ԿՈՒԹԱ ԵՒ ԱՖՐԻՆ. ՌՈՒՍԱԿԱՆ «ԹԱՆԿՕ»Ի ԵՐԿՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐ ՔԱՅԼԵՐԸ
Արեւելեան Կութայի պատերզամը կը շարունակուի: Սուրիոյ մայրաքաղաքը՝ Դամասկոսի շուրջ 400 հազար խաղաղ բնակչութիւնը թիրախ դարձնող ահաբեկիչներու գլխաւոր կեդրոն համարուող այդ քաղաքը դարձած էր սպառնալիք եւ տարբեր առիթներով յատկապէս «Հաուն» տիպի հրթիռներով տասնեակ քաղաքացիներ զոհ կը դառնային՝ տարբեր անուններ կրող ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ արձակուած հրթիռներուն: Այս վիճակէն դուրս գալու նպատակով Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատ իր զինուորական խորհրդատուներուն հետ որոշում կը գոյացնէր «մաքրել» Կութան ահաբեկիչ տարրերէ:
Սպասուած գործողութիւնները հեշտ պիտի չընթանային, նկատի առնելով Կութայի աշխարհագրական դիրքը եւ յատկապէս խաղաղ բնակչութիւնը վահանի վերածած ահաբեկիչներուն ռազմավարութիւնը: Մինչ կարգ մը աղբիւրներ կը փոխանցեն, որ Կութայի բնակչութեան թիւը կը գնահատուի 250 հազարով (որոնց մէջ են նաեւ ահաբեկիչ զինեալները), անդին «Ալ Տիար» պարբերականը կը գրէ, որ վերջին տուեալներուն համաձայն՝ Կութայի մէջ բնակողներուն թիւը չ՚անցնիր 150 հազարը: Նման պարագաներու բաւական դժուար է ճշդել բնակչութեան իսկական թիւը մանաւանդ, որ Կութան եւ անոր շրջակայ աւանները աշխարհէն «կտրուած են», առնուազն վերջին երեք տարիներուն: Երբ երկու շաբաթներ առաջ Սուրիոյ բանակը զինուորական գործողութիւններու մեկնարկը կը կատարէր, արագօրէն աճ կ՚արձանագրէր շրջանին մէջ ինկող քաղաքային զոհերու թիւը, որուն համար ալ Քուէյթ եւ Շուէտ միացեալ առաջարկով մը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին կը դիմէին՝ «պահանջել»ով «այո» քուէարկել Սուրիոյ մէջ հրադադարի հաստատման օրինագծի մը վրայ:
48 ժամ տեւած պարանաձգութենէ ետք ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բոլոր 15 անդամ երկիրները միաձայնութեամբ կը վաւերացնէին (առանց նախապայմաններու) միամսեայ հրադադարը գործադրութեան դնելու որոշումը, որ սակայն շրջանային վերլուծաբաններու տեսակէտով կը համարուէր «պակասաւոր» որոշում մը:
Երբ հրադադարի հաւանական խախտման մասին խօսելու ըլլանք, ապա անպայման պէտք է հաշուի առնել հակամարտող կողերուն միջեւ առկայ լարուածութիւնը եւ յատկապէս Սուրիոյ ղեկավարութեան այդ շրջանը վերջնականապէս «մաքուրի հանել»ու ծրագիրը:
