ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Դ

ԿԵԱՆՔԻ ԾԱՐԱՒԻ ՄԱՍԻՆ

Ինչպէս կենաց ծառը Ադամին կ՚ընէր, եթէ կերած չըլլար գիտութեան պտուղէն, կրնա՞յ ըլլալ, որ կինը ուրիշ տեղէ լսած ըլլար Մովսէսի օրէնքներէն կեանքի ծարաւի յատկութեան մասին: Հետեւաբար յայտնի է, թէ գիտութեան պտուղը չորս բանով վնասեց Ադամին. նախ՝ որովհետեւ կարօտ դարձաւ բոլոր պիտոյքներուն: Երկրորդ՝ որովհետեւ մարմինին մէջ հիւանդութիւն մտաւ: Երրորդ՝ եւ տրտմութիւն՝ հոգիին մէջ: Չորրորդ՝ մահ եւ ապականութիւն: Ուստի, կենաց պտուղը չորս հակառակ յատկութիւններ ունէր:

Խօսք. «Յիսուս ըսաւ. գնա՛ ամուսինդ կանչէ» (Յհ 4.16):

Մեկնութիւն. Նախ՝ կնոջ պատասխանէն կը յայտնուի անոր գաղտնիքը: Երկրորդ՝ ինչպէս ըսելը, թէ դուն թանձրամիտ ես, չես կրնար հասու ըլլալ Իմ խօսքիս, կանչէ՛ ամուսինդ, որպէսզի անոր հետ միասին կարենաս իմանալ:

Խօսք. «Ամուսին չունիմ, պատասխանեց կինը» (Յհ 4.17):

Մեկնութիւն. Նախ՝ ասիկա կ՚ըսէ, որովհետեւ չէր ուզեր Անոր վարդապետութենէն բաժնուիլ: Երկրորդ՝ որովհետեւ օրէնքով ամուսին չունէր, այլ՝ միայն անունով:

Խօսք. «Ճիշդ ըսիր» (Յհ 4.17):

Մեկնութիւն. Նախ՝ որովհետեւ չստեց իբր օտար կարծելով զինք, քանի որ ծանօթ չէր, որով սուտը կը պատճառէր: Երկրորդ՝ համաձայնեցաւ, որովհետեւ հաճոյքով կը լսէր:

Խօսք. «Որովհետեւ հինգ ամուսին ունեցեր ես, եւ ան՝ որուն հետ որ կ՚ապրիս, ամուսինդ չէ» (Յհ 4.18):

Մեկնութիւն. Ոմանք հինգ ամուսինները օրէնքով է կ՚ըսեն, իսկ այն որուն հետ կ՚ապրէր՝ շնութեամբ, իսկ մեկնիչդ յարելով եւ կոչումով կ՚ըսէ: Այս էր պատճառը, որովհետեւ անոնց մէջ ամուլն ու այրին անարգելի կը համարուէր: Եւ որովհետեւ կինը հինգ ամուսին փոխած էր, պիղծ ու գարշ կը համարէին եւ ամուսնութեան համար չէին առներ, այդ պատճառով հնարք գտաւ եւ կոչումով ամուսին ունեցաւ, որպէսզի մարդոցմէ չանարգուի: Իսկ ոմանք ալ կ՚ըսեն, թէ պոռնկութեամբ ունէր [այդ ամուսինը]:

ԹԷ ԵՐԵՔ ԿԻՆԸ ՊՈՌՆԿՈՒԹԻՒՆ Է

Գիտելի է, թէ սուտանուն քրիստոնեաներ, որոնք ախթարմաներ են, որոնք բազմաթիւ կիներու հետ կ՚ամուսնանան, նախ այս կինը որպէս վկայ կը մէջբերեն, որ հինգ ամուսիններ փոխած էր, որոնց դէմ կ՚ըսենք, թէ բազմաթիւ ամուսնութիւնները հրեաներուն յատուկ էր եւ ոչ՝ քրիստոնեաներուն: Երկրորդ՝ կ՚ըսեն, թէ Աւետարանին մէջ գրուած է: Կ՚ըսենք, եւ շատերու անկողինին մէջ՝ եօթը եղբայրներուն, եղող կնոջ մասին ալ Աւետարանին մէջ գրուած է (Հմմտ. Մտ 22.25-28), եւ օրէնքը անոնցն է: Երրորդ՝ կ՚ըսեն՝ Առաքեալը հրամայեց. «Ոեւէ ամուսնացած կին ազատ չէ, որքան ատեն որ ամուսինը ողջ է. իսկ ամուսինին մահէն ետք ազատ է, որու հետ որ կ՚ուզէ՝ կ՚ամուսնանայ» (Ա. Կր 7.39): Կ՚ըսենք, թէ երկրորդ անգամ ամուսնանալու մասին կը հրամայէ, եւ ո՛չ թէ բազմաթիւ: Յայտնի է երկու բանէ. նախ՝ նոյն Առաքեալին խօսքէն, որ կնոջ մասին խօսեցաւ, որ երկրորդ ամուսինն է (Հմմտ. Ա. Կր 11.9): Երկրորդ՝ ընդհանրական կանոններէն յայտնի է, որովհետեւ առաջին պսակը հալալ ամուսնութիւն է, իսկ երկրորդը՝ ներելով եւ թոյլ տալով մեր բնութեան տկարութեան համար:

Եւ որովհետեւ երկրորդ ամուսնութիւնը առաջինին նման սուրբ չէ, երկու բանէ յայտնի է. նախ՝ որովհետեւ պսակին արարողութիւնը առաջինին նման չէ: Երկրորդ՝ որովհետեւ Առաքեալը երէցներուն համար ըսաւ մէ՛կ կնոջ այր ըլլալ, ապա յայտնի է, որ երկրորդը թոյլ տալով է, եւ ատկէ աւելի պոռնկութիւն կը համարուի:

ԹԷ ՔՐԻՍՏՈՍ ԲԱԶՄԱԿՆՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐԱՑՈՒՑ

Եւ գիտելի է, թէ Քրիստոսն ու առաքեալները ամուսնութիւններու հին սովորութիւններէն չորս բաներ վերացուցին. նախ՝ պոռնկութիւնը, որ հեթանոսներուն յատուկ էր՝ օտարներուն հետ խառնուիլ: Երկրորդ՝ հարճը, որ նահապետները նախքան օրէնքը ունէին: Երրորդ՝ բազմաթիւ կիները, որ որդեծնութեան համար կ՚առնէին: Չորրորդ՝ արձակելը, որ Մովսէս հրամայեց, ինչպէս որ կ՚ըսէ Մատթէոսի Աւետարանին մէջ, թէ՝ «սկիզբէն այդպէս չէր»:

Եւ յայտնի է, թէ առաջինը հաստատեց, ինչպէս Ադամինը. մէ՛կ կինի համար մէ՛կ ամուսին: Եւ ատոր հիման վրայ կուսութեան սրբութիւնը սորվեցուցին մեզի: Եւ գիտելի է, թէ պոռնկութիւնը չորս կերպով է. նախ՝ արամբի (ամուսնացած կին), երկրորդ՝ ազգապիղծ, երրորդ՝ կուսապիղծ, չորրորդ՝ ուխտապիղծ, որ Մովսէս հրամայեց: Իսկ հարճը ամուսնութեան եւ պոռնկութեան մէջտեղն է: Իսկ բազմաթիւ կիները մէկ այր մարդունը կ՚ըլլային, եւ ոչ թէ մէկ կին՝ բազմաթիւ այրերու: Իսկ արձակելը պոռնկութեան պատճառով կ՚ըլլար եւ ոչ թէ՝ ամլութեան: Ուստի, Աբրահամէն յայտնի է, որ Սառան ամուլ էր, ինչպէս նաեւ Ռեբեկան, ինչպէս նաեւ Աննան՝ Սամուէլին մայրը, ինչպէս նաեւ Եղիսաբէթը՝ Յովհաննէսին (Մկրտիչ) մայրը: Հետեւաբար յայտնի է, թէ սուտ եւ Աստուծոյ հրամանին ալ հակառակ է, որ ամուլը կինը կ՚արձակեն. «Ոեւէ մէկը թող չբաժնէ անոնք՝ որ Աստուած միացուց» (Մտ 19.6): Իսկ եթէ ոեւէ մէկը ըսէ, ինչո՞ւ համար ֆռանկներուն ազգը բազմաթիւ անգամներ կ՚ամուսնանային, կ՚ըսենք, թէ բոլոր քրիստոնեայ ազգերէն օտար է այս երեւոյթը եւ կանոններու ու Սուրբ Գիրքէն դուրս: Անոնց չարութիւնը միայն ասիկա չէ, այլ՝ ինկած քահանաները վերստին կը կանգնեցնեն, պահքը կը լուծեն եւ ձուկով կը յագենան, ու ամէն տեսակի պիղծ եւ զազիր կերակուր չեն ընտրեր, ու զանազան պոռնկութիւններու մէջ չզցուշացող են: Չեմ խօսիր անոնց չար աղանդի՝ հայհոյութեան եւ հերձուածի մասին, որով պարզամիտներուն կը խաբեն:

Այսքանը այս մասին:

Դառնանք այն խօսքի մեկնութեան, որ կ՚ըսէ. «Հինգ ամուսին ունեցեր ես, եւ ան՝ որուն հետ որ կ՚ապրիս, ամուսինդ չէ» (Յհ 4.18): Առաջինը այս է, որ կնոջ ծածուկ բաները յայտնեց: Ցոյց կու տայ, թէ Քրիստոս ծածկագէտ է ու Աստուած: Երկու պատճառով հինգ ամուսինները յիշեց. առաջին՝ որովհետեւ առաջ հինգ ամուսիններն էին եւ ապա՝ պոռնկացաւ: Երկրորդ՝ որպէս ճարտար բժիշկ նախ կը մխիթարէ հիւանդը եւ ապա դառ դեղը կու տայ: Եւ նախ հեշտութեամբ կը շօշափէ մարմինը ու ապա վէրքը կը կտրէ, Քրիստոս ալ այդպէս ըրաւ:

Դարձեալ, ինչո՞ւ համար հինգ ամուսինները յիշեց, որովհետեւ կրնար ըսել, որ հիմա ունիս, պոռնիկ է:

Վարդապետները կ՚ըսեն, թէ չորս պատճառով. նախ՝ որովհետեւ ատով անոր պոռնկութիւնը ամօթալի կ՚ըլլար, որ հինգ ամուսիններէն ետք պոռնկացաւ: Երկրորդ, որովհետեւ մանուկ հասակին չշնացաւ, այլ՝ ծերութեան սխալեցաւ՝ ինչ որ առաւել նախատինք էր: Երրորդ՝ որովհետեւ հինգ ամուսիններու իրարու ետեւէ փոփոխումը շատ անարգալից ցանկութեան նշան էր: Չորրորդ՝ այն կը ցուցնէ, թէ մարմնական ցանկութիւնը այրերու բազմութեամբ չի՛ մարիր, այլ՝ աւելի կը բորբոքի:

ԱՅԼԱԲԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ

Արդ, խօսքին այս մասը կրնանք բարոյականաբար մեկնել.

Քրիստոս լուսաւորիչ է եւ ո՛չ թէ մարմնասէր մարդ, իրապէս ալ յետոյ այդ կինը Լուսիանէ կոչուեցաւ, որովհետեւ Քրիստոսէ լուսաւորուեցաւ:

Խօսք. «Ինծի կը թուի, թէ մարգարէ ես» (տե՛ս Յհ 4.19):

Մեկնութիւն. Որովհետեւ անոնց ծածուկ մեղքերը յայտնեց, այդ պատճառով մարգարէ համարուեցաւ:

Հարցում. Ի՞նչ է ճշմարտասէրը, որ մեկնիչը կ՚ըսէ:

Պատասխան. Նախ՝ որ ծածուկը յայտնեց, չխոժոռեցաւ: Երկրորդ՝ Քրիստոսի ճշմարիտ խօսքը: Երրորդ՝ ճշմարիտ հաւատքը: Չորրորդ՝ ճշմարիտ երկրպագութիւնը, որով տարակոյս մը վերացուց, որ հրեաներուն եւ սամարացիներուն մէջ կար, որովհետեւ հրեաները կ՚ըսէին, թէ պէտք է Երուսաղէմի մէջ երկրպագութիւն կատարել, քանի որ տաճարը այնտեղ էր եւ այնտեղ էին նաեւ՝ կտակարանները, եւ այնտեղ էր մեծ թագաւորութիւնը, եւ օրէնքը Սիոնէն ելաւ, տակաւին, աւելի ուշ Քրիստոսի տնօրինութիւնը այնտեղ կատարուեցաւ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 35

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յունուար 14, 2020