«ՈՒՍՈՒՄՆ ՊԱՐՏՈՒՑ»

ՈՒԹԵՐՈՐԴ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆ

 «Գողութիւն մի՛ ըներ» (Ելք 20.15)

ԱՍՏՈՒԱԾ կը պատուիրէ չգողնալ, չպահել ու չծածկել ուրիշներուն պատկանած իրը՝ անոնց կամքին հակառակ, ընկերոջ վնաս չպատճառել եւ իր գոյքէն չզրկել: Այս յանցանքը, որ գողութիւն կամ աւազակութիւն կը կոչուի, պարտաւոր ենք ընդհանուր առումով հասկնալ, առանց զանազանելու անձը, նիւթը եւ ձեւը: Ամէն կերպով եւ իւրաքանչիւր մարդու համար գողութիւնը արգիլուած է, որմէ ալ ըլլայ, ինչ ալ ըլլայ, ինչպէս ալ ըլլայ1:

Հին օրինաց մէջ, այս պատուիրանին նկատմամբ, ամենէն կարեւոր հարկի ստիպման ժամանակ, բացառութիւն կը տեսնուի: Այս բացառութիւնը եբրայեցիներու յատուկ հանգամանքներուն կը վերաբերէր, ինչպէս գրուած է Օրինաց մէջ. «Երբ քու դրացիիդ այգին մտնես, ուզածիդ չափ խաղող կե՛ր ու կշտացի՛ր, բայց ամանիդ մէջ մի՛ դներ: Երբ քու դրացիիդ հունձքին մէջ մտնես, ձեռքովդ հասկերը փրցուր, բայց դրացիիդ հունձքին մանգաղ մի՛ զարներ» (Բ.Օր 23.24-25): Այս բացառութիւնը սակայն կը վերաբերէր միայն եբրայեցի ազգին եւ իր պատճառը ունէր՝ անոնց յատուկ հանգամանքներուն մէջ: Այս բացառութեան հոգին մենք եւս պիտի պահենք մի քանի պարագաներու մէջ, երբ կը տեսնենք, թէ սաստիկ պահանջքէ ստիպուած ոեւէ մարդ մեր սեփականութիւնը կ՚առնէ: Քրիստոնէական կարեկցութիւնը մեզի կը սորվեցնէ ներողամտութեամբ դատել այս բանը, որ գուցէ ամենէն սաստիկ խեղճութենէն յառաջ եկած է: Այս խօսքերը միայն կարեկցութեան համար է եւ ո՛չ թէ իբրեւ կանոն: Որովհետեւ, ո՛չ խղճութիւնը, ո՛չ աղքատութիւնը եւ ոչ ալ կարօտութիւնը գողնալու իրաւունք կու տան: Նոյնիսկ աղքատները պարտաւոր են իրենց ձեռքով իրենց ապրուստը ճարեն. «Ով որ գողութեամբ կ՚ապրէր՝ թող այլեւս չգողնայ, այլ՝ վարժուի արդար վաստակով ո՛չ միայն իր հացը շահելու, այլ նաեւ բարիք գործելու, օգնելով անոնց՝ որոնք կարօտ են» (Եփ 4.28): Խեղճերն ու կարօտեալները, եթէ իրենց աշխատանքով չեն կրնար իրենց բոլոր պէտքերը հոգալ, պարտաւոր են օգնութիւն խնդրել կարողութեան տէր եղող մարդոցմէ:

Գողութիւնը մեծ եւ փոքր կը համարուի, նայելով թէ ո՞վ է, որ կը գողնայ եւ որմէ՞ կը գողնայ: Հետեւաբար, գողցող խեղճը կամ աղքատը կարելի չէ անմեղ համարուիլ, բայց այնքան յանցաւոր չէ, որքան՝ հարուստը, որ կը գողնայ: Յանցանք է, ըսինք, աղքատին գողութիւնը, որովհետեւ վնասակար հետեւանքներ կրնայ ունենալ, որովհետեւ հարուստէն կամ մեծահարուստէն գողնալ, կը նշանակէ յուսահատեցնել եւ դադրեցնել անոր բարերարութեան ոգին, որ կրնայ ունենալ պատուաուոր աղքատներու նկատմամբ: Բայց այս յանցանքը աւելի մեծ կը համարուի, եթէ աղքատէն գողցուիորուն կորուստը խի՛ստ զգալի է:

