ՖՐԱՆՍԱ ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ…
Ֆրանսան դէպի ո՞ւր։ Աւելի ճիշդը՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն դէպի ո՞ւր։ Սա հռետորական հարցում մը չէ, այլ դիտարկում մըն է, որովհետեւ վերջերս մեր ականտես դարձացը, կարելի է համարել աննախադէպ իրադարձութիւն։
Խօսքը Ֆրանսայի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին է։ Առաջին անգամ երկրի աջակողմեան ուժերը ապահովեցին այս աստիճանի յառաջխաղաց մը, որ կրնայ իր ստուերը տարածել քաղաքական ամբողջ համակարգին վրայ։ Հաւանական է, որ Մաքրոն շարունակէ իր նախագահական պաշտօնը մինչեւ 2027 թուականը, բայց եւ այնպէս, չի բացառուիր, որ իր իշխանութիւնը բաժնէ աջակողմեաններուն խորհրդարան հասած միւս ընդդիմադիր ուժերուն հետ։
Ֆրանսան երկիր մըն է, որ օրէնսդրական բաւականին բարդ դրութիւնով մը կը ղեկավարուի։ Ան բոլոր առումներով կը համարուի ո՛չ միայն Եւրոպայի ժողովրդավարութեան իսկական բազկերակն ու հանդիսավայրը, այլեւ կերպով մըն ալ՝ աշխարհով մէկ տարածուած ժողովրդավարութեան կողմնացոյցը։ Ի հարկէ, պէտք է հաշուի առնել կարեւոր հանգամանք մը, որ միայն չի պարփակուիր ընտրական սովորական կամ արտասովոր, կանխահաս կամ հերթական ընտրութեանց արդիւնքներով, այլ մանաւանդ՝ այդ բոլորով պայմանաւորուած գործընթացով կամ հետեւանքներով։ Ու այդ հետեւանքներուն զուգահեռ՝ հիմնական խօսողը միայն արդիւնքը չէ, այլ այն գործիչները, որոնք ճիշդ ընկալելով ստեղծուած իրավիճակը եւ յաճախ յօժարակամ կը հեռանան իրենց պաշտօններէն՝ առիթ տալով այլոց, որպէսզի շարունակեն իրենց գործը։ Հաւանաբար, Ֆրանսայի նախագահը այս մօտեցումով զգաց իր ոտքերուն տակէն հոսող ջուրերուն ծաւալը եւ աննախադէպութիւնը՝ առաջարկեց օգտուիլ երկրի Սահմանադրութեան ընձեռած առիթէն ու նախաձեռնեց կանխահաս ընտրութիւններու։
Անշուշտ, այս կէտին վրայ կը ծագին մեծ ու խորքային հարցումներ։ Թէ ի՞նչ պատճառներով Մաքրոն եւ իր առաջնորդած կուսակցութիւնը այս ժամանակներուն կ՚ապրին անբախտ օրեր… Յամենայնդէպս, բոլոր հանգամանքները երեւելի պիտի դառնան աւելի ուշ ու պիտի պարզուի, թէ Մաքրոն ինչքանով կ՚ապրի կամ պիտի ապրի իր քաղաքական քարիէրի ամենասուր ճգնաժամը։
Ֆրանսայի վերջին իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ հետաքրքրական հրապարկում մը կատարուած է ամերիկեան CNN-ի վրայ։ «Աջերու յաղթանակը Մաքրոնի քաղաքականութեան վախճա՞նն է», խորագրուած է նիւթը։
Նախագահ Մաքրոնի կեդրոնաձիգ դաշինքը ջախջախուեցաւ ընտրութեան առաջին փուլին՝ մինչ ծայրայեղ աջակողմեանները յաղթանակ կը տօնէին։ Թէեւ երկրորդ փուլին պատկերը փոխուեցաւ, սակայն վարչապետ Կապրիէլ Աթալի առաջին փուլէն վերջ ըսածները կը մնան յատկանշական. «Այս գիշեր տարբեր է միւս բոլոր գիշերներէն։ Ծայրայեղ աջակողմեանները իշխանութեան դարպասներուն մօտ են»։
Այնուամենայնիւ, թէեւ առաջին փուլէն վերջ երկրորդ փուլին ուժերու յարաբերակցութիւնը փոխուեցաւ, բայց դեռ ոչինչ վճռուած է:
Ի՞նչ սպասել յառաջիկային։
Ընդհանուր առմամբ, Ֆրանսայի մէջ ստեղծուած իրադրութիւնը կը համարուի ռումբ մը ընդդէմ աշխարհակարգի։ Ընտրութիւնները աշխուժութիւն յառաջացուցին ժողովուրդին մօտ. բացառիկ մասնակցութիւնը ինքնին խօսուն էր։ Սակայն այս հարցը կը վերաբերի նաեւ աշխարհին:
Ծայրայեղ աջակողմեան Մարին Լը Փէնի կուսակցութիւնը տխրահռչակ «եւրոսկեպտիկ» է, թէեւ դադրած է խօսելէ ամբողջական «Frexit»ի մը կամ Ֆրանսայի՝ Եւրոպական Միութենէն հեռանալուն մասին։ Աջակողմեան հիմնական կուսակցութիւնը յստակ ցոյց կու տայ, որ պիտի ձգտի տկարացնել Եւրոմիութիւնը եւ հաստատել աւելի մեծ վերահսկողութիւն՝ ֆրանսական պետութեան սահմաններուն եւ ինքնիշխանութեան վրայ: Իշխանութեան գալու պարագային, դաշնակցելով Իտալիոյ վարչապետ Ճորճիա Մելոնիի եւ Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի հետ, անոնց ծրագիրները Եւրոպայի տեսակէտէ կրնան շատ աւելի լուրջ հետեւանքներ ունենալ։ Եթէ աջակողմեանները իսկապէս գերիշխող ուժ դառնան, ապա սա լաւ նորութիւն կ՚ըլլայ նաեւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի համար: Լը Փէն շատ զուսպ է քննադատելու Ռուսաստանի ներխուժումը Ուքրայնա։ Նախապէս ան հիացմունք ալ արտայայտած էր Փութինին նկատմամբ։ 2022 թուականին Լը Փէն նաեւ կը յայտարարէր, որ պէտք է լքել ՆԱԹՕ-ի ռազմական թեւը, սակայն անոր կուսակցութիւնը նահանջած է այդ եզրանիշէն՝ պնդելով, որ ատիկա տեղի չ՚ունենար, քանի դեռ Ուքրայնայի մէջ պատերազմը կը շարունակուի:
Ընտրութիւններէն առաջ Լը Փէն կասկածի տակ կը դնէր հանրապետութեան նախագահի դերն ու լիազօրութիւնները երկրի ռազմական գործերուն մէջ։ Մինչդեռ Մաքրոն խոստացած է աւարտին հասցնել իր պաշտօնավարութեան ժամկէտը, որ կը շարունակուի մինչեւ 2027 թուականը: Ըստ Սահմանադրութեան, Ֆրանսայի մէջ նախագահը կը գլխաւորէ բանակը։ Մաքրոն յաճախ չի բացառեր Ուքրայնա զօրք ուղարկելը:
Նկատի ունենալով, որ Մաքրոնի կուսակցութիւնը այլեւս կը կառավարէ առանց Ազգային ժողովի մեծամասնութեան՝ միշտ արդիական է իր քաղաքականութեան վախճանին վերաբերեալ հաւանականութիւնը։ 2022 թուականի ընտրութիւններուն արձանագրուած սպասուածէն աւելի վատ ցուցանիշը ստիպած էր, որ ան դաշնակիցներ փնտռէ, կա՛մ օգտագործէ սահմանադրական միջոցները՝ նոր որոշումներու միջոցով իր քաղաքականութիւնը պարտադրելու համար։ Այժմ ստեղծուած նոր պատկերը կրնայ սկիզբ դնել անոր քաղաքական օրակարգի վախճանին: Մաքրոն ձախողման պատճառով կը պարտաւորուի վարչապետ նշանակել այլ կուսակցութեան մը թեկնածուն. բան մը, որու հետեւանքով քաղաքական հակառակորդը կը ստանայ կառավարութիւնը ղեկավարելու հնարաւորութիւն: Այժմու կացութիւնը կրնայ քաղաքական փակուղի մը ենթադրել Ֆրանսայի համար յառաջիկայ տարուան ընթացքին, ինչպէս նաեւ ճգնաժամ՝ նախագահ Մաքրոնի համար, որ, ըստ էութեան, այս բոլորը հրահրած է։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/22/2024