ԻՐԱՆ ՊԻՏԻ ՉՏԱՊԱԼԻ ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Արմակեթոն, կամ «Իրանը պատժելու օրերը հասան»… Ահա՛, այս բառերով կը նկարագրէին  ամերիկացի պատասխանատուներ Իրանի դէմ գործարդրուող պատժամիջոցները։ Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, որ գործի կը լծէր իր Դուիթըրի էջը, կը տեղադրէր իր պատկերը եւ փորձելով ներկայացնել ընդհանուր իրավիճակը՝ կը փորձէր ցոյց տալ պատիժներուն «ուժ»ը։

Ի դէպ, պատժամիջոցները ընթացք կ՚առնէին երկուշաբթի, նոյեմբերի 5-ին (այս գրութենէն ճիշդ մէկ շաբաթ առաջ), բանալով նոր էջ մը՝ Իրան-Միացեալ Նահանգներ ոխով եւ դառն էջերով լեցուն ծանր յարաբերութիւններու ընդհանուր պատմութեան վրայ։

Մինչ լրատուական կայաններ արագօրէն կը փոխանցէին, թէ պատժամիջոցները արդէն իսկ մտած են գործադրութեան փուլ, անդին թեհրանցիք փողոց դուրս կու գային՝ բողոքելու համար Ամերիկայի որոշումներուն դէմ։

Ընդհանուր պատկերը կը յիշեցնէր 1979 թուականի նոյեմբերի 4-ին Իրանի իսլամական յեղափոխութեան նախամուտի օրերը, երբ իրանցի հարիւրաւոր ուսանողներ կը յարձակէին Թեհրանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան վրայ ու պատանդ կը վերցնէին ամերիկացի տասնեակ դիւանագէտներ։

Իրանցի ժողովուրդի հոգեբանութեան մէջ առնուազն ամրագրուած մնացած է այդ տեսարանը… Բացայայտ է, թէ հակառակ անոր որ այդ դէպքերէն անցած են 39 տարիներ, սակայն իրանցի երիտասարդութեան ու յատկապէս երիտասարդութեան այն խաւը, որ օրկանիք կապ ունի իշխանութիւններուն հետ, այլ կերպով ըսած՝ կը համարուի երկրի գաղափարական խաւը, «վերանորոգուած» ատելութիւն կը տածէ ամերիկեան վարչակարգին դէմ։

Շեշտեմ նաեւ, թէ երկուշաբթի ամբողջ օրը ցոյցերը չէին դադրիր եւ յատկապէս իրանցի երիտասարդութիւնը կը լեցնէր մայրաքաղաք Թեհրանի գլխաւոր փողոցները, ի նշան բողոքի, ինչպէս նաեւ կերպով մը ամերիկացիներուն ըսելու, որ իրենք պատրաստ չեն տեղի տալու ամերիկեան նկրտումներուն առջեւ. որքան ալ դժուարին ըլլան պայմանները, կամ որքան ալ նեղ սեղմուի ամերիկացիներու պատկերացմամբ իրանցի ժողովուրդի վիզին դրուած պարանը։

ՌՈՒՀԱՆԻԻ ԱՌԱՋԻՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ

Պատիժներու տնօրինման լուրէն անմիջապէս ետք Իրան արագօրէն կը հակազդէր եւ երկու «մակարդակ»ներով կը պատասխանէր թրամփեան պատիժներուն։ Այսպէս, առաջին արձագանգը լսելի կը դառնար Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի բերնով, երբ ան առաւօտ կանուխ յայտարարութիւն մը կատարելով կը վստահեցնէր, որ երկիրը այս տագնապէն ալ պատուով դուրս պիտի գայ ։

Ռուհանի, որուն իշխանութիւնները ամիսներ առաջ թիրախ դարձած էին բաւական շեշտակի քննադատութիւններու, նաեւ ականատեսը՝ բազմահարիւր մարդոց բողոքի ցոյցերուն, կը խօսէր այլ լեզուով մը։ Ան կը շեշտէր, որ Իրան այսօր աւելի միակամ է քան երէկ ու այս միասնականութեան շնորհիւ է, որ իրանցիք պիտի յաղթանակեն։

Ռուհանիի բարձրացուցած երկրորդ հարցը կը վերաբերէր պատժամիջոցներուն դէմ առնուելիք քայլերուն։ Վերանորոգչական սկզբունքներով յայտնի Ռուհանի նաեւ կ՚ըսէր, թէ իրենք պիտի շարունակեն նաւթ արտածել ու այդ միջոցով պիտի կարողանան այրել ամերիկեան պատիժներու քարտը։

Իրանի խոհեմ առաջնորդին յայտարարութիւնները ցոյց կու տային նաեւ, թէ այսօր ընթացող Ուաշինկթըն-Թեհրան պայքարի հիմքը տնտեսական հարթութեան վրայ է ու խաղէն յաղթական դուրս կրնայ գալ միայն այն կողմը, որ այս պարագային պիտի կարողանայ դիմանալ պատժական տնօրինումներու ալիքին։

Իրանի կողմէ Միացեալ Նահանգներուն ուղղուած երկրորդ «պատգամ»ը կը լսուէր իրանեան երկինքէն։ «Ֆարս» լրատուական գործակալութիւնը կը հաղորդէր, որ Իրանի օդուժը նախաձեռնած է օդային ռազմափորձերու, այդպէսով նաեւ համալրելով ամերիկեան-իրանեան նոր լարուածութեան այս փուլի ընդհանուր տեսարանը։

ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԵՌԱՆԿԱՐԸ

Նախքան պատժամիջոցներու տնօրինման մասին յայտարարելը, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց, ինչպէս նաեւ ելմտական նախարարները հանդէս կու գային բաւական «հանգամանաւոր» խօսքերով։ Այսպէս, Մայք Փոմփէօ եւ Սթիվ Մանուչի համատեղ մամլոյ ասուլիս մը տալով կը կատարէին «կարեւոր» յայտարարութիւններ։ Իր կարգին, Փոմփէօ կը վստահեցնէր, որ իրենց համար թիրախը Իրանի ժողովուրդը չէր, իսկ Մանուչի կը յայտնէր, որ պատժամիջոցներուն հիմնական թիրախը միայն երկրի նաւթային ոլորտը «անդամալուծել» չէր, այլեւ՝ Իրանի ելմտային շուկան ու կարողականութիւնը, ինչպէս նաեւ փորձել ամբողջական «ֆինանսական պաշարման» առաջնորդել երկիրը։

ՃԵՊԱԶՐՈՅՑ՝ ՍԵՊՈՒՀ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ ՀԵՏ

Իրանի վերջին զարգացումներուն մասին իրական գնահատականներ ստանալու համար, հարկ էր հեռաձայնել Թեհրան։ Խօսակիցս Թեհրանի թեմի առաջնորդ Հ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանն է։ Սրբազանը նոր մուտք գործար էր առաջնորդարան ու յստակ ձայնով մը կը պատմէր այդ օր իր տեսածներուն մասին։

«Քաղաքը շատ բնականոն հունի մէջ է, իրանցինք անցնող տասը տարիներուն ձեւով մը վարժուեցան ընդհանուր պատժական իրավիճակին։ Տխուր բան կ՚ըսեմ, բայց այս է իրականութիւնը»։ Սրբազանին հարց կու տամ Թեհրանի ընդհանուր ապահովական իրավիճակին մասին, իսկ ան անվրդով ձայնով կը պատասխանէ «Ճիշդ է, որ բողոքի մթնոլորտ մը կայ, մարդիկ ու յատկապէս երիտասարդները փողոց իջած են ըսելու համար, թէ Ամերիկան սխալ ու անարդար է։ Շատ հաւանական է, որ այս ցոյցերը աւարտին օրուան աւարտով եւ կեանքը վերադառնայ իր նախկին հունին։ Անկէ զատ կրնամ ըսել, որ մայրաքաղաքը անվտանգ վիճակի մէջ է ու ոստիկանութիւնը ամէն կերպով իրգն վիճակած զանազան պարտականութիւնները լիուլի կը կատարէ»։

Սրբազան հայրը նաեւ կը պատմէ, թէ ինչ վիճակի մէջ է թեհրանահայութիւնը։ Ան կը նշէ, թէ Իրանի մայրաքաղաքի հայութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ գործող միւս թեմերուն շուրջ համախմուած հայութիւնը՝ կ՚ապրի ու պիտի շարունակէ իր կեանքը յար եւ նման իրանցի ժողովուրդին։ Սրբազանը կ՚ըսէ. «Մենք ալ մաս կը կազմենք այս երկրին, հետեւաբար մենք եւս կ՚ազդուինք ընդհանուր իրավիճակներէն։ Ներկայիս մեծ մտավախութիւններ չկան, բայց ինչպէս Թեհրանի, այնպէս ալ մեր միւս թեմերուն մէջ մեր ազգային մարմինները իրենց թելադրանքները կը կատարեն մեր կրօնական, կրթական, թէ մարզամշակութային կառոյցներուն, որպէսզի շարժին հիմք ընդունելով երկրին վիճակն ու յատկապէս հաշուի առնեն, թէ տնտեսական դրութիւնը ա՛լ աւելի կրնայ վատթարանալ»։

Սրբազան հօր հետ այս խօսակցութիւնը կ՚աւարտի դրական շեշտով եւ երկար տարիներէ ի վեր Թեհրանի հայոց պատմական թեմը հովուող առաջնորդ սրբազան հայրը աւելի քան վստահ է, որ Իրան այս փուլին եւս յաղթական դուրս պիտի գայ ներկայ տագանպէն։

ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Երբ խօսք կ՚երթայ «ամերիկեան պատիժներ» յղացքին՝ հարկ է յիշատակել, թէ ամէն առիթով, երբ Միացեալ Նահանգներ որեւէ երկրի դէմ պատժամիջոցներու կը դիմեն, այդ տնօրինման կը յաջորդէ ալիք մը զինուորական «ճնշիչ» գործողութիւններու, որոնք ալ կ՚աւարտին մասնակի կամ ամբողջական «գրաւում»ով։

Այս տեսակէտէ յստակօրէն կ՚ուրուագծուի Իրաքի պարագան, ուր Միացեալ Նահանգներ երկար տարիներու տնտեսական «ամպարկօ»էն ետք, անցաւ զինուորական գործողութիւններու փուլին ու օգտուելով յատկապէս Իրաքի նախագահ Սատտամ Հիւսէյինի մեծ «սայթաքում»էն եւ Քուէյթի դէմ կատարած ռազմական գործողութիւններէն, պատրուակ ունեցաւ եւ գրաւեց Իրաքը։ Տապալեց Սատտամ Հիւսէյինը, «հաստատեց» նոր կարգ ու կանոն, սակայն դէպքերէն գրեթէ երեսուն տարիներ վերջ կը շարունակէ համարուիլ քաոսային «կարգ ու կանոն»։ Հաւանաբար այդ շրջադարձային փուլին էր նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներ անդրադարձաւ, թէ Իրաքի ներխուժումը պարզապէս առիթ մըն էր իրեն համար ամրագրելու իր ներկայութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ եւ ամբողջ աշխարհին ըսելու՝ «տեսէք ես հոս եմ»։ Այդ դէպքերու ընթացքին բոլորիս ծանօթ է, թէ Միացեալ Նահանգներ Իրաքի մէջ մնաց կարճ ժամանակամիջոց մը, որմէ ետք թիրախ դարձաւ ներքին ընդդիմութեան գրոհներուն։ Ապա կամաց-կամաց հեռացաւ Իրաքէն, պահպանելով մի քանի կարեւոր ու ազդեցիկ համարուած զինուորական կեդրոնատեղիներ։ Նկատի առնելով Իրաքի մէջ պատահած դէպքերուն ամբողջական վերլուծումը՝ յստակօրէն կարելի է ըսել, թէ Միացեալ Նահանգներ մուտք գործեց Իրաք, տապալեց Սատտամ Հիւսէյինը (որուն հետ ատեն մը կը գործակցէր եւ կը զինէր), յետոյ հաստատեց ամբողջական «անկարգութեան» շրջան մը, որ զանազան մակարդակներու վրայ կը շարունակուի մինչեւ այսօրս։

Շատ հաւանական է, որ այսօր Միացեալ Նահանգներ կ՚ուզէ նոյն կերպով վարուիլ Իրանին հետ։ Այսինքն՝ տապալել յեղափոխութեամբ իշխանութեան հասած շիի համակարգը, ապա այդ քայլով քաոսի տանիլ տնտեսական, ռազմական եւ հասարակական կարեւոր դեր ունեցող Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը։

Այստեղ յստակ է նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներ ինչո՞ւ կը դիմէ այս քայլերուն, որոնց մասին կարելի է գրել աւելի ծաւալուն յօդուածով մը, սակայն խնդիրը այն է, որ Ամերիկայի այս նկտրումները այսօր չունին Եւրոպայի անմիջական նեցուկը։ Աւելի՛ն. ո՛չ միայն չունին Եւրոպայի նեցուկը, այլեւ՝ եւրոպական որոշ տէրութիւններ կը փորձեն ամէն գնով «յորդորել» Միացեալ Նահանգներուն, թէ վերափոխութեան ենթարկէ իր «կարծր» մօտեցումները եւ համաձայնութեան սեղան նստի իրանեան դաշտին մէջ չափաւորական նկատուող Ռուհանիին հետ։

Անշուշտ այս մօտեցումը դժուար «կլլուելիք» ճաշ է ամերիկացիներուն համար, սակայն Միացեալ Նահանգներու պէս հզօր գերտէրութեան մը համար երբեք դժուար չէ փրակմաթիք եւ արագ ձեւափոխումներ կատարել ու անցնիլ բանակցութեան սեղան։

Ամէն պարագայի այսօր աւելի քան երբեք յստակ սկսած է դառնալ, որ տնտեսական պատժամիջոցներու ամերիկեան «զէնք»ը՝ անզօր է իրականութիւն դարձնել ամերիկեան երազը... իսկ զինուորական ուղղակի միջամտութիւն մը կատարելու ամերիկեան որեւէ փորձ տեղ չունի։ Իրանի պարագային այն բացառուած է, մանաւանդ հիմա, երբ եւրոպական մեծ տէրութիւններուն համար Իրան չ՚ընակլուիր որպէս «հրէշ-թշնամի» մը, այլ անոր կը նայուի որպէս ապագայի պատուհանէն դուրս եկող վստահելի գործընկեր մը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2018