«ՆՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ, ՆՈՐ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ»...

Հայկական լրամիջոցներէ իմացանք երկու օր առաջ, որ ինքզինք «Նոր Հայաստան, նոր կաթողիկոս» կոչող խմբակ մը, գրաւած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Դիւանատունը եւ կը պահանջէ Ամենայան Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի հրաժարականը։

Առնուած վերոյիշեալ քայլը, նախ եւ առաջ, անվայել արարք մըն է, հետեւաբար նաեւ՝ անընդունելի եւ դատապարտելի, մանաւանդ այս օրերուն, երբ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը անհրաժեշտ բոլոր օրինական միջոցներուն կը դիմէ, որպէսզի Հայաստանը դառնայ ժողովրդավարական օրինապահ երկիր մը։ Երկրորդ՝ առնուած քայլը օրինական ոչ մէկ հիմք ունի։

Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած համաժողովրդական թաւշեայ յեղափոխութեան ամբողջ տեւողութեան ընթացքին, ոչ մէկ խուլիկանական կամ ապօրինի քայլ առնուեցաւ։ Ժողովուրդը բռնի ուժով քաղաքապետարան կամ նախագահական պալատ չգրաւեց...։

«Նոր Հայաստան, նոր կաթողիկոս» խմբակը պէտք է լաւ հասկնայ, որ առանձին անհատներու կամ զանազան խմբաւորումներու կողմէ գործուած ապօրինի արարքները կրնան միայն վնաս հասցնել ժողովուրդի բացարձակ մեծամասնութեան միասնական կամքէն ծնած, Հայաստանի նորաստեղծ կառավարութեան հետապըն-դած ժողովրդավարական ծրագիրներուն եւ նպատակներուն։

Նշեցինք որ առնուած քայլը ապօրինի է։ Բացատրենք։

Ի գիտութիւն բոլոր անոնց, որոնք ծանօթ չեն հայ եկեղեցւոյ սահմանադրութեան, նշենք, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կ՚ընտրուի պատգամաւորական ժողովի մը կողմէ, որուն կը մասնակցին բոլոր էջմիածնապատկան թեմերու ներկայացուցիչները, ի Հայաստան եւ Սփիւռս աշխարհի։ Կաթողիկոսին պաշտօնը ցկեանս է եւ ոչ ոք՝ ներառեալ եպիսկոպոսական ժողովը, կրնայ անոր հրաժարականը պահանջել։ Այն պարագային միայն, երբ կաթողիկոսը կորսնցնէ իր բանականութիւնը կամ՝ հիւանդութեան եւ այլ պատճառներով անկարող ըլլայ կատարել իր պարտականութիւնները, եպիսկոպոսական ժողովը կ՚ընտրէ տեղապահ մը, որ կը ստանցնէ անոր պաշտօնը։

Արդ, նկատի ունենալով վերոգրեալ տուեալները, իրաւական հարց կը ծագի, թէ ո՞վ ընտրած եւ լիազօրած է «Նոր Հայաստան, նոր կաթողիկոս» խմբակը, որ պահանջէ կաթողիկոսին հրաժարականը...։

Սխալ չհասկցուելու համար շեշտենք, որ մեր նետարձակած աղեղին թիրախը «Նոր Հայաստան, նոր կաթողիկոս» խմբակի ապօրինի գործելակերպն է եւ անոր առած անվայել՝ հետեւաբար նաեւ՝ անընդունելի քայլը։ Մենք կը հաւատանք օրէնքին եւ օրինապահութեան։ Ժողովրդավարական օրէնքներով ղեկավարուող երկրի մը մէջ, ոեւէ անհատ կամ խմբակ իրաւունք ունի մատնանշելու, քննադատելու եւ հանրութեան ուշադրութեան յանձնելու, ի միջի այլոց նաեւ՝ եկեղեցականի մը, խումբ մը եկեղեցականներու, նոյնիսկ կաթողիկոսին սխալ արարքները, պայմանաւ որ այդ բոլոր միջոցառումները չխախտեն օրէնքը։

Մեր թելադրանքն է, որ «Նոր Հայաստան, նոր կաթողիկոս» խմբակը յիշէ միշտ, որ օրէնքով ընտրուած կաթողիկոսի մը հրաժարականը ապօրինի կերպով պահանջելը՝ ապօրինի է, հետեւաբար նաեւ՝ անընդունելի։

ԱՍԱՏՈՒՐ ԿԻՒԶԵԼԵԱՆ

Լոնտոն, 9 յուլիս, 2018

Յ. Գ. Այս գրութիւնը նոր աւարտած էինք, երբ հայաստանցի բարեկամ մը հեռախօսով յայտնեց, որ ոստիկանութիւնը ցուցարարները հանած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Դիւանատունէն։

Ա. Կ.

Ուրբաթ, Յուլիս 13, 2018