ԱՄԷՆ ԱՌՏՈՒ

Ամէն առտու՝ դուրս կոպերէս
Ոսկրոտ մարմնիս ընդառաջ
Երկու համբոյր
Երկու ձգում
Ոտերս վար անկողնէս

Ամէն առտու՝ դուրս տունէն
Հեւքոտ կեանքին ընդառաջ
Երկու ժպիտ
Մէկ վէճ
Երկու խոստում
Մէկ հէչ
Երկու առիթ
Մէկ կորուստ

Ամէն փախուստ եւ
Ամէն կիրք
Ամէն ապրում եւ
Ամէն բերք

Ամէն առտու՝ զերոյէն
Անցնող կեանքին ընդառաջ

ԵՐԱՄ

Սեպտեմբեր 2019

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 13, 2019