ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ. ԳՐՈՂԸ, ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԸ, ՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՐԴԸ ԵՒ ՓԻԼԻՍՈՓԱՆ
Կոմիտաս Վարդապետի եւ Յովհաննէս Թումանեանի տարեկից է Լեւոն Շանթ, անոր կեանքի ճանապարհները յաճախ զինք բերած-դրած են այդ երկու հանճարներուն ու ժամանակակից այլ մեծերու հետ սերտ յարաբերութեան ու գործակցութեան մէջ, եղած է մեր արեւելահայ եւ արեւմտահայ կեանքերն ու միտքերը կամրջող-մարմնաւորողներէն, որովհետեւ կեանքը հաւասարապէս բաժնուած է մեր ժողովուրդի երկու հատուածներուն միջեւ, դարձած է յետեղեռնեան սփիւռքը հունաւորողներէն, սակայն անոր անունը առաւելաբար կապուած է հայկական թատրոնի, վէպի եւ մանկավարժութեան հետ, ինքզինք կերտած ու դրսեւորած է իբրեւ փիլիսոփայ, իր գրականութիւնն ու կենցաղն ալ եղած են ցոլացումը իր փիլիսոփայի նկարագիրին ու խորաթափանց մտածողութեան։
Պոլիս ծնած, Էջմիածին ուսանած, եւրոպական երկիրներու մէջ շրջագայած, Կովկասի ու անկախ Հայաստանի մէջ ազգային գործունէութեամբ վաստակ կերտած այս մտաւորականը յառաջացեալ տարիքին իր կեանքը կնքած է Պէյրութի մէջ, 1951-ին, մինչեւ վերջին շունչը նուիրուելով իր հիմնադրած ու սիրած Ճեմարանին, սաներուն ու ժառանգորդներուն։ Անոր գրական վաստակը կը լեցնէ բազմահատոր շարք մը, իսկ բազմաթիւ հատորներ ալ կրնան արձանագրուիլ իր արժանիքներուն մասին. ուրախալի է, որ Շանթի գրական ու մտաւորականի վաստակը հետզհետէ աւելի լայն ուսումնասիրութիւններու նիւթ կը դառնայ, ծննդեան 150-ամեակին՝ ինչպէս Կոմիտասի ու Թումանեանի պարագային, համազգային տարածքով վեր կ՚առնուի գիտաժողովներու եւ այլ նախաձեռնութիւններու ճամբով, թէեւ այս կալուածը վաղուց պեղողներ ալ եղած են։
ԹԱՓԱՌԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՄԸ
Լեւոն Շանթի ընտանիքը սկըզբ-նապէս կոչուած է Նահաշպենտեան, յետոյ, իր հօր՝ Սեղբոսի անունով, ընտանիքը դարձած է Սեղբոսեան։ Հայրը կանուխ հեռացած է աշխարհէն, իսկ մանուկ Լեւոնը, ծննդավայր Պոլսոյ մէջ նախնական ուսումէ ետք, իբրեւ ընդունակ աշակերտ ղրկուած է Էջմիածինի ճեմարանը, երբ հազիւ 12 տարեկան էր. գրեթէ նոյն տարիներուն Կուտինայէն եկած էր նաեւ Սողոմոն Սողոմոնեանը, ապագայի Կոմիտասը, որուն հետ Շանթի բարեկամութիւը սկիզբ կ՚առնէ այդ օրերէն։
19-րդ դարու վերջին տարիներն ու յաջորդող տասնամեակը տաք տարիներ էին։ Հայութիւնը իր ալիքներուն մէջ առած յեղափոխական մթնոլորտը հասած էր նաեւ Ճեմարան, ըմբոստացումի շարժումներով վարակելով նաեւ աշակերտութիւնը։ Շարք մը ճակատագրակիցներու նման, չէ կրցած աւարտել դասընթացքը ու վկայուիլ Ճեմարանէն։
Պատանութիւնը հազիւ ետին թողած, կ՚անցնի Եւրոպա, առաջին հերթին կը հետեւի հաշուակալութեան դասընթացքներու, կը վերադառնայ Կովկաս, կը դառնայ հիւպատոսական դպրոցի աշակերտ, յետոյ դարձեալ Եւրոպա է՝ Պելժիա ու Փարիզ. «Փիժիէ» վարժարանէն կը վկայուի հաշուապահ. սա կ՚ըլլայ իր ստացած միակ վկայականը։ Աւելի ուշ, երբ Պոլիսէն դարձեալ կ՚անցնի Եւրոպա, ուսումը կը շարունակէ իբրեւ ազատ ունկնդիր։
Միակ վկայականը ստանալէն ետք, կը դառնայ Պոլիս ու կը մտնէ կեանքի ասպարէզ, կ՚ըլլայ հաշուապահ, նաեւ ուսուցիչ՝ Ռոտոսթոյի մէջ։ Այս հանգրուանին է, որ մուտք կը գործէ գրականութեան անդաստանը, հրապարակ գալով «Մնաք բարովի իրիկունը» գործով, որ անմիջապէս կը դառնայ հետաքրքրութեան առարկայ։ Երկար չի մնար Պոլիս, այլ ուսանողական կեանքը զինք դարձեալ կը տանի Եւրոպա, կը վերադարձնէ Կովկաս, ուր Թիֆլիզը հայ մշակոյթի ու մտաւորականութեան «արեւելեան մայրաքաղաք»ն էր. մինչեւ Մեծ եղեռնի նախօրեակը, անոր կեանքը անվերջանալի երթեւեկ մըն է Կովկասի, Պոլսոյ ու եւրոպական ոստաններու միջեւ։ Լայփցիկի ու Միւնիխի մէջ կը հետեւի փիլիսոփայութեան, հոգեբանութեան ու թատերական ուսումի. աւելի ուշ, Մեծ եղեռնի նախորդած տարիներուն, ան դարձեալ կ՚երթեւեկէ Թիֆլիզի, Երեւանի, Փարիզի, Լոզանի ու Ժընեւի միջեւ, առանց մոռնալու ծննդավայր Պոլիսը։ Զուիցերիոյ մէջ է, որ կը ծանօթանայ իր ապագայ կնոջ։ Անոր մէջ հետզհետէ կը կազմաւուրուի մանկավարժի, գերմանական ականաւոր փիլիսոփաներու հետ հաղորդ դառնալու, թատրոնի հանդէպ սիրոյ եւ զգացումներէն վեր թռչող եւ միտքի տիրապետութեան յարող գրողի յատկութիւնները, առանց անտեսելու ազգային կեանքի մարտահրաւէրները։ Թիֆլիզի մէջ «կ՚անդամակցի» Թումանեանի «Վերնատուն»ին, իր պատուանդանը կը կերտէ իրերայաջորդ վէպերով ու թատերական գործերով, հաւասարապէս գրաւելով արեւելահայ ու արեւմտահայ մտաւորականներու ուշադրութիւնն ու բարեկամութիւնը։ Դէպի Եւրոպա իր ճամբորդութիւնները այլապէս բախ-տորոշ կ՚ըլլան, որովհետեւ այդպէսով կը փրկուի արհաւիրքէն։
1912-ին ծնունդ առած «Հին աստուածներ»ը Շանթը կը կնքեն իբրեւ տիրական ու նորարար թատերագիր. գործը կը ներկայացուի Պոլսոյ եւ Թիֆլիզի մէջ, կը գտնէ լայն ընդունելութիւն։ Կ՚արժէ փոքր փակագիծ մը բանալ, անդրադառնալու համար այս գործին արարման պայմաններուն։ Նիւթը վաղուց կազմաւորուած էր Շանթի մէջ. օր մը, կը հիւանդանայ եւ ստիպուած կ՚ըլլայ քանի մը շաբաթ բացակայիլ դպրոցէն, ուր ուսուցիչ էր։ Երբ ապաքինումի օրերը կը հասնին, իր առողջական վիճակին հետեւող բարեկամ բժիշկը կը նկատէ, որ ան տխուր էր. կը հարցնէ պատճառը, զարմանալով, որ ապաքինող մը ինչո՞ւ պէտք է տխուր ըլլայ։ Շանթ կը հանէ թղթածրար մը եւ կը յանձնէ բժիշկին. «Հին աստուածներ»ուն ձեռագիրն էր, որ թուղթին յանձնուած էր հիւանդութեան օրերուն, բայց տակաւին չէր աւարտած։ Բժիշկը, կարդալէ ետք գործը, կը վճռէ, թէ Շանթ տակաւին հիւանդ է ու քանի մը օր եւս պէտք է անկողինը մնայ՝ կատարելապէս ապաքինելու համար…
Յաջորդ տարիներուն, Լեւոն Շանթ առաւելաբար Կովկասի մէջ է։ Ա. Աշխարհամարտի տարիներուն ու Հայաստանի անկախութեան շրջանին, զինք կը տեսնենք ազգային գործիչի ու պետական մարդու պատմուճանով, դերակատարութիւն մը՝ որ կը կատարէ բծախընդ-րութեամբ ու յանձնառութեամբ։ Անկախութեան տարիներուն, շրջան մը կը վարէ խորհրդարանի նախագահի պաշտօնը, աւելի ուշ, դիւանագիտական աշխատանքը զինք կը տանի Մոսկուա, ուր իբրեւ Հանրապետութեան պատուիրակութեան պետը՝ պէտք էր բանակցէր ամէն գնով Հայաստանին տիրել ու անկախութեան վրայ տապանաքար դնել վճռած Մոսկուայի համայնավար վարիչներուն հետ. Շանթի պատուիրակութեան առաքելութիւնը ապարդիւն կը մնայ իր կամքէն ու ցանկութիւններէն անկախ պատճառներով։ Ձեռնունայն կը վերադառնայ Հայաստան, ուր համայնավարներու՝ իշխանութեան հասնելէն ետք, կ՚ըլլայ բանտ նետուող դաշնակցականներէն։ Փետրուարեան ապստամբութիւնը առիթ կ՚ըլլայ, որ բազմաթիւ ճակատագրակիցներու հետ փրկուի, մինչ այլ մտաւորականներ ու ֆետայապետեր զոհ կը դառնան «կարմիրներու» կարմիր գործին։
Այնուհետեւ, կը բացուի Շանթի թափառականի կեանքին վերջին բայց նուազ շարժունակ փուլը։ Անկախութեան կորուստէն ետք, գաղափարակից-գործակիցներու հետ կ՚անցնի Պարսկաստան, ապա՝ Ֆրանսա. 20-ականներու երկրորդ կիսուն Եգիպտոս է, որ այդ օրերուն դարձած է սփիւռքեան մեր գլխաւոր կեդրոններէն մէկը. հոն խմբուած էին Հանրապետութեան կերտիչներէն ոմանք, ինչպէս նաեւ տարբեր կուսակցութիւններէ գործիչներ։ Հայրենի հողէն ու պետական յենարանէն զրկուած՝ Շանթ ու գաղափարակիցները՝ տեսիլք ունեցող ամբողջ սերունդ մը, քաջածանօթ էին հայ մշակոյթի կենարար ու նոր սերունդներուն համար ապահով պարիսպ ըլլալու դերին։ Արդիւնքը կ՚ըլլայ Համազգային կրթական եւ մշակութային ընկերակցութեան (շուրջ կէս դար ետք՝ միութիւն) հիմնադրութիւնը. շուտով մարմին կը ստանայ Պէյրութի Ճեմարանը, որուն կողքին կը հասատատուի տպարան-հրատարակչատունը եւ անկէ լոյս կը տեսնեն լեզուի, պատմութեան դասագիրքեր եւ մանկական գիրքեր, շուտով նաեւ գեղարուեստական եւ յուշագրական գրականութիւն։ Ճեմարանը կը դառնայ անոր ու գործակիցներուն գոյութեան նպատակը. 