ՊԷՅՐՈՒԹԷՆ ԹՈՒՐՔԻԱ (Բ.)

Թուրքիա գացող եւ ապրող պէյրութահայուս մօտ այդ երկրի հանդէպ վերաբերմունքի զարգացման մասին պատմող զոյգ այս յօդուածներէս առաջինին մէջ, անցեալ շաբաթ, գրած էի. «Գիտակցաբար կարծես որոշեցի մէկ կողմ դնել պատկերացումներս, եւ կարելի եղածին չափ առանց կանխակալ վերաբերմունքի երթալ Թուրքիա, տեսնել աչքովս, յարաբերիլ երկրին ու մարդոց հետ…»։

Հոն կը սկսի պատմութիւնը։ Կարեւոր կը համարեմ նշել, որ կարծրատիպային պատկերացումները «մէկ կողմ դնել»ը պէտք չէ շփոթել անոնցմէ «ազատագրուելու» հետ։ Եթէ տարիներով հաղորդուած ես որեւէ բանի մասին այս կամ այն տիպի հռետորաբանութեան եւ պատումի հետ, այդ ալ՝ խիստ զգացական եւ քաղաքական տիրոյթէ ներս, ինչպիսին է հայ-թրքական պատմական եւ ներկայ յարաբերութիւններու ոլորտը, առաւելագոյնը, որ կրնաս ընել՝ լսած-տեսած-ընկալածդ «մէկ կողմ դնել»ն է։ Անձնական եւ հաւաքական յիշողութիւնը ամբողջովին ջնջող ուղեղային հիւանդութիւն մը միայն, հաւանաբար, կը կարենայ մարդուս մտքէն, ներաշխարհէն եւ ինքնութենէն ամբողջովին սրբել ու զերծել երկարատեւ ժամանակ ներծծուած տրամադրութիւնները, կարծիքներն ու վերաբերմունքը։

Բայց այս բոլորը ինչո՞ւ կ՚ըսեմ։ Քանի որ եթէ նախապաշարումով իրականութեան հետ շփուելու երթալը կը կանխորոշէ մարդուս կողմէ այդ իրականութեան ընկալումը, ապա նախնական պաշարը գիտակցաբար «մէկ կողմ դրած» երթալը եւս, իմ համոզմամբ, կ՚ազդէ մարդուս իրականութեան ընկալման վրայ, առնուազն ժամանակաւորապէս… «մէկ կողմ դնելը», այսպիսով, ոչ այնքան ազդեցութենէ ձերբազատում կ՚ենթադրէ, քան ազդեցութեան փոփոխում, որովհետեւ երբ կամովի կ՚որոշես «մէկ կողմ դնել», աչքդ եւ միտքդ կ՚ուղղես դէպի տարբերը, նորը, կանխատրամադրութիւններուդ հակասո՛ղը, այդպիսով նաեւ իրականութեան ընթերցանութիւնդ դարձնելով կողմնակալ։ Բարդաբանութիւններուս համար ներողութիւն խնդրելով անցնիմ օրինակիս, յուսալով, որ կարդացողին համար աւելի պարզ կը դառնայ, թէ ինչ ըսել կ՚ուզեմ։

Թուրքիոյ եւ թրքական հասարակութեան մասին կարծրատիպերս «մէկ կողմ դրած»՝ գացի «միւս Թուրքիան գտնելու»։ Եւ, իրաւամբ, գտա՛յ զայն։ Դուք ալ եթէ երթայիք Պոլիս, յատկապէ՛ս քանի մը տարի առաջ, եւ նախընտրաբար առանց թրքերէնի իմացութեան, տեղացի հայերու միջոցով փնտռէիք կամ հանդիպէիք թուրքերու, երթայիք ծանօթներու կողմէ յանձնարարուած այս կամ այն գրախանութը, այս կամ այն հաստատութիւնը, այս կամ այն դասախօսութեան կամ ձեռնարկին, պիտի գտնէիք «միւս Թուրքիա»ն, ինչու չէ նաեւ՝ «նոր Թուրքիա»ն, որ կա՛յ, իսկապէս կա՛յ, ու սա կ՚ըսեմ առանց դոյզն իսկ հեգնանքի կամ չափազանցութեան։ Եւ կայ այդ Թուրքիոյ ներկայացուցիչ թուրքը եւս. արդարամիտը, ժողովրդավարը, յեղափոխակա՛նը նոյնիսկ, շատ մը հայերէ աւելի՛ գործունեայ եւ քաջ կերպով հայու պատմական եւ ներկայ իրաւունքները պաշտպանողը նոյնիսկ երբեմն։ Գտնել ուզողին համար կա՛յ այս Թուրքիան իր թուրքով, եւ, անշուշտ, լա՛ւ է, որ կայ։

