ԴԵՌ ԵՐԿԱՐ Է ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ ՄԻՆՉԵՒ ՄԱՄՈՒԼԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.-ի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Հայ մամուլի համայկական համաժողովը Անթիլիասի մէջ Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն համախմբեց զանազան քաղաքական հոսանքներու պատկանող մամուլի շուրջ հարիւր գործիչներ։ Արամ Ա. Վեհափառ 2019 տարին հռչակած էր Մամուլի տարի, ընդգծելու համար հայ մամուլին եւ անոր գործիչներուն կարեւոր դերակատարութիւնը համազգային զարթօնքին մէջ, ինչպէս նաեւ անոր հանդէպ հոգատար վերաբերում ցուցաբերելու անհրաժեշտութիւնը։

Բովանդակային առումով, հիմնական երեք խնդիրներ քննարկուեցան։ Առաջինը՝ լրասփիւռներուն մէջ տեղ գտած նիւթերու բովանդակութիւնը, երկրորդ՝ լրասփիւռներու տնտեսական անկախութեան հարցը եւ երրորդ՝ տեղեկատուական ցանց ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը։ Քննութեան ենթակայ շատ լայնածիր բովանդակութիւն մը, որուն առաջինը բնականաբար առիթ տուաւ բուռն քննարկումներու ըստ մասնակիցներու քաղաքական թեքումին կամ գաղափարական մօտեցումին։ Երկրորդ եւ երրորդ կէտերը՝ որոնք կը վերաբերէին լրասփիւռներու անկախութեան համակարգային հարցերուն, տակաւին շատ խոր քննարկումներու եւ լուրջ վերաբերումի կը կարօտին։

Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ հայկական լրասփռումը եղած է լուռ եւ սակայն անպաշտօն գործակցութեան մեծագոյն բնագաւառը, յատկապէս՝ երկրաշարժի, ղարաբաղեան շարժումի ու անկախութեան առաջին օրերէն սկսեալ։ Լուրերը շրջագայած են, թերթէ-թերթ, լրասփիւռէ-լրասփիւռ եւ յետագային՝ կայքէ-կայք, առանց պայմանագրի, առանց սահմանի, լռելեայն համաձայնութեամբ, կազմելով անպաշտօն ցանց մը։

Սովետական շրջանին տեղեկատուութիւնը սահմանափակ էր։ Անկախութիւնը ազատագրեց տեղեկատուական դաշտը։ Համացանցը բացաւ տեղեկատուական փոխանակումի նոր մայրուղիներ։ 2000-ականներէն սկսեալ կազմակերպուեցան լրագրողներու կամ մամուլի համահայկական ինը համաժողովներ, թերեւս քանակային առումով մասնագիտական համաժողովներու մէջ ամենէն շատը եւ ամենէն հետեւողականը։ Աւելի քան՝ Հայաստան-սփիւռք համահայկական համաժողովներունը։

Այս բոլորով հանդերձ, լրագրողներու, խմբագիրներու եւ լրասփիւռներու համայնքը անկարող է դեռ առանձին ոտքի կանգնելու եւ կազմակերպելու իր համաժողովները։ Պատճառները շատ են։ Առաջինը՝ մինչեւ անցեալ տարի Հայաստանի նախկին կառավարութեան կողմէ լրատու միջոցներու վրայ հսկողութիւն բանեցնելու միտումն էր, երեւոյթ մը, որ սկիզբ առաւ Սփիւռքի նախարարութեան հիմնադրումով, որ ձեռք առաւ Լրագրողներու համահայկական համաժողովի կազմակերպումը, որոնցմէ բացակայ եղան Հայաստանի ընդդիմադիր գրեթէ բոլոր լրասփիւռները եւ լրագրողները։ Երկրորդը՝ լրասփիւռներու սեփականատէրերէն շատերուն անտարբերութիւնն էր։ Նորակազմ Հայկական լրատու միջոցներու ընկերակցութիւնը 2008-էն սկսեալ գործակցելէ ետք Սփիւռքի նախարարութեան հետ, անգործութեան մատնուեցաւ։ Երրորդը՝ լրագրողներու անտարբերութիւնը, որոնք մեծ ակնկալութիւններ չունին համաժողովներէ, ոչ ալ Հայաստանի «Ժուռնալիստ»ներու միութենէն, որ սովետական շրջանէն մնացած կառոյց մըն է, կը կարօտի վերագործարկումի եւ արդիականացումի, որպէսզի անվերապահ կերպով պաշտպանէ հայ լրագրողներու իրաւունքները՝ կառավարական ոտնձգութիւններու եւ լրասփիւռներու սեփականատէրերուն դիմաց։

Ներկայ իշխանութեան օրօք, լրատուական դաշտը անողոք վիճակի մէջ է։ Դերերը փոխուած են, նախկին իշխանութիւնը այսօր դարձած է ընդդիմադիր եւ չունենալով խորհրդարանական իշխանութիւն, լռասփիւռային իր ամբողջ կարողութիւնը ի գործ կ՚ածէ քըն-նադատելու համար կառավարութեան գործունէութիւնը։ Սփիւռքի նախարարութեան վերացումով, թէեւ կառավարութիւնը յանձն չառաւ Հայկական մամուլի համաժողովի կազմակերպումը,- ինչ որ դրական երեւոյթ է,- բայց եւ այնպէս նոր իշխանութիւնը տակաւին յստակ քաղաքականութիւն չունի լրատու միջոցներու անկախութեան եւ ինքնակազմակերպման համակարգային մօտեցում ցուցաբերելու առումով։ Կը պայքարի «ընդդիմադիր» կոչուած լրատու միջոցներու դէմ։ Իսկ վարչապետին տիկինը դեռ կը մնայ «Հայկական Ժամանակ»ի խմբագրապետուհի, ինչ որ ենթադրել կու տայ, որ մամուլի անկախութիւնն ու խօսքի ազատութիւնը բոլորովին չեն սահմանազատուած իշխանութեան լծակներէն։ Եւ այս երեւոյթը շատ չ՚անհանգստացներ մեր գործընկերներուն մեծամասնութիւնը։

Ժ. Չ.

Խմբագրական՝ «Նոր Յառաջ»ի

Փարիզ

Շաբաթ, Յուլիս 13, 2019