ՆԵՐԵՑԷ՛Ք…

Արցունքներս կոկորդիս մէջ խեղդեցի յաճախ, երբ կարդացի անուններու երկար ցանկերը այն մատղաշ կեանքերուն, որոնք երկվայրկեանի մը մէջ ընդհատուեցան արցախեան սահմաններուն պահպանման ի խնդիր…

Արցունքներս անխօս թրջեցին բարձս, երբ ստիպուած եղայ հաւատալ, որ նահատակներուն կարգին իմ հին, թանկագին ու լաւ բարեկամիս՝ Գէորգին անունն ալ արձանագրուեցաւ՝ իր իսկ արեամբ…

Արցունքներս լուռ լեցուցին աչքերս, երբ տեսայ ծնողներ իրենց հերոս զաւակներուն անշունչ դիակները գրկած՝ հպարտութեան ու որդիի կորուստի ցաւին միջեւ խարխափող…

Արցունքներս փորձեցի պահել շրջապատէս, երբ գրեթէ ամէն օր կարդացի, թէ որքան մեծ թիւով արցախցի անհայր զաւակներ լոյս աշխարհ եկան, եւ բազում հայրեր իրենց նորածիններուն տաքութիւնը չկրցան զգալ ու անոնց ապահովութիւն ներշնչելու առիթ չունեցան…

Ես ինծի չարտօնեցի լալ, չվայելեցուցի արցունքոտ աչքերով կարդալ արցախեան հրաշալի տարածքին մէջ փորագրուող հերոսութիւններուն եւ առասպելական մարտնչումներուն մասին, որովհետեւ հաւատացի հայ զինուորին ուժին, կորովին եւ նուիրուածութեան, հաւատացի, որ ՀԱՅ-ը իր ՀԱՅ եղբայրներուն արեամբ տակաւին տաք հողերը չի յանձներ, հաւատացի, որ այդ որբ նորածինները, որոնց հայրերը հայրենիքը իրենց զաւակներէն վեր դասեցին ու անմահացան անոր պաշտպանութեան ի խնդիր, օր մը անպայման պիտի խաղան արցախեան աշխարհի իրենց բնակարանին սեմին ու անոնց պիտի պատմուի, որ իրենք հերոսներու զաւակներ են, որ՝ իրենց հայրերը երկինք բարձրացան, որպէսզի մնայ երկիրը, հողը, Արցախ աշխարհը… Հաւատացի, որ որդեկորոյս ծնողներուն մխիթարութիւնը պիտի ըլլայ կրկին ապրիլ այն տան մէջ, ուր իրենց անմահ որդիները լացած են առաջին անգամ, հասակ նետած են քիչ-քիչ, կոփուած են հողին կառչելու կամքով եւ այդ հողին համար ալ իրենց կեանքը նուիրած են….

Հաւատացի ու սպասեցի… Հայ զինուորն ու մեր կամաւոր տղաքը անսացին հաւատքիս ու ակնկալութեանս, փա՜ռք իւրաքանչիւրին, անոնք արժանի են, որ համբուրենք արցախեան ցեխով պատուած իրենց մոյկերը եւ լուսաւոր ճակատները…

Հաւատացի ու սպասեցի, երբ ամէն մարդ կանխատեսումներ ըրաւ, դատեց մեր զոյգ հանրապետութիւններուն «ղեկավարներ»ը, որովհետեւ հաւատացի, որ ՀԱՅ-ուն միտքն ու խիղճը, հոգին եւ էութիւնը կարողութիւնը չունին ընդունելու, որ աւելի քան 40 օրուան մարտնչումները, անհաւասար կռիւներն ու յաղթանակները, անշնչացած հերոսներուն սրբազան «տողանցքը», վիրաւորներուն, այրիներուն, որբուկներուն եւ որդիները հողին յանձնած ծնողներուն սրտաճմլիկ պատկերները կրնար ջնջուիլ ՀԱՅ-ու մը մտապատկերէն եւ ան/անոնք յանդգնութիւնը կ՚ունենայ գրիչի հարուածով մը ջնջել ամէն ինչ, թշնամիին տալ Շուշին հոյակերտ, Դադիվանքը հրաշալի, սրբազան Արցախին մէկ մասը ամբողջ, նահատակներուն արեամբ ջրդեղած հայկական հողերը բոլոր…

Արցունքներս առատօրէն հոսեցան, երբ 9 նոյեմբերին հայոց պատմութեան ամենէն դառն ու սեւ էջերէն մէկը արձանագրուեցաւ՝ Նիկոլ Փաշինեանի հազարաւոր նահատակներու արեամբ թաթխուած ձեռքով…

Արցունքներս յորդեցան, երբ պատկերացուցի, որ մարտնչումներու թատերաբեմ հանդիսացած տարածքները գրիչի անպատասխանատու հարուածով մը ազէրիին տրուեցան…

Արցունքներս խեղդեցին ողջ էութիւնս, երբ մտածեցի, թէ իրենց տունը ժամանակաւորապէս ձգած արցախցիներ արդէն անտուն մնացին, «հայ» մը անիրաւութեամբ իրենց հարազատ բնօրրանը տուաւ Ալիեւին՝ անամօթաբար իր անունը ստորագրելով թշնամիին անուան կողքին… Իսկ բազում որբերը, սրտի կսկիծով տանջուող նահատակներուն մայրերը, մեծ յոյսերով յաղթանակ սպասող հերոս ծնած ու զանոնք հողին յանձնած հայրերը, մեծաթիւ այրիները, որոնք իրենց ամուսինները համբոյրով սահմանագիծ ղրկեցին, որպէսզի մնայ սրբազան հողը, շէն մնայ տունը, ապահով մնան նոր սերունդները… Արցունքներու գետեր իսկ բաւարար չեն խոր ու մեծ ցաւին թարգմանը ըլլալու:

-Գէո՛րգ, երեւակայական է, այսքան ընդարձակ տարածքներ, հսկայական լեռներ, անմատչելի դիրքեր, ի՞նչպէս կրցած են պաշտպանել մեր զինուորներն ու կամաւոր տղաքը… Չեմ կրնար պատկերացնել իրապէս,- երկու տարի առաջ հարցուցի սիրելի բարեկամիս, երբ ան Արցախի քարտէսը փորձեց շօշափելի դարձնել մեզի համար եւ տանիլ հոն, ուր կարելի եւ երբեմն անկարելի էր հասնիլ:

-ՀԱՅ-ուն ոգին է, վճռակամութիւնը, ՀԱՅ զինուորին կամքն ու հողին համար ամէն բան, նոյնիսկ կեանքը տալու պատրաստակամութիւնը, կը հասկնա՞ս… Երբ այդ բոլորը կան, անկարելին կարելի կը դառնայ,- հպարտութեամբ պատասխանեց Գէորգ:

Սիրելի՛ Գէորգ, այս անգամ դուն ալ նոյն ոգիով, վճռակամութեամբ, կամքով ու նուիրումով քու արեամբդ փորձեցիր պահել քարտէսը Արցախին, սակայն կայ «հայ»ու տեսակ մը, որ այս բոլորէն ոչ միայն զուրկ է, այլ քու եւ մեր հերոս նահատակներուն գերագոյն զոհաբերութենէն ալ հեռու է հսկայական մղոններ: Եւ նմաններ, անկարելի է, որ հասկնան քեզ, արժեւորեն հողը, պահպանեն սրբութիւնները…

Ներէ Գէ՛որգ, ներեցէ՛ք տղաք…

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 13, 2020