Քե­սա­պի Նշա­նա­ւոր Դափ­նիի Իւ­ղը Եւ Գիւ­ղատն­տե­սու­թեան Ամ­փոփ Հո­լո­վոյ­թը

Մեծ ե­ղեռ­նի տե­ղա­հա­նու­թե­նէն ետք, երբ քե­սապ­ցիք վե­րա­դար­ձած են գիւղ, ա­նոնց թի­ւը նուա­զած է 8500-էն մին­չեւ 2300, եւ ընդ­հան­րա­պէս  ապ­րած են հա­ցա­հա­տիկ­նե­րու վա­րու­ցա­նէն: Կ՚ը­սուի, թէ լեռ­նե­րու ծեր­պե­րուն վրայ, երբ գտած են փոք­րիկ՝ 50 սմ.x50 սմ. ծա­ւա­լով փոք­րիկ գոգ մը, ի­րենց բաճ­կո­նին գրպա­նի («ջը­պը­գուն» կո­չուած) ափ մը ցո­րե­նը ցա­նած, հնձած, ա­պա ա­լիւ­րի ու հա­ցի վե­րա­ծած՝ կրցած են քարշ տալ ի­րենց տա­ռա­պա­լի կեան­քը… Վե­րապ­րե­լով՝ ա­նոնց թի­ւը հա­սած է մօտ 7000-ի, Հա­յաս­տան ներ­գաղ­թի նա­խօ­րէին:

Լերկ լեռ­նե­րէն չքա­ցած փայտն ու ցա­խը զի­րենք մղած են մին­չեւ 10-15 քմ. հե­ռու­նե­րը՝ ձմրան փայ­տի «պա­րէ­նը» ա­պա­հո­վե­լու հա­մար: Հի­մա, այս պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն, նոյն­պէս վա­ռե­լա­նիւթ՝ մա­զու­թի թան­կու­թեան պատ­ճա­ռով մենք՝ քե­սապ­ցի­ներս, ձմրան ցուր­տը կը վա­նենք փայտ վա­ռե­լով:

Ցո­րենն ու հա­ցա­հա­տի­կը Քե­սա­պի կլի­մա­յա­կան պայ­ման­նե­րուն ան­յար­մար ըլ­լա­լով՝ չեն դար­ձած տնտե­սա­կան գոր­ծօն, այլ մնա­ցած են սոսկ տնա­յին կա­րիք գո­հաց­նե­լու, հաց թխե­լու անհ­րա­ժեշտ մթերք:

Նա­խաե­ղեռ­նեան տա­րի­նե­րուն Քե­սա­պի մէջ ընդ­հան­րա­ցած էր թթե­նիի մշա­կու­մը, շե­րա­մա­բու­ծու­թեամբ զբա­ղե­լու հա­մար, որ շա­րու­նա­կուած է մին­չեւ 1950 թուա­կան:

Ես կը յի­շեմ մեր պա­պե­նա­կան պար­տէ­զը, ուր տա­կա­ւին կը մնա­յին եր­կու տաս­նեակ թթե­նի­ներ. իսկ մեծհօրս տան (Գա­րա­տու­րան գիւ­ղին մէջ, «Ման­ճը­գը­լէգ» Ման­ճի­կեան­նե­րու թա­ղը) տա­կա­ւին կը գո­յա­տե­ւէ ե­ղէգ­նե­րով շի­նուած շե­րա­մի թրթուր­նե­րու կամ խո­զակ­նե­րու «ան­կո­ղի­նը», որ ար­դէն սկսած էր փճա­նալ, փտիլ: Ե­ղէգ­նե­րը ի­րա­րու ամ­րա­ցուած կ՚ըլ­լա­յին թթե­նիի ճիւ­ղե­րու կե­ղե­ւէն շինուած կա­պե­րով, ո­րոնց «խը­շըր» ա­նու­նը կու տա­յին, եւ որ տաս­նեակ տա­րի­ներ կը դի­մա­նար: Եր­բեմն նոյ­նիսկ ա­նա­սուն­նե­րու առ­ժա­մեայ վզկապ կը հան­դի­սա­նար:

