ՎՍՏԱՀԻԼ ՍԵՓԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ԿԱՄ ԻՆՉՊԷՍ ԿԱՐՈՂԱՑԱՆՔ ՊԱՅՔԱՐԻԼ «ՔՈՎԻՏ-19»Ի ԴԷՄ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքը վերջին օրերուն բաւական տագնապած էր՝ թէեւ այդ մասին որեւէ հրապարակում կատարելը յարմար չէինք դատած։ Արդարեւ, թերթիս Երեւանի աշխատակիցներէն Սագօ Արեան եւ Անուշ Թրուանց վարակուած էին քորոնաժահրով, իրենց սիրասուն որդիներով՝ Վահագնով եւ Ակսելով հանդերձ։ Մշտապէս կապի մէջ էինք, սակայն, հեռաւորութեան պայմաններով միայն կարողացանք աղօթել իրենց համար։ Բարեբախտաբար, իրենց դարմանումը ընթացաւ բարեյաջող եւ անոնք վտանգաւոր փուլը յաղթահարած ըլլալ կը թուին։ Թէ՛ Սագօ Արեան եւ թէ Անուշ Թրուանց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի իրենց արտադրանքով արդէն մեր ընթերցողներու ամենասիրելիներու շարքին կը դասուին։ Հակառակ իրենց անցուցած ծանր օրերուն, անոնք չկաղացուցին իրենց աշխատակցութիւնը, ինչ որ ապացոյց մըն է իրենց պատասխանատուութեան գիտակցութեան եւ արհեստավարժութեան մակարդակին մասին։ Դարմանումի ճանապարհին շօշափելի զարգացում արձանագրած ըլլալով՝ Սագօ Արեան մեզի ուղարկած է գրութիւն մը, որ իսկապէս դիպուկ է մարդկային հենքով։ Սա նաեւ վարակեալի մը շահեկան վկայութիւնն է, որ բազմակողմանիօրէն կրնայ արժեւորուիլ ժամանակներու մէջ։ Այսօր մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այս գրութիւնը՝ կրկնելով մեր կատարեալ առողջութեան մաղթանքը սիրեցեալ մեր աշխատակիցներուն՝ Սագօ Արեանին եւ Անուշ Թրուանցին, նաեւ իրենց հարազատներուն համար։

Այն ինչ, որ ապրեցանք տակաւին երկար պիտի յիշուի։ «Քովիտ-19» այդպէս, անկոչ հիւրի մը նման մտաւ մեր տան շեմէն երոնք առաջին օրէն ալ վարակուեցան, ապրեցան այս չարաղէտ ու անկասելի հիւանդութեան ծանր հետեւանքները։

Անկեղծ ըլլալու համար՝ այս հիւանդութեան ամենէն նեղացնող դրուագը ջերմութիւնը չէր, ո՛չ ալ ծանր դեղերուն տուած «ծանրութիւն»ը, որ կը ստիպէր մարդս քաշուիլ ամէն ինչէ, գլուխը դնել բարձին ու այդպէս պարտուածի տեսքով քնանալ... Այլ ասոնցմէ աւելի՝ ամենավատն էր, որ հիւանդութիւնը անկանխատեսելի էր, կրնար բարդութիւններ տալ, ցաւերէն անդին ալ հետեւանքներ ստեղծել։ Ալ չեմ խօսիր Հայաստանի մէջ տիրող ընդհանուր դրութեան մասին, որ մինչեւ հիմա ալ կը շարունակուի եւ որուն մասին վկայութիւն տալ փորձող մարդիկ կու գան այն եզրակացութեան, թէ Հայաստան երկիրը քորոնաժահրի դէմ իր տարած պայքարը տանուլ տուաւ, այլ խօսքով՝ պարտուեցաւ։

Զարմանալի ցաւեր, գանկի տարբեր հատուածներու մէջ անհասկնալի պրկումներ եւ այս բոլորէն ետք՝ ալ առնուազն երեք օրերու վրայ երկարած բարձր ջերմութիւն, որու ամենամեծ հետեւանքը ուժասպառ, տկար եւ ոչինչ ընելու անօգնականութեամբ մարմնի թուլութիւնն է։ Այս բոլորին դէմ պայքարը պարտաւոր ես տանիլ խելքով, կամքով եւ վճռակամութեամբ։ Տեղ մը պիտի ըսէիր, որ պիտի յաղթեմ այս վարակին։ Դեղերը՝ ճիշդ է, որ բաւական ծանր էին, սակայն կարողացան օգնել, որպէսզի քիչ մը ուժ հաւաքես, մկաններդ լարես ու դարձեալ հաւատաս, թէ վարակը անպարտելի չէ։ Դեղերէն անդին, սակայն, մարդուս ապրելու կամքն է. թերեւս հիմա, երբ այս տողերը կը շարեմ, շատեր հարց պիտի տան, նոյնիսկ քննադատաբար պիտի ըսեն, որ «հիմա առողջացաւ, եկեր է խելք բաժնելու...» բայց իրականութիւնը այլ է։

