ՑՈՐԵՆԸ
Խշ՜շ, խշ՜շ, խշ՜շ ծովուն պէս կ՚ալեկոծին ցորենին հասկերը.
ննջած ծովուն շնչառութեան ձայնին նման շշուկ կ՚արձակեն:
տեղատուութի՜ւն,
մակընթացութի՜ւն...:
Մեղմ հովը կը խաղայ չոր հասկերուն հետ.
մերթ կը հպի փշիկներուն,
մերթ ցօղունը կը շարժէ ու
հասկը կը պարէ սլացիկ աղջկայ մը պէս՝ օրօրելով մարմինը,
մազերուն գեղեցիկ հիւսքը աջ ու ձախ ճօճելով.
հոգը իսկ չէ հիւսքին ծանրութիւնը,
որ կը խոնարհեցնէ գլուխը,
ու ուր որ է պիտի պոկէ գլուխը մարմնէն:
Կը խոնարհի ան ծանրութեամբը գլխուն,
մարդ էակին հակառակ,
որ գրպանը լեցուելու սկսելուն հետ
գլուխը կը սկսի բարձրանալ:
Ուրախութեամբ կը խոնարհի հասկը.
ան հատիկ մըն էր մի քանի ամիս առաջ,
հիմա՝ տասնեակներ,
չոր ու պատրաստ
մարդուն օգուտ բերելու:
Ափերդ կը շօշափեն հասկերը, որոնք կը հպին զեփիւռի նման, քնքշօրէն.
քայլերուդ հետ պարզած թեւերուդ ափերուն վրայ հպումներով կը բացատրեն իրենց կեանքը.
կը խօսին արեւուն շողին մասին, որ եփեց զիրենք՝ հասունցուց.
կը խօսին հողին մասին, որ կերակրեց զիրենք՝ աճեցուց.
կը պատմեն բարիքները ու
երախտագիտութեամբ կը փոխադարձեն մէկին դէմ տասնեակներ պարգեւելով:
Դիւրի՞ն էր արդեօք աճումը, հասունացումը:
արդեօք բոլոր թափած հունտերը աճեցա՞ն,
որոմներով խեղդուողներ չեղա՞ն...
Դիւրի՞ն է արդեօք հասնիլը...
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