ՅՈՒՇԵՐՆ ԱՆՈՒՇ ԵՆ
Գիշերը բաւական յառաջացած էր, երբ տղաս մտաւ տուն: Հասկնալի է: Երիտասարդ է, եւ շաբաթավերջերը ընկերներով դուրսը անցընելը բնական է, սակայն իբրեւ ծնող՝ նաեւ բնական է մտահոգուիլը:
Քանի մը անգամ իր սենեակի դռնէն ստուգեցի, թէ վերադարձա՞ծ է, թէ՞ ոչ, եւ ամէն անգամ նշմարեցի, որ տակաւին դատարկ էր իր անկողինը:
Անզգալաբար քունի անցած էի, երբ արեւածագի մօտ դարձեալ ստուգեցի եւ ուրախութեամբ նկատեցի, որ արդէն իսկ անկողին մտած եւ խոր քունի մէջ էր, ես ալ իմ կարգիս հանգիստ սրտով կրկին մտայ անկողին:
Յաջորդ օրը մտերմաբար հարցուցի. «Երէկ իրիկուն բաւական ուշացար: Ո՞ր ժամուն մտար տուն»:
Իր յայտնած ժամէն շատ աւելի ուշ, քանի մը անգամ ստուգած եւ նկատած էի, որ տակաւին չէր եկած: Ստախօս չէ, սակայն ակներեւ էր, որ այդ վայրկեանին չուզեց կամ չհամարձակեցաւ յայտնել տուն մտած ճիշդ ժամը, հաւանաբար՝ զիս չմտահոգելու նպատակով: Ժպտեցայ եւ չուզեցի հակաճառել: Իւղոտ պատառի մը նման՝ «կլլեցի» այդ սուտը, կամ՝ ինքնապաշտպանութիւնը, եւ միեւնոյն վայրկեանին մտովի վերադարձայ երիտասարդութեանս «խենթ» տարիները, երբ ես ալ իմ կարգիս ոչ միայն շաբաթավերջերուն, այլ գրեթէ ամէն գիշեր պզտիկ ժամերուն տուն կը մտնէի:
Լիբանանի ոսկի տարիներն էին: Քաղաքացիական պատերազմ չէինք տեսած եւ Պէյրութ քաղաքը օրական 24 ժամ արթուն էր: Ամէնուրեք եռուզեռ էր ու ապահով:
Ամէն անգամ երբ ուշ մտնէի տուն, բարի հայրս յաջորդ օր միեւնոյն հարցումը կ՚ուղղէր ինծի. «Երէկ իրիկուն բաւական ուշացար: Ո՞ր ժամուն մտար տուն»:
Բնականաբար կը խուսափէի ճիշդ ժամը յայտնելէ եւ «միամիտ» հայրս զարմանքով կ՚արտայայտուէր. «Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ գալդ չեմ զգացած: Երեւի քունի անցնելէս անմիջապէս ետք մտեր ես տուն»: Կ՚ուրախանայի, որ կարողացած էի «խաբել» զինք:
Այդ օր արեւածագի մօտ էր, երբ տուն մտայ: Սուսիկ փուսիկ կը պատրաստուէի անկողին մտնել, երբ հայրս անկողնին մէջէն հարցուց. «Այսօր կանո՞ւխ գործի կ՚երթաս»:
Անակնկալ հարցում մըն էր: Չէի համարձակեր ըսել ճշմարտութիւնը, որ նոր տուն կը մտնեմ: Ստախօս չեմ, սակայն… ստեցի:
-«Այո՛, հայրի՛կ, գործերը շատ են եւ այսօր քիչ մը կանուխ պիտի երթամ գործի», ըսելով, տակաւին գիշերազգեստս չհագած, ելայ տունէն դէպի … «գործատեղիս»:
Տակաւին շատ կանուխ էր: Ո՞ւր կրնայի անցընել այդ քանի մը ժամերը:
Փորձեցի ինքնաշարժիս մէջ քնանալ: Առտուան ցուրտը թոյլ չտուաւ, որ կարենամ քունի անցնիլ: Այնքա՜ն զղջացի հետս ծածկոց մը կամ վերարկու մը բերած չըլլալուս համար:
Բարի եւ հասկցող հայր մը ունէի, որուն կարելի էր յայտնել ճշմարտութիւնը եւ քանի մը ժամ հանգստանալէ ետք մեկնիլ գործի: Բայց… զլացայ: Յաջորդ օր դարձեալ քաջութիւնը չունեցայ ըսելու ճշմարտութիւնը: Վստահաբար կռահեց, որ այդ ժամուն գործի չէի գացած:
Կարծելով, որ կարողացայ խաբել բարի հայրս, խաբեցի ինքզինքս: Ինքնաշարժիս մէջ քանի մը ժամ քնանալու անյոյս փորձերս տակաւին թարմ են յիշողութեանս մէջ:
Անսահման բարի անձ մըն էր հայրս, սակայն, ըստ երեւոյթին, այդքան ալ միամիտ չէր:
Ջղայնանալու, կամ բարկանալու պարագային, վստահաբար կացութենէն ոչինչ պիտի փոխուէր: Պիտի շարունակէի գիշերները բարեկամներով անցընել եւ ուշ տուն վերադառնալ: Երեխայ չէի, որ զիս պատժելով կարենար կարգի մտցնել:
Ինքզինքը «միամիտ» ձեւացնելով, առանց բարկանալու, այնպիսի ձեւով մը «պատժեց», որ մինչեւ օրս կը յիշեմ այդ ցուրտ օրը ինքնաշարժիս մէջ դողալով քնանալու փորձերս:
Այդ օր գործի գացի անքուն: Դժուար օր մը անցուցի: Տուն վերադարձիս անմիջապէս մտայ անկողին: Խոհեմ հայրս չփորձեց հետաքրքրուիլ այնքան կանուխ անկողին մտնելուս պատճառով: Շատ լաւ գիտէր: Լռելեայն խոստովանած էի յանցանքս, եւ ինք լռելեայն ներած էր իր «անառակ» որդին:
Վերը յիշած դէպքս պատմեցի տղուս: Խնդացինք, սակայն զինք զուարճացնելու միտումով չէր, որ պատմեցի: Վստահաբար հասկցաւ, թէ՝ «Առակս զի՞նչ ցուցանէ»:
Անկեղծութիւն՝ զաւկի եւ ծնողքի միջեւ: Հասկցող հայր մը միեւնոյն ժամանակ պարտի ըլլալ նաեւ իր զաւկին ընկերը:
Հօրս օրինակին հետեւելով՝ միեւնոյն ձեւով վարուեցայ տղուս հետ: Լաւ գիտէի, թէ ո՛ր ժամուն տուն մտած էր: Արգելք հանդիսանալս կացութենէն շատ բան պիտի չփոխէր: Երիտասարդ է: Երիտասարդ էի նաեւ ես: Ինչ որ ներկայիս կ՛ընէ ինք, միեւնոյնը ըրած եմ ես, երբ իր տարիքին էի:
Սիրելի հայրս որբանոցներու մէջ հասակ առած եւ մեզ նման երիտասարդական «խենթ» տարիներ անցընելու առիթը չէր ունեցած, սակայն կը հասկնար, որ օրերը փոխուած են, իսկ այսօր՝ կը հասկնամ նաեւ ես, որ շատ աւելի փոխուած են օրերը:
Ներկայիս որքա՜ն դժուար է զաւակ դաստիարակելը: Այդ տարիներուն հօրս ամենամեծ մտահոգութիւնը նիւթական ապահովելն էր, որպէսզի կարողանայ հոգալ ընտանիքին կարիքները: Ներկայիս մարտահրաւէրները այնքա՜ն շատ են, իսկ փորձութիւնները՝ բազմատեսակ: Ամենախելօք զաւակն անգամ, գէշ ընկերոջ մը հետեւելով, դիւրութեամբ կրնայ ճամբէ շեղիլ: Մեր տարիներուն նոյնիսկ տեղեակ չէինք, թէ ի՞նչ կը նշանակէ «գէշ ընկեր»: Ներկայ օրերու նման՝ թմրեցուցիչի գործածութիւնը չէր ընդհանրացած: Այսօր նոյնիսկ օրինաւոր դարձուցած են անոր գործածութիւնը: Ոչ միայն օրինաւոր, նաեւ ծանուցումներով կը քաջալերեն, որ մարդիկ «վայելեն» այդ մահացու «դեղը»:
***
Պահ մը վերադառնանք Լիբանան, երբ մեր «խենթ» օրերու յուշերը փոխարինուեցան տարբեր տեսակի յուշերով:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներն էին: Ձմրան ցուրտ գիշերները կ՛անցընէինք պահակութեամբ: Հայկական թաղերը կը պաշտպանէինք: Եռագոյն դրօշ ծածանած զինուորական «ճիփ»երով շրջուն հայ պահակները կը ստուգէին հայկական դիրքերը:
«Ամէն ինչ կարգի՞ն է, տղա՛ք: Բանի մը պէտք ունի՞ք»:
Տխուր օրեր էին, սակայն ներկայիս դարձած են անուշ յուշեր:
Այդ օրերուն, երբ պզտիկ ժամերուն տուն մտնէի, սիրելի հայրս հպարտութեամբ կը դիմաւորէր զիս: Որքան ալ վտանգաւոր, գիտէր, որ երիտասարդական «խենթ» հաճոյքներու համար չէր, որ ուշ կը մտնէի տուն, իսկ ես ճակատաբաց կը յայտնէի տուն մտած ճշգրիտ ժամս:
Անուշ օրերը յանկարծ վերածուեցան տխուր յուշերու: Քաղաքացիական պատերազմ, ծննդավայրէ ակամայ գաղթ՝ դէպի հսկայ ձուլարան, կեանքը վերսկսելու դժուար պայմաններ, սակայն լաւ կամ վատ օրեր… յուշեր են, որոնք դրոշմուած են մեր ուղեղին մէջ:
Տակաւին կը յիշեմ երիտասարդական «խենթ» տարիներս, մասնաւորաբար յիշողութեանս մէջ միշտ թարմ մնացած է այն օրը, երբ առանց իսկ անկողին մտնելու, անքուն, գացի գործատեղի, որովհետեւ քաջութիւնը չէի ունեցած հասկցող հօրս յայտնելու ճշմարտութիւնը:
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Լոս Անճելըս, 2019