Կայ մօտեցում, որ նաեւ առողջապահական բնոյթ ունի եւ որու հիմամբ հիւանդութիւններու մեծ մասը կարելի է զգետնել միայն կամքի ճամբով, նորէն առողջանալու մեծ ու բուռն փափաքով եւ ամէն գնով նորէն ոտքի կանգնելու վճիռով։

Ահա այս մասին է, որ կը խօսիմ։ Թերեւս ճիշդ էին տրուած դեղերը, անոնց ազդեցութիւնը տեղին էր, անոնց քանակաչափը ճիշդ կռահուած էր, բայց եւ այնպէս, այս բոլորէն վեր ու անդին՝ մարդուս ներանձնական որոշումն է։

Բժիշկները օգնեցի՞ն. հարկաւ թէ օգնեցին։ Ծննդավայր Պէյրութի կամ նոյնիսկ հեռաւոր Նորվեկիոյ բժիշկ ընկերները, որոնք միշտ պատրաստ էին խորհուրդներ տալու եւ իրենց ամբողջ գիտելիքը տրամադրելու, որպէսզի առողջանաս՝ կարողացան քիչ մը թեթեւցնել այս գորշ հիւանդութեան ծանր բեռը թոքերուդ վրայ... Հարկաւ թէ օգնեցին, բայց կարեւորը դո՛ւն էիր։ Դո՛ւն քու անձիդ հետ… Առաւօտուն, երբ վարագոյրը կը բանայիր ու կը նայէիր բակի կանաչ ծառերուն, կամ գիշերը ուշ ժամուն, երբ կը պատրաստուէիր պայքարի մտնել «անհանգիստ քուն» կոչուածին դէմ՝ մտածելով ու հաւատալով, թէ վաղուան օրը աւելի պայծառ պիտի ըլլայ։

Առանցքը պայքարին՝ ժահրի փշուրները կամ սուր մարմինները չէին, որոնք հազարումէկ ձեւ ու միջոց գտնելով հասած էին ձախ կիսաթոքիդ կեդրոնը ու վէրքեր տալով կը փորձէին շունչի պաշարներդ «գողնալ» ու քեզ սպառել։ Այլ՝ իսկական կիզակէտը այդ պայքարին դո՛ւն էիր։ Դո՛ւն քու անձիդ հետ, քու պայքարիդ ու կեանքը ամէն գնով շարունակելու կամքիդ հետ։

Շատ մեծ խօսած չըլլալու համար՝ շատ հաւանական է, թէ այդ պայքարին մէջ կար կաթիլ մը պատասխանատուութիւն ունենալու զգացումը, որ արեան մեծ կաթիլներով կը հոսէր սիրտէդ դուրս եւ կամք ու եռանդ կը տանէր մարմնիդ բոլոր հատուածներուն եւ աւելի քան բացորոշ է, որ եթէ այսօր յաղթական (եթէ) դուրս եկայ այս «քովիտեան» պայքարէն, ապա այդ մեծ յաղթանակի ամենամեծ զէնքը ո՛չ «Արպիթոն» կոչուած դեղին ու ծանր դեղահատերուն յաղթնակն էր, ոչ ալ «Ազիթրոմայսին» անունով յայտնի հակամանրէն։ Յաղթանակը քու մէջդ էր ու կը պատկանէր անոնց, որոնք կը հաւատան կեանքի ուժին ու անոր համար ալ այս գիրը, ձեւով մը, ձօն պիտի դառնայ բոլոր անոնց, որոնք գետին փռեցին այս չարաղէտ ժահրը եւ, անշուշտ, խնկելով ու լոյս մաղթելով բոլոր այն վսեմական հոգիներուն, որոնք ինկան այս մեծ պայքարի ցաւոտ ճանապարհին։