Կութայի «պատմութիւն»ը եւ անոր շուրջ «հիւսուած» ընդհանուր առանցքը նոր չէ: Այդտեղ գոյացած տագնապը եւ հոն տիրող իրավիճակը ունի ամենաքիչը երեք տարուան վաղեմութիւն, որուն ընթացքին ալ այդ շրջանները «համտեսած» են «տեսակ-տեսակ» ահաբեկչական խմբաւորումներու «բարիքներ»ը: Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ տագնապին առաջին տարիներուն այդ շրջաններուն մէջ ամենէն աւելի տիրական ուժը հանդիսացած է Սուրիոյ «Ազատ բանակ»ը, որուն հիմնական հովանաւորը յատկապէս Սէուտական Արաբիան էր, որ աւելի ուշ մեծ ջանքեր գործադրեց, որպէսզի «Ազատ բանակ»ին ուժը նօսրանայ եւ անոր տեղ հրապարակ գան աւելի ծայրայեղական ուժեր, ինչպիսին են՝ «Ճայշ ալ իսլամ»ը, «Ճունտի ալ շամ»ը եւ յատկապէս «Ֆայլաք ալ ռահման»ը։ Այս բոլոր ուժերու մէջ ալ կարեւոր ներկայութիւն ունեցող պէտք է համարել «Ալ նուսրա» ճակատը։ Սուրիոյ «Ազատ բանակ»ը տիրական դէմք ըլլալէ դադրելէ ետք՝ իր դիրքերը կը զիջէր «Ալ նուսրա» ճակատին, որ կը համարուէր իսլամական շերիաթի համար եւ իսլամական «շերիաթ»ով պատերազմող զինուորական գլխաւոր ուժը, անշուշտ մինչեւ «ԻՇԻՊ»ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) առաջին երեւումները: Սուրիական պատերազմական օրագրութեան մէջ յատկանշական փուլ կը համարուի «Ճայշ ալ իսլամ»ի որպէս կազմակերպուած ուժ հրապարակ դուրս գալը, որուն երբեմնի առաջնորդ Զահրան Ալլուշ քանիցս կը յայտարարէր, որ իրենք դէպի Դամասկոս «պիտի քալեն»: Զահրան Ալլուշ կը սպաննուէր 2015 թուականի Դեկտեմբերին ու անոր մահէն ետք ալ ի յայտ կու գար, որ բոլորին համար այդքան «վտանգաւոր» եւ կազմակերպուած ուժ մը համարուող «Ճայշ ալ իսլամ»ը նախատեսուածին պէս չունի գետնի վրայ առկայ «սթաթիւքօ»ն փոխելու ունակութիւնը: Այդ ժամանակաշրջանին «Ճայշ ալ իսլամ»ի հիմնական «հովանաւոր»ը Սէուտական Արաբիան էր, որ դրամական մեծ յատկացումներ կը կատարէր Ալլուշին եւ անոր խմբակիցներուն՝ յանձնարարելով անոնց, որ հնարաւոր բոլոր միջոցները գործադրեն «ծունկի բերել»ու համար Սուրիոյ կառավարութիւնն ու յատկապէս նախագահ Պեշար Էսատը:
Ընդդիմադիրներու բոլոր ծրագիրները կը տապալուէին այն օրէն սկսեալ, երբ Ռուսաստան կը յայտարարէր, որ ինք ալ «մասնակից» է սուրիական պատերազմին ու այդ առումով Մոսկուա յստակօրէն կ՚ընդգծէր, թէ Ռուսաստան ամէն ջանք պիտի ընէ պահպանելու համար Սուրիոյ ամբողջականութիւնը ու երկրորդ հերթին՝ իշխանութեան վրայ պահելու համար իր ամենավստահելի դաշնակից համարուող Պեշար Էսատը:
Գալով այսօրուան իրավիճակին՝ յիշեցնենք, որ Կութայի դէպքերուն թէժացումէն ի վեր կարեւոր առաքելութեամբ հանդէս կու գար Սուրիոյ մէջ տեղակայուած ռուսական զօրքերու հրամանատարութիւնը, որուն հիմնական նպատակն է Կութայի մէջ գտնուող եւ մինչեւ 26 հազարի հասնող ահաբեկիչներուն հետ համաձայնութիւն գոյացնել եւ առիթ տալ անոնց, որ զինաթափուին եւ այդ շրջանէն հեռանան, այսօրուան դրութեամբ Սուրիոյ ահաբեկիչներուն «հիմնական վայր» հանդիսացող Իտլիպ քաղաքէն: Նոյն տիպի համաձայնութիւններ եղած էին Հոմսի, Համայի ու նաեւ Հալէպի մէջ:
Անցեալ շաբաթ առաւօտուն ռուս բարձրաստիճան սպաներու հովանաւորութեամբ «Ճայշ ալ իսլամ» ջոկատի 13 զինեալներ դուրս կու գային Կութայէն, իսկ այդ շրջանի մեծագոյնը համարուող Տումա քաղաք կը մտնէր մարդասիրական օգնութիւններ փոխանցող «Կարմիր մահիկ»ի 13 փոխադրակառքեր: Ըստ Սուրիոյ «Մարդկային իրաւանց դիտարան» կայքէջին, «Ճայշ ալ իսլամ»ի զինեալներու թիւը կը համարուի փոքրամասնութիւն մը, եթէ համեմատենք զանոնք «Ֆայլաք ալ ռահման»ին եւ «Ահրար ալ շամ»ին հետ, որոնք աւելի արմատական են եւ մինչեւ այս պահը կը խօսին պատերազմը մինչեւ «վերջին շունչ» շարունակելու մասին:
Միւս կողմէ, ըստ «Ալ Տիար» պարբերականին, Ռուսաստան կարեւոր ճիգեր կ՚իրականացնէ Սուրիա-Թուրքիա գիծին վրայ եւ այս առումով ալ զինուորական մակարդակի բանակցութիւններ կը կատարուին երկու հակառակորդ կողմերուն միջեւ: Մոսկուա խորհուրդ տուած է կողմերուն ամէն գնով վերահսկողութեան տակ պահել Սուրիա-Թուրքիա 280 քիլօմեթր երկարութիւն ունեցող սահմանը՝ նպատակ ունենալով անշուշտ չորցնել ահաբեկիչներու աղբիւրները:
Ի դէպ, նոյն լեզուով կը խօսի Թուրքիոյ նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, որ յայտարարած է, թէ ամէն գնով պէտք է «չորցնել» Աֆրինի ահաբեկիչներու ճահիճը ու այստեղ ալ կարելի է ըսել, որ նմանատիպ բառերու օգտագործումը բնաւ պատահական երեւոյթ մը չէ:
Յստակ է, որ Կութայի պատերազմը կրնայ երկար ժամանակ տեւել, նկատի առնելով պատերազմական, բայց մանաւանդ քաղաքական մէկէ աւելի գործօններ, սակայն բացայայտ սկսած է դառնալ, որ արեւելեան Կութայի մէջ Սուրիոյ բանակին տանելիք յաղթանակը աւելիով պիտի ամրացնէ Սուրիոյ կառավարութեան դերը յառաջիկայ քաղաքական գործընթացներուն մէջ ու այս առումով ալ շատ հաւանական է, որ Մոսկուայի օրհնութիւնը վայելող երկու հակառակորդ կողմերը՝ Դամասկոս եւ Անգարա սկսին իրարու հետ համագործակցիլ:
Խօսքը անշուշտ քաղաքական համագործակցութեան մասին չէ, այլ ապահովական համագործակցութեան մասին, մանաւանդ որ երկու կողմերն ալ ներկայ հանգրուանին պատրաստ չեն քաղաքական իրենց բառապաշարին մէջ փոփոխութիւններ կատարել:
Անգարայի համար ձեռնտու է, որ Աֆրինը ձերբազատուի քիւրտ զինեալներէն ու այս առումով ալ նոյնը կարելի է ըսել նաեւ Դամասկոսի համար, որուն յիշողութենէն դուրս չէ ելած Սուրիոյ մէջ անկախ քրտական տարածք մը կերտելու «երազանք»ը, որ վեց ամիսներուն բռնած է վերջնականապէս «մեռնելու» ճանապարհը:
Խօսքը անշուշտ այս փուլին մասին է… Բացորոշ է, որ մէկ կողմէ Անգարայի Աֆրինի մէջ կատարած միջամտութիւնը եւ միւս կողմէ արեւելեան Կութայի ուղղութեամբ սուրիական բանակին բաւական արագ յառաջընթացը իր աւարտին պիտի բերէ այս պատերազմին կարեւոր մէկ դրուագը, որմէ ետք ալ աւելիով յստակութիւն պիտի մտնէ Սուրիոյ պատերազմի ընդհանուր տեսարանին մէջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան