ՄԻ՛ ԾԽԵՐ

2

Ծխախոտին թոյնն ալ, ինչքան չնչին ըլլայ անոր քանակութիւնը, դարձեալ կամաց-կամաց ծխողին առողջութիւնը կը քայքայէ:

Բժիշկ մը հազար ծխողի հարց ու փորձ ըրած է, եւ իմացած է, որ անոնցմէ իննհարիւրը օրուայ ընթացքին մինչեւ քսան գլանակ (ծխախոտ) կը ծխեն: Այս հաշիւով ամենէն հասարակ ծխողը տարուան ընթացքին եօթ հազար երեքհարիւր հատ կը փճացնէ, իսկ երեսուն տարուան ծխողը երկուհարիւր հազար ծխախոտ կուլ կու տայ, կամ տասը փութ ծխախոտի ծուխ:

Բայց իր «արժանաւորութիւնը ճանչցող» ծխողը հօ՛ օրը քսան ծխախոտով չի՛ բաւականանար, ան քառասուն-վաթսունի կը հասցնէ: Այնպիսի մարդիկ կան, որոնք ծխախոտը իրենց բերաններէն չեն հեռացներ. ատոնք տարին մէկ փութ թութունի ծուխ կը լեցնեն իրենց թոքերը, ծուխ մը, որ թունաւոր հիւթերով լեցուն է…:

Այլեւս ի՞նչ առողջութիւն կրնայ մնայ այսպիսի մարդու մը մէջ, ինչ դրութեան մէջ կ՚ըլլան անոր թոքերը, անոր արիւնը, անոր ուղեղն ու ջիղերը…: Տակաւին չեմ խօսիր թութուն ծամողներուն կամ քթախոտ (բռնօթի) քաշողներու մասին: Ատոնք արդէն թոյնը ուղղակի կ՚ուտեն, կը ծծեն, ու… կը մարսեն:

Ծամելը մարդուն սոսկալի վնասներ կը հասցնէ. նոյնիսկ մահուան դէպքեր պատահած են, որովհետեւ նիքոթինը թուքին մէջ կը հալի ու կուլ կ՚երթայ միւս թոյներուն հետ. իսկ գարշահոտ կիզիչ բոյսը կ՚այրէ, կը գրգռէ շրթունքները, լինտերն ու ամբողջ բերանը: Ծամողին ճաշակելիքը կը խանգարուի, կը պակսի կամ բոլորովին կը կորսուի. ծամողը իր բերանէն գարշահոտ լորձունք կը վիժեցնէ՝ կարծես աղտոտ ջրհորէ մը:

Բռնօթի քաշողին տեսքը նուազ զզուելի չէ՛ քան թութուն քաշողինը: Գարշելի հոտ կը բուրէ անկէ. պեխերը դեղնած, պինչերը1 կարմրած ու ճաքճաքուած, սեւ գոյնի թանձր լորձունքը քիթէն կը հոսի, բռնօթիի սեւցած թաց փշրանքները կը կախուին կամ պեխերուն կը կպչին. այդ տեսքը միայն զզուանք ու զայրոյթ կրնայ յարուցել նայողին վրայ: Այդպիսիներուն նայողը ակամայ ինքն իրեն կը հարցնէ.

-Միթէ՞ այս արարածները բնական մարդիկ են:

3

ԾԽՈՂՆԵՐՈՒՆ ՏԵՍՔԸ, ԱՆՈՆՑ ԳԱՆԳԱՏՆԵՐԸ

Ուշադրութեամբ նայեցէք երկար ժամանակ ծխողի մը դէմքին:

Անոր պեխերը դեղնած են, աչքերուն կոպերը հաստացած եւ կարմրած են, նոյնիսկ պռոնշները տեսակ մը երկարած, առաջ ցցուած:

Բացէ՛ք անոր բերանը եւ կը տեսնէք, որ ատամները սեւցած են, քիմքն ու լինտերը կարմրած, լեզուն փառ բռնած:

Բայց ատիկա տակաւին բան չէ:

Հիմա զգալի պոչով սեղմեցէք ու իջեցուցէք լեզուն եւ ներսը նայեցէք: Տեսէ՛ք, թէ ինչպէս կարմրած, արիւնակալած ու տեսակ մը փքուած է ըմպանի ամբողջ թաղանթը (կաշին): Անոր վրայէն շատ բարակ կարմիր թելիկներ կը վազեն.- ատոնք երակներն են: Կողքերը-ծծակները (գեղձերը) նոյնպէս ուռած, կարմրած ու բորբոքած են:

Եւ, իրաւ է, որ անոր քիթին թաղանթը նոյնպէս գրգռուած է, ուռած-փքուած, մեծ քանակութեամբ լորձունք կ՚արտադրէ, որ կպչուն է եւ դժուար կը մաքրուի: Նոյնն է նաեւ կոկորդին մէջ:

Ծխողը ինք կը գանգատի, թէ անվերջ հարբուխ ունի, թէ ձայնը խռպոտ է, երբեմն ալ կը կտրուի, թէ մանաւանդ առաւօտները անդադար կը հազայ, բայց երբեք չի՛ կրնար քիթն ու կոկորդը մաքրել եւ ոչ ալ ազատ շունչ քաշել:

Ահաւասիկ ան իր ծխաքարշը (պիպուխ) կամ ծխախոտը վառեց, ծուխը ախորժակով ներս քաշեց դէպի թոքերը: Տեսէ՛ք, թէ ինչպէս մի քանի կումէն ետք խեղճին հազը կը բռնէ, երեսն ու աչքերը արիւնով կը լեցուին, շնչառութիւնը կը ծանրանայ եւ ան հազին հետ ուժ կը գործադրէ, որպէսզի գարշելի խորխը դուրս բերէ: Այդ ժամանակ անոր առանց այն ալ խռպոտ ձայնը աւելի եւս կը խռպոտի, խօսիլը կցկտուր կը դառնայ: Այդ է հին ծխողին պատկերը:

Յիշածս նշանները իւրաքանչիւր մարդ կրնայ նկատել. բայց ծխախոտը իսկական շատ ուրիշ ցաւեր ու հիւանդութիւններ կը յառաջացնէ, որոնք միայն բժիշկը կրնայ տեսնել ու հասկնալ:

Այսպիսի հիւանդները բժիշկներուն կը դիմեն եւ կը գանգատին.

-Բժի՛շկ, սիրտի սարսափելի թրթռոց ունիմ, կարծես սիրտս իր տեղէն դուրս պիտի գայ, կ՚ըսէ մէկը:

-Բժի՛շկ, քանի տարի է խոր հազ ունիմ. կուրծքս սեղմուած է, կարծես քար մը դրուած ըլլայ վրան, կը գանգատի ուրիշ մը:

-Բժի՛շկ, ախորժակ չունիմ, կերածս ալ լաւ չեմ մարսեր, սիրտս կը խառնէ եւ անհանգիստ եմ:

-Բժի՛շկ, այս ի՞նչ է, ուժեղ գլխացաւը ինծի հանգիստ չի տար. գիշերը քուն չունիմ, ամբողջ մարմինով շատ թոյլ եմ. ոտքերս կը ծալուին, ձեռքերս կը դողդողան, ո՛չ մէկ բան կրնամ ընել:

Եւ այս հիւանդներէն ոչ ոք նոյնիսկ կը կասկածի, թէ այդ բոլորը ծխախոտին ըրածն է, եւ եթէ ըսես ալ,- չեն հաւատար, կը զարմանան, կամ կը կարծեն, որ բժիշկը իրենց հիւանդութիւնը չհասկցաւ:

Տեսնենք ուրեմն, թէ ծխախոտին յառաջացուցած վնասները ի՞նչ են:

Մենք ընթերցողին պէտք է ամփոփ կերպով ծանօթացնենք այն հիւանդութիւններուն հետ, որոնք ծխելէն կը յառաջանան: Ասով, ի հարկէ, չենք ուզեր ըսել, թէ իւրաքանչիւր ծխող այս բոլոր հիւանդութիւններուն տէր կը դառնայ. շատերը այս կամ այն տկարութիւնը կը ստանան եւ միւսներէն զերծ կը մնան: Բայց ծխողը միշտ իր աչքին դիմաց պէտք է ունենայ, որ կրնայ մեր նկարագրած բոլոր ցաւերն ալ ստանալ եւ իր առողջութիւնը ամբողջութեամբ կործանել:

4

ԾԽԵԼԷՆ ՅԱՌԱՋԱՑԱԾ ՎՆԱՍՆԵՐԸ

Ծխողը սկիզբը տեսակ մը գրգռման մէջ կ՚իյնայ: Առաւօտեան, երբ սովորաբար իր ծխախոտը կը վառէ, անոր աչքերը կարծես կը կենդանանան, «լեզուն կը բացուի», «խելքը գլուխը կու գայ»,- մէկ խօսքով այն կը պատահի, ինչ որ երբ խմողը առաւօտեան «թաս մը արաղ կը կոնծէ»: Բայց այս գրգռումէն յետոյ կը յաջորդէ ջիղերու թուլութիւնը. անոր գլուխը կը ծանրանայ, երբեմն կը ցաւի, երբեմն ալ կը դառնայ, շարժումները իրենց աշխուժութիւնը կը կորսնցնեն եւ միտքերը՝ իրենց պարզութիւնը:

Նոյնը կ՚ընէ նաեւ սպիրտը (ոգելից խմիչքը). ան ալ սկիզբը արբեցողը կը գրգռէ, կը զօրացնէ, կը կենդանացնէ, բայց յետոյ կ՚ընկճէ, կը թուլացնէ2:

