ՈՐՄԷ՞ ՎԱԽՆԱԼ

«Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛ եւ աղջիկդ պիտի ապրի» (Ղկ 8.50)

Յարուցեալ Աստուածորդիին կողմէ արտասանուած այս խօսքը դարեր շարունակ դարձաւ հաւատք կռանող, յոյս ներշնչող, յուսալքեալը յուսադրող, մեղքով գերեվարուածը ազատագրող, մահուան ճիրաններուն մէջ շղթայուածը արձակող, մեղքին խայթոցը «կոտրող» եւ քրիստոնէական հաւատքը ջրդեղող աստուածախօսիկ պատգամ մը։

Արդարեւ, կա՞ր անձ մը, որ կրնար դէմ դնել մահուան։ Կա՞ր մէկը, որ կարենար իր մարդկային ուժով ու հնարաւորութիւններով դիմակայել մահը, որուն կամայ եւ ակամայ ենթարկուած էր ան։ Դարեր շարունակ մահն էր որ մարդուն ըսած էր. «Ո՜վ մարդ, ո՞ւր է քու յաղթութիւնդ. իմ մէջս դուն կ՚ընկլուզուիս եւ ինձմով կը վերջանաս. մի՛ հպարտանար կեանքովդ. ես եմ Տէրը, վճռարձակ դատաւորը եւ վերջակէտը քու կեանքիդ» (Գարեգին Կաթողիկոս)։ Սակայն յարութեան գաղափարին եւ իրողութեան մեծագոյն պերճաբան եւ հզօրաշեշտ ախոյեանը հանդիսացող Պօղոս առաքեալ, ի դէմս այս խօսքին կ՚ըսէ. «"Մահը կլանուեցաւ, յաղթանակը շահուեցաւ"։ "Ո՞ւր է, Մա՛հ, յաղթանակդ. ո՞ւր է, Մա՛հ, քու խայթոցդ"» (Ա.Կր 15.54-55)։

Ի՜նչ համարձակութիւն էր Պօղոս առաքեալին համար դարերու խօսքին ընթացքը հակառակին շրջել եւ մահուան դիմաց կենալ ու անոր ամենազօրութեան ուժը խորտակուած տեսնելով՝ մահը մահացած հռչակել։ Ինք, որպէս պարզ հունաւոր եւ մահկանացու էակ, մահուան անուրանալի իրականութեան ենթակայ, ի՞նչ ուժ կը զգար իր մէջ նման յեղափոխիչ հարցում ընելու մահուան դէմ։ Իր խօսքին աղբիւրը Քրիստոսի յարութիւնն էր, որով Յարուցեալ Փրկիչը «Մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբն իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց»։ Պօղոս առաքեալ անսած էր Քրիստոսի խօսքին, անվեհեր ու աներեր հաւատքով կը քարոզէր Բանին՝ Քրիստոսի խօսքը, անոնց մէջէն վանելով Չարագործին՝ Սատանային պատճառած վախը եւ անոր փոխարէն սերմանելով քրիստոսամշակ այգիին երկնաբոյս տունկերը։

Վերոյիշեալ աւետարանական խօսքը, այսօր մեր ուշքը կը հրաւիրէ հիմնական երկու կէտերու վրայ.

Ա) Որմէ՞ վախնալ. Մարդիկ առհասարակ կը վախնան բազմազան երեւոյթներէ եւ ահուդողի մատնուելով՝ կը սարսափին։ Ի՞նչ է պատճառը։ Ոմանք կը վախնան ապագային պատահելիք եղելութիւններէն, իսկ ուրիշներ՝ գործերու ձախորդութենէն։ Ոմանք կը վախնան մարդոց հատու լեզուէն, իսկ ուրիշներ՝ անոնց հետ ընկերակցելէն ու գործակցելէն։ Ոմանք ալ կը վախնան Աստուծմէ, իսկ ուրիշներ՝ Սատանայէն, անոր արբանեակներէն ու սադրալի փորձութիւններէն։

Ո՞վ է Սատանան յարաբերաբար Աստուծոյ. բացարձա՛կ ոչինչ։ Եթէ Սատանան ոմանց համար կարող է, բայց Աստուած ամենակարող է։ Սատանայէն վախնալը Աստուծոյ հանդէպ անվստահութիւն կ՚ենթադրէ։ Ինչո՞ւ վախնանք Չարէն, երբ Աստուած զօրաւոր ախոյեանի մը նման մեզի հետ է (Հմմտ Եր 20.11)։ Անպարտելի Ախոյեանին զաւակներուն վախկոտութիւն միթէ կը վայելէ՞։ Լսե՛նք Աստուծոյ խրախուսիչ խոստումը մեզի ուղղուած. «Ինչպէս Երուսաղէմ լեռներով շրջապատուած է, նոյնպէս Տէրը իր ժողովուրդին չորս կողմն է ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան» (Սղ 125.2)։ Քրիստոս պարզապէս երկինքի մէջ բնակող եւ երկրաւորներուս հետ կապ չունեցող Տէր մը չէ։ Քրիստոս մի՛շտ մեզի հետ եղած է, մի՛շտ մեզի հետ է, եւ մի՛շտ մեզի հետ պիտի ըլլայ մինչեւ աշխարհիս վախճանը (Հմմտ Մտ 28.20)։ Քնարերգակ սաղմոսերգուն կ՚ըսէ.«Տէրը իմ լոյսս ու փրկութիւնս է, ես որմէ՞ պիտի վախնամ։ Տէրը իմ կեանքիս ապաւէնն է, ես որմէ՞ պիտի դողամ» (Սղ 27.1)։ Իսկ Աստուած մարգարէին բերնով մեզ կը հաւաստիացնէ ըսելով. «Մի՛ վախնար, քանզի ես հիմա քեզի հետ եմ. մի՛ զարհուրիր, վասնզի ես քու Աստուածդ եմ. քեզ պիտի զօրացնեմ ու քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ ու իմ արդարութեանս աջովը քեզ պիտի բռնեմ» (Ես 41.10)։

2) Աստուծմէ՛ վախնալ. Աստուծոյ նկատմամբ «վախ» ունենալը ոմանց կողմէ սխալ հասկցուած է եւ տեղի տուած թիւր ըմբռնումներու յառաջացման։ Աստուծմէ «վախնալու» գաղափարին նկատմամբ ոմանց ունեցած նախատրամադրուածութիւնը, Արարիչին նկատմամբ ժխտական դիրքորոշում մը չ՚արտայայտեր այնքան, որքան «վախնալ» բառին նկատմամբ հակակրանք մը։

Մարդ Աստուծմէ պէտք է վախնայ միայն այն ատեն, երբ հեռանայ իր Արարիչէն, ու դեգերի կեանքի սրընթաց յորձանքին մէջ։ Մինչ երբ մօտենայ Աստուծոյ, ընդունի զՔրիստոս որպէս իր Փրկիչը, ահա ա՛յն ատեն կը վերանան վախն ու պակուցումը, անդոհանքն ու կորստաբեր վիճակը։ Նոյնը կը սորվեցնէ նաեւ Յիսուս երբ կ՚ըսէ. «Մի՛ վախնաք անոնցմէ, որոնք մարմինը կը սպաննեն եւ սակայն հոգին չեն կրնար սպաննել։ Բայց դուք վախցէք մանաւանդ անկէ, որ կրնայ թէ՛ հոգին եւ թէ՛ մարմինը կորուստի մատնել դժոխքին մէջ» (Մտ 10.28)։ Անձը որ իշխանութիւն ունի «թէ՛ հոգին եւ թէ՛ մարմինը կորուստի մատնել դժոխքին մէջ» Աստուած Ի՛նքն է եւ ո՛չ թէ Սադայէլը, ինչպէս ոմանք կը խորհին։ Մեր վրայ իշխանութիւն ունեցողէն է որ պէտք է վախնանք եւ ո՛չ թէ՝ չունեցողէն։ Աստուծմէ վախնալ՝ կը նշանակէ զԱյն պատուել ու գովաբանել, յարգել ու մեծարել, Անկէ պատկառիլ ու ակնածիլ։

Սիրելի՛ ընթերցող, «Ես եմ, մի՛ վախնար» բառերը ի՞նչ կ՚ըսեն մեզի այսօր։ Կը հաւատա՞նք որ կեանքի ստեղծիչը եւ անմահութեան աղբիւրը՝ Քրիստոս մեզի հետ է։ Կը զգա՞նք արդեօք, որ մենք մեր համոզումներով, զգացումներով եւ գործերով Իրեն հետ ենք եւ Ինք մեզի հետ կը քալէ աշխարհի այս յորձանուտ եւ փորձանալից կեանքի ուղիներուն վրայ, այնպէս ինչպէս քալեց Եմմաուսի երկու ճամբորդներուն հետ։ Ակա՛նջ տանք քնարերգակ Դաւիթ թագաւորին, որ կ՚ըսէ. «Թէեւ մահուան շուքի ձորին մէջ ալ պտըտիմ, Չարէն պիտի չվախնամ, վասնզի դուն ինծի հետ ես, քու ցուպդ ու գաւազանդ՝ անոնք զիս պիտի մխիթարեն» (Սղ 23.4), եւ համարձակախօսօրէն բացագանչենք ըսելով. «Աստուծոյ կը յուսամ, պիտի չվախնամ. մարմինը ինծի ի՞նչ կրնայ ընել» (Սղ 56.4)։

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2018