Անշուշտ, այստեղ պիտի ուզէի երախտիքի անկեղծ խօսք ըսել բոլոր ընկերներուս, գործընկերներուս ու հեռու-մօտիկ բարեկամներուս, որոնք իրենց յոյս ներարկող խօսքերով եւ բարի մտածումներով միշտ ալ հետս եղան՝ առանձնացնելով ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի մեծ ընտանիքի բոլոր անդամներու ջերմ խօսքերն ու բարի մաղթանքները, որոնք հիւանդութեան ամենածանր պահերուն դարձան աղօթք ու բալասան։ Ի դէպ «Քովիտ-19»ի մեզի «հիւր գալ»էն սկսեալ, մինչեւ բուժման կարեւոր փուլը՝ կը հաւատամ կարեւոր մանրամասնութիւններ տուած եմ «Առաւօտ» օրաթերթի լրագրող ՝ Լուզիա Սուքիասեանին, որ ամենայն պարկեշտութեամբ եւ անկեղծութեամբ կարողացած էր շարադրել նիւթը, ներկայացնել մեր ապրած իրավիճակներու ամբողջական եւ իրական պատկերը, որուն մէջ անպայման եւ առանց չարակամութեամբ կամ քաղաքական մօտեցումով երեւելի դարձած է Երեւանի մէջ տիրող անմխիթար իրավիճակի կարեւոր մէկ բաժինը։

Մնացեալը նիւթիւն մէջ. առողջ եղէ՛ք։

ԵՐԲ ԹՈՔԵՐՍ ՆԿԱՐԵՑԻՆ, ԲԺԻՇԿՆԵՐՈՒՆ ՄՕՏ ԱՀՈՒՍԱՐՍԱՓ ԷՐ. ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆԸ՝ ԲՈՒԺՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻ ՈՒ ՅԱՂԹԱՀԱՐԱԾ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի եւ «Շանթ» հեռուստաընկերութեան մեկնաբան, լրագրող Սագօ Արեան օրերս «ֆէյսպուքեան» էջով տեղեկացուցած էր, որ ինքն ու ընտանիքի անդամները վարակուած են քորոնաժահրով: www.aravot.am-ը պարոն Արեանէն հետաքրքրուած է, թէ ինչպէ՞ս կ՚անցնի բուժումը եւ ան ի՞նչ խնդիրներ կրնայ մատնանշել բուժօգնութեան դիմած ժամանակահատուածի համար: Մեր զրուցակիցը նախ պատմած է՝ առաջին անգամ սեփական փորձով արձանագրեցին, որ թաղային դարմանատան մէջ (փոլիքլինիք) իրավիճակի դիմաց անզօր են. «Ոեւէ մէկը չենք ուզեր մեղադրել, բայց մենք լքուած էինք մեր ճակատագրին: Սա այն պարագան էր, երբ մենք է, որ ճիշդ քայլերու ձեռնարկելով՝ կարողացանք դուրս գալ մտավախութիւններ յարուցող իրավիճակէն, որ կամաց-կամաց կրնար տագնապի վերածուիլ, եթէ ճիշդ քայլեր չառնէինք: Պատկերացուցէք, թէ մարդը չի գիտեր, որ վարակուած է քորոնաժահրով, բայց մտավախութիւններ ունի, ջերմութիւնն ալ չ՚իջներ»:

Այս հանգամանքէն ելլելով՝ Սագօ Արեան զանգած է տեղամասային դարմանատան բժիշկին, յայտնած՝ երկու օր է, որ 37.5 ջերմութիւն ունի, իսկ բժիշկը պատասխանած է. «Ոչինչ, երբ տաքութիւնդ 38.5 կամ 39 ըլլայ, այդ ժամանակ կը տեսնենք, թէ ի՛նչ կրնանք ընել»: Արեան կը շարունակէ. «Անկէ ետք հասկցանք, որ մեր հարցը մենք պէտք է լուծենք: Իմ միջոցներով գացի մասնաւոր բժշկական կեդրոն մը եւ առի ամենակարեւոր քայլը՝ նկարեցին թոքերս, ինչ որ խորհուրդ կու տան ոեւէ հիւանդի: Եւ սա արագ պէտք է ընել: Երբ թոքերս նկարեցին, բժիշկներուն մօտ ահ ու սարսափ էր, որովհետեւ իրաւասութիւն չունէին քորոնաժահրով հիւանդ բուժելու: Խորհուրդ տուին արագ երթալ Նորքի վարակաբանական հիւանդանոցը՝ քորոնաժահրի քննութիւն յանձնելու: Այդտեղէն ալ ամէն ինչ սկսաւ»:

Սագօ Արեան կը շարունակէ պատմել. «Վարակաբանական հիւանդանոցին մէջ մղձաւանջային, անտէր վիճակ էր: Այդ դէմքերուն վրայ իսկապէս կար մտավախութիւն, թախիծ, վախ… Հազար միջոց փորձած եմ, որպէսզի վերջ ի վերջոյ զիս հետազօտեն: Միայն քննութիւն մը պէտք է ընէին, բայց այդ մարդիկ կ՚ըսէին՝ ոտքի վրայ ես, գնայ տունը բուժուէ… Չառաջարկեցին նոյնիսկ հիւանդանոց տեղափոխել, չհարցուցին՝ կ՚ուզե՞ս հիւանդանոցը բուժուիլ, թէ ոչ: Սա արդէն կը յուշէ, որ այլեւս չունին կարողութիւն եւ ես այդ բանը լաւ կը հասկնամ: Ի դէպ, մինչեւ վարակաբանական կեդրոն երթալը, դարմանատան բժիշկը երկու տեսակ դեղ նշանակած էր՝ մէկը թոքաբորբի համար, իսկ միւսը՝ հակաժահրային: Նոյն դեղերը հաստատուեցան նաեւ այլ բժիշկի մը խորհրդատուութեամբ: Վարակաբանականէն տուն եկայ շատ թոյլ եւ հիասթափուած»:

Այնուհետեւ, Սագօ Արեան շարունակած է դեղերը առնել տան մէջ, իսկ դարմանատան բժիշկին տեղեկացուցած է, որ թոքաբորբ ունի։ «Ան դեղերս աւելցուց: Երկու-երեք օր տանջուեցայ ո՛չ միայն ջերմութենէ, քունքերու ու գլխու ցաւէ, այլեւ՝ ծանր դեղերէ: Ժամանակ պէտք էր, որովհետեւ դեղ օգտագործող չեմ եւ միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային կրնամ գլխացաւի համար դեղ մը առնել: Այդ երեք օրերուն անորոշութիւն էր, որմէ ետք ըսին, թէ «Քովիտ-19»ի քննութեան պատասխանը դրական է: Իրենք աւելի վախուորած էին, քան ես, որովհետեւ ես գիտէի, որ ճիշդ հունի մէջ եմ, չեմ ձգած, որ թոքաբորբը աճի եւ միւս թոքն ալ ախտահարէ: Այդ պատճառով չվախցայ: Երբ դրական պատասխանը տուին, արդէն գիտէի, որ ո՛չ միայն ես վարակուած եմ, այլ նաեւ երեխաներս՝ 11 եւ 17 տարեկան, կինս՝ Անուշ Թրուանցով հանդերձ: Ուրբաթ երեկոն վատ անցաւ փոքր տղուս համար, ջերմութիւնը շատ բարձր էր, բայց շտապօգնութիւնը ո՛չ մէկ ձեւով արձագանգեց: Դիմեցինք դարմանատան մանկաբոյժին, որ դեղամիջոց առաջարկեց եւ երկու որդիներս զայն ընդունեցին։ Շաբաթ օր անոնց մօտ արդէն վատ ախտանշաններ չկային: Անոնք շատ արագ դուրս եկան տագնապալի իրավիճակէն»:

Սագօ Արեան հիմա կը շարունակէ բուժումը. «Սա շուրջ 15 օրուան պատմութիւնն է: Հիմա դեղերուս թիւը աւելի պակաս է, տաքութիւն չունիմ, միայն թեթեւ հազ ունիմ, աւելի լաւ կը զգամ: Ի դէպ, ես շնչառական խնդիր չունեցայ, իսկ արեանս մէջ թթուածինի պակաս չարձանագրուեցաւ: Այդ շատ լաւ էր: Տրամադրութիւնս լաւ է, առաջուան այդ յոգնածութիւնն ու ցաւերը չկան: Կը կարծեմ՝ բնականոն հունի մէջ ենք»:

Հետաքրքրուեցանք՝ կրնա՞նք արձանագրել, որ առողջապահական համակարգը արդէն չի հասնիր սպասարկել ստեղծուած իրավիճակին մէջ: Սագօ Արեան համաձայնեցաւ. «Այո՛, եթէ ամէն քաղաքացի ճիգեր չգործադրէ, կրակի բերանը կը յայտնուի: Եթէ մենք, օրինակ, չշտապէինք՝ թերեւս երկկողմանի թոքաբորբ կ՚ունենայինք եւ բուժումը հիւանդանոցի մէջ պէտք է շարունակէինք: Ես ոեւէ մէկուն չեմ վստահիր: Ո՛չ թէ համակարգը լաւ չէ, այլ՝ ճնշում կայ, միջոցներ չկան… Այսօր վարչապետն ալ ըսաւ, որ այլեւս հիւանդները հիւանդանոց փոխադրելու հնարաւորութիւն չկայ։ Մենք կը վախնայինք այն բոլորէն, որ պատահեցաւ Սպանիոյ, Իտալիոյ մէջ։ Այդ երկիրներու փորձառութենէն դաս չքաղեցինք, չկարեւորեցինք անոնց փորձառութիւնը»:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունիս 13, 2020