Երկար ծխելէն մարդուն ուղեղն ու ջիղերը այնքան կը քայքայուին, որ ձեռքերուն եւ ոտքերուն թուլութիւն կը յառաջացնեն. ատկէ զատ, ձեռքերը կը սկսին դողդողալ, մտածողութիւնը կը դանդաղի: Այն մարդը, որ նախապէս առոյգ եւ զուարթ էր, ինչպէս նաեւ զօրեղ միտքի ու խելքի, զօրեղ դատողութեան տէր էր, ծխախոտին թոյնը երկար տարիներ կուլ տալէ ետք, իր աշխուժութիւնը կը կորսնցնէ, յիշողութիւնը կը կորսնցնէ, իր երէկուան բաները կը մոռնայ, հաշիւները կը խառնէ: Անոր բնաւորութիւնն ալ կը փոխուի. ան դիւրագրգիռ, բարկացկոտ, կամ ընդհակառակը ընկճուած, մելամաղձոտ (տարտոտ), թուլակազմ, եւ ալն կը դառնայ:

ա. Ծխախոտին ազդեցութիւնը սիրտին վրայ.

Ծխելը զարմանալի խոր կերպով կ՚ազդէ մարդուն սիրտին վրայ:

Պէտք է գիտնալ, որ առողջ սիրտ ունեցողը առհասարակ երբեք չի՛ գիտեր, թէ ի՛նչ կը կատարուի իր կուրծքին մէջ ու ինչպէ՞ս կը խփէ անոր սիրտը: Այն ինչ ծխողը կը սկսի իր ներսը տեսակ մը անհանգստութիւն զգալ, երբերն սիրտը արագ կը խփէ, երբեմն ալ այնպէս ուժգին կը բաբախէ եւ անկանոն կերպով, որ մարդ կը ցնցնուի եւ անկարող կ՚ըլլայ ձախ կողքին վրայ պառկիլ, իսկ գիշերները քունէն երբեմն յանկարծ վեր կը թռի:

Սիրտի անկանոն բաբախումէն շնչառութիւնն ալ կը ծանրանայ եւ ծխողները՝ ինչպէս ըսած ենք, հեւոց կ՚ունենան:

Միայն թէ այս երեւոյթները յայտնուին, պարզ է, թէ սիրտը արդէն բռնուած է, սկսած է հիւանդանալ եւ եթէ ծխողը ծխելէն չդադրի, սիրտը վերջնականապէս կը հիւանդանայ, կը փճանայ եւ այլեւս առաջուանը չ՚ըլլար:

Եւ, իրապէս, եթէ ծխողին սիրտը մահէն ետք կուրծքէն հանենք ու զննենք, կը տեսնենք, որ անոր միսը ճարպ դարձած է:

Բոլորն ալ տեսած կ՚ըլլան գառնուկի կամ թէեւ հաւի սիրտ եւ գիտեն, որ ան ամբողջովին միսէ բաղկացած է: Ասիկա միսի պարկ մըն է, որ կը սեղմուի եւ արիւնը դուրս կը նետէ մեր երակներուն մէջ:

Հասկնալի է, որ եթէ միսին թելերը ճարպ դառնան, այդ միսը իր ուժը կը կորսնցնէ: Երեւակայեցէք, որ թեւին մկանները (միսերը) ճարպակալած են, չէ՞ որ այդ թեւը այլեւս ուժ չ՚ունենար: Սիրտի այդ դրութենէն առաջ կու գայ ծանր հիւանդութիւն մը, որ յայտնի է կրծամղձուկ անունով:

Իրապէս որ սարսափելի է այս ցաւը: Հիւանդը ժամանակ առ ժամանակ սոսկալի ծանրութիւն եւ ճնշում կը զգայ կրծքին մէջ, ըսես թէ սիրտը երկաթէ մամուլի մէջ կը ծեծեն, եւ ան հազիւ բաբախել կը կարենայ: Հիւանդը անասելի անհանգստութեան եւ յուսահատութեան մէջ կ՚իյնայ. օդը կը պակսի անոր եւ անոր կը թուայ, թէ ահա՛ ուր որ է կեանքին թելը պիտի կտրուի: Այս բռնկումներէն մէկուն ընթացքին սիրտին զարկը, ճիշդ է, որ սիրտը կանգ կ՚առնէ ու հիւանդը կը մահանայ:

Բացի ատկէ, ինչպէս կ՚երեւի, ծխողին արիւնը կը կորսնցնէ իր կարմիր գոյնը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 2

Վաղարշապատ


1 Քիթին վարի փափուկ մսոտ լայն մասը:

2 Տե՛ս իմ «Մի՛ Խմեր» գրքոյկը:

Հինգշաբթի, Յունուար 13, 2022