«ՆԱՐԵԿ»Ի ՇՈՒՆՉԸ

Քանի մը օր առաջ Զաւէնիկի հետ ներկայ գտնուեցանք Քասիմի կողմէ առաջին անգամ աշխարհաբարի փոխադրուած «Նարեկ»ի վերահրատարակութեան շնորհանդէսին։ Պէտք է խոստովանիմ, որ մեծ պատասխանատուութիւն մըն է երկուքուկէս տարեկան երեխայի մը հետ մասնակցիլ նմանատիպ լուրջ ձեռնարկի մը։

Սկիզբը տարակուսանքի մէջ էի. կը խորհէի՝ փոքրիկս քովս առնե՞մ, թէ ոչ։ Ի վերջոյ գրքի շնորհանդէս մը տեղի պիտի ունենար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մատենադարանի շէնքի դահլիճին մէջ։ Երկար-բարակ մտորելէ վերջ որոշեցի առնել։ Որո՞ւ պիտի ձգեմ. տունը մեզմէ զատ ուրիշ մէկը չկայ։ Ներքուստ վախ մը ունէի, թէ փոքրիկս շուտով պիտի ձանձրանայ ու փորձէ խանգարել ձեռնարկը։ Միւս կողմէ ալ հանգիստ էի, քանզի իմ ամուսինը նոյնպէս կ՚ընկերակցէր մեզի ու Զաւէնիկի տրտունջքի պահուն միասին կը լքէին դահլիճը։ Այսպէս խոկալով, քիչ մը ուշացումով Երեւանէն հասանք Վաղարշապատ։

Շնորհանդէսը սկսած էր։ Մատենադարանի լուսաւոր ու ընդարձակ դահլիճը մարդաշատ էր։ Իր բարձր ներկայութեամբ շնորհանդէսը կը հովանաւորէր Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, որու կողքին էին Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, բարձրաստիճան հոգեւորականներ եւ հետաքրքիրներ։ Հոծ թիւով լրագրողներ նոյնպէս փութացած էին Հայաստանի երբեմնի մայրավանքը։

Հնարաւորինս աննկատ ու կամացուկ մը մենք զբաղեցուցինք մեր տեղերը։ Զաւէնիկը լուռումունջ նստաւ, անոր ուշադրութիւնը շեղելու նպատակաւ ամուսինս հեռաձայնէն բացաւ մանկական շարժանկար մը։ Փոքրիկս ալ հաճոյքով սկսաւ դիտել։ Սակայն շարժանկարը հարիւր տոկոս չէր երաշխաւորեր, որ երեխան միջոցառման ամբողջ ընթացքին պիտի կենայ անձայն։ Է՜հ, ինչ ընենք, ուրիշ տարբերակ մը չունէինք՝ որքան մնար, շահ մըն էր։

Այժմ ես մանրամասնօրէն պիտի չնկարագրեմ շնորհանդէսի ողջ ընթացքը, զայն կը ձգեմ իմ գործընկերներուն։ Պարզապէս պիտի խօսիմ իմ տպաւորութիւններուն մասին, թէ ինծի ի՛նչ տուաւ այդ ձեռնարկը։

Եւ այսպէս, բեմահարթակէն հոգեւորական մը կը պատմէր Միսաք Գօչունեանի կեանքն ու գործունէութիւնը։ Ամիսներ առաջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչատունէն լոյս տեսած էր ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հիմնադիր՝ Քասիմի կողմէ առաջին անգամ աշխարհաբարի փոխադրուած «Նարեկ» աղօթամատեանը։ Աւելի քան դար մը առաջ Միսաք Գօչունեան ոգեշնչուելով իր մօր՝ Մարիամի կողմէ արտասանուած Նարեկացիի տաղերով, յանձն առած էր այս սրբազան գործը։ Տիկին Մարիամ մանկութենէն ի վեր իր զաւակը կրթած էր հոգեւոր դաստիարակութեամբ։ Ան տեւական որդւոյն համար կ՚երգէր շարականներ՝ Գրիգոր Նարեկացիի տաղերէն։ Բաց աստի, չէր մոռնար աղօթել առ Աստուած եւ իւրաքանչիւր շաբաթ այցելել եկեղեցի։ Բաւական ազ-դըւելով մօր դաստիարակութենէն, ահաւասիկ երիտասարդ Քասիմը, որ չունէր բարձրագոյն համալսարանական կրթութիւն, որոշեց Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» յայտնի աղօթամատեանը գրաբարէ փոխադրել աշխարհաբարի։ Ան գործը յաջողութեամբ աւարտեց ու զայն նուիրեց իր մօր։ Յիրաւի, Քասիմէն ետք շատեր փոխադրած կամ թարգմանած են այս գիրքը, սակայն Միսաք Գօչունեանի թարգմանութիւնը մինչեւ այսօր կը համարուի լաւագոյններէն։

Շնորհանդէսի ընթացքին զիս ամենաշատ տպաւորեց հայ մօր դաստիարակման միջոցը։ Զգացի, թէ ես կը գտնուիմ ճիշդ ուղիի վրայ, որ Զաւէնիկը ինծի հետ այստեղ բերելը լաւագոյն որոշումն էր։ Իմ երկամեայ փոքրիկը, ի զարմանս ինձ, ձեռնարկի ամբողջ ընթացքին շշուկ մը անգամ չհանեց։ Ան բարի կերպով կը դիտէր իր շարժանկարը։ Միայն պահ մը կտրուեցաւ, երբ ձեռնարկը ընդհատուեցաւ երաժշտական դադարով մը։  Ետեւ ետեւի բեմ բարձրացան երկու չքնաղագեղ երգչուհիներ ու իրենց քաղցր ձայնով երգեցին Նարեկացիի հոգեւոր տաղերէն։ Զաւէնիկը համակ ուշադրութեամբ մտիկ ըրաւ։ Իսկ իմ ուրախութեան չափն ու սահմանը չկար, որ այս սրբազան վայրին մէջ իմ փոքրիկը ինքզինք կը դրսեւորէր յաւուր պատշաճի։ Չէ՞ որ մենք շատ անգամ մեր փոքրիկի հետ այցելած ենք զանազան վայրեր, ուր ան որոշ ժամանակ անց չէ կրցած զսպել իր ձանձրոյթը։ Իսկ այստեղ ան զարմացուց բոլոր ներկաները։

Երբ աւարտեցաւ շնորհանդէսը, մենք Միսաք Գօչունեանի ընտանիքի վերջին շառաւիղին՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ կը ճեմէինք ու կը զրուցէինք Մայր Աթոռի տարածքին մէջ։ Այդ ընթացքին ես հասկցայ, որ կ՚ուզեմ նմանիլ տիկին Մարիամին։ Անոր օրինակով դաստիարակեմ զաւակս։ Չէ՞ որ երբ մենք կ՚ունենանք երեխայ, կ՚աճապարենք ժամ առաջ վերջինս մկրտել Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ աւազանին մէջ։ Մկրտութենէ վերջ ալ կը մոռնանք մեր սրբազան պարտականութիւնը՝ հոգեպէս սնուցանել մեր մանուկները։ Անոնց սորվեցնել Աստուծոյ տան ճամբան, ընթերցանութեան ժամերուն անոնց համար կարդալ մանկական Աստուածաշունչ, աղօթել, ըլլալ շնորհապարտ…

Ինչպէս որ ծաղիկ մը, բոյս մը, մայր հողին մէջ առանց ջուրի ու պարարտանիւթերու չի կրնար ապրիլ երկար՝ այնպէս ալ մկրտուած անձ մը, առանց հոգեւոր սնունդի չի կրնար իր հաւատքը պահել ամուր։ Թեթեւ հողմի մը պարագային ան կ՚ըլլայ արմատախիլ…

ԱՐԵԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան 

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2020