ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԸ

Նոյեմբեր 10-ին կ՚ոգեկոչենք հայ ժողովուրդի «Երկաթէ Շերեփ» պատգամած անմոռանալի ՀԱՅՐԻԿին՝ վանեցի Խրիմեան Մկրտիչ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի (1820-1907) վախճանումը։

Կ՚ոգեկոչենք յիշատակը Ամենայն  Հայոց Հովուապետին, որ իր հօտը առաջնորդեց պատմականօրէն ծայր աստիճան բախտորոշ ժամանակաշրջանի մը մէջ՝ մէկ ձեռքին հայու հաւատքին Խաչը բարձր բռնած, միւս ձեռքին ալ հայու իրաւունքին ու արդարութեան ձեռքբերման «Երկաթէ Շերեփ»ը։

Հայուն ազգային յիշողութիւնը ջերմացնող եւ մեր ժողովուրդին հազարամեակներու ուղին լուսաւորող աստղ է աւանդը Խրիմեան Հայրիկի, որ իր 87-ամեայ կեանքը բնորոշող ծառայութեան ոգիով, ազգին ու հայրենիքին նուիրուած գործքով եւ հայոց ազգային ու տոհմիկ արժէքները անմահացնող գրականութեամբ՝ ամբողջապէս նոյնացաւ Հայաստանի եւ հայութեան արդի ժամանակներու ազգային զարթօնքին ու ազատագրական պայքարին հետ։

Հայոց անմոռանալի Հայրիկը ծնած էր 4 ապրիլ 1820-ին՝ Վան։

Մանուկ տարիքէն հօրմէ որբացած էր եւ յանձնուած հօրեղբօր հոգատարութեան, որուն խրախուսանքով եւ օժանդակութեամբ կրցաւ ուսանիլ։

1847-ին, արդէն ամուսնացած, անցաւ Պոլիս՝ հոնկէ Եւրոպա երթալու եւ բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար։ Բայց նիւթական դժուարութիւնները ստիպեցին, որ ան մնայ Պոլիս եւ հայոց լեզուի ու պատմութեան ուսուցիչ դառնայ Խասգիւղի հայոց աղջկանց վարժարանին մէջ։ Պոլիս իր կեցութեան վեց տարիները, ուսուցչութեան կողքին, Խրիմեան նուիրեցաւ գաւառներէն եկած երիտասարդ պանդուխտներուն ազգային դաստիարակութիւն ջամբելու աշխատանքին։ Ոչ միայն իր երիտասարդութեան եւ աշխարհական կեանքի այդ շրջանին, այլեւ՝ այնուհետեւ եւս, թէ՛ 1853-1892 առաջնորդական եւ պատրիարքական իր պաշտօնավարութեան շրջանին, թէ՛ 1892-1907 Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան գահակալի իր տարիներուն, բառին ամենէն ընդգրկուն եւ խոր իմաստով լուսաւորիչ մը եղաւ Խրիմեան։

Խրիմեան Հայրիկի կեանքին ու գործին մղիչ ուժն ու կենարար առանցքը դարձաւ հայրենի հողին պաշտամունքը, որմէ ներշնչուեցաւ հայկական գաւառը ամբողջական հոգածութեան տակ առնելու, պահպանելու եւ բարելաւելու իր հետեւողական ճիգը։

1853-ին, Վան վերադարձին, Խրիմեան մահացած գտաւ մայրն ու կինը եւ անցաւ Աղթամար՝ հրաժեշտ տալով աշխարհական կեանքին։ 1854-ին ձեռնադրուեցաւ վարդապետ եւ լծուեցաւ ուսուցչական ու գրական աշխոյժ գործունէութեան՝ հայրենի հողին կառչած մնալու, ազգային մեր ժառանգութեան տէր կանգնելու եւ հայոց անկախ պետականութեան աւանդները վերանորոգելու գաղափարները տարածելով։

Աղթամարի պահպանողական միաբանութիւնը սկսաւ խորթ աչքով նայիլ երիտասարդ վարդապետի աշխուժութեան եւ Խրիմեան ստիպուեցաւ հեռանալ Աղթամարէն։ Անցաւ Էջմիածին, հոնկէ՝ Երուսաղէմ եւ, ի վերջոյ, հաստատուեցաւ Պոլիս, ուր գործօն մասնակցութիւն բերաւ Ազգային Սահմանադրութեան մշակման ու ազգային կեանքի ժողովրդական-ժողով  րդավարական ղեկավարման ի նպաստ ծաւալած բուռն պայքարին։ 1855-ին լոյս ընծայեց «Արծուի Վասպուրական» ամսագիրը, որ առաջին բեմը դարձաւ ազգային իր մտածողութեան մշակումին ու հիմնաւորումին։

1857-ին կրկին վերադարձաւ Վան, բայց այս անգամ Վարագայ վանքը հաստատուելու եւ - Պոլսէն իր հետ բերած տպագրական մեքենայով - «Արծուի Վասպուրական»ի հրատարակութիւնը շարունակելու, ինչպէս նաեւ ազգային արթնութեան եւ լուսաւորութեան ծառայող գիրքեր տպագրելու նպատակով։

1862-ին ընտրուեցաւ Տարօնի առաջնորդ եւ հաստատուեցաւ Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքը, որ շուտով դարձաւ հայոց ազգային զարթօնքին ու ազատագրումի տենչերուն հոգեմտաւոր հնոցը։ Լոյս ընծայեց «Արծուիկ Տարօնոյ» թերթը, որ իր հայրենաշունչ եւ ազգայնաշունչ գաղափարներուն տարածման նոր բեմը դարձաւ հայկական նահանգներու ամբողջ տարածքին։

1868-ին իբրեւ Տարօնի առաջնորդ մասնակցեցաւ Էջմիածնի մէջ կայացած Գէորգ Դ. Կաթողիկոսի ընտրութեան, որ առ ի գնահատանք Խրիմեանի բեղուն գործունէութեան՝ եպիսկոպոսի աստիճան շնորհեց արդէն մեր ժողովուրդին կողմէ «Հայրիկ» անուանումին արժանացած մեծ հոգեւորականին։

Անսահման եղաւ Խրիմեան Հայրիկի վայելած ժողովրդականութիւնը ողջ հայութեան մօտ։ Եւ երբ 1869-ին Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան նոր գահակալ մը ընտրելու անհրաժեշտութիւնը ծագեցաւ, ժողովրդային բուռն ու միահամուռ պահանջով Խրիմեան Հայրիկ ընտրուեցաւ պատրիարք։ Այնքա՜ն մեծ էին Հայրիկին կապուած յոյսերը, որ Պետրոս Դուրեան, այդ ատեն տակաւին պատանի, բանաստեղծութիւն նուիրեց Հայրիկի ընտրութեան՝ գրելով.- «Ո՞վ է որ կու գայ. թագաւո՞ր մը. ո՛չ. սեւ սքեմ մը ուսին՝ հայոց հայրիկն է որ կու գայ»…

Բայց միայն երեք տարի Խրիմեան Հայրիկ դիմացաւ պատրիարքական պաշտօնավարութեան։ Պոլսոյ պահպանողական խաւին ու քաղքենի ամիրաներու հետեւողական ճնշումները եւ հալածանքները պատճառ դարձան, որ ան հրաժարական ներկայացնէ պատրիարքական իր պաշտօնէն։ Հայրիկ դարձեալ վերադարձաւ Վան, ուր նորովի թափով շարունակեց հոգեւորական, մանկավարժական եւ գրական իր գործունէութիւնը։

Այդ շրջանին էր, 1878-ին, որ երբ Պերլինի Վեհաժողովին հայկական պատուիրակութիւն մը ղրկելու հնարաւորութիւնը ստեղծուեցաւ, Ներսէս Վարժապետեան Պատրիարք Խրիմեան Հայրիկը նշանակեց պատուիրակութեան նախագահ։

Տարիներու վրայ երկարած ազդարարութիւններէ ու կաշկանդումներէ ետք, սուլթանի հրամանով Խրիմեան Հայրիկ Երուսաղէմ աքսորուեցաւ 1891-ին։ Բայց հազիւ տարի մը ետք, երբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան նոր գահակալի ընտրութեան կարիքը առաջացաւ, Խրիմեան Հայրիկ հայ ժողովուրդի միահամուռ պահանջով ընտրուեցաւ Սուրբ Էջմիածնի գահակալ։

Քաջ Հովիւի պատմական ժառանգութիւն մը կտակեց Խրիմեան Հայրիկ՝ իբրեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս։ Իր կաթողիկոսութեան օրով Գէորգեան ճեմարանը աւելիով ճառագայթեց իբրեւ հայ ազգային արժէքներու կենարար հնոց եւ հայ յառաջադէմ մտքի զարգացման ու ազգային-ազատագրական շարժման խրախուսման դպրոց։ Իր կաթողիկոսութեան զուգադիպեցաւ նաեւ հայ եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման 1903-ի ցարական տխրահռչակ հրամանագիրը, որուն դէմ հայ ժողովուրդի ծաւալած բուռն բողոքի շարժումին եւ անզիջող պայքարին խորհրդանիշը դարձաւ հայոց ծերունազարդ Հայրիկը։

Մինչեւ իր վերջին շունչը Խրիմեան Հայրիկ յաղթահասակ կանգնեցաւ հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր առաջնորդի իր բարձրութեան վրայ։

10 Նոյեմբեր 1907-ին վախճանեցաւ Խրիմեան Հայրիկ՝ հայ ժողովուրդի մտքին ու սրտին մէջ անզուգական իր բարձունքը նուաճած։

Հայրիկի աճիւնները իրենց մնայուն դամբարանը ունեցան Ս. էջմիածնի Մայր Տաճարի մուտքին։

Իսկ հայոց սերունդներու ազգային յիշողութեան մէջ յաւերժ քանդակուեցաւ Պայքարի առաջնորդ Հայոց Հայրիկի մարտունակ պատգամը:

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2018