք Մայքը կրցա՞ծ էր հասկնալ մեր հոգեվիճակը: Ուղղակի խանդավառիչ: Կարելի չէ բացատրել:

Հիմա, իմ կարգիս, իր աչքերուն մէջ կը փորձեմ դիտել Արարատը: Իսկապէս, որ իր բառերը մեզի պարտադրած էին յստակ իրականութիւն: Ալ ո՛չ մէկ կասկած: Համոզուած էինք: Մեր դէմ կեցած էր օտար մը, որ եկած էր տեսնելու Աւետեաց երկիրն ու անոր սրբազան լեռը: Երանելի իրողութիւն:

Երկիւղած եմ ու նոյնքան ալ՝ կախարդուած: Խորապէս ինքզինքս աւելի հայ կը զգայի: Հպարտ եւ անպարտ: Մայքը խօսած էր սրբազան ժայռերու, խոր լռութեան եւ երկնքի անմահութեան հետ: Անկասկած իր մէջ ալ ծնած էր աստուածայինը: Այս բոլորը՝ որովհետեւ ինք հաւատացեալ մը ըլլալով՝ քաջատեղեակ էր, որ հայոց երկիրը կրօնական էր:

Ապա վերջը, մեր յիշողութեան գետին վրայ, ինքնաբերաբար մեր միտքերը նաւարկեցին երկար եւ ալեկոծ: Ճիշդ էր, որ մեր հոգեկան սնունդը Արարատէն էր, ուրեմն այս օտարը մեզմէ առաջ տեսած ու առած էր այդ «մէկը»: Դարձեալ հայու ոգիս դժուար պայքարի մէջ էր, բայց նաեւ՝ տեսակ մը անօրինակ հրճուանք-հպարտանքով…

Ու կը հաւատայի, որ մարդոց կեանքին մէջ պահեր կան, որոնք չեն մոռցուիր: Այս մեր անակնկալ հանդիպումը այդ քիչ բացառութիւններէն էր:

Մայքը վստահաբար Արարատի գագաթին շուրջիններէն մինակը հանդիպած էր իր Ամենակալին: Հոն՝ մեր սրբազան լերան գագաթին, երկնքին հետ խօսած էր իր անկեղծ եւ անբիծ հաւատքով:

Երանելի էր հաստատապէս:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ուրբաթ, Յուլիս 12, 2019