ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ԵՒ ՀԱՄԲՈՒՐԵԼԻ ՀԱՅ ՄԱՅՐԵՐ…

Առ­հա­սա­րակ, մայ­րը նկա­տուած է մարդ­կա­յին ըն­կե­րու­թեան ա­մե­նէն ա­ռողջ եւ գլխա­ւոր էա­կը, ըն­տա­նի­քի մը սիւ­նը։

Կա­րե­լի է այս բա­ցատ­րու­թիւ­նը ա­ւե­լի եւս յստա­կաց­նել, ը­սե­լով՝ որ ե­թէ ճար­տա­րա­պե­տը կը կա­ռու­ցա­նէ շէն­քը, մայ­րը այն ընդ­հա­նուր վե­րահս­կիչն է, որ այդ շէն­քի կեան­քին կարգ ու կա­նոն, ո­գի եւ կեն­դա­նու­թիւն կու տայ։

Մեր պա­րա­գա­յին, մայ­րա­կան բա­ցատ­րու­թիւ­նը ա­ւե­լի խոր ար­մատ­ներ ու­նի։ Քա­նի որ մեր մայ­րե­րը ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ ե­ղած են եւ կը շա­րու­նա­կեն ըլ­լալ մեր ազ­գի գո­յա­տեւ­ման սիւ­նե­րը, ու­րեմն մայ­րե­րու տօ­նը կըրկ-նա­կի ի­մաստ կը զգե­նու։

Մեր ար­տա­յայ­տած ե­րախ­տա­գի­տա­կան զգա­ցում­նե­րուն մէջ ե­թէ կան սէր, յար­գանք, որ­դիա­կան ջերմ զե­ղում­ներ, սա­կայն ա­մե­րի­կեան այս յոր­ձա­նուտ եւ դա­ժան պայ­ման­նե­րուն մէջ, մենք պարտ ենք այս տօ­նին ա­ռի­թով շեշ­տել հայ մօր յա­տուկ նուի­րումն ու ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։

Հայ մայ­րը ե­ղած է մեր լե­զուի ա­ռա­ջին ու­սու­ցի­չը. երբ մենք թո­թով լե­զուով սկսած ենք խօ­սիլ, հայ մայ­րը մեր լե­զուա­կան եւ խօ­սակ­ցա­կան շնոր­հը զար­գա­ցու­ցած է եւ լա­ւա­գոյ­նին ա­ռաջ­նոր­դած։ Ան նաեւ ե­ղած է հա­յոց պատ­մու­թեան ա­ռա­ջին ու­սու­ցի­չը։ Մենք գի­շե­րը օ­րօր­նե­րու ա­ռըն­թեր՝ մեր մայ­րե­րէն լսած ենք մեր հին ու նոր ան­ցեա­լի տխուր թէ ու­րախ դրուագ­նե­րու մա­սին։

Հայ մայ­րը, նաեւ մեր դաս­տիա­րակն է։ Ան է որ իր ձայ­նը կը բարձ­րաց­նէ երբ տան մէջ՝ զա­ւակ­նե­րուն մօտ սխալ բան մը տես­նէ։ Այդ սխա­լը ման­կու­թեան շրջա­նին սրբագ­րել, հայ մօր մե­ծա­գոյն պար­տա­կա­նու­թիւնն է։

Այլ խօս­քով, հայ մայ­րը Ա­մե­րի­կա­յի մէջ մաս­նա­ւո­րա­բար, մեծ դեր ու­նի կա­տա­րե­լիք։ Այդ դե­րը կը սկսի մեր տու­նե­րէն։ Այդ դե­րը միա­ժա­մա­նակ մարդ­կա­յին եւ հա­յա­պահ­պան­ման բնոյթ ու­նի։ Ե­թէ մենք հա­մո­զուած ենք որ հա­յա­պահ­պա­նու­մը ա­ռաջ­նա­հերթ պար­տա­կա­նու­թիւն է, ու­րեմն յստակ կեր­պով պէտք է այդ պար­տա­կա­նու­թեան գի­տակ­ցու­թիւնն ու գործ­նա­կա­նա­ցու­մը ակն­կա­լենք մեր մայ­րե­րէն։

Հայ մայ­րը ինք պի­տի ըլ­լայ մեր քայ­լե­րուն ուղ­ղու­թիւն տուո­ղը, թոյլ չտա­լով որ մենք դուրս ել­լենք մեր ազ­գա­յին սրբու­թիւն­նե­րէն, թոյլ պի­տի չտայ որ մեր զա­ւակ­նե­րը հե­ռա­նան պա­պե­նա­կան եւ առ­հա­ւա­կան մեր ան-նըման ժա­ռան­գու­թիւն­նե­րէն։

Հայ ըն­տա­նի­քը ա­մե­նէն ա­ռաջ­նա­հերթ եւ ա­մե­նէն կա­րե­ւոր միա­ւորն է հայ ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին մէջ։

Ե­թէ ձա­խո­ղած է այդ միա­ւո­րը, ե­թէ ան­հաս­տատ է, ե­թէ քայ­քա­յուած է, ու­րեմն հայ ազ­գա­յին ըն­կե­րու­թիւ­նը լրջօ­րէն վնա­սուած է։ Իսկ

ե­թէ ա­ռողջ է ըն­տա­նե­կան այդ օ­ճա­խի զօ­րու­թիւ­նը պահ­պա­նուած է մայ­րա­կան նուի­րու­մին եւ զո­հա­բե­րա­կան ո­գիին ու գի­տակ­ցու­թեան մէջ։