30-ականներէն սկսեալ, մինչեւ մահը, կը վարէ ուսումնարանին տնօրէնութիւնը, կատարելապէս կիրարկելով արդի մանկավարժի իր գործը, կը պատրաստէ մանկավարժներ ու ազգային գործիչներ, որոնք անխառն հիացումով կը յիշեն իրենց ուսուցիչն ու յետագայի բարեկամը։ Վերջին տարիներուն, անբուժելի հիւանդութիւն մը զինք կը հիւծէ աստիճանաբար, սակայն անոր մէջ անմար կը մնայ փայլուն միտքն ու փիլիսոփայ մարդը։
Լեւոն Շանթ մարդուն ուրուագիծը փակելէ առաջ, նշենք, որ ան իր բարեկամներուն, գործակիցներուն եւ աշակերտներուն աչքին միշտ ալ եղած է «կոճկուած մարդ», որ գործած է ու յարաբերած՝ թուաբանական ճշգրտութեամբ. միայն հիւանդութեան անկողնին մէջ է, որ մարդիկ զինք տեսած են գիշերազգեստով. այլապէս, ան միշտ տեսնուած է փողկապով, կոկիկ հագուած ու բծախնդրութիւն բուրող տեսքով։ Աներեւոյթ պատուար մը բաժնած է զինք՝ շրջապատէն. Նիկոլ Աղբալեան եղած է հազուագիւտ մտերիմներէն, զարմանք պատճառելով գործակիցներու եւ սերնդակիցներու, որովհետեւ անոնք տարբեր խմորումով անհատներ էին։
«ԴԺՈՒԱՐ ՄԱՏՉԵԼԻ ԳՐՈՂ»Ը
Շանթէն հայ գրականութեան ժառանգուած է վէպերու, թատերական գործերու, բանաստեղծութիւններու, մանկավարժական գրականութեան ստուար գանձ մը, որ դժբախտաբար կը մնայ «դժուար մատչելի գրող»ի անարդար կնիքին տակ, նման հայ թէ օտար շարք մը գրողներու, որոնք անցեալին թէ այսօր ընթերցողէն կը պահանջեն կարդալ՝ միտքին գերադասութիւն ընծայելով։ Իրմէ առաջ, օրինակի համար, Ինտրա մը շահած է այդ համբաւը, ժամանակակիցներէն՝ Յակոբ Օշականը կը համարուէր «դժուար մատչելի գրող», այսօր ալ ունինք հանճարեղ ու շնորհալի գրողներ, օրինակի համար՝ Գ. Պըլտեանը, որոնց անուան դիմաց հապճեպօրէն ու աժան կերպով կը փակցնենք «դժուար հասկնալի» պիտակը։ Մինչդեռ, ընթերցողին կողմէ նուազագոյն ճիգ մը ու գրողին աշխարհին հաղորդակից ըլլալու պատրաստակամութիւն մը անմիջապէս պիտի քանդէ ամենէն բարձր նկատուած պատնէշը եւ արուեստի գործօնը պիտի հասցնէ զմայլանքի, բայց նաեւ մտածելու ու համակուելու ոլորտին։
Շանթի վիպական ու թատերական հերոսները կարելի չէ դիւրութեամբ բաժնել առաջնակարգ ու երկրորդական դասակարգի տիպարներու, որովհետեւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը, մինչեւ իսկ ամենէն փոքր բաժինը ունեցող կերպար մը կը ցոլացնէ Շանթի մտածումներուն ու մարդկօրէն կատարելագոյնին հասնելու ձգտումը, տենչանքը, մղումը։ Անոր հերոսները զգալիօրէն տարբեր են «հասարակութիւն» կոչուած մարդ էակներէն, այլ կը մարմնաւորեն ազնուութիւն, վեհ զգացումներ, լաւագոյնը