ԶՐՈՅՑ՝ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ
-Կեանքը առ ու տուր է հոս, եթէ զինուորական ծառայութենէս ետք Յունաստան չկրցայ հաստատուիլ, չեմ մտածեր հոս՝ Երեւան գալ ու ապրելու մասին, բայց օդն ու ջուրը շատ կը սիրեմ, վստահ որ յաճախ պիտի այցելեմ:
Կը պատասխանէ յունահայ Սեւակը հայրենադարձ բարեկամին: Սեւակ երկու տարի առաջ Երեւանի մէջ աւարտեց երաժշտական ուսումը ու վերադարձաւ Յունաստան: Ուսման չորս տարիներուն ընթացքին ձեռք բերաւ բազմաթիւ ծանօթութիւններ եւ նոր բարեկամներ, որոնց հետ կապը կը շարունակէ:
-Մարդոց դէմքերը խոժոռ են, եթէ շահ մը չունենան՝ չեն բարեւեր իսկ,- կը շարունակէ Սեւակ:
-Այդպէս մի՛ ըսեր, ես վեց տար-ւան ընթացքին փոփոխութիւն կը նկատեմ,- կը ժխտէ Սագօ:
-Յուսանք այդպէս ըլլայ:
-Ես բաւական նոր հայրենի բարեկամներ ունիմ, շատ լաւ տղաք են, կը ծանօթացնեմ, եթէ ուզես:
-Ես ալ ունիմ, մենք ուրիշ բանի մասին է որ կը խօսինք:
-Կը հասկնամ, բայց մեզմէ՝ հայրենադարձներէս շատերը աշխատանքով շատ լաւ տեղեր հաստատուած են եւ լաւ ալ կը վարձատրուին՝ Յարութը, օրինակ, Vivacell ընկերութեան մէջ կ՚աշխատի, Խաչիկը՝ գարեջրագործ եղաւ..., շատեր լաւ են:
-Է, լաւ էլի, մէկ-երկու ծաղիկով գարուն չի գար: Բան չէ փոխուած, ամէն տեղ նոյն մուրացկանները, նոյն ծեր վաճառողները, աս ցուրտին դուրսերն են. ինչո՞ւ, անոնք հարկաւ չեն ժպտիր դէմքիդ երբ մօտենաս ու բան չառնես իրենցմէ: Ես այս երեւոյթները նկատի ունիմ եւ կը հասկնամ անշուշտ, որ աղքատ է երկիրը եւ այդ է պատճառը մարդոց այս վիճակին:
-Լաւ կ՚ըլլայ ամէն ինչ, ժամանակի կը կարօտի:
-Երանի ես ալ քեզի պէս լաւատես ըլլայի:
Հայրենիքի ցաւո՞վ, թէ իրենց ապագայ անորոշութեամբ տարուած երիտասարդները կը զրուցէին, երբ դռնէն խնդալով ներս մտան երկու երիտասարդ, բազմեցան ու խնդուքները քրքիջներու վերածուելով ժպիտներ գծեցին նստողներուն դէմքին, եւ՝
-Այդ ինչպէ՞ս ինկար, հահահա, ոտքերդ՝ վեր, գլուխդ՝ վար. այդպէս իյնալ չէի տեսած,- փորը բռնելով ու հազիւ բառերը կարենալ արտասանելով ըսաւ Համբիկ Յարութին:
-Խնդա՛, խնդա՛, հապա երէկ-ւան քու իյնալդ չըսեմ ինչպէ՞ս էր, վստահ որ ձեռքդ կապոյտցած է, ինչպէս ոլորուեր էր մարմնիդ տակ, հահահա,- պատասխանեց Յարութ բաճկոնը թօթուելով:
-Է հա, եթէ ձիւնի կօշիկս հագած ըլլայի, այդպէս չէի իյնար. ժամադրութեան ալ ձիւնի կօշիկով չ՚երթուիր, սիրոյ ամիս է, պէտք է պատշաճ հագուիլ:
-Խօսի՛ր տեսնենք, ինչպէ՞ս անցաւ romantic հանդիպումդ:
-Չեմ ըսեր..., բայց գիտէ՞ք, կը զարմանամ այստեղի աղջիկներուն կրունկներով աս սառած մայթերուն վրայէն քալելը տեսնելով, մենք ձիւնի կօշիկներով կը սահինք:
-Վարժ են, կ՚երեւի:
-Մենք ալ սկսած ենք վարժուիլ կարծես, երբ հինգ տարի առաջ նոր եկանք, ամէն օր կ՚իյնայինք, կը սահէինք:
-Է, ձիւնը սիրողը աս սառին ալ պիտի դիմանայ, պիտի սահի ալ երբեմն, երէկուայ տարած վարդիդ պէս, որ փուշ ունի:
-Որքան ուզես քրքրէ, չեմ պատմեր երէկուան մասին:
-Ի՞նչ կը լսեմ, Համբի՛կ, աս ի՞նչ նորութիւն է, պատմէ՛, մենք ալ սորվինք, ես չորս տարի մնացի, ուսանեցայ ու հանդիպում մը չունեցայ,- ընդմիջեց յունահայ Սեւակ:
-Չե՛նք հաւատար,- պատասխանեցին բոլորը միասին եւ շարունակուեցաւ երիտասարդներուն համով-հոտով զրոյցը:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան