ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՆՑՔ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան սրտի խօսք մը արտասանեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ 2 մարտ 2020, երկուշաբթի, կազմակերպուած շնորհանդէսի ընթացքին, որ ձօնուած էր թերթիս հիմնադիր Միսաք Գօչունեանի կողմէ առաջին անգամ աշխարհաբարի փոխադրուած «Նարեկ»ի վերահրատարակութեան։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր խօսքին սղագրութիւնը։

Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայր, գերաշնորհ, հոգեշնորհ, արժանապատիւ հայրեր եւ սիրելի ներկաներ,

Այսօր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած այս շնորհանդէսով մենք կ՚արժեւորենք Միսաք Գօչունեանի ժառանգութեան հիմնական երեսակներէն մէկը: Քասիմի թարգմանութիւնը իսկապէս իր աւանդի ամենակարեւոր բաժիններէն մէկն է: Միսաք Գօչունեան առաջին անգամ աշխարհաբարի փոխադրելով «Նարեկ»ը, զայն ձօնած էր իր ծնողաց. ծնողներ, որոնց խոր հաւատքով, կրօնական խոր զգացումներով պայմանաւորուած ընտանեկան յարկի ներքեւ Միսաք Գօչունեան հասակ առած էր: Իր հայրը՝ աղա Մարտիրոս Գօչունեան եղած էր Կիւրինի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարներէն, նաեւ՝ վարչայիններէն մին: Այսօրուայ հաւաքոյթը, կ՚ենթադրէք, որ շնորհանդէսէ մը շատ աւելին կը նշանակէ նուաստիս համար, որ ձեզի կը ներկայանամ իբրեւ իր շառաւիղը:

Միսաք Գօչունեան ժողովուրդի բոլոր խաւերուն մատչելի ըլլալու մղումով կատարած էր այս առաջին թարգմանութիւնը։ Իր հիմնադրած, իրմով դրոշմուած ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի աւելի քան 110-ամեայ ոդիսականին մէջ ալ այդպէս ինքը այսօր կ՚ապրի: Իր յիշատակով, իր տեսիլքով դրոշմուած այդ թերթն ալ այսօր հետամուտ է մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերուն մատչելի դարձնելու մեր արժէքները՝ կրօնական, մշակութային, բարոյական եւ այդ ուղղութեան վրայ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը:

2018 թուականի վերջին ամսուան մէջ հրատարակուեցաւ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչութեան բաժնի կողմէ, Միսաք Գօչունեանի այս թարգմանութեան վերահրատարակութիւնը: Շատ կարճ ժամանակ վերջ, 2019-ի սկիզբին, վրայ հասաւ Պոլսոյ մէջ մեր հոգելոյս, երանաշնորհ պատրիարքի վախճանումը եւ այս շնորհանդէսի ծրագիրը ակամայ որոշ չափով յապաղեցաւ, որովհետեւ մենք ուզեցինք անպայման մեր նոր պատրիարք սրբազանի ներկայութեամբ, գոյութեամբ ձեւով մը այս շնորհանդէսը իրականացնել: Եւ այսօր ուրախ ենք, որ այս շնորհանդէսը կ՚իրականանայ մեր նորընտիր, մեր սիրելի Ամենապատիւ Սրբազան Պատիրարք Հօր ներկայութեամբ եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ: Ուրախ ենք նաեւ, որ վերջին շուրջ տասներկու տարիներու ալեկոծումները յաղթահարելէ վերջ այսօր ձեզի կը ներկայանանք՝ որպէս ներկայացուցիչը վերամիաւորուած պոլսահայութեան՝ համախմբուած մեր նորընտիր Ամենապատիւ Սրբազան Հօր շուրջ։

Մեզի համար իսկապէս շատ կարեւոր հանգամանք մըն է, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժնէն լոյս տեսած է Քասիմի առաջին անգամ աշխարհաբարի փոխադրած «Նարեկ»ի վերահրատարակութիւնը: Ես պիտի ուզեմ շեշտել, որ Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան այս քսան տարիները մեր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պատմութեան մէջ նոր վերելքի, նոր ոստումներու շրջան մը կը բնորոշեն եւ մենք բոլորս ուրախ ենք վկայելու, թէ այդ վերելքը, այդ մեծ գործը նաեւ հրատարակչութեան գետնի վրայ ի զօրու է: Մայր Աթոռի Հրատարակչական բաժինը այս վերջին քսան տարիներուն ընթացքին աննկարագրելի գործ մը տեսած է։ Հրատարակութիւնները, որոնք կը կատարուին Մայր Աթոռէն, իսկապէս մեծ արժէք կը ներկայացնեն թէ՛ գիտական իմաստով եւ թէ՛ մեր մշակոյթի իմաստով ամէն տեսակետէ կատարելութեան գագաթին վրայ են: Անշուշտ, Վեհափառ Հայրապետին կամքը, օրհնութիւնը կայ այդ գործին ետեւը, նաեւ մենք կրնանք վկայել՝ որպէս հայ գիրք սիրող, հայ գիրքը ընթերցող մարդ, թէ այս քսան տարիներու ընթացքին Հրատարակչական բաժնին մէջ իրենց եռանդը, փորձառութիւնը, պաշարը ներդրած են մեր Եկեղեցւոյ այսօրուայ կարեւոր մտաւորական դէմքերը. ի դէմս սիրելի Եզնիկ Սրբազանին, սիրելի Նաթան Սրբազանին, սիրելի Հայր Շահէին եւ հիմա ալ, այսօր մեր շատ սիրելի Տէր Արարատին:

Մօտաւորապէս տասն տարի առաջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նշած էինք ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի դարադարձը եւ այդ 100-ամեակի հանդիսութենէն շուրջ տասն տարի վերջ է, որ այսօր ահաւասիկ թերթի 110-ամեակին առթիւ, 110-ամեակին ձօնուած այս հրատարակչական գործի շնորհանդէսին համար դարձեալ հաւաքուած ենք այստեղ՝ Մայր Աթոռի նուիրական մթնոլորտին մէջ: Կ՚ուզեմ ընդգծել երախտագիտութիւնս Վեհափառ Հայրապետին նկատմամբ, որ ուշադրութիւն ցուցաբերած է այս յոբելենական հանգրուաններուն հանդէպ եւ իր օրհնութիւնը մեզի կը բաշխէ առատօրէն:

Ես կ՚ուզեմ նաեւ ամենախորին յարգանքով վերյիշել հոգելոյս փրոֆեսէօր Հրաչեայ Միրզոյեանը։ Այսօրուան շնորհանդէսը ձեւով մը նաեւ իր ոգեկոչումն է վստահաբար: Ես գիրքի վերահրատարակութեան պատրաստութիւններու շրջանին հնարաւորութիւն ունեցայ քանի մը անգամ շփուելու իր հետ, բնականաբար, ո՛չ մասնագէտի, ո՛չ ալ իրաւայաջորդի յաւակնութիւն ունէի, ամենահամեստ, ամենախորին զգացումներով ներկայացայ իրեն եւ իր հետ շփումը ինծի համար իսկապէս մեծ հարստութեան առիթ մըն էր։ Ես իր մէջ տեսայ նուիրեալ գիտնականը, որ այս գործին ծանօթանալէ վերջ Քասիմի նկատմամբ տածած սէրէն, յարգանքէն, ցուցաբերած վերաբերմունքէն, բարի եղաւ բաժին դուրս բերել ինծի՝ որպէս Գօչունեան ընտանիքի այսօրուան սերունդներուն ներկայացուցիչը: Հետեւաբար ես իր յիշատակին առջեւ ամենախոր զգացումներով կը խոնարհիմ ձեր բոլորին ներկայութեամբ:

Երբ նոր չափահաս դարձած էի, հոգելոյս մեծ հայրս ինծի երկու բան յանձնեց՝ մէկ հատը մեր ընտանեկան ծառն էր, միւսն ալ՝ Քասիմի թարգմանած «Նարեկ»ի բնագիրներէն մէկ հատը: Եւ ըսաւ, որ ասոնք այլեւս դո՛ւն կը պահես: Ընտանեկան ծառը մէկ կողմ, բայց «Նարեկ»ը, բնականաբար, ես այդ պահուն ստանձնած էի՝ որպէս առաւել չափով արենակցական կապէ բխած աւանդ մը, հարստութիւն մը: Բայց այս ամբողջ շրջանին սիրելի Տէր Արարատին եւ սիրելի Հայր Շահէին կողմէ դրսեւորուած վերաբերմունքը արդէն իմ մօտ պարզ դարձուցին, որ անոր նշանակութիւնը, անոր արժէքը սահմանափակուած չէր միայն այդ արենակցական կապէն բխած իմաստով, նշանակութիւնով, այլեւ՝ շատ աւելին էր, որ ձեւով մը հայելի մըն է մեր ժողովուրդի հաւատքի աշխարհի, մեր ժողովուրդի զգացական աշխարհի, մեր ժողովուրդի ձեւով մը ներաշխարհի ընդհանուր պատկերին:

Կ՚ուզեմ կրկնել իմ ամենախորին երախտիքը Վեհափառ Հայրապետին նկատմամբ, կ՚ուզեմ կրկնել իմ ջերմ շնորհակալութիւնները շատ սիրելի Տէր Արարատին եւ շատ սիրելի Հայր Շահէին նկատմամբ: Վերջացնելէ առաջ թոյլ տուէք այսօրուան ի յիշատակ առ ի երախտագիտութիւն իրենց կողմէ տարուած աշխատանքին, փոքրիկ յուշանուէրներ յանձնել իրենց: 

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2020