ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ԼԵԶՈՒՆ
Անուշ ձայն մը կը բախի լսողութեանս, շատ մօտ ու սրտամօտ: Կողքի սենեակէն երաժշտական գործիքներուն ձայնն է, որ կը հոսի ու կը տարածուի իր հունին մէջ խաղաղութեամբ հոսող առուակի մը պէս: Կ՚ըլլան չէ՛ պահեր, երբ մարմաջ մը կը պարուրէ էութիւնդ խաղաղ հնչիւններ լսելու: Կեանքը այնքան արագ ու անախորժ ձայներով կ՚ընթանայ, որ այսպիսի պահերու որսը կը ստիպուիս յետաձգել ուրիշ զոհողութիւններ գերադասելով անոնց:
Կենդանի է երաժշտութիւնը խումբ մը երիտասարդներու կատարումով: Աշխարհի տարբեր անկիւններէն անոնք հոս է որ հաւաքուած կը ստեղծագործեն, մին՝ դաշնամուր, միւսը՝ կիթառ, ջութակ, սաքսաֆոն ու ափրիկեան հարուածային գործիք մը: Երաժշտական տարբեր գործիքներ, լարայինը, փողայինն ու հարուածայինը, տարբեր մշակոյթներու պատկանող իրեր, ինչպէս իրենք՝ երիտասարդները, հայ անունին հետ իւրաքանչիւրին ծոծրակին դաջուած է տեղացիութեան մը դրոշմը ու կը կրեն անոնք այդ դրոշմներուն հետքերը ամէն ինչի մէջ՝ լեզուի, հնչիւններու, մտածելակերպի, նիստուկացի...: Սակայն զանոնք միաւորողը մէկ լեզու է, երաժշտութեան լեզուն, որ միակն է հասկնալի աշխարհի բոլոր բնակիչներուն համար:
Կը խօսին անոնք, կը զրուցեն կարծես իրենց կեանքի փորձերը, ընկալումները ծովու նման պարզած, մերթ կ՚ալեկոծին, մերթ կը խաղաղին: Զրոյցի կը սկսի դաշնամուրը. ցաւը կը փոխանցէ ստեղներու հպումներով, տառապանք կայ անոր թովիչ հնչիւններուն մէջ, ուսման պատճառով ընտանիքէն հեռացողի մը կարօտը թերեւս, մաքառումը նաեւ կեանքի դժուարութեանց դէմ, կիսատ մնացած սէր է նաեւ կարծես, որ կու գար ամոքել երիտասարդին՝ օտարի գոյերթը, որ չկայ հիմա: Անցեալը սեւ, ապագան, թերեւս՝ սպիտակ. ու սեւի ու սպիտակի խառնուրդով մոխրագոյնը ի յայտ կու գայ անոր մտահորիզոնին մէջ, մոխրագոյն կը տեսնէ կեանքը, ու՝ դժբախտութիւն, յոռետեսութիւն, մենութիւն, աղերս, աղերս, աղերս...:
Ջութակը կու գայ աղերսը մեղմելու, իւրայատուկ ոճով մը, հասկցողի, փորձառուի նման կարծես, քանի ինք ալ իր սեփական մաշկին վրայ այդ նոյն, երիտասարդ սարսուռները ապրած է, բայց բարձր ու մեղմացնող հնչիւններով մերթ յուզում, մերթ ալեկոծում, մերթ յոյս կը ներշնչէ, առանց պայքարի կեանքի իմաստին բացակայութիւնը կը շեշտէ լարերուն ու աղեղին արագընթաց թրթռացումով ու նուագողին դէմքին մերթ խիստ, մերթ խաղաղ արտայայտութիւններով:
Կիթառը կը մասնակցի զրոյցին, գլգլան աղբիւրի կարկաչին նման կը սփռէ իր հնչիւնները, համակերպում մըն է իր կատարածը ընկերային այս զրոյցին մէջ, համամտութիւն ալ կարելի է անուանել, զրոյցին խաղաղ մասնակցութիւն մը, եւ հրաւէր մը բոլոր մասնակիցներուն միասնաբար մոխրագոյնին գորշութիւնը վերացնելու:
... Ու բոլորը միասին կը խօսին, բոլորը միասին կը թափեն իրենց մէջի թոյնը, որ կուտակ-կուտակ կը կաթի անհամաչափ երաժշտական ելեւէջներուն զուգահեռ: Ինչեր կը թափին այդ կուտակներուն հետ՝ պատերազմ, ընտանեկան անհամերաշխութիւն, դժուարութիւններ, փորձեր ու ձախողումներ..., եւ մշակոյթներու տարբերութունը նկատելի է նոյնիսկ հնչիւններէն, որոնք արեւելեանն ու արեւմտեանը կը միահիւսեն իրենց ցաւերուն: Կեանքն է, որ կը պատմուի արուեստի լեզուով:
Բայց երիտասարդ են անոնք, հուժկու ու զօրեղ. իւրաքանչիւրը նպատակ մը գրկած, ամուր սեղմած է իր կրծքին, ի՛նչ գիտեն յոգնութիւնը: Առոյգ ու ձիգ միսեր ունին, մը-կաններ, որոնք շատ փորձեր, ծանր ու թեթեւ հարուածներ պիտի ստանան, պիտի կոփուին տակաւին:
Ահա հարուածայինով հաւատքը կը հոսի, որ կարծես հին, հեթանոս ցեղախումբերու աստուածներուն նուիրուած թմբկահարութիւն մը ըլլայ, բայց... ի՛նչ փոյթ, էականը հաւատքի ըմբռնումն է, որ կը մեղմէ զայրոյթը, որ խաղաղ ու համաչափ հնչիւններու կը վերածէ զրոյցը եւ հարուածներուն համընթաց կ՚աճի հաւատքը նպատակներու հեռանկարին, հաւատքը իրենց կարողութեան, հաւատքը յաղթահարելու ամէն ինչի, հաւատքը մանաւանդ պայծառութեան կերտման եւ մոխրագոյնին մթութեան կաթիլ-կաթիլ անհետացման:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