Ո՛չ միակն է սակայն, ո՛չ ալ օրինաչափութիւնն ու իշխող տեսակը։ Շատ հեռուն է այդպիսին ըլլալէ։ Արդարեւ, ժամանակի ընթացքին կամաց-կամաց եկաւ ինքզինք փաստելու երկրին մասին իմ մեկնակէտ-միջավայրիս աւանդական պատկերացումին աւելի մօտ իրողութիւն մը։ Թերեւս միամիտ խանդավառութեանս եկաւ փոխարինելու անզօրութեան եւ յուսալքութեան զգացում մը։ Ժամանակի անցումին հետ, մէկ կողմէն՝ Թուրքիոյ բազմաթիւ հայերու հետ աւելի լուրջ կերպով յարաբերիլն ու անոնց կեանքի բազմազան դրուագներուն եւ փորձառութեան ծանօթանալը, միւս կողմէն տեղական լեզուին տիրապետելէ ետք ամէն ինչն առանց միջնորդի ուղղակի կերպով հասկնալը, եկան ջուրի երես հանելու լայնօրէն տարածուն մոխրագոյն պատկեր մը։ Ամէնօրեայ դրութեամբ լուրերուն հետեւելով, քաղաքական գործիչներու յայտարարութիւնները լսելով, գրեթէ ամէն փողոցի պատերուն վրայ գրառումներն ու քաղաքական պաստառները զննելով, համալսարաններու մէջ, սրճարաններու մէջ, թէ համացանցային ընկերային ցանցերու վրայ մարդոց զրոյցներուն հետեւելով, դէմ յանդիման եկայ ինքզինք պարտադրող ու բաւական ճնշիչ իրականութեան մը. պատմական ու քաղաքական կեղծիք, աժան քարոզչութիւն, ատելութիւն, այլամերժութիւն, ֆաշականութիւն, եւ, այն առանց որուն այս ամէնը չ՚աշխատիր, տգիտութիւն եւ անոր ակնյայտ սերմանում։ Տողեր, նոյնիսկ էջեր կարելի է լեցնել այս բոլորին մասին պատմող օրինակներով, բայց հոս չէ տեղն այդ բոլորին։

Կը մնայ հարցնել. ուրեմն փակ շրջա՞ն, վերադա՞րձ կարծրատիպային, կաղապարային, ընդհանրական պատկերացումներուն։ Ի հարկէ ոչ։ Ինչքան ալ համեմատութեան մէջ փոքր, այնուամենայնիւ «միւս»ը իրականութիւն է, պատմական երկարաժամկէտ կտրուածքով աննախադէպ աճ ու զարգացում ապրող, եւ այդ առումով՝ յուսալի. անոր մերժումը՝ անհեթեթ, իսկ անտեսումը՝ անխոհեմ։ Ինչ կը վերաբերի տակաւին յստակօրէն իշխող տխրահռչակ աւանդական քաղաքական մշակոյթին, պարզապէս զայն ճանչնալ է պէտք։ Մարսել է պէտք որպէս իրականութիւն, որպէս գործող ու բանեցուող ընկերային, մշակութային, քաղաքական համակարգ. այլ ոչ՝ զգացական մղումով վերստեղծել զայն որպէս կարծրատիպ, եւ անով սնուցել մարդիկ, երիտասարդներ, որոնք պիտի, որպէս արդիւնք, կա՛մ կուրօրէն չտեսնեն ու չուզեն տեսնել նրբութիւններն ու այլազանութիւնը, կա՛մ ալ կարծրատիպին որպէս բնական հակազդեցութիւն՝ ձգտին տարբերին ա՛յն աստիճան, որ հեռանան իրականութենէն՝ այս անգամ միւս ուղղութեամբ...

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2019