կերտելու եւ բարձրագոյնին հասնելու ձգտում։ Անոնք պարզ կիներ ու այրեր չեն, այլ Շանթ անոնց մէջ կը փնտռէ ու կը տեղադրէ գլխագիր Մարդը, գլխագիր Կինը, որ պատրաստ է բարձրանալու կիրքերէ, նենգութենէ, դաւադրութիւններէ եւ այլ ախտերէ վեր, ստեղծելու համար վերացնող միջավայր մը, ընկերութիւն մը։ Շանթի մտածումներու աշխարհին մէջ երբեմն կը տեսնուի Նիչէի մը կամ ժամանակակից այլ գերման փիլիսոփաներու մտածողութեան ազդեցութիւնը, սակայն Շանթի որոնած մարդը համանման չէ Նիչէի «գեր-մարդ»ուն։ Ան կը հաւատայ, թէ մարդ արարածը ունի կարողութիւնը ինքնազտումի, մարդկային ախտերէ եւ ունայնութիւններէ ձերբազատելու եւ ինքզինք բարձրացնելու մարդէն դէպի Մարդը, թէեւ անոր տիպարները երբեմն լիովին կարող չեն դուրս գալու նման զգացումներու պատանդի վիճակէն։ Այս գիծը առաւելաբար ի յայտ կու գայ անոր վէպերուն մէջ, ինչպէս՝ «Կինը», իսկ «Հոգիները ծարաւի»ն կարծէք թէ ըլլար խտացումը եւ բարձրակէտը իր բոլոր վէպերուն։
Շանթ նաեւ խոր հաւատացող մըն է ընկերութեան անդամներուն միջեւ հաւասարութեան, գլխագիր ընկերվարական մը՝ հեռու խեղաթիւրեալ մեկնաբանութիւններէ։ Այսպիսի մտածողութեամբ օժտուած ու կազմաւորուած հեղինակը ինքնեկ մղումը ունի արտայայտուելու վերամբարձ, բայց ոչ անհասկնալի ու անմատչելի ոճով։
Իր ուսումնառութեան ազդեցութիւնը, բայց մանաւանդ հաւաքական կեանքի փորձառութիւնը զինք հասցուցած են այնպիսի իրապաշտութեան մը, որ ակներեւ կերպով համակուած է յոռետեսութեամբ։ Եթէ դարեր առաջ, կեանքի բոլոր վայելքները ըմբոշխնած Սողոմոն Իմաստուն մը յայտարարած էր, թէ կեանքը «ունայնութիւն ունայնութեանց» է, իսկ աւելի ուշ, Սթոյիկ փիլիսոփայութիւնը մարդը հրաւիրած է տարբեր իրապաշտութեան մը, որ ընդելուզուած է որոշ իտէալապաշտութեամբ, հայութեան կեանքի դառն բաժակէն ըմպած Շանթ նմանօրինակ իմաստութիւն մը բիւրեղացուցած է իր վիպական ու թատերական հերոսներուն ճամբով։ Աշխատանքի ախոյեան մըն է, սակայն նաեւ ունի այն համոզումը, որ մարդ իր բոլոր ըրածներով՝ միայն ժամանակը լեցնելու կ՚աշխատի, ինքնախաբէութեան տարբեր ձեւեր կը փնտռէ, որովհետեւ «կեանքը ունայնութեան փոս մըն է», պէտք է զայն լեցնել այս կամ այն ձեւով, իսկ երբ լեցուած է, դարձեալ պարպել ու վերսկսիլ լեցնել։ Ուրիշ տեղ, հերոս մը կը փորձէ «կեանքի փոս»ը լեցնել եկեղեցի մը շինելով, սակայն երբ շինարարութիւնը կը մօտենայ աւարտին, կ՚որոշէ քանդել զայն ու վերստին շինել, անընդհատ քանդել ու վերստին ձեռնարկել շինելու, այնպէս մը, որ երբեք չաւարտի. որովհետեւ աւարտէն ետք, կը դադրի տաճար մը ըլլալէ, ի յայտ պիտի գայ Պարապութիւնը։ Շանթ գիտէ նաեւ, որ մարդկային հոգին «մութ տեղ մըն է», ուր կը սողոսկին ստորնացնող կիրքեր ու զգացումներ, մտածումներ, հետեւաբար, անոր իւրաքանչիւր գործը բեմ մըն է պեղելու մարդկային հոգիին տարբեր վիհերը, եւ հրաւէր՝ ձերբազատելու մարդը Մարդէն խոտորող գործօններէն։ Այս առումով ալ, անոր իրապաշտութիւնը զերծ չէ իտէալապաշտութենէ։
Իր օրերուն, Շանթ նկատուած է յառաջապահ, ժամանակէն առաջ ծնած թատերագիր, որովհետեւ անոր կարգ մը գործերը դժուար բեմադրելի են, օրինակ՝ «Շղթայուածը» կամ «Հին աստուածներ»ը, ուր կան փոթորկայոյզ ծովու եւ պատռուող յատակի-խորքի տեսարաններ։ Արդի արհեստագիտութիւնը կրնայ դիւրութեամբ լուծել նման դժուարութիւններ, մա՛նաւանդ եթէ փորձ ըլլայ զանոնք ժապաւէնի վերածելու եւ սա ազնիւ մարտահրաւէրի մը դիմաց կը դնէ Եօթներորդ արուեստի աշխարհին ծառայող մեր արուեստագէտները, որոնք վերջին տասնամեակներուն առաւելաբար տարուած են «աղբային» գործեր հրամցնելով։ Տակաւին, անոր գործերուն մէջ կայ անմիջական արձագանգն ու արդար մեկնաբանութիւնը իրեն ժամանակակից աշխարհի գաղափարական հարցերուն. «Շղթայուածը» անժամանցելի թատրոն է, որ եթէ անմիջականօրէն կը դատապարտէ համայնավարութիւնը (ինչպէս որ Ճորճ Օրուէլ մը աւելի քան երկու տասնամեակ ետք պիտի ընէր իր հռչակաւոր «1984» վէպով), անիկա կը դատապարտէ ամէն տեսակի բռնատիրութիւն, ո՛վ որ ալ ըլլայ զայն կիրարկողը, օտար տիրապետող մը, հայ իշխան մը, թէ ժողովուրդին անունով խօսող՝ ղեկավարի դիրքին հասած աշխատաւոր մը կամ այլ ներկայացուցիչ մը, որովհետեւ հրաւէր է ձերբազատելու ներքին բռնաւորէն։
Այս արժանիքներով օժտուած մտաւորականը իր հաւատալիքներուն համապատասխան ապրած է ամբողջ կեանքը, նոյն տրամադրութեամբ եւ ազնուանալու թելադրանքով դաստիարակած է ամբողջ սերունդներ. անոր դաստիարակի «մանր գործերէն» կարելի է սեպել լեզուի դասագիրքերը, որոնք ատենին իբրեւ արդիական «գործիք» օգտագործուած են մեր վարժարաններուն մէջ։
Այս բոլորը նկատի ունենալով՝ պէտք է տեսնել, թէ ինչպիսի՛ անարդարութիւն ըրած կ՚ըլլանք, եթէ Շանթը շարունակենք նկատել «անմատչելի, դժուար հասկնալի գրող»։
Չանտեսենք նաեւ այլ չարախօսութիւն մը, որ պատճառ դարձած է Լեւոն Շանթի հանդէպ վերապահութիւններու գոյառման։ Շանթի կեանքը, ուսումնառութիւնն ու փորձառութիւնները զինք կանուխէն հեռու կանգնեցուցած են կրօնական աշխարհէն եւ ճանչցուցած են իբրեւ անաստուած։ Շանթ աստուածապաշտ մը չէ արարողական, ու այդ ճամբով՝ միտքի սահմանափակում ընդունողի իմաստով. կրօն հասկացութիւնը առաջին ու վերջին հերթին