Ո՛չ մէկ կապակցութիւն, ո՛չ մէկ ընկերական յարաբերութիւն կարող է արդարացնել այն մարդը, որ առանց ուրիշներու կամքին՝ անոնց սեփականութիւնը կ՚իւրացնէ: Որդիները նոյնիսկ, եթէ իրենց հօր սեփականութիւնը առնեն, պատճառ բերելով, թէ օր մը իրենց ժառանգութիւն պիտի մնայ, դարձեալ չեն կրնար արդարանալ, եթէ առանց հօր գիտութեան եւ համաձայնութեան գործած են. «Ան որ իր հայրը կամ մայրը կը կողոպտէ եւ կ՚ըսէ «յանցանք չէ», անիկա ապականող մարդուն ընկերն է» (Առ 28.24): Այսպիսի որդին իր ծնողներուն վստահութիւնը կը կորսնցնէ եւ երախտիքի փոխարէն ապերախտութիւն կը հատուցէ: Այս բանը ծառաներուն եւ մշակներուն կը վերաբերի, որոնք ծածուկ կ՚իւրացնեն իրենց տէրերուն որեւէ մէկ գոյքը: Տակաւին, կը վերաբերի այն մարդոց, որոնք ծառաները կամ գործաւորները կ՚աշխատցնեն, սակայն աշխատանքի վարձքէն կը զրկեն:

Այն մարդիկը, որոնք անիրաւաբար կը վարուին հասարակութեան դէմ եւ յօժարութեամբ չեն վճարեր տէրութեան կամ կառավարութեան հարկը, որոնք պարտաւորութենէ եւ ընդհանուրի օգուտին համար եղած աշխատութենէն կը փախչին, շատ մեծ մոլորութեան մէջ են: Այս վարմունքը եւս տեսակ մը գողութիւն եւ յանցանք է, որովհետեւ ընկերականութեան կ՚ընդդիմանայ եւ հասարակութեան կարգաւորութիւնը կը խառնէ ու կ՚ոչնչացնէ: Մեր Փրկիչը կը պատուիրէ, որ մաքուր խղճմտանքով մեր պարտքը վճարենք. «Գացէ՛ք եւ ինչ որ կայսրին կը պատկանի՝ կայսրին տուէք, եւ ինչ որ Աստուծոյ՝ Աստուծոյ տուէք» (Մտ 22.21). «Հետեւաբար, անոնցմէ իւրաքանչիւրին հանդէպ ձեր պարտաւորութիւնը կատարեցէք» (Հռ 13.7):

Ընդհանրապէս իւրաքանչիւր գողութիւն արգիլուած է, բայց գողցուած նիւթին եւ առարկային համեմատութեամբ՝ յանցանքը եւս մեծ կամ փոքր կը համարուի: Օրինակի համար, աւանդ տրուած կամ ի պահ տրուած իրը գողնալը՝ խի՛ստ մեծ յանցանք է, որովհետեւ գողութեան հետ ուխտազանցութիւն եւ երդմնազանցութիւն եւս խառնուած է: Նմանապէս մեծ յանցանք է հասարակութեան վերաբերեալ կամ հասարակութենէն յանձնուած իրեղէնը գողնալ, ինչպիսիք են՝ բարեպաշտութեան, հաւատքի եւ մարդասիրութեան համար որոշուած իրեղէնները կամ գումարները: Նմանատիպ գողութիւնը սրբապղծութիւն համարուած է: Տակաւին, սրբապղծութիւն է նաեւ մարդոց այն արարքը, որոնք կարօտութիւն չունին եւ ողորմութիւն կը խնդրեն, որովհետեւ այս ձեւով ճշմարիտ կարօտեալները կը զրկեն ողորմութիւն ստանալէ:

Գողութիւնը զանազան կերպեր կամ տեսակներ ունի, ինչպէս օրինակ՝ ուժով կամ բռնութեամբ գողնալ, օրինաց կամ արդարութեան դիմակով գողնալ, եւ այլն, եւ այլն: Սակայն, առհասարակ, իւրաքանչիւր ձեւն ալ արգիլուած է: Բռնի գողութիւնը, որ աւազակութիւն կամ յափշտակութիւն կը կոչուի, օրինաց առջեւ միշտ ալ պատիժով դատապարտուած է: Այս կարգի գողերուն կը պատկանին նաեւ այն մարդիկը, որոնք ի չար կը գործածեն հասարակութենէն կամ կառավարութենէն իրենց յանձնուած կամ վստահուած իշխանութիւնը եւ ծառայութիւնը, որոնք փոխանակ պաշտպանելու՝ նեղութիւն կու տան խեղճերուն, աղքատներուն, ծանր զոհողութիւններ կը բարդեն հասարակութեան վրայ եւ ծառաներն ու մշակները իրենց արդար վաստակէն կը զրկեն, որ խի՛ստ մեծ մեղք է Սուրբ Գիրքին խօսքով. «Ահաւասիկ, ձեր արտերուն մէջ աշխատող բանուորներուն վարձքը, որ ձեր մօտ պահեցիք՝ զրկելով զանոնք, բարձրաձայն կ՚աղաղակէ, եւ հնձուորներուն բողոքը Ամենակալ Տիրոջ ականջը հասաւ» (Յկ 5.4): Զրկողներուն մասին Երեմիա մարգարէն վա՜յ կը կարդայ. «Վա՜յ անոր, որ իր տունը զրկանքով ու իր վերնատուները անիրաւութեամբ կը շինէ. իր դրացին ձրի կը բանեցնէ եւ անոր աշխատութեանը վարձքը չի՛ վճարեր» (Եր 22.13). «Աղքատը մի՛ կողոպտեր իր աղքատութեանը համար ու տնանկը դատաստանի մէջ մի՛ անարգեր» (Առ 22.22):

 Գողութեան ձեւը բազմատեսակ է: Ամէն տեսակի բռնութիւն եւ խաբէութիւն՝ առնելու [գնելու] եւ ծախելու մէջ, փոխ առնելու եւ փոխ տալու մէջ, իւրաքանչիւր զրկողութիւն, խարդախութիւն՝ չափելու, կշռելու եւ ձեւելու մէջ, իւրաքանչիւր անհաւատարմութիւն միաբանութեան մէջ, անխճաբար կրկնապատկութիւն իր շահին, միամիտ մարդիկ խաբել եւ մէկի փոխարէն՝ երկու առնել, անիրաւութիւն իրաւանց եւ վէճի մէջ, վատ վաճառքը՝ լաւի տեղ անցընել, մէկ խօսքով, ամէն տեսակի շահամոլութիւն, որ չէինք ուզեր, որ ուրիշներ մեր նկատմամբ գործէին, կ՚անուանուի գողութիւն. «Եւ եթէ քու դրացիիդ բան մը ծախելու ըլլաս, կամ քու դրացիիդ ձեռքէն ծախու առնելու ըլլաս, անիրաւութիւն մի՛ ընէք» (Ղւ 25.14). «Դատաստանի մէջ անիրաւութիւն մի՛ ընէք. կանգունի մէջ, կշիռքի մէջ ու չափի մէջ ալ: Ձեր կշիռքները լման, ձեր կշիռքի քարերը լման, ձեր արդուն լման ու հիմանը լման թող ըլլայ» (Ղւ 19.35-36). «Կամ չըլլա՛յ որ մէկը եղբօր մը դէմ մեղանչէ՝ անոր կինը յափշտակելով, որովհետեւ այդ բոլորին համար Տէրը իր դատաստանին մէջ անողոք պիտի ըլլայ» (Ա.Թս 4.6):

Տոկոսառութեան համար եւս կրնանք ըսել, որ արդարութեան սահմանէն դուրս չափազանց տոկոս պահանջելը՝ դարձեալ գողութիւն է: Ինչքա՞ն նախատինք, ամօթ եւ անգթութիւն է մեզի համար, երբ մեր ընկերը նեղութենէ եւ դժբախտութենէ ստիպուած, եւ կա՛մ վատ վարմունքէ եւ յիմարութենէ ճարահատութեան դուռը հասած, մեզի կը դիմէ փոխ առնելու, եւ մենք տոկոսը տոկոսի վրայ դիզելով, կողոպտելով, տունէ եւ սեփականութենէ զրկելով՝ կը հարստանանք եւ անգութ կերպով մեր ընկերը դէպի կուրուստ կը տանինք: Այս տեսակ օգնութիւն կարծուած վարմունքը աւազակութենէն աւելի վատ է: Դաւիթ մարգարէին ըսածին պէս, երանելի է ան մարդը՝ «որ իր դրամը տոկոսով չի տար եւ կաշառքի փոխարէն անմեղին դէմ վկայութիւն չի տար։ Այսպէս ապրողը երբեք պիտի չսասանի՛» (Սղ 15.5): Այսպիսի գողութեան կարգը կը համարուի նաեւ այն արարքը, երբ մարդ, առանց տիրոջ կամեցողութեան կամ գիտութեան, կը պահէ կամ կը ծածկէ անոր որեւէ մէկ ունեցուածքը, կամ բան մը կը գտնէ եւ ծածկելով՝ կ՚իւրացնէ, առանց նայելու, որ ատոր տէրը կը փնտռէ կորսնցուցածը եւ կամ կը պահանջէ: Գողութիւն է նաեւ, երբ մարդ ուրիշի մը գողցածը կը պահէ, թէեւ գիտէ, որ գողցուած է, կամ անիրաւութեամբ հաւաքուած է:

Ի վերջոյ, երբ մենք կ՚ուրանանք տալ՝ ինչ որ պարտաւոր ենք եւ կամ հնարքներ կը հնարենք, որ չտանք, այս մեր անմիտ հնարամտութիւնը դարձեալ գողութիւն է: Այս պատուիրանը կ՚արգիլէ նաեւ ամէն տեսակի վնաս, որ մեր ընկերոջ կը հասցնենք առանց մեր անձնական օգուտին. օրինակի համար, կա՛մ անոր աւանդը չպահպանելով, կա՛մ անոր ձեռքէն եկած օգնութիւնը զլանալով, եւ կա՛մ վտանգաւոր վիճակին անուշադիր ըլլալով: Առ հասարակ, իւրաքանչիւր գործողութիւն, որու հետ անհաւատարմութիւն եւ չար կամեցողութիւն կապուած է, թէ՛ աշխատանքի մէջ, թէ՛ ուրիշներուն խոստացած եւ կիսատ մնացած ծառայութեան մէջ, թէ՛ մշակներու եւ ծառաներու անհոգութեան եւ թուլութեան մէջ, այս բոլորը գողութիւն կը համարուին: Անիրաւութիւնը, գողութիւնը պաշտպանելը, գողունի իրերու բաժանարար կամ բաժանորդ գտնուիլը, Սողոմոն Իմաստունին ըսածին պէս, հոգին ատել կը նշանակէ. «Գողին ընկեր եղողը իր հոգին կ՚ատէ» (Առ 29.24):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 18

Վաղարշապատ

1 Եբրայերէնով գողութիւն բառը գանաք կ՚ըսուի, որ կը նշանակէ որոշ գնել, ուրիշներուն վաստակը վայելել, պահել կամ ծածկել ուրիշներուն սեփականութիւնը:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2018