ԻՆՉՊԷ՞Ս ԴՐԱԿԱՆ ԵՒ ԼԱՒԱՏԵՍ ՄՆԱԼ «ՔՈՐՈՆԱ» ԺԱՀՐԻ ՏԱԳՆԱՊԱԼԻ ՇՐՋԱՆԻՆ

Մինչ միլիոնաւոր մարդիկ մեկուսացած են՝ պայքարելու քորոնաժահրին դէմ, դրական մնալը ուրիշ ժամանակներէ շատ աւելի անհրաժեշտ կը դառնայ:

Դրական զգացումէն ուրախութիւն կը ծնի: Դրական զգացումներուն վրայ կեդրոնանալը շատ աւելին է, քան ժպտալը. ատիկա լաւատես մնալու եւ կացութիւնը կառուցողական տեսանկիւնէն դիտելու կարողութիւն է: Մինչ քորոնաժահրը լաւատես ըլլալը դժուար կը դարձնէ, կան բաներ, որոնք կրնաս ընել լաւատես մնալու համար.

- Սահմանափակեցէք ընկերային ցանցերուն եւ լուրերուն հետեւելու ժամանակը. օրական մէկ անգամ կարդացէք լուրերը տեղեկացուած մնալու համար, եւ ապա մարեցէք ձեր բջիջային հեռաձայններուն լուրերու ծանուցումները, ձայնասփիւռային եւ պատկերասփիւռային զրոյցները:

- Գնահատեցէք ձեր տունը եւ ձեր ընտանիքի անդամները. օրական գրեցէք ցանկ մը այն բաներուն մասին, որոնց համար դուք երախտապարտ էք եւ բաժնեկցեցէք զանոնք ձեր ընտանիքի անդամներուն հետ:

- Սուրճ խմելու պահերէն առաւելագոյնս օգտուեցէք: Հիմա բացառիկ առիթ է ունենալու լաւ եւ ուրախ զրոյցներ՝ դէմ առ դէմ կամ առցանց: Խօսակցութեան սկիզբը յայտնեցէք, որ քորոնաժահրին մասին խօսիլը արգիլուած է:

- Բաժնեկցէցէք այն ուրախութիւնը եւ գոհունակութիւնը, զորս ձեր ընտանիքի անդամները կը զգան տան մէջ խաղալու եւ աշխատելու ատեն:

- Նոր տեսանկիւնով նայեցէք առօրեայ պարտականութիւններուն, ինչպէս՝ ճաշ եփելուն, եւ ժամանակ յատկացուցէք զանոնք պատրաստելու ձեզի եւ ձեր շուրջիններուն համար:

- Ձեր ընտանիքի անդամներուն հետ խաղացէք զանազան խաղեր, որոնք նշանաւոր էին նախքան բջիջային հեռաձայններու նորոյթը, ինչպէս՝ Մոնոփոլի, Ռիսք, օձախաղ, քարտերու խաղեր: Կրնաք նաեւ դիտել հին նկարներ, հին կամ նոր ֆիլմեր եւ քննարկումներ կատարել անոնց շուրջը:

ՆԵՐԳՐԱՒՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

Ինքնամեկուսացումը կրնայ դժուարացնել ներգրաւուածութիւնը առցանց ընկերներուդ կամ քու գործունէութիւններուդ հետ: Բարձր ներգրաւուածութիւն պահանջող աշխատանքները մարմինը կը լեցնեն դրական հորմոններով, որոնք կը բարձրացնեն անձի մը բարեկեցութեան զգացումը: Մարզիկներ, երաժիշտներ եւ ուրիշներ փորձառութիւն ունին այս գծով. ատիկա կը կոչեն «հոսանք»: Ժամանակը շատ արագ կ՚անցնի, երբ կը կեդրոնանաք մէկ աշխատանքի վրայ: «Հոսանք»ի ընթացքին, կը գտնենք ներգրաւուածութիւն, հանդարտութիւն, կեդրոնացում եւ ուրախութիւն: Դուք նաեւ կրնաք հաճոյք ստանալ «հոսանք»էն՝ ձեր տան մէջ կատարելիք աշխատանքներով: Օրինակ, կրնաք «հոսանք» գտնել հետեւեալ գործունէութիւններուն մէջ՝

- Պատրաստեցէք գործի զեկոյց մը, զոր ձգձգած էիք

- Օրուան ընթացքին առցանց պրպտումներ կատարեցէք կամ կարդացէք այն գիրքը, զոր շատոնց կ՚ուզէիք կարդալ

- 10 վայրկեան ուշադրութեամբ մտիկ ըրէք ձեր ընտանիքի անդամներուն կամ ընկերներուն կեանքի պատմութիւններուն՝ առանց ընդմիջելու: Ի՞նչ սորվեցաք անոնցմէ կամ ձեր մասին: Այս շրջանը լաւագոյն առիթն է ձեր յարաբերութիւնները զարգացնելու եւ ամրապնդելու ձեր հարազատներուն հետ:

- Մարզանք ըրէք, երգեցէք, պարեցէք, նուագեցէք գործիք մը. ասոնց ժամանակ յատկացնելը ձեզի թոյլ կու տայ զգալու կեդրոնացում, հանդարտութիւն եւ գոհունակութիւն:

Այս բոլոր գործունէութիւնները կ՚ամրապնդեն մեր բանականութիւնը, հմտութիւնները եւ զգացական կարողութիւնները:

ՆՊԱՏԱԿ

Քորոնաժահրը մղեց բազմաթիւ անհատներ եւ ընկերութիւններ վերամտածելու իրենց նպատակին մասին: Նպատակը մեզի կու տայ իմաստ, որ կարեւոր դեր կը խաղայ մեր ինքնակերտումին մէջ: Կրօնքը եւ հոգեւորականութիւնը շատ մը մարդոց իմաստ կու տան, ինչպէս նաեւ բարոյական հիմքերու վրայ դրուած աշխատանքը, զաւակներու հոգ տանիլը, կամաւոր աշխատանքը եւ ստեղծագործական աշխատանքը: Սովորաբար մարդիկ հաճոյք կը ստանան՝ ունենալով սեփականութիւններ, բայց իմաստ չեն գտներ: Իմաստը աւելի խոր է եւ զգացական: Եթէ կ՚աշխատիք ձեր գրասենեակին մէջ, կամ հիմա՝ տունը, մտածեցէք, թէ ի՛նչ կ՚ընէք ձեր ժամանակին մեծ մասը: Այդ գործունէութիւնը ձեզի ի՞նչ օգուտ կը բերէ: Պէտք է գտնէք գործունէութիւններ, որոնք կ՚ամրապնդեն նպատակի ձեր հասկացողութիւնը եւ ձեզի իմաստ կու տան: Կրնաք փորձել ասոնցմէ մէկը.

- Փնտռեցէք ձեր նպատակը, գրեցէք, ապա բարելաւեցէք զայն, եւ երբ որ պատրաստ զգաք, ուրիշներուն հետ կիսեցէք - ատիկա մղիչ ուժ մը կ՚ըլլայ ձեր նպատակները իրականացնելու ուղղութեամբ:

- Երբ ձեր նպատակին հասկացողութիւնը ունենաք, փորձեցէք մանրամասնել ձեր միտքին մէջ կամ թուղթի մը վրայ, թէ ինչպէս ձեր կեանքի ներկայ մօտեցումը կը համապատասխանէ ձեր նպատակին: Ո՞ր գործունէութիւնները եւ յարաբերութիւններու ձեր առաքելութեան կ՚աջակցին, եւ որո՞նք՝ ոչ: Այժմ դուք պէտք է ձեր անձնական բարելաւման սեփական ծրագիրը մշակէք:

ՆՈՒԱՃՈՒՄՆԵՐ

Նուաճումի զգացումը դրական ապրելու, զարգանալու եւ երջանկութեան էական երես մըն է, այդ իսկ պատճառով մշակեցէք ցուցակ մը, որ կ՚ընդգրկէ այն երազները եւ նուաճումները, զորս կ՚ուզէք իրականացնել ապագային: Ինչ ալ ըլլան մեր պայմանները, նուաճումները մեզի կը յիշեցնեն, որ մենք ունինք հակակշիռ մեր կեանքին վրայ: Այսպիսի նուաճումներ պէտք չունին բացառիկ ըլլալու, որպէսզի մեզի հակակշիռ ունենալու զգացումը տան: Անոնք կրնան ըլլալ շատ պարզ բաներ, ինչպէս՝ հետեւիլ սննդականոնի եւ առօրեայ դրութեամբ մարզանք կատարել: Մեկուսացման ընթացքին դուք պէտք է կատարէք իրատեսական նպատակներ, որոնց հնարաւոր է հասնիլ:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Երկուշաբթի, Ապրիլ 13, 2020