ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

Ես լացի, մինչեւ արցունքներս չորցան
Ես աղօթեցի, մինչեւ մոմերը պլպլացին,
Ես ծունկի եկայ, մինչեւ յատակը ճռաց,
Ես Մուհամատին ու Քրիստոսին մասին հարցուցի քու մէջդ,
Ո՜հ, Երուսաղէմ, մարգարէներու բուրմունք
Երկիրի եւ երկնքի միջեւ ամենէն կարճ ճանապարհը:

Ո՜հ, Երուսաղէմ, օրէնքներու փարոս
Գեղեցիկ երեխայ՝ այրուած մատներով
Տխուր են աչքերդ, ո՜վ կուսութեան քաղաք
Ո՜վ ստուերոտ ովասիս, որմէ անցաւ Մարգարէն,
Տխուր են փողոցին քարերը,
Տխուր են մզկիթներուն մինարէները:
Ո՜հ Երուսաղէմ, ո՜վ գեղեցկուհի, որ սեւով կը փաթթուիս:
Կիրակի առաւօտ
Ո՞վ կը զարնէ զանգերը Յարութեան Տաճարին:
Ծնունդին գիշերը
Ո՞վ երեխաներուն համար խաղալիքներ կը շալկէ

Երուսաղէմ, ո՜վ վշտերու քաղաք
Ո՜վ մեծ արցունք, որ կոպերուն մէջ կը թափառի,
Ո՞վ կը կանգնեցնէ յարձակումը վրադ
Ո՜վ կրօնքներու մարգարիտ
Ո՞վ կը լուայ արիւնը պատերու քարերէն:
Ո՞վ կը փրկէ Աւետարանը:
Ո՞վ կը փրկէ Քուրանը:
Ո՞վ կը փրկէ Յիսուսը անոնցմէ՝ որոնք Յիսուսը սպաննեցին:
Ո՞վ կը փրկէ մարդը:
Երուսաղէմ..., իմ քաղաք:
Երուսաղէմ..., իմ սիրելի:
Վաղը..., վաղը..., լեմոնը պիտի ծաղկի
Ու կանաչ հասկերն ու ձիթապտուղը կ՚ուրախանան
Եւ աչքերը կը ծիծաղին...
Ու գաղթած աղաւնիները կը վերադառնան
Մաքուր առաստաղներուն,
Ու երեխաները կը վերսկսին խաղալ,
Ծնողներն ու զաւակները կը հանդիպին
Ծաղկած բլրակներուդ վրան:
Ի՜մ քաղաք...,
Խաղաղութեան ու ձիթապտուղի քաղաք:

ՔԱՐԵՐՈՒ ՊԶՏԻԿՆԵՐԸ

1

Աշխարհը զարմացուցին...
Ու անոնց ձեռքերուն մէջ քարերէն բացի ուրիշ բան չկայ,
Եւ լուսամփոփներու նման լուսաւորեցին,
Ու բարի լուրի նման եկան,
Պայքարեցան,
Պայթեցան,
Նահատակուեցան,
Ու մենք մնացինք բեւեռային արջերու պէս մնացինք,
Որոնց մարմինները տաքութեան դէմ պաշտպանուած են:

2

Անոնք մեր փոխարէն կռուեցան՝
Մինչեւ որ սպաննուեցան:
Մենք մեր սրճարաններուն մէջ նստանք՝
Խեչափառին թուքին նման:
Մէկը
Վաճառականութիւն կը փնտռէ,
Մէկը
Նոր միլիոն մը կը խնդրէ
Ու չորրորդ ամուսնութիւն մը,
Եւ կուրծքեր, զորս քաղաքակրթութիւնը զտած է:
Ուրիշ մը,
Լոնտոնի մէջ բարձրադիր պալատ մը կը փնտռէ,
Ուրիշ մը,
Որպէս զէնքի միջնորդ կ՚աշխատի...
Ուրիշ մը,
Ըմպելարանին մէջ կը փնտռէ իր ապստամբութիւնը...
Ուրիշ մը,
Գահ, բանակ ու իշխանութիւն կը փնտռէ...:

3

Օ՜, ո՜վ դաւաճանութիւններու սերունդ...,
Եւ յանձնակատարութիւններու սերունդ...,
Եւ աղբերու սերունդ...,
Եւ մարմնավաճառութեան սերունդ...
Քարերու պզտիկները
Պիտի ջախջախեն ձեզ, -ինչքան ալ պատմութիւնը դանդաղի-:

ԵՍ ԵՒ ԵՂԱՆԱԿՆԵՐԸ

Օրերէն օր մը՝
Գարունը ընկերս չէ եղած,
Ո՛չ ալ ոգեւորուած եմ
Կարմիր ու կապոյտ գոյներու յարկերէն՝
Որ իր դէմքին կը դնէ...
Ո՛չ ալ ծառերուն, որոնք կ՚ընդօրնակեն
Ֆոլի Պերժերի պարողներուն,
Միայն աշունն է՝
Որ կը նմանի ինծի:

ՄԱՅՐՍ

Ամրան օրերուն,
Ժընեւի բուսաբանական այգին կ՚երթամ՝
Որպէսզի մօրս այցելեմ...
Ան Զուիցերիոյ կառավարութեան մօտ,
Որպէս պարտիզպանուհի կ՚աշխատի՝
Ու տաս ֆրանք կը ստանայ,
Իւրաքանչիւր Դամասկոսեան վարդի մը համար՝
Զորս իրենց համար կը տնկէ...

ԵԹԷ...

Եթէ կին մը ըսաւ՝
Թէ առ յաւէտ պիտի սիրէ քեզ,
Եւ թէ դուն տղամարդոց զարդն ես,
Քեզմէ առաջ մէկը չկար՝
Ու ո՛չ ալ քեզմէ ետք...
Անպայման մէկը պիտի ըլլայ,
Շատ մի՛ վստահիր անոր,
Որովհետեւ մէկ վայրկեանը կիներուն մօտ՝
Յաւիտենականութիւն մըն է...

ՀԱՐՑԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ

Սահմանի սպան հարցուց ինծի.
Քանի՞ տարեկան ես:
Ըսի. վաթսունհինգ բանաստեղծութիւն:
Ըսաւ. Աստուա՜ծ իմ, ինչքան յառաջացած ես տարիքին մէջ:
Ըսի. նկատի ունիս, ինչքան յառաջացած եմ ազատութեա՞ն մէջ:

ՊԱՏԵՐԱԶՄԻԿԻՆ ՀԱՆԳԻՍՏԸ

Բանաստեղծութեան մէջ...
Պատերազմիկին հանգիստը կոչուած բան չկայ,
Ո՛չ ալ ամառնային արձակուրդներ,
Ո՛չ ալ հիւանդութեան արձակուրդներ,
Ո՛չ ալ գործնական արձակուրդներ:
Կամ մխրճուած կ՚ըլլաս
Մինչեւ արեանդ վերջին կաթիլը,
Կամ ալ խաղէն դուրս կ՚ելլես...:

ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

Քեզի հետ պատերազմիլը երբեմն-երբեմն,
Ու կուրծքերուդ հետ բախումը
Սպիտակ զէնքով...
Ռազմավարական անհրաժեշտութիւն մըն է...,
Որպէսզի սիրոյ երակները բաց մնան,
Եւ որպէսզի սիրտը
Սիրային նոպաներ չունենայ...:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ  

Հինգշաբթի, Փետրուար 13, 2020