ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Է.

ԸՆԴԴԷՄ ԵՐԿԱԲՆԱԿՆԵՐՈՒՆ

Իսկ եթէ երկաբնակը ըսէ, թէ Քրիստոս Աստուածութեամբ կը ճանչնայ Հայրը ամբողջ եւ կատարեալ, իսկ մարդկութեամբ՝ չափաւոր կերպով կը ճանչնայ, որովհետեւ մարդկութիւնը ստեղծուած ու չափաւոր է, այդքան [այսինքն կատարեալ] չի՛ կրնար ճանչնալ:

Այս մասին կ՚ըսենք. նախ՝ թէ Քրիստոսի մարդկութիւնը մարգարէներէն աւելի չի գիտեր, որովհետեւ հաւասար ստեղծուածներ են ու չափաւոր: Դարձեալ՝ կ՚ըսենք, թէ ահաւասիկ, որ յայտնապէս երկու բնութիւն կ՚որոշէք Քրիստոսի համար եւ ծածկապէս՝ երկու անձ, քանի որ եթէ մարդուն բնութիւնը Բանին Աստուծոյ անձին անբաժանելի կերպով միացած է, հետեւաբար մէկ անձնաւորութեան հաւասար է գիտութիւնն ու կարողութիւնը մարդացեալ Աստուծոյ: Իսկ եթէ մարդկութիւնը տգէտ ու տկար է, յայտնի է, թէ զատուած է Բանին Աստուծոյ անձէն եւ անձէն զատուածը յատուկ անձ է, եւ այսպէս երկու անձ եւ երկու բնութիւն կ՚ըսէք Նեստորի հետ միասին: Ձեր դաւանութիւնը նման է Պատարագի խորհուրդին, որ յայտնապէս արիւնէն կը զատէք ժողովուրդը եւ ծածկաբար՝ փրկական մարմինէն: Ճշմարիտ կ՚ըսէ Սուրբ Կիւրեղը իր Պարապմանց գիրքին մէջ, թէ յայտնապէս որոշելով երկու բնութիւն Քրիստոսի մէջ, այդպիսով երկու անձ կ՚որոշուի Քրիստոսի մէջ: Եւ ըստ ձեզ այսպէս զատելով ո՛չ մարդացեալ Աստուած է, եւ ո՛չ Քրիստոսը՝ ճշմարիտ Աստուած, հետեւաբար մարդոց փրկութիւնն ալ ճշմարիտ չէ:

Եւ դարձեալ Սուրբ Կիւրեղը կ՚ըսէ. «Ասկէ պարտաւորուեցաւ Նեստորր եւ ըսաւ մէկ անձ եւ երկու բնութիւն ո՛չ ճշմարտութեամբ, այլ՝ խաբէութեամբ, որովհետեւ մէկ անձը առանց միաւորուած բնութիւններուն կոչմամբ միայն մէկ է եւ ո՛չ՝ էութեամբ, ինչպէս կ՚ըսենք մէկ քաղաք, մէկ գերեզման, մէկ դէզ, այդպէս ալ ըսելն է մէկ Տէր, մէկ Քրիստոս, մէկ անձ եւ երկու բաժանեալ բնութիւն»:

Եւ դարձեալ՝ կը խաբեն մէկ անձ ըսելով, եւ ամբողջ զօրութիւնը, ներգործութիւնն ու Աստուածութիւնը անձին կը վերագրեն, որովհետեւ մարդկութիւնը կը բաժնուի աստուածային բոլոր զօրութիւններէն եւ ներգործութիւններէն:

Դարձեալ՝ այն է մէկ անձ եւ երկու բնութիւն բաժանեալ, ինչպէս միագլխանի վիշապ երկու պոչ ունենալով, ինչպէս կ՚ըսէ Դաւիթ Անյաղթը. «Ապա այդ ատեն ի՞նչ կ՚ըլլայ երկու բնութեան եւ գիտութիւն, եւ երկու կարողութիւն, եւ երկու կամք, եւ երկու գործերու կը բաժնեն մէկ Քրիստոսին մէջ»: Որ այդպիսի բաժանողներն ու խորհողները Սուրբ Հոգին բաժանէ երկսայրի սուրով ի կենաց Գլուխէն Քրիստոսի եւ քրիստոնեաներու Սուրբ Եկեղեցւոյ անդամներէն, եւ յաւիտենական նզովքի անէծքին տակ ըլլան: Ամէն:

Խօսք. «Կ՚ուզէին Յիսուսը բռնել» (տե՛ս Յհ 7.30):

Մեկնութիւն. Վերը ըսուած խօսքերուն վրայ ժողովուրդը բաժնուեցաւ, որովհետեւ չարերը առաւել եւս չարացան, իսկ բարիքը եւս բարիին մէջ հաստատուեցան:

Խօսք. «Անոր ժամը չէր հասած» (տե՛ս Յհ 7.30):

Մեկնութիւն. Այսինքն՝ ժամանակը, որ նախասահմանուած էր Անոր համար:

Խօսք. «Քրիստոսը երբ գայ, միթէ աւելի՞ հրաշքներ պիտի կատարէ քան այս մարդը» (Յհ 7.31):

Մեկնութիւն. Նախ՝ միամտութեամբ կ՚ըսէին: Երկրորդ, թէ պէտք չէ այլ Քրիստոսի սպասել:

Հարցում. Ինչո՞ւ համար կ՚ըսէ. «Կամաւորաբար չարչարանքներուն եկաւ»:

Պատասխան. Չորս բանի համար. նախ՝ հրեաներուն դէմ, որովհետեւ բռնութեամբ չէին կրնար չարչարել, այլ՝ Ինք կամաւորաբար եկաւ: Երկրորդ՝ որովհետեւ մահուան եւ կեանքի Տէրն է, եւ մահուամբ չինկաւ, ինչպէս մենք: Երրորդ՝ կատարեալ սէրը կը ցուցնէ կամաւորաբար մեռնիլը, որովհետեւ ակամաներունը, կ՚ըսէ, կատարեալ սէր չէ: Չորրորդ՝ կատարեալ փրկութիւնը, որ խաչով ըրաւ, քանի որ մարդոց փրկութիւնը խաչին յաղթանակն է:

Խօսք. «Փարիսեցիները ժողովուրդին շշուկը [տրտնունջը] լսեցին» (Յհ 7.32):

Մեկնութիւն. Տրտնջէին, այսինքն՝ առանձին կը խօսէին, իսկ ոմանք կը տրտնջային չարախօսելով: Եւ ասիկա փարիսեցիները քահանայապետներուն պատմեցին, այդ պատճառով աւելի բարկացան եւ սպասաւորները ղրկեցին, որպէսզի բռնեն զԻնք:

Հարցում. Ինչպէ՞ս եղաւ, որ չկրցան բռնել զԻնք:

Պատասխան. Երեք բանի համար. նախ՝ երեսի փառքին համար, ինչպէս մատնութեան օրը գետին ինկան: Երկրորդ՝ որովհետեւ անոնց անդամները անշարժացուց,  որպէսզի ըստ իրենց չար կամքին չկարողանան շարժիլ: Երրորդ՝ քանի որ անոնց կամքը խափանեց անդամները շարժելուն, որպէսզի Իր վրայ ձեռք չբարձրացնեն:

Քրիստոս երբ ցոյց տուաւ Իր ծնունդը, թէ ուրկէ էր, ապա կը ցուցնէ, թէ ո՞ւր կ՚երթայ, այսինքն՝ Հօր մօտ, որովհետեւ Աստուածութեամբ անբաժանելի էր Անկէ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 73

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2020