Ե­թէ ակ­նարկ մը նե­տենք մեր պատ­մու­թեան վրայ, պի­տի տես­նենք որ հայ մայ­րը, մաս­նա­ւո­րա­բար Վար­դա­նան­քէն եւ Ե. դա­րէն սկսեալ, քա­ղա­քա­կան, գրա­կան, յե­ղա­փո­խա­կան, մշա­կու­թա­յին, միու­թե­նա­կան եւ բազ­մա­թիւ մար­զե­րու մէջ եւս ստանձ­նած է պա­տաս­խա­նա­տու դե­րեր, եւ իր պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը ա­մե­նայն պար­կեշ­տու­թեամբ եւ գի­տակ­ցու­թեամբ կա­տա­րած է։

Խօ­սուն պատ­կեր­նե՞ր՝ ա­հա­ւա­սիկ։

Պա­տե­րազ­մէն փախ­չող եւ դու­ռը թա­կող իր զաւ­կին հայ մայ­րը ը­սաւ.

-Դուն իմ զա­ւակս չես. վե­րա­դար­ձիր եւ յաղ­թէ թշնա­միին…

Երբ հայ մօր մը կ՚ի­մաց­նեն, թէ եր­կու զա­ւակ­ներն ալ պա­տե­րազ­մի դաշ­տին վրայ մե­ռած էին, կը սկսի իր բռունձք­նե­րով փո­րին զար­նել, ներ­կա­նե­րը կը կար­ծեն թէ խե­լա­գա­րած է հայ մայ­րը, մինչ ան կ՚ը­սէ.

-Ես ար­գան­դիս կը զար­նեմ, ո­րով­հե­տեւ ա­նի­կա նոր զա­ւակ­նե­րու ծնունդ պի­տի չկա­րե­նայ տալ…

Տա­կա­ւին՝

-Հայ տի­կի­նը ստի­պում է ա­մուս­նոյն գնալ,

Պա­տե­րազ­մի դաշ­տին վրայ վէրք տալ, ստա­նալ։

Ա­ւե­լին՝

-Քսան տա­րի կե­րակ­րե­ցի մինչ հա­սակդ այդ ա­ռիր,

Բարձր հա­սա­կիդ մայրդ մեռ­նի, դուն ալ քու ազ­գիդ մե­ռիր…

Սքան­չե­լի պատ­գամ՝

-Թէ մօրդ ան­գամ մտքից հա­նես,

Քո մայր լե­զուն չմո­ռա­նաս։

Այ­սօր, երբ մա­յի­սեան այս գե­ղե­ցիկ օ­րե­րուն, կը խօ­սինք վար­դե­րու եւ զա­ւակ­նե­րու մա­սին, կը կազ­մա­կեր­պենք հան­դէս­ներ, բա­նա­խօ­սու­թիւն­նե­րով, ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով եւ եր­գե­րով կը ներ­բո­ղենք մեր մայ­րե­րը, այս ա­ռի­թէն օգ­տուե­լով նաեւ բարձ­րա­ձայն մտա­ծե­լով պէտք է յայտ­նենք, որ մեր ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը շատ բարձր են հայ մայ­րե­րէն, թէ ա­նոնց շնոր­հիւ ինչ­պէս ե­րէկ, նաեւ այ­սօր մենք պի­տի շա­րու­նա­կենք այն պայ­քա­րը, ո­րուն լծուած ենք այն օ­րէն մաս­նա­ւո­րա­բար, երբ Սփիւռք ե­ղանք։

Այ­սօր, երբ Ար­ցախ, Հա­յաս­տան եւ Սփիւռք տագ­նա­պա­լի շրջան­ներ կ՚ան­ցը­նեն, մեր մայ­րե­րը ի­րենց պար­տա­կա­նու­թեան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւ­նը պի­տի տան այս հար­ցե­րու բար­ւոք լու­ծում­նե­րուն։

Սի­րե­լի՛ հայ մայ­րեր, դուք միշտ մեր ակն­կա­լու­թեանց գո­հա­ցում տուած էք. այժմ նոյն հա­ւատ­քով կը սպա­սենք որ ձեր ճի­գե­րը բազ­մա­պատ­կէք ի խնդիր մեր բազ­մա­դա­րեան ժո­ղո­վուր­դի յա­ւեր­ժա­կան եր­թին։

Այ­սօր, այս ա­փե­րուն, ճիշդ է որ շատ բան կորսն­ցու­ցած ենք մեր դա­րա­ւոր ա­ւան­դու­թիւն­նե­րէն եւ դաս­տիա­րակ­չա­կան ըմբռ­նում­նե­րէն, բայց պէտք է մէկ բան ու­ժեղ կեր­պով պա­հենք մեր սրտին մօ­տիկ.- մայ­րա­կան սրբու­թիւ­նը։

Այդ հա­ւատ­քով, ա­հա մենք զա­ւակ­ներս կու գանք խո­նար­հե­լու ան­ցեա­լին պատ­կա­նող, յա­ւեր­ժու­թեան մէջ հանգ­չող մայ­րե­րու յի­շա­տա­կին առ­ջեւ, ինչ­պէս եւ ող­ջու­նե­լով մեր ապ­րող եւ տա­կա­ւին ծա­ռա­յող մայ­րե­րը, ը­սե­լով.

-Ապ­րի՛ք, հա­զա՛ր ապ­րիք հայ մայ­րեր, քա­նի որ մենք կը հա­ւա­տանք, թէ ձեզ­մով կ՚ապ­րի հայ ժո­ղո­վուր­դը։

ԳՐԻ­ԳՈՐ ՇԷ­ՆԵԱՆ

Շաբաթ, Մայիս 13, 2017