ՀԱՒԱՏՔի կապուած է։ Շանթի գրականութիւնն ու ժառանգութիւնը չի ցոլացներ Հաւատքին մերժում կամ դրժում, այլ կրօնական որոշ տեսակի մտածողութեան մերժում է, մասամբ նաեւ հարազատ մէկ արտայայտութիւնը այն տարածուն մթնոլորտին, որ նախաեղեռնեան տարիներուն ի յայտ եկաւ հայութեան կեանքին մէջ, ժամանակակից բազմաթիւ հանճարեղ գրողներու արտայայտութիւններով։ Դանիէլ Վարուժան մը «Հեթանոս երգեր» յօրինեց, Զարդարեան մը Բագինին երկրպագու էր, Օշական մը այլապէս որոշ հեռաւորութիւն ունէր կրօնական աւանդական ու յետամնաց մտածողութենէ, իսկ անոնց ժամանակակից բազմաթիւ գեղանկարիչներ իրենց գործերուն մէջ վերադարձ կատարեցին դէպի հայութեան հեռաւոր անցեալը՝ Արա Գեղեցիկի, Արտաւազդի ու նմաններու փառքի ու յաղթանակի օրերը։ Ան Նիչէի մը նման չէ յայտարարած, որ «Աստուած մեռած է», այլ, ինչպէս նշեցինք վերը, անոր փիլիսոփայութեան մէջ կարելի է տեսնել մարդուն ու կնոջ Մարդանալո՛ւն գրաւը։ Ահա թէ ինչպիսի լայն շրջագիծի մը մէջ պէտք է դիտել Շանթի ու ժամանակակից մեր հեթանոսամէտ ու անաստուած հռչակուած գրողներուն ու մտաւորականներուն ձգտումները ու բնական է որ նեղմիտ, խաւարամիտ ու պահպանողական կղերը, ինչ ժամանակաշրջանի մէջ ալ ըլլայ ան, հակամէտ պիտի ըլլայ քարոզելու նման մտածողներու դէմ, բանադրանքի պիտի ենթարկէ «Հին աստուածներ»ն ու գրական այլ ժառանգութիւնները, զանոնք հռչակելով «արգիլեալ պտուղ»։ Արդեօք սքանչելի Խաչատուր Աբովեան մը զոհը չեղա՞ւ նմանօրինակ խաւարամտութեան, որ իր դարուն արտայայտութիւն գտաւ տարբեր դիմագիծով, երբ գործեց Արարատ լեռը բարձրանալու «սրբապղծութիւնը»…
Մօտաւորապէս վեց տասնամեակներու վրայ երկարած հանճարեղ մտաւորականի մը կեանքին ու ժառանգութեան վրայ այս հակիրճ ակնարկը արդարութիւն կ՚ընէ՞ անոր վաստակին ու փիլիսոփայական պատգամներուն մասին։ Անշո՛ւշտ թէ ոչ։ Իսկ եթէ նման ակնարկ պիտի նպաստէ, որ այսօրուան ու վաղուան երիտասարդը ձեռք առնէ Լեւոն Շանթի գրական ժառանգութիւնը, նուազագոյն ճիգը ընէ հաղորդ դառնալու անոր վիպական ու թատերական անզուգական աշխարհին, պիտի տեսնէ, որ հոն կայ բարձրարժէք, միջազգային որեւէ տիտանի հետ մրցող, զայն գերազանցող մտածողութիւն, որ սահմանափակուած չէ որոշ ժամանակի հետ, ալ հեղինակին ապահոված է յաւերժութիւն, կրնայ ընթերցողն ալ դնել յաւերժի ճամբորդութեան մը ուղիին մէջ, զայն վեր բարձրացնելով գձուձ եւ ստորնացնող ազդակներէ, որոնցմով «հարուստ» է մարդկային կեանքը՝ երէկ ու այսօր, նման բեռներու տակ կրնայ մնալ նաեւ վաղը։
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
«Նոր Յառաջ», Փարիզ