1920-էն ետք, երբ ֆրան­սա­կան «հո­գա­տա­րու­թիւ­նը» գրա­ւեց Սու­րիան, ա­նոնք ծո­վափ­նեայ շրջան­նե­րուն մէջ քա­ջա­լե­րե­ցին ծխա­խո­տի մշա­կու­մը: Այդ մէ­կը շա­րու­նա­կուե­ցաւ մին­չեւ վաթ­սու­նա­կան թուա­կան­նե­րը: Եւ այս գրու­թեան հե­ղի­նա­կը ինքն ալ բախ­տը ու­նե­ցած է ծխա­խո­տի տե­րեւ­նե­րը հո­վա­նո­ցի մե­տա­ղէ թե­լե­րէ շի­նուած 30 սմ.­նոց ա­սեղ­նե­րով բա­րակ չուան­նե­րու վրայ ան­ցը­նե­լով շա­րե­լու: Շատ հե­տաքրք­րա­կան հա­ւա­քա­կան, գե­տի­նը ծա­լա­պա­տիկ նստած աշ­խա­տանք մըն էր, ուր զուար­ճա­լի պատ­մու­թիւն­նե­րը չէին պակ­սեր. ափ­սոս, որ շատ փոքր էի (8-9 տա­րե­կան) եւ այդ սքան­չե­լի սրամ­տու­թիւն­նե­րը միտքս պա­հե­լու կա­րո­ղու­թիւ­նը չու­նէի, ա­նոնց ար­ժէ­քը չէի գի­տեր: Ի դէպ, մշա­կուած, չոր­ցուած ծխա­խո­տը որ­պէս մե­նաշ­նորհ կը ծա­խուէր ֆրան­սա­կան «Ռե­ժի»ին, յար եւ նման Լի­բա­նա­նին, որ նոյն «հո­գա­տա­րու­թիւ­նը կը վա­յե­լէր»:

Այս­պէս կեան­քը սա­հե­ցաւ:

1950-էն ետք քե­սապ­ցիք կը սկսին մշա­կել խնձոր: Խնձո­րի տե­սակ մը, որ ֆրան­սե­րէն կը կո­չուի Sans-pareille, Քե­սապ կը բե­րուի, հա­յազ­գի, ոչ քե­սապ­ցի, բայց տա­ղան­դա­ւոր գիւ­ղա­պետ՝ Մա­նուկ Չու­պուք­ճեա­նի կող­մէ, եւ ցայ­սօր այդ տե­սա­կը Քե­սա­պի մէջ, նոյ­նիսկ՝ Լա­թա­քիոյ, հան­րա­ծա­նօթ է որ­պէս «Չը­պըխ­չեան» խնձոր (հնչիւ­նա­փո­խու­թեամբ): Մե­ծա­ծա­ւալ, թթուաշ եւ վա­ղա­հաս, կա­նաչ-դե­ղին, կար­միր գի­ծե­րով զար­դա­րուած ոչ դի­մաց­կուն խնձո­րի տե­սակ մըն է, որ կը հաս­նի օ­գոս­տո­սի կի­սուն ընդ­հան­րա­պէս:

Ուշ մնա­ցած եմ այդ հան­ճա­րեղ մար­դուն՝ Չի­պուք­ճեա­նին մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ հա­ւա­քե­լու: Ափ­սո՜ս, գիտ­ցածս այս­քան է:

Խնձո­րի մշա­կու­մը կը շա­րու­նա­կուի մին­չեւ օ­րերս: Գլխա­ւոր տե­սակ­նե­րը Golden Delicious, կամ Starking Red դա­սա­կան­ներն են: Թէեւ վեր­ջերս մուտք գոր­ծած են վա­ղա­հաս, ա­մառ­նա­յին զա­նա­զան տե­սակ­ներ: Սա­կայն խնձո­րի մշա­կու­մը իր տե­ղը մե­ծա­պէս զի­ջած է դեղ­ձին, եւ ո­րոշ չա­փով՝ սա­լո­րին ու ա­նոնց բազ­մա­թիւ տե­սակ­նե­րուն:

Խա­ղո­ղի մշա­կու­մը նա­հան­ջած է կլի­մա­յա­կան ան­յար­մար պայ­ման­նե­րու պատ­ճա­ռով, թէեւ տա­կա­ւին կը յա­մե­նան կարգ մը ման­րա­հատ-հիւ­թա­ռատ եւ շատ քաղցր սեւ ու դե­ղին տե­սակ­նե­րը՝ գի­նիի եւ խա­ղո­ղի ռու­պի շի­նու­թեան հա­մար: Կայ հա­մեղ տե­սակ մըն ալ, որ կը կո­չուի «Սալ­դի»: Այս տե­սա­կը, դե­ղին, հա­տը մի­ջակ, հիւ­թա­լի ու քիչ մը մսոտ, սքան­չե­լի է որ­պէս սե­ղա­նի խա­ղող եւ որ­մէ սքան­չե­լի չա­միչ ալ կը պատ­րաս­տուի:

Քե­սապ­ցիք խա­ղո­ղի այս տե­սա­կը բե­րած են, Անդր­յոր­դա­նա­նի Սալդ քա­ղա­քէն, ուր հա­սած էին Մեծ ե­ղեռ­նի տե­ղա­հա­նու­թեան պատ­ճա­ռով եւ հոն՝ կայք հաս­տա­տած, մինչ Սու­րիոյ շու­կան զայն կը կո­չէ «շա­մի», այ­սինքն՝ Դա­մաս­կո­սի (Շամ):

Քե­սա­պի վեր­ջին տե­ղա­հա­նու­թե­նէն՝ 2014-էն ի վեր, Սու­րիոյ խնձո­րի շու­կան պա­շա­րուած մնա­լով եւ ար­տա­ծու­մը ան­կա­րե­լի ըլ­լա­լով, Լի­բա­նա­նի նման, գի­նե­րը շատ ան­կում կրած են, մա­նա­ւանդ որ բնու­թիւնն ալ (կար­կու­տը) իր ա­ւե­րը գոր­ծած է, ինչ որ կ՚ու­շաց­նէ վե­րա­դար­ձած քե­սապ­ցի­նե­րու տնտե­սու­թեան ա­րագ վե­րա­կանգ­նու­մը:

***

Բայց  ես ճամ­բայ ե­լայ գրե­լու դափ­նիին եւ ան­կէ ստա­ցուած իւ­ղին մա­սին, ո­րուն հա­յաս­տան­ցիք, սխալ­մամբ (գու­ցէ), բա­լա­սան ա­նու­նը կու տան:

Դափ­նի ծա­ռը ան­տա­ռա­յին ծառ մըն է. սու­րիա­կան պե­տու­թեան օ­րէն­քով ա­նի­կա, որ­պէս ան­տա­ռա­յին վայ­րի ծառ, պե­տա­կան հսկո­ղու­թեան եւ խնամ­քին տակ կը գտնուի: Զայն կտրելն ու ար­մա­տա­խիլ ը­նե­լը քրէա­կան հե­տապն­դու­մի կ՚են­թար­կուի դա­տա­կան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ:

Վա­ղուց, 1918-1920-ի տուն­դար­ձի տա­րի­նե­րուն հա­ւա­նա­բար, քե­սապ­ցիք տնկած էին դափ­նի­նե­րու պու­րակ­ներ: Ընդ­հան­րա­պէս դաշ­տերն ու պար­տէզ­նե­րը ե­զե­րուած էին այդ ծա­ռե­րով: Այս տե­սա­կի ծա­ռե­րուն բազ­մա­ցու­մը ե­ղած է մաս­նա­ւո­րա­պէս քա­ջա­լե­րան­քո­վը բնա­գէտ Յա­կոբ Ա­դի­կեա­նին, որ Քե­սա­պի Ու­սում­նա­սի­րաց վար­ժա­րա­նի բնա­գի­տու­թեան եւ քի­միա­գի­տու­թեան տա­ղան­դա­ւոր ու­սու­ցիչն էր, շրջա­նա­ւարտ՝ Ֆրան­սա­յի հա­մալ­սա­րան­նե­րէն:

Դափ­նիի ծա­ռի մանր պտուղ­նե­րէն քա­ղուած իւ­ղը հա­րուստ է կլի­սե­րին ե­ռա­կի ալ­քո­լով, ինչ որ որ­պէս օ­ճա­ռա­շի­նու­թեան հիմ­նա­կան նիւթ՝ մեծ ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նէ, օ­ճա­ռին տա­լով բիւ­րեղ եւ մոր­թը փափ­կաց­նող իւ­րա­յա­տուկ յատ­կա­նիշ, ինչ­պէս նաեւ՝ անն­ման բոյր:

Եւ անց­նող դա­րու կի­սուն Քե­սապ դար­ձաւ գլխա­ւոր հայ­թայ­թո­ղը դափ­նի մա­քուր, ան­խար­դախ իւ­ղին, Հա­լէ­պի նշա­նա­ւոր եւ դա­րա­ւոր օ­ճա­ռի գոր­ծա­րան­նե­րուն:

Այս դափ­նիի իւ­ղը հա­ւա­քե­լով կը զբա­ղէին հնգեակ մը վա­ճա­ռա­կան­ներ, ո­րոնք ժո­ղո­վուր­դէն կը հա­ւա­քէին այդ նիւ­թը:

Աշ­նան, Հոկ­տեմ­բե­րի կի­սուն, գիւ­ղա­ցին այդ փոք­րիկ, սեւ գոյ­նով պտուղ­նե­րը եր­կա­րա­շունչ աշ­խա­տան­քով կը քա­ղէր ծա­ռե­րէն՝ զա­նոնք լեց­նե­լով պար­կե­րու մէջ:

Ա­ռա­ւօ­տուն, նախ­քան ա­րե­ւա­ծա­գը, գիւ­ղա­ցին ար­դէն ծա­ռի կա­տա­րին էր: Աշ­խա­տան­քը կը տե­ւէր մին­չեւ մայ­րա­մուտ:

Մե­ծով փոք­րով հոն էին: Պէտք էր ա­ճա­պա­րել, որ­պէս­զի այդ պտուղ­նե­րը չ՛են­թար­կուէին անձ­րեւ­նե­րուն եւ հո­վե­րուն քմայ­քին՝ գե­տին, մա­ցառ­նե­րուն մէջ թա­փե­լով:

Այս աշ­խա­տան­քը, որ հա­մա­տա­րած էր գիւ­ղին մէջ, ան­մասն չէր զուար­ճա­լի պատ­մու­թիւն­նե­րէն. ա­հա մէ­կը:

Ամ­մօ Ժա­նոն՝ աշ­խա­տա­սէր մշակ մը, ա­ռա­ւօ­տուն, նախ քան ա­րե­ւա­ծա­գը, ար­դէն ծա­ռին վրայ էր:

Նոյն ժա­մա­նակ Ամ­մօ Նշա­նը որ­սի ե­լած էր, կ՛ու­զէր որ­սալ «սում­մուն» կո­չուած թռչու­նը, ո­րուն նա­խա­սի­րած կե­րը դափ­նի պտուղն էր: Այդ թռչու­նը գաղ­թե­լով՝ վտիտ մար­մի­նով կը հաս­նէր Քե­սապ (Սու­րիա), ու կը պա­րար­տա­նար դափ­նիի իւ­ղա­լի պտու­ղով՝ իր մի­սին ա­պա­հո­վե­լով փոքր ինչ դառն, իւ­րա­յա­տուկ համ մը. թռչու­նը Քե­սապ կը մնար մին­չեւ փետ­րուար: Շատ հե­ռա­տես ու զգաստ թռչուն մըն էր: Ամ­մօ Նշա­նը մթնշա­ղին դափ­նի ծա­ռին վրայ շար­ժուն ոս­տեր նկա­տե­լով՝ կը կրա­կէր:

Որ­սը Ամ­մօ Ժա­նո­յին ձեռքն էր:

Ան ծա­ռէն կա­մա­ցուկ մը վար գա­լով, նախ­քան ա­նոր մե­ղադ­րա­կան մը ար­տա­սա­նե­լը, Նշան Ամ­մօն, ի տես ձեռ­քէն հո­սող ա­րեան, ուշ­քը կը կորսնց­նէր: Ամ­մօ Ժա­նոն զար­մա­ցած կը պատ­մէր.

-Ծօ՛, չի բա­ւեր ձեռ­քիս կրա­կեց՝ որ­պէս թռչու­նի եւ փո­խա­նակ ինք ին­ծի օգ­նե­լու ու դար­մա­նե­լու՝ ես ա­րիւ­նոտ ձեռ­քով զայն ուշ­քի բե­րի ու «դար­մա­նե­ցի»:

Քա­ղուած պտու­ղը կը լե­ցուէր 100 լիթր պա­րու­նա­կող տա­կառ­նե­րու մէջ, ջրա­խառն: Ու ժա­մեր-ժա­մեր կ՚ե­ռա­ցուէր: Դափ­նի իւ­ղը կը զա­տուէր պտու­ղէն եւ կը ծփար ջու­րին ե­րե­սը:

Ան­ջա­տուած իւ­ղը երկ­տաս­նեակ օ­րեր կը պա­հուէր, որ­պէս­զի ան­բաղ­ձա­լի նիւ­թե­րը ան­ջա­տուէին ան­կէ՝ տա­կը սու­զուե­լով:

Ա­պա կու գար վա­ճա­ռա­կա­նը, եւ նա­խա­պէս հա­մա­ձայ­նած գի­նով, հռո­մէա­կան կշիռ­քով, այ­ծի մոր­թէ շի­նուած տի­կե­րու մէջ լե­ցուած իւ­ղը կը կշռուէր: Դրամ չէր վճա­րեր, ո­րով­հե­տեւ տա­րուան ըն­թաց­քին գիւ­ղա­ցիք ար­դէն պարտ­քի գու­մար­ներ կամ ապ­րանք­ներ ա­ռած կ՛ըլ­լա­յին:

Հայրս, որ­պէս ման­րա­վա­ճա­ռի վա­ճա­ռա­տան տէր, ցո­րեն, գա­րի, ա­լիւր, շա­քար, բրինձ, լու­սա­ւո­րու­թեան հա­մար վա­ռե­լա­նիւթ (քե­րո­սին՝ «կազ»)… եւ այլն, հայ­թայ­թած կ՛ըլ­լար քե­սապ­ցի­նե­րուն, ո­րոնք հա­շուե­փա­կը կ՛ը­նէին իւ­ղի վա­ճառ­քի ըն­թաց­քին:

Գնուած, տի­կե­րու մէջ լե­ցուած իւ­ղը, ջո­րի­նե­րու վրայ բեռ­ցուած, կը տա­րուէր վա­ճա­ռա­կա­նի կա­յա­րա­նը (տան բա­կը, պար­տէ­զին մէկ ծայ­րը… եւ այլն): Հոն տի­կե­րուն պա­րու­նա­կու­թիւ­նը կը պար­պուէր 200 լիթր տա­րո­ղու­թեամբ մե­տա­ղէ տա­կառ­նե­րու մէջ, որ­պէս­զի ո­րոշ քա­նա­կի մը հա­ւա­քէն ետք տա­րուէր Հա­լէպ, պե­տա­կան տուր­քե­րը տա­լէ եւ փո­խադ­րու­թեան յա­տուկ ար­տօ­նա­գի­րը ձեռք բե­րե­լէ ետք:

Հօրս հետ պա­տա­հած են քա­նի մը պա­տա­հար­ներ, դրուագ­ներ:

Հօրս օգ­նող եւ շա­հա­կից 2 հօ­րեղ­բօ­րոր­դի­ներ կա­յին՝ Խա­չիկն ու Յա­կո­բը: Ի­րենց ջո­րե­պանն էր Գե­ղա­մը, որ հօրս հօ­րեղ­բօր փե­սան էր (ա­նոր աղջ­կան ա­մու­սի­նը):

Գա­րա­տու­րան գիւ­ղի Սու­լեան թա­ղէն (Քե­սա­պէն 10 քմ. հե­ռու), Ս. Ս.-ին քո­վէն իւ­ղը առ­նե­լով եւ տի­կե­րով Քե­սապ փո­խադ­րե­լէն ետք, երբ Գե­ղամ քե­ռայ­րը ձեռ­քը կ՛եր­կա­րէ տի­կե­րուն ոտ­քե­րը բռնե­լով զա­նոնք ջո­րիին վրա­յէն վար բե­րե­լու հա­մար, կը զար­մա­նայ, երբ կը զգայ, որ ոտ­քե­րը քար կտրած են:

Ան­ջատ տա­կա­ռի մը մէջ  պար­պե­լով իւ­ղը, կը հաս­տա­տեն, որ Ս. Ս. իր  ծա­խած իւ­ղը «հարս­տա­ցու­ցած» էր ծո­վու սեւ ա­ւա­զով, որ տի­կին մէջ 10 քմ ճամ­բուն վրայ խնո­ցուե­լով, կեդ­րո­նա­խոյս ու­ժին դրդու­մով գա­ցած, հանգ­չած էր տի­կին ծայ­րա­մա­սե­րուն՝ 4 ոտ­քե­րուն մէջ, ո­րոնք կը փոր­ձէր Գե­ղամ քե­ռայ­րը բռնե­լով՝ ջո­րիին վրա­յէն վար բե­րել:

Երկ­րորդ մը:

Յով­սէփ հօ­րեղ­բայրս բա­րի ու միա­միտ մարդ մըն էր: Գաղ­թա­կա­նու­թեան, Յոր­դա­նա­նի մէջ (ուր քշուած էին քե­սապ­ցի­նե­րուն ա­ռա­քե­լա­կան եւ կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի զա­ւակ­նե­րը՝ անց­նե­լով Հա­մա, Հոմս, Տէր Ա­դիէ, Դա­մաս­կոս, Տա­րաա շրջան­նե­րէն) ան սոր­ված էր թի­թե­ղա­գոր­ծու­թիւն, ուս­տի կո­չուած էր «Թե­նե­քե­ճի»: Աշ­խա­տա­սէր, ար­դար, ուղ­ղա­միտ ու բա­րի մարդ մըն էր:

Ան գիւ­ղին մէջ միակն էր, որ կլկլակ կը ծխէր. «թան­պաք ա­ժա­մի»: Ան խրախ­ճանք­նե­րուն, հար­սա­նիք­նե­րուն «զարդն» էր: Քաղցր ձայ­նով կ՛եր­գէր, նոյ­նիսկ՝ ա­րա­բե­րէն, ազ­գագ­րա­կան եր­գեր. «Զու­րու­նի», «Լու­լու պի լու­լու»… ու­նէր նշա­նա­ւոր ձե­ռա­գիր, ազ­գա­յին եր­գե­րու եր­գա­րան մը: Իր տու­նը երկ­յարկ, տախ­տա­կա­մա­ծով, մեծ հօրս տան մօտ էր՝ Գա­րա­տու­րան գիւղ: Նա­հա­պե­տա­կան ըն­տա­նիք­ներ, ան­կեղծ, եղ­բայ­րա­կան, ջերմ… կար­ծես՝ մէկ տուն էին:

Հայրս երբ կը գտնէ ա­նոր ե­փած իւ­ղը, փայ­տէ շի­նուած, տա­փակ, յա­տուկ շե­րե­փով երբ կը քննէ, շե­րե­փին ստո­րին ծայ­րը կը կպչի կարծր նիւ­թի մը, որ երբ դուրս կը բե­րէ, ի յայտ կու գայ, թէ խա­ղո­ղի հնա­ցած ռու­պի գունդ մըն է:

Յով­սէփ հօ­րեղ­բայ­րը կը բա­ցա­գան­չէ. «Կեան­քիս ա­ռա­ջին խար­դա­խու­թիւնն էր ա­սի, 80 տա­րե­կա­նիս սխա­լե­ցայ եւ բռնուե­ցայ»:

Ա­հա­ւա­սիկ եր­րոր­դը:

Հայրս ա­րե­ւա­ծա­գէն քիչ ա­ռաջ կ՛եր­թար Սեւ աղ­բիւր գիւ­ղը՝ իւղ գնե­լու: Ճամ­բան կը հան­դի­պի Ե­հո­վա­յի վկայ «Կիւճ Պե­տըր» (Պետ­րոս) ա­նու­նով հա­մա­գիւ­ղա­ցիի մը, որ նաեւ ման­րա­վա­ճա­ռու­թեամբ կը զբա­ղէր:

Ա­նոր խա­նու­թը կը գտնէին մեր նախ­նա­կան, ձե­ռա­շէն, «չախ­մախ­լի» որ­սոր­դա­կան հրա­ցան­նե­րու (ո­րոնց մենք «Տոլ­մա» ա­նու­նը կու տա­յինք) գոր­ծա­ծու­թեան հա­մար վա­ռօդ, նաեւ՝ սեւ, կար­միր, կա­նաչ ու ճեր­մակ հրա­ցա­նի ա­ւա­զան­ման կա­պա­րէ գնդիկ­ներ, թռչուն որ­սա­լու պար­սա­տի­կի («չա­թա­լուկ») քաու­չուկ, որ ընդ­հան­րա­պէս ինք­նա­շար­ժի պայ­թած ա­նի­ւի մը մատ­նա­չափ լայն­քով եւ մէկ բա­զուկ եր­կայն­քով կտոր­ներ էին: Եւ այս ա­մէ­նուն կող­քին, ան կը ծա­խէր գու­նա­ւոր կեր­պաս­ներ՝ վա­րա­գոյ­րի կամ հա­գուս­տի. «խա­սա», «ազ­դար» եւ Ճը­սըր Շու­ղու­րէն բե­րուած ձե­ռա­շէն շա­քա­րի տե­սակ մը, ո­րուն «Գէր­մո­շիկ» կ՛ը­սէինք:

«Պիթ պա­զար» էր ա­նոր փոքր խա­նու­թը:

Պետր Ամ­մոն ի­շուն վրայ կ՛եր­թար Քե­սապ: Հօրս զար­մաց­կոտ հար­ցու­մին, թէ այս կա­նուխ ժա­մուն ո՞ւր կ՛եր­թայ, ան կը պա­տաս­խա­նէ.

-Ա՜խ, տղա՛ս, Վա­հան, Վա­հան, տու­նը ու­նիմ սեփ-սեւ ծղրիթ մը (ակ­նար­կե­լով թուխ ու տգեղ կնկան): Չեմ հա­ւա­տար, թէ երբ լոյ­սը պի­տի բա­ցուի, որ քո­վէն փախ­չիմ ու դուրս գամ:

Հա­պա դուն ին­ծի ը­սէ, դուն ո՞ւր ձգած ես քու լուս­նա­կի նմա­նող գե­ղե­ցիկ Ռի­թադ ու այս ժա­մուն ո՞ւր կ՛եր­թաս:

***

Կ՛ափ­սո­սամ, որ շատ ուշ խել­քի ե­կայ այս եւ նման պատ­մուածք­ներ հա­ւա­քե­լու:

Այդ իւ­րա­յա­տուկ սե­րուն­դէն հա­զիւ թէ հնգեակ մը կ՛ապ­րի այ­սօր:

Բան ի­մա­ցող­նե­րէն, բան պատ­մող­նե­րէն հա­մա­րեա մարդ չէ մնա­ցած:

***

Հայրս՝ «Փայ­լուն Վա­հա­նը», ան­ցեալ տա­րի մա­հա­ցաւ, 89 տա­րե­կա­նին (25 հոկտ. 2015-ին):

Փա­փաքս է, որ հա­մեստ գիրս այս ի­րեն եւ իր սե­րուն­դին հա­մար խունկ եւ մոմ ըլ­լայ՝ յի­շեց­նե­լով, որ վե­րո­յի­շեալ դափ­նիի իւ­ղը, հիմ­նա­կան բա­ղադ­րու­թիւնն է օրհ­նեալ միւ­ռո­նին, զոր քե­սապ­ցիք, ըստ հար­կի, կը հայ­թայ­թեն Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ թէ Ա­մե­նայն Հա­յոց կա­թո­ղի­կո­սու­թեան:

ԿԱ­ՐՕ Վ. ՄԱՆ­ՃԻ­ԿԵԱՆ

 Քե­սապ, 20 Հոկ­տեմ­բեր 2016

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2016