ԳՈՅԺ
Կը թերթեմ համացանցը, կը հետեւիմ հեռատեսիլի հայկական հաղորդումներուն, կը խօսիմ Հալէպի հարազատներուս հետ, բոլորը ցաւ կ՚արտայայտեն: Բոլոր լրատուամիջոցներուն մէջ ասուպ մըն է որ կը պտըտի՝ գուժելով հալէպահայ նորօրեայ զոհերուն մասին: Նոյն պատկերները կը յայտնուին տարբեր էջերու վրայ, յետմահու հռչակ կը վայելեն անոնք:
Դեռատի մանուկներու, երիտասարդներու, հայ եւ արաբ անթիւ ու անհամար անմեղ զոհերու պատկերները դիտելով կարելի չէ չընդվզիլ, չպոռթկալ. ու ահա պոռթկումնալից արտայայտութիւններով աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ սփռուած հալէպահայութիւնը կը բաժնեկցի նոր կորուստներուն կսկիծը:
Կարծես համայն հայութիւնը միահունչ կը սգայ անոնց կորուստը՝ հեռակայ համախմբումով զոհերուն հարազատներուն եւ հալէպահայ համայնքին շուրջ: Իւրաքանչիւրը իւրովի կը պոռթկայ, ճիշդ այնպէս ինչպէս յանկարծակի հարուած ստացած մէկը կը գոռայ, ուրիշ մը կու լայ, միւսը կը լռէ՝ վիշտը հոգիին խորքը թաղելով...:
Այսպէս՝ մին դիմատետրի պատկերը կը մթագնէ ու բարեկամները կը փութան ցաւակցական արտայայտութիւններով կիսել անոր վիշտը: Ուրիշ մը խելացնոր արտայայտութիւններ կ՚արտաբերէ, որուն կը միանան եւս բարեկամներ թեր ու դէմ կարծիքներ հնչեցնելով. ուրիշներ դես ու դէն մեղադրանքներ կը տեղացնեն՝ «Հայաստանի կառավարութիւնը ձախողել է Իրաքի պատերազմից տուժած իրաքահայերին տէր կանգնել, հարկ է, մտածուած քայլեր ձեռնարկի հալէպահայ մայր գաղութի հայրենադարձութիւնն ապահովելու, որ արդէն ուշացել է», կը հնչէ հայկական հաղորդումներէն մէկուն ընթացքին:
Արցախցի ազատամարտիկ՝ Սարգիս Հացպանեան կը բարձրաձայնէ ինքնամեղադրանք մը. «Հալէպը հայ ազգին կեանք տուող քաղաքն է եւ մենք՝ ամբողջ հայութեամբ ենք մեղաւոր, որ չկարողացանք այդ սքանչելի համայնքին տէր կանգնել, նրանց կողքին լինել: Ես ուզում եմ գետինը մտնել, որ չկարողացայ ինքս իմ ներուժով սիրիահայ հայրենակիցներին որեւէ կերպ պիտանի լինել… իրենց ճակատագրի համար մենք ամէնքս ենք մեղաւոր»:
Սփիւռքի փոխ-նախարար՝ Սերժ Սրապիոնեան այս նիւթին շուրջ հարցազրոյցի մը ընթացքին կը յայտնէ. «Աւելի հեշտ կը լինէր եթէ Հալէպի ութ-տաս հազար հայերը միանգամից որոշէին գալ Հայաստան»:
Բարերարներ ոտքի կ՚ելլեն ի գին հալէպահայոց փրկութեան, նորանոր ծրագիրներ կը կազմուին փափաքողներուն պատերազմի գօտիէն դուրս բերելու համար. «Եղեռնին յաջորդող տարիներին հալէպահայերն էին հայութեանն առաջինը փրկութեան ձեռք մեկնողները: Այսօր նրանք ունեն այդ փրկութեան կարիքը», կ՚արտայայտուի բարերար՝ Ռուբէն Վարդանեան:
Սգոյ սրահի մը մէջ կը զգամ ինքզինքս, ուր երբ նոր կը տեղաւորուին սգակիր հարազատներ ու բարեկամներ պատճառներ կ՚որոնեն՝ պատահածին յանցագործները բացայայտելու, «եթէ»ներու շարք մըն ալ կը հնչէ, որմէ ետք «աւաղ»ները կը կրկնապատկեն ողբերգութիւնը:
Բայց միթէ կա՞ն բառեր, որոնք կրնան ամոքել կորուսեալներուն անմիջական պարագաները: Ի՞նչ ըսել նորահարսի մը, որ չորս ամսուան նորածինը գրկած այրիացաւ ահա: Ինչպէ՞ս մեղմել մօր ու հօր վիշտը, երբ տակաւին երէկ զաւակները կը թռչկոտէին շուրջը անոնց՝ աշխոյժ ու եռանդուն: Հապա հարսանեկան տարազը չհագած սուգը մտած երիտասարդուհիին ցաւը ո՞ր արտայայտութիւնը կրնայ մեղմել: Բառեր չկան: Իսկ զոհուածները դեռ ի՞նչ նուաճումներ ու յաջողութիւններ պիտի վայելէին կեանքի ընթացքին:
Միթէ մեղադրանքը կը մեղմէ՞, ոչ, ընդհակառակը, կ՚եռապատկէ պոռթկումն ու վիշտը. բայց զո՞վ մեղադրել, զո՞վ յանցագործ համարել. գիտէ՞ք, այս օրերուն Հալէպ վերադարձողներ ալ կան, պէտք է մեղադրե՞լ զանոնք: Անոնք եկան, տեսան դրախտավայր հայրենիքը, վայելեցին անոր անզուգական կլիման ու մաքրամաքուր ջուրը, համոզուեցան որ կարելի է այստեղ ալ շարունակել իրենց կեանքը, ինչպէս ըլլայ կարելի է պատառ մը հաց ճարել, բայց իրենց արմատները չգտան հոս, իրենց տան անկիւնը չգտան հոս, ու թէկուզ պատերազմի մէջ, բայց իրենց տան կանչին անսալով վերադարձան:
Իւրաքանչիւր հայ զոհի գոյժ կը վերակենդանացնէ մտքիս մէջ առաջին հալէպահայ զոհը՝ Վիգէն Հայրապետեանը, հայ երիտասարդ զինուորը, որ զոհուեցաւ 12 Փետրուար, 2012-ին, երբ առաջին հզօր պայթիւնը տեղի ունեցաւ Հալէպի մէջ, երբ ցնցուեցաւ ամբողջ Հալէպը, երբ տակաւին բոլոր վարժարանները կը գործէին, դեռ Հալէպի մէջ խաղաղութիւն կը տիրէր, միայն երբեմն հեռուներէն կը լսուէին կրակոցներու ձայներ ու աւելի յաճախակի դարձած էր ջուրի ու հոսանքի անջատումը, երբ ոչ մէկը կը հաւատար Հալէպի հիմակուան վիճակին հասնելուն. սակայն տարիները գլորեցան ու սաստկացաւ պատերազմը, որուն վերջը...: Վիգէնին յաջորդեցին շատեր, հարիւրաւոր հայ անմեղ զոհեր, հազարաւոր արաբ անմեղ զոհեր...:
Պատերազմը կը շարունակուի տակաւին. դիւային, անմարդկային հարուածներով եռաժանիքը պարզած կը շարունակէ հնձել մանուկներ ու երիտասարդներ, փուլ տալ շէնքեր ու գործարաններ, տարածել աւեր ու աւար: Սակայն այս պատերազմը հնձող զօրութիւն մը չկա՞յ արդեօք:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