ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՐԸ ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ՍԱՏԱՐՈՂ ԱԶԴԱԿ Է
Սփիւռքի մէջ հայկական պարախումբ պահելը, ոչ միայն մշակութային անզուգական գործունէութիւն է, այլ նաեւ ազգապահպանման եւ Սփիւռքի մէջ հայապահպանման սատարող ազդակ՝ իր ընկերային երեսակով եւս, որուն անդամները իրարու հետ կը շփուին ու կը ծանօթանան հայկական առողջ մթնոլորտի մէջ, լաւ ընկերութիւններ ստեղծելով ու մինչեւ իսկ երբեմն ապագայի հայկական ընտանեկան բոյներ կազմելով:
Շաբաթավերջին առիթը ունեցայ ներկայ գտնուելու «Հայ ենք մենք» թեմայով Նոր սերունդ մշակութային միութեան «Արեգ» պարախումբի ելոյթին:
Շնորհակալ եւ տքնաջան աշխատանքի մը արդիւնքը կը թուէր ըլլալ ան, որ ի մի բերած էր աւելի քան եօթանասուն փոքր, պատանի եւ երիտասարդ տարիքի հայ աղջիկներ ու տղաք: Նկատելի էր ամէն տարիքի տղայ պարողներու թիւին սակաւութիւնը՝ համեմատած աղջիկներուն հետ: Պատճառը հոգեբանական է թերեւս, որովհետեւ պնդատիպ (stereotype) եւ հասարակաց սխալ կարծիք մը գոյութիւն ունի, թէ պարը տղոց շարժումները կը նրբացնէ...: Սակայն առիթ է հայ ծնողներուն յիշեցնելու, թէ հայկական պարարուեստը աղջկանց հեզաճկուն իր պարերուն կողքին՝ աւելի քան առնական է եւս իր եարխուշտայով ու այլ առնական պարերով:
Բացման խօսքը ռազմական բնոյթ ունէր: Կատարողը բոլորիս ծանօթ Անի Եփրեմեանն էր, որուն ռազմաշունչ ելոյթը ուշադրութիւնս գրաւեց մանաւանդ, որ եզակի էր եւ ուրախանալի, քանի ան կու գար իգական սեռի ներկայացուցիչի մը կողմէ: Ինծի համար հետաքրքրական էր սակայն նաեւ այն երեւոյթը, ուր խօսքին արաբերէն բաժինը աւելի լիբանանեան էր քան հայերէն բաժինը: Ի՞նչը կ՚արգիլէր խօսքին հայերէն բաժինին մէջ ալ լիբանանեան բովանդակութիւն դնել եւ Հայաստանի ու Լիբանանի բանակներուն, նաեւ Արարատի ու Սաննինի զուգահեռները հայերէնով ալ ըսել:
Ծրագիրը մեծամասնութեամբ ռազմական ոգիի հետ համահունչ զանազան մշակոյթներու պատկանող տասնեօթ պարեր էին, որոնց մէջ ակներեւ դուրս եկաւ 20-րդ դարու մեծագոյն ընկերվար մարտիկ Չէ Կեւարայի նուիրուած պարը, որ նաեւ կը յուշէր ու արդար տուրք կու տար կազմակերպող կողմին գաղափարախօսական պատկանելիութեան:
Լիբանանահայ բեմին վրայ ժամանակին հետ քայլ պահող գեղեցիկ երեւոյթ է հրամցուած պարերերուն ընկերակցող ու անոնց հետ համահունչ տեսագրութիւնները, որոնք գեղեցկօրէն օգտագործուած էին այս ելոյթին ընթացքին եւս:
Ելոյթին հետաքրքրական երեւոյթներէն մէկն էր նաեւ անոր ամբողջովին տեղական ուժերով բեմ հանելու արկածախնդրութիւնը, որ Նոր սերունդ մշակութային միութեան յատուկ չըլլալով հանդերձ, քաջալերելի փորձ էր: Նկատի ունիմ անշուշտ պարուսոյցի պարագան, յանձինս Շահէ Տէմիրճեանի, որ պարարուեստի մէջ խոստմնալից լիբանանահայ երիտասարդ մըն է: Լիբանանահայ պարուսոյցին փորձին թերեւս կը պակսէր գեղարուեստական ակադեմական ենթահողը, որուն շնորհիւ վստահօրէն կարելի պիտի ըլլար պարերու ընդմէջ գոյութիւն ունեցող պարապը լեցնելու թեքնիկ հարցը լուծել:
Ամենայն դէպս միշտ ալ կարելի է օգ-տըւիլ պատմութեան մէջ պատահած յաջող փորձերէն: Նկատի ունիմ 1950-ական թուականներու վերջը Հայրենի պետական երգի պարի անսամպլի Լիբանանի մէջ ելոյթներէն քաջալերուած՝ հանրածանօթ պարող Սարգիս Փասքալեանը, որ պարարուեստի մէջ կը ծառայէր այն օրերուն, Հայրենիք մեկնեցաւ մասնագիտանալու այդ ճիւղին մէջ, ապա վերադառնալով զարկ տալու ՀԵԸ-ի պարախումբի յաջողութիւններուն:
Ամէն պարագայի Նոր սերունդ մշակութային միութեան «Արեգ» պարախումբի շարունակաբար բեմ բարձրացող ելոյթներուն այս տարուանը, իր նախորդներուն նման շնորհաւորելի երեւոյթ մըն է, թէ՛ իր գոյութեամբ եւ թէ՛ իր յարատեւութեամբ, ինչպիսին են քոյր միութիւններու նմանօրինակ ձեռնարկները, որոնց վրայ պէտք է գուրգուրալ եւ քաջալերել ամէն գնով:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
«Զարթօնք»
Հարթակ
- 11/22/2024