Ա­մե­րի­կեան եւ Անգ­լիա­կան Բար­քեր

ՀԱՅՐ ԵՒ ԴՈՒ՞ՍՏՐ, ԹԷ…

Այս իրական կեանքէ առնուած պատմութիւնը մեզի կու գայ Հիւսիսային Քարոլայնա նահանգի Նայթստէյլ քաղաքէն, ուր բնակութիւն հաստատած է Փրէտլ ընտանիքը։

Այդ ընտանիքին Քէյթի անունով դուստրը որդեգրութեան տրուած էր, երբ ան տակաւին երեխայ էր։ 2016 թուականին երբ Քէյթի 18 կը թեւակոխէ, կը վերագտնէ իր հարազատ ծնողները եւ կը վերադառնայ իր հօրենական տունը։ Ան արդէն հասուն եւ գեղեցիկ մանկամարդուհի մը դարձած էր:

Այս նոր յայտնութիւնը Փրէտլ ընտանիքին մէջ ծնունդ կու տայ աներեւակայելի գայթակղութեան մը։ Արդարեւ ընտանիքին հայրը՝ Սթիվըն, կը բաժնուի իր կնոջմէն եւ կը սկսի սեռային յարաբերութեան մէջ մտնել իր դստեր Քէյթի հետ։

Աւելի՛ն, անցեալ տարի հայր ու դուստր կ՚ունենան զաւակ մը (տես նկարը) եւ Յուլիս ամսուան ընթացքին անոնք կ՚ամուսնանան… Քէյթիի մայրը իրազեկ կը դառնայ այս դառն իրականութեան՝ զաւակներէն մէկուն օրագրութիւնը (diary) կարդալով։ 

Այժմ Սթիվըն 42 տարեկան է, իսկ  Քէյթի՝ 20 տարեկան։ Քէյթիի մայրը գանգատած է ոստիկանութեան, որոնք ձերբակալած են «նորապսակ» ամոլը եւ ամբաստանած հայրը՝ incest-ի յանցանքով։ Incest-ը՝ արիւնակիցներու մէջ կատարուած սեռային ապօրինի յարաբերութիւնն է, որ քրէական յանցանք է Ամերիկայի մէջ։

Կրնա՞ք երեւակայել, քսանմէկերորդ դարուն եւ աշխարհի ամենազարգացած երկրին մէջ տեղի կ՚ունենայ ամուսնութիւն մը՝ հօր եւ իր դստեր միջեւ։ Այս գայթակղութիւնը կարծես բաւարար չ՚ըլլար, հիմա ալ հայրը ստիպած է իր միւս զաւակներուն, որ Քէյթին կոչեն իրենց մայրը…

Սա վէրքին վրայ աղ ու պղպեղ ցանել չէ՞, դո՛ւք ըսէք:

ՎԵՐԵԼԱԿԻՆ ՀԱՐՍԸ…

Վստահ եմ բոլորդ ալ վերելակ գործածած էք, մանաւանդ երբ կը բարձրանաք շէնքի մը վերնայարկերը։ Երբեք ձեր մտքէն անցուցա՞ք էք, թէ վերելակը կրնայ յանկարծ կենալ, նախքան որ ձեր տեղը հասնիք։ Մեր նիւթը ճիշդ այս հարցին շուրջ է այսօր, հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

Ուրեմն այս դէպքը կը պատահի Ռոտ Այլընտ նահանգի Փրովիտընս քաղաքի Պիլթմոր պանդոկին մէջ, ուր տեղի կ՚ունենար հարսանեկան ընդունելութիւն մը։

Հարսը՝ Մըլիսա Ռաճըր, իր սենեակէն վար կ՚իջնէր՝ երթալու ընդունելութեան սրահը, ուր իրեն կը սպասէին։ Առաջին յարկը չհասած՝ յանկարծ վերելակը կանգ կ՚առնէ, գետնէն չորս ոտք բարձրութեան վրայ (տես նկարը)։ Լուրը անմիջապէս կը հասնի փեսային (Ճասթըն), որպէսզի պէտք եղած կարգադրութիւնները յանձն առնէ։

Ճէյ Վայնս՝ հրշէջներու ջոկատին պետը, որ անցաւ գործողութեան գլուխը, դիտել տուաւ, որ նման դէպք մը չէր պատահած իրեն իր քսանվեց տարուան պաշտօնէութեան ընթացքին։ Իսկ վերելակը վար իջեցնելու գործողութիւնը կը տեւէ 45 երկա՜ր վայրկեաններ։ Մինչ այդ, հարսին մեղրալուսին երթալու հագուստները պատրաստած էին, որպէսզի շատ ժամանակ չվատնէին՝ պատահէր, որ վերելակը իջեցնելու գործողութիւնը երկար տեւէր։ Միտք բանին այն էր, որ հարսը վերելակին մէջ փոխէր իր հագուստները եւ կազմ ու պատրաստ ըլլար մեկնելու մեղրալուսինի վայրը։

Բայց բարեբախտաբար գործողութիւնը շատ երկար չտեւեց եւ հարսը կրցաւ ընդունելութեան մասնակցիլ մեղրալուսինի ճամբորդութեան մեկնելէն առաջ։ Ամերիկեան ասացուածքը կ՚ըսէ. «All is well, that ends well»:

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